Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 4, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Ոգեկոչական Հանդիսութիւն

5-02-15_haleb-(1)Հովանաւորութեամբ Հալէպի նահանգապետ դոկտ. Մարուան Ուլապիի եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. սկզբունքներու ընդհանուր խորհուրդին, Հաշտեցման ժողովրդային յանձնախումբին եւ Հալէպահայ կազմակերպութիւններու համախմբումին, շաբաթ, 2 մայիս 2015-ին, Հալէպի պետական համալսարանի «Պասել Ասատ» սրահին մէջ Սուրիոյ նահատակաց տօնին եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին զոյգ առիթներով տեղի ունեցաւ «Ժողովուրդներու պատմութիւնը կը գրուի նահատակներու արիւնով» խորագիրը կրող ոգեկոչական հանդիսութիւն մը:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ սուրիական քայլերգով, ապա խօսք առաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլեճեան: Ան հայ ժողովուրդին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին, որ սրտաբաց ընդունեց Եղեռնէն ճողոպրած հայերը:

Խօսք առաւ նաեւ Ազգ. սկզբունքներու ընդհանուր խորհուրդի ատենապետ Մահմուտ Եասին, որ անդրադարձաւ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ նահատակութեան խորհուրդին:

5-02-15_haleb-(2)Այս առիթով արաբերէն ազգագրական շարք մը երգերով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Յարութ Ալապոզանեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

Ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած եւ Սուրիոյ տագնապին մէջ թրքական կառավարութեան զօրակցութիւնը վայելող զինեալ ահաբեկիչներու բարբարոսութիւնները ցոյց տուող տեսերիզ մը: Ապա իւրաքանչիւր կազմակերպող կողմ մեծարեց Սուրիոյ տագնապին զոհուած եօթը նահատակ` անոնց ընտանիքներուն փոխանցելով խորհրդանշական յուշանուէրներ: Հալէպահայ մեծարուող նահատակներու շարքին էին` Վիգէն Հայրապետեան, Յակոբ Տէր Պօղոսեան, Վրէժ Քէշիշեան, Գրիգոր Աշնագլեան, Անդրանիկ Քահքեճեան, Յովսէփ Պչաքճեան եւ Սարգիս Սոլաքեան:

ՍՕ Խաչ «Էրեբունի» Մասնաճիւղը
Կը Նշէ Մայրերու Տօնը

5-23-15_sokh-(3)

 Սոնա Քիւրտեան
Սոնա Քիւրտեան
Սիլվա Գորէսեան
Սիլվա Գորէսեան

ՍՕԽ-ի Դամասկոսի  «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ Մայրերու oրուան տօնակատարութիւնը պատշաճ կերպով նշուեցաւ շաբաթ, 23 մայիս 2015-ին, Հայ կաթողիկէ «Ամինեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիլվա Գորէսեանին, միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու, բարեկամներու եւ մեծ թիւով անդամներու:

Հայաստանի եւ Սուրիոյ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Սոնա Քիւրտեան կատարեց հանդիսութեան բացման խօսքը, որմէ ետք գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Նորա Պալեանը` ասմունք` «Մայր», Անի Գարակէօզեանը` ասմունք` «Մօր ձեռքերը», Շիրազ Այարեանը` մեներգ` «Հայրենիքէս հեռացել եմ», Ասպետ Քելխաճարեանը` մեներգ` «Հորովել», Մեղրի Պետիրեանը` մեներգ «Թամամ աշխարհ»,  դաշնակի ընկերակցութեամբ Աբօ Ճունտուրեանի:

5-23-15_Sokh_Nora
Նորա Արիսեան

Օրուան պատգամը փոխանցեց դոկտ. Նորա Արիսեան, որ մատնանշեց, թէ այս տարի Մայրերու տօնը կը նշուի տարբեր կերպով, նախ` սուրիական վերջին պատերազմի առանցքով, երկրորդ` Հայոց ցեղասպանութեան բովանդակութեամբ, քանի որ այսօր հայութիւնը թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ  Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը կը նշէ մեծ տարողութեամբ, շեշտելով, որ ազգի զաւակներուն հետ հայ մայրը պիտի մասնակցի Հայոց ցեղասպանության 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն` որպէս կարեւոր հանգրուան պատմական արդարութեան համար մղուող պայքարը «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսով շարունակելու գործընթացին:

Սոյն ձեռնարկին վարչութիւնը պարգեւատրեց 1979-1980 տարիներու անդամագրուած  21 ՍՕԽ-ականները` մասնաճիւղի ատենապետ Սոնա Քիւրտեանի ձեռամբ: Ան պարգեւատրեալներուն յիշեցուց, որ այս շքանշանը խթան պէտք է հանդիսանայ իւրաքանչիւրին` առաւել եւս խմբուելու ՍՕԽ-ի մեծ ընտանիքին շուրջ, նոր կորովով եւ հաւատքով շարունակելու իրենց նուիրական ծառայութիւնը ՍՕԽ-ի սրբազան առաքելութեան մէջ: Այս առթիւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիլվա Գորէսեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն` շեշտելով մօր սրբութիւնը եւ անոր դերակատարութիւնը թէ՛ ընտանեկան յարկին տակ եւ թէ՛ ազգային կեանքին մէջ:

 

Նոր Ջուղա

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած
Գիտաժողով «Հայոց Ցեղասպանութիւն, Պատմութիւն,
Դատապարտում Եւ Փոխհատուցում» Խորագրով

5-21-15_NorJugha_seminarՍպահանի հայոց թեմի  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբի համալսարանական ենթայանձնախումբին նախաձեռնութեամբ 21 մայիսին Նոր Ջուղայի Հայ Մ.Մ. «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով` «Հայոց ցեղասպանութիւն, պատմութիւն, դատապարտում եւ փոխհատուցում» խորագիրով:

Կազմակերպիչ յանձնախումբի խօսքը կարդաց դոկտ. Սիլվա Ալլահվերդեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Սպահանի հայոց թեմի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ Նոէլ Մինասեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան մարդկային կորուստներուն, Ցեղասպանութեան պատճառով հայ ժողովուրդին կրած նիւթաբարոյական ահռելի վնասներուն եւ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանաբանի պատգամին:

Որպէս զեկուցաբեր սոյն գիտաժողովին`  ելոյթ ունեցան ազգութեամբ պարսիկ, հայ եւ թուրք 10 մտաւորականներ` Իրանէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն, հետեւեալ թեմաներով.

– «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը, հիմնախնդիրներն ու հեռանկարները»` «Մոդուս Վիվենդի» հասարակական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեան.

– «Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ որբերու բռնի դաւանափոխութիւնն ու ձուլումը. Այնթուրայի որբանոցի իրավիճակը: Ձուլում եւ դիմադրում»` պատմ. գիտ. դոկտ. եւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի` գիտութիւններու բաժանմունքի դասախօս Սելիմ Մեհմեթ Տերինկիլ.

– «Հայերու կոտորածները Պաքուի նահանգին մէջ եւ թուրք-ազրպէյճանական իշխանութիւններու պատասխանատուութիւնը» պատմ. գիտ. դոկտ. փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան, ՀՀ ԳԱԱ  պատմութեան հիմնարկ.

– «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման իրաւական ու քաղաքական հեռանկարները»` պատմ. գիտ. թեկնածու, դոցենտ` Արմէն Մարուքեան, ՀՀ ԳԱԱ  պատմութեան հիմնարկ.

– «Հայաստանի պատմաքաղաքակրթական ամբողջականութիւնը ընդդէմ թուրք-ազրպէյճանական սնանկ կեղծարարութիւններու»`  պատմ. գիտ. դոկտոր Էդուարդ Դանիէլեան, ՀՀ ԳԱԱ  պատմութեան հիմնարկ.

– «Հայաստանը օսմանական պատմական եւ աշխարհագրական աղբիւրներուն ու փաստաթուղթերուն մէջ (16-րդ  դարէն)»` պատմ. գիտ. թեկնածու, Իրանի խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան.

– «Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական պարադոքսները»` պատմ. գիտ. թեկնածու, դոցենտ եւ Իրանի «Խորասկան» իսլամական ազատ համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի դասախօս Մոհամմատ Շարիֆ Շահի.

– «Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը երիտթուրքերու դատական վաւերագիրերուն մէջ  (1919-1921)»` պատմ. գիտ. թեկնածու եւ Արեւմտահայոց հարցերի ուսումնասիրութեան կեդրոնի գիտահետազօտական հիմնադրամի թրքերէն բաժնի պատասխանատու Մելինէ Անումեան.

– «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ գրականութեան աւանդոյթները» բան. գիտ. թեկնածու, դոցենտ եւ Թեհրանի իսլամական ազատ համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչ Անդրանիկ Սիմոնեան.

– «Հայերու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը»` մշակութային եւ պատմական հետազօտող եւ «Պայման» պարբերականի խմբագրական կազմի անդամ Շահէն Յովսէփեան:

Դասախօսական ելոյթներու աւարտին կարդացուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբին ամփոփ խօսքը, ուր ընդգծուած էին գիտաժողովին շեշտուած խնդիրները:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը: Ան շեշտեց, որ 100-ամեակով չի սահմանափակուիր մեր ժողովուրդին աշխատանքը, այլ թեւակոխելով նոր հանգրուան մը` պէտք է ըլլանք աւելի ուժեղ, աւելի միակամ ու աւելի գիտակից, յորդորելով բոլորը  վստահելու մեր ուժերուն, որդեգրելով համազգային նոր ռազմավարութիւն եւ միացեալ կամքով ու ուժով յաղթահարելու մեր առջեւ դրուած բոլոր մարտահրաւէրները:

 

Յունաստան

Արիւնատուութեան Առաջին Փուլը

5-24-15_Greece_bloodՀայոց  ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ Հայ կապոյտ խաչի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած արիւնատուութեան առաջին փուլը տեղի ունեցաւ 24 մայիսին, Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ:

Հայրենակիցներու մեծ թիւ մը ներկայացաւ արիւն տալու եւ կարելի եղաւ 43 շիշ արիւն գոյացնել:

Կարիքաւոր հայրենակիցներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութեամբ, ամէն տարի իրագործուող այս նախաձեռնութիւնը իր շուրջ կը համախմբէ արիւն տալու պատրաստ հայրենակիցներ: Այս տարի եւս բոլորը փութացին մասնակցելու այս անգամ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կատարուող արիւնատուութեան արշաւին:

Ստացուած արեան քանակութիւնը այս տարի դարձեալ տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցային համակարգի պահեստանոցներուն:

Նշենք, որ արիւնատուութեան երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ, 14 յունիսին:

 

Քուէյթ

«Բարսեղ Կանաչեան» Երգչախումբին
Առաջին Ելոյթը

5-15-15_Kuwait_parsegh

Հովանաւորութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայ թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեանի, ուրբաթ, 15 մայիսին, Մասնաւոր վարժարաններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քուէյթի Ազգային վարչութեան «Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբին անդրանիկ ելոյթը` ղեկավարութեամբ Ճորճ Արապաթլեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հայկուհի Կիրակոսեան-Բազեանի, ջութակի ընկերակցութեամբ Թամար Դանիէլեան-Թեմամեանի:

Բացման խօսքը կատարեց օրուան հանդիսավար Նարինէ Գոնճայեան-Արապաթլեան: Համերգի ընթացքին երգչախումբը մեկնաբանեց հայ երգի հարուստ գանձարանէն տասնչորս դասական, ժողովրդական, ազգային եւ հայրենասիրական երգեր: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը:

Աւարտին Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան բարձրօրէն գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբին մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հարցին եւ կարեւոր նկատեց եկեղեցւոյ դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ`  յորդորելով բոլորը մասնակից դառնալու եկեղեցաշինութեան սրբազան գործին:

 

Պոլիս

Կոլոտ Պատրիարքի Անուան Թանգարանը
Պաշտօնապէս Ճանչցուեցաւ

11393145_453430501483505_4957509171866128215_nՊոլսոյ հայոց պատրիարքական աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Թ. Բաղիշեցի Կոլոտ պատրիարքի անունը կրող թանգարանը պաշտօնական ճանաչում ստացաւ:

Կատարուած պաշտօնական ձեւակերպութեանց աւարտին, պատկան իշխանութիւններ Պոլսոյ պատրիարքութեան Կոլոտ պատրիարքին անուան թանգարանի տեսուչ Վաղարշակ սրկ. Սերովբեանին յանձնեցին պաշտօնագիրը:

Վաղարշակ սարկաւագ իր կարգին 28 մայիս 2015-ին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին յանձնեց պաշտօնագիրը:

Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց երկար սպասումէ ետք ստացուած սոյն պաշտօնագիրին համար եւ շնորհաւորեց պատասխանատուները` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

 

Պուտափեշտ

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած
Պատարագ

4-23-15_nercess-bedrosՀայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը  23 ապրիլին Պուտափեշտի Սուրբ Ստեփանոս մայր տաճարին մէջ մատուցեց սուրբ պատարագ` ներկայութեամբ աւելի քան 2000 հաւատացեալներու:

Իր քարոզին մէջ պատրիարքը նկատել տուաւ, որ ամբողջ աշխարհը տակաւին կ՛ապրի տեսակ մը ցեղասպանութիւն, որուն պատճառը համընդհանուր լռութիւնն է: Ան անհրաժեշտութիւն եւ  պարտաւորութիւն համարեց մեծարել յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որովհետեւ ուր որ յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը տակաւին բաց կը պահէ վէրքը, եւ յանցանքը ծածկել` կը նշանակէ արտօնել, որ վէրքը շարունակէ արիւնահոսիլ: Ան անդրադարձաւ պապին կատարած իրագործումին, որ 12 ապրիլին սուրբ պատարագին ընթացքին, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը հռչակեց  որպէս քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ հրաւիրեց թուրք կառավարութիւնը` ընդունելու այս պատմական իրողութիւնը:

 

Վրաստան

«Հայոց Ցեղասպանութիւն» Գիրքը`
Վրացերէն

5-16-15_Georgia_bookՄայիս 16-ին Թիֆլիսի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի նոր պատմութեան բաժնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ռուբէն Սահակեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքի վրացերէն հրատարակութեան շնորհահանդէսը:

Օրուան հանդիսավար, գիրքի հրատարակութեան աշխատանքային խումբի ղեկավար Գիսանէ Յովսէփեան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող Վրաստանի յանձնախումբին կատարած աշխատանքներուն` շեշտելով կարեւորութիւնը վրաց հասարակութեան իրենց մայրենի լեզուով Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիտականօրէն հիմնաւորուած գրականութիւն մատուցելը: Ան ներկայացուց աշխատանքային խումբին անդամները, որոնց աշխատանքին որպէս  արդիւնք` իրականացաւ գիրքին հրատարակութիւնը:

Դոկտ. Ռուբէն Սահակեան շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեց վիրահայոց թեմի առաջնորդին, որուն աջակցութեամբ կրցաւ իրականացնել իր աշխատութեան թարգմանութեան հրատարակութիւնը: Ան նշեց, որ գիրքը աւելի ծաւալուն է եւ իր ամբողջական տեսքով հայերէն  տարբերակով պիտի ներկայացուի այս տարուան աւարտին: Ան բացատրեց, թէ գիրքի հրատարակութեան նպատակն է վրացի ընթերցողին պարզ եւ համառօտ ներկայացնել Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան քաղաքականութեան պատմութիւնը, նաեւ` տարբեր քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ հայերու ինքնապաշտպանութեան ճակատամարտերը, որոնց շնորհիւ արեւմտահայութեան մէկ մասը փրկուեցաւ ոչնչացումէ եւ հաստատուեցաւ աշխարհի տարածքին տարբեր երկիրներու մէջ:

Թարգմանիչ Զոյա Մխիթարեան խօսեցաւ գիրքին վրայ աշխատած ատեն իր ապրումներուն եւ յուզումներուն մասին:

Օրուան բանախօս, Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին աշխարհի 35 լեզուներով 55-60 երկիրներու արխիւային եւ պատմական նիւթերու հրատարակումը` աւելցնելով, որ այդ նիւթերու լուսանկարային պատճէնները դրուելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին աշխատութիւններուն մէջ` անհերքելի կը դարձնեն Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ոճրագործութիւնը: Ան մաղթեց,  որ վերոնշեալ աշխատութիւնը իր ներդրումը կ՛ունենայ վրաց իշխանութիւններու կողմէ արդարութիւնը ճանչնալու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտելու գործին մէջ:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան կարեւոր իրադարձութիւն համարեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին վրաց հասարակութեան իրազեկման նպատակով առաջին ակադեմական գիրքի հրատարակութիւնը` ընդգծելով, որ Ցեղասպանութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի, ուստի քաղաքակիրթ աշխարհին կոչ ուղղեց համարձակօրէն նայելու ճշմարտութեան եւ չշեղելու արդարութեան ճանաչումէն:

Գիրքը յատկացուած է Ցեղասպանութեան պատմութիւնը ուսումնասիրողներու, պատմաբաններու եւ ընթերցողներու լայն շրջանակներուն համար:

 

Ռումանիա

«Հայեացք Հայաստանի Պատմութեան Վրայ
Քարտէսագրութեան Միջոցով» Խորագիրով Ցուցահանդէս

5-20-15_roumaniaԿազմակերպութեամբ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Ռումանիոյ Հին քարտէսներու եւ գիրքերու ազգային թանգարանի, աջակցութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին, 20 մայիսին Ռումանիոյ Հին քարտէսներու եւ գիրքերու ազգային թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայեացք Հայաստանի պատմութեան վրայ քարտէսագրութեան միջոցով» ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը եւ Ռուբէն Գալիչեանի նոյնանուն տեղեկագրական գիրքին ներկայացումը:

Շնորհանդէսին ներկայ եղան Ռումանիոյ դեսպանը, Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեան, Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան, Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ:

Հայաստանի դեսպան Համլեթ Գասպարեան իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատեց Ռուբէն Գալիչեանին կատարած աշխատանքը, որ հաւաքած է Հայաստանի պատմական քարտէսներու փունջ մը, որ պատկերացում կու տայ հայ ժողովուրդի անցած ուղիին եւ մաքառումներուն մասին` անյիշելի ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Արամ Ա. Պարգեւատրեց
Նախկին Դեսպան Ճոն Էվընզը

0602Evans1Ընդառաջելով Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի դիմումներուն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 28 մայիսին Պոսթընի մէջ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան նուիրուած ձեռնարկի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ» շքանշանով պարգեւատրեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընզը, որ 10 տարի առաջ, անսալով մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան արժէքներու իր ներքին ձայնին, հաստատած էր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, քայլ մը, որուն պատճառով իր դիւանագիտական գործունէութիւնը վերջ գտած էր, սակայն խիղճը ազատագրած` մարդկային իրաւունքները եւ արդարութիւնը կաշկանդող բոլոր թնճուկներէն:

Շրջանի ընդհանուր ոստիկանապետ` շերիֆ Փիթըր Քիւթիւճեան, ներկայացնելով դեսպան Էվընզը, զայն որակեց «նոր օրերու Հենրի Մորկընթաու», որ իր ձայնը քաջաբար բարձրացուցած էր` յանուն արդարութեան: Դեսպանը պարգեւատրուելէ ետք իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին ու հայ ժողովուրդին` իրեն ընձեռնուած այս պատիւին համար:

Ապա կաթողիկոսը իր խօսքը ուղղելով պարգեւատրեալին` ըսաւ. «Պարո՛ն դեսպան, դուք քաջութիւնը ունեցաք ճշմարտութիւնը բարձրաձայն, յստակ եւ հրապարակային ըսելու: Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ ճշմարտութիւնը ծածկել. քաղաքական եւ դիւանագիտական ուժեր կը փորձեն այս կամ այն պատճառով շուքի տակ առնել ճշմարտութիւնը, սակայն չկայ ուժ, որ կրնայ ճշմարտութիւնը եղծել: Դուք ճշմարտութիւնը ըսիք, ամբողջ հայ ժողովուրդին սիրտը գրաւեցիք եւ օրինակ հանդիսացաք ու եղաք ճշմարտութեան դեսպանը»:

Գառնիկ Սարգիսեան Արժանացաւ Տարուան
«
Սփիւռքի Լաւագոյն Երգիչ» Մրցանակին

0521awards5Մայիսի 9-ին Քալիֆորնիոյ Փալմ Սփրինկս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուըրլտ արմինիըն ինթըրթէյմընթ աուըրտզ» տարեկան երկրորդ մրցանակաբաշխութիւնը:

«Կլոպըլ արթ» ընկերութեան եւ «USArmenia» պատկերասփիւռի ալիքի կազմակերպած ձեռնարկի հիւրերու եւ մասնակիցներու շարքին Հայաստանը եւ սփիւռքը ներկայացնող արուեստագէտներ, գործարարութեան ներկայացուցիչներ եւ արուեստագէտներ` Յարութ Փամպուքճեան, Հրանդ Թոխատեան, Միքայէլ Պօղոսեան, Գեւ Օրկեան, Աշոտ Ղազարեան, Վահիկ Փիրհամզէ, Էռնա Եուզպաշեան, Արմէնչիկ, Մարտին Մկրտչեան, Քրիստինէ Պեպելեան, Էմմի, Սիլվա Յակոբեան, Էրիկ, Արմօ, Արսէն Գրիգորեան, Էֆօ, Լուիզա Ներսիսեան, Արշալոյս Դարբինեան, Մհեր Բաղդասարեան, Մայա Պօղոսեան, Սոֆիա Պօղոսեան, Ինգա Լալա, Անժելա Սարաֆեան, Նարեկ Ղափլանեան եւ այլն:

Շարժանկարի, թատրոնի ոլորտին մէջ ունեցաւ աւանդին համար յատուկ մրցանակներու արժանացան` Հրանդ Թոխատեանը, Միքայէլ Պօղոսեանը եւ Վահիկ Փիրհամզէն:

Երաժշտութեան ոլորտին մէջ ներդրման համար Նատեժտա Սարգսեանը եւ հեռուստատեսութեան ոլորտին մէջ` Ալինա Խաչատրեանը` «Հայրենիք սփիւռք» հաղորդման համար:

«Կենդանի առասպել» մրցանակին արժանացաւ Ջիւան Գասպարեանը:

11144433_10155519871040542_5132827459140715888_n«Տարուան լաւագոյն երգիչ» ճանչցուեցաւ Մարտին Մկրտչեանը, «Տարուան լաւագոյն երգչուհի»` Քրիստինէ Պեպելեանը:

«Սփիւռքի տարուան լաւագոյն երգչուհի» անուանակարգով յաղթող ճանչցուեցաւ լիբանանահայ Այլին Խաչատուրեանը, իսկ հայրենասիրական երգերու սիրուած կատարող Գառնիկ Սարգիսեան արժանացաւ «Սփիւռքի տարուան լաւագոյն երգիչ» մրցանակին:

Երեկոյի հանդիսավարներն էին Բրիտանիա բնակող յայտնի դերասան Գեւ Օրկեանը, Միացեալ Նահանգներէն` Արշալոյս Դարբինեանը, Մհեր Բաղդասարեանը, «Միսս Պեւըրլի Հիլզ», հայ մոտել Ինգա Լալան, Հայաստանէն` Արսէն Գրիգորեանը, Լուիզա Ներսիսեանը, Մայա Պօղոսեանը եւ Սոֆիա Պօղոսեանը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ելոյթներով հանդէս եկան` Հրանդ Թոխատեանը, Միքայէլ Պօղոսեանը, Էմմին, Փայլա Գէորգեանը: Ձեւաւորող Լիլիթ Մարգարեանը ներկայացուց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Galleria 100» նորաձեւութեան ցուցադրութիւնը:

«Ուըրլտ արմինիըն ինթըրթէյմընթ աուըրտզ»-ի գլխաւոր արտադրող եւ «Կլոպըլ արթզ» ընկերութեան հիմնադիր Կարպիս Թիթիզեան կարեւոր նկատեց յատկապէս Հայաստան-սփիւռք կապը, որ առաւել եւս  կ՛ամրապնդուի նման ձեռնարկներու շնորհիւ:

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի Գիրքերուն
Ողջունահանդէսը

0528Harboyan2Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ 21 մայիսին տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի նոր հրատարակած երկու գիրքերուն շնորհահանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, հեղինակին, հոգեւորականաց դասու անդամներու, Ազգ. վարչութեան եւ միութենական ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ` աւելի քան 150 գրասէրներու:

«Խաչելութեան ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն յարութիւն» հատորները նուիրուած են Ցեղասպանութեան 100-ամեակին. շնորհահանդէսի կազմակերպումին համար միացած էին «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ Ազգ. առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին ձեռքերը:

Յայտագիրին գործադրութենէն առաջ, ներկաները պահ մը աղօթքով խոնարհեցան յիշատակին առջեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն Կորիւն արք. Պապեանի, որուն վախճանման գոյժը հասած էր նոյն օրը, առաւօտուն:

Հանդիսավար Սարգիս Մահսէրէճեան կազմակերպիչ միաւորներուն անունով ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ ձեռնարկը կազմակերպուած է ծանօթանալու երկու հատորներու բովանդակութեան ու հեղինակին, որ թէեւ բժշկական իր յօդուածներով ծանօթ անուն է հայ ընթերցողին, սակայն անոր ազգային ծառայութեան ու մտաւորականի վաստակը համեմատաբար նուազ ծանօթ է: Ան հրաւիրեց «Ասպարէզ»-ի խմբագիր Աբօ Պողիկեանը, որպէսզի խօսի հեղինակի բազմաճիւղ վաստակին մասին:

Ա. Պողիկեան հակիրճ գիծերու մէջ, եւ իր իսկ խոստովանութեամբ` որոշ յապաւումով ներկայացուց հեղինակին վաստակը, որ կը տարածուի աւելի քան 45 տարիներու վրայ: Ան մասնագէտ եւ գիւտարար բժիշկ-վիրաբուժ է, ծնած ու ուսումնական առաջին հանգրուանները բոլորած` Հալէպի մէջ, ապա հետեւած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկագիտութեան ճիւղին, մասնագիտացած է եւ հեղինակ է գիւտերու: Բժշկութեան ասպարէզի կողքին, եւ համաչափ ներդրումով, ուսանողութեան տարիներէն սկսեալ, մասնակցութիւն բերած է հայութեան հասարակական կեանքին, գործած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի, ապա նաեւ Քանատայի Ազգ. առաջնորդարանի անդաստաններուն մէջ` վարելով պատասխանատու պաշտօններ, եղած է ու կը մնայ մշակոյթի մարդ, անդամակցած է Համազգայինի կեդրոնական եւ շրջանային վարչութեանց, ներկայ հատորներէն առաջ լոյս ընծայած է «Բժիշկին խօսքը» խորագրեալ երեք հատորներ, մնայուն կերպով կ՛աշխատակցի «Ասպարէզ»-ին եւ հայկական թերթերու: Ան զարմանք յայտնեց, որ անձ մը ինչպէ՞ս կրնայ այսպիսի վիթխարի եւ բազմաճիւղ վաստակ կերտել, եւ իր խօսքը եզրափակեց բարի երթ մաղթելով անոր գրիչին ու ծառայական կեանքին:

«Խաչելութեան Ճանապարհը» հատորին ներկայացումը կատարեց Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան: Հատորը կազմուած է Ցեղասպանութեան կարգ մը մութ եւ նուազ ծանօթ ծալքերուն լոյս սփռող ուսումնասիրական յօդուածներէ. ընթերցողը կը ծանօթանայ ջարդարարին զոհ գացած հայ բժիշկներու, դեղագործներու փաղանգին, անոնց ոճրագործ թուրք բժիշկներուն, կը տեսնէ, թէ Ցեղասպանութենէն վերապրող հայ որբերը ինչպիսի տառապանքներ ապրած ու վերականգնած են, նպաստաւորուած են բարեսիրական կազմակերպութեանց կողմէ, ու տակաւին, իբրեւ երախտագիտութիւն` իրենց հիւսած գորգը նուիրած են Միացեալ Նահանգներու նախագահին: Մէկ խօսքով` Ցեղասպանութեան լուռ ու անլուր տառապանքներու տարբեր երեսները: Տէր հայրը իր խօսքի աւարտին վեր առաւ հատորին արժէքն ու հեղինակին բծախնդիր մօտեցումը` այս աշխատանքին:

«Խաչելութենէն յարութիւն» հատորին ներկայացումը կատարեց Խաժակ Տիքիճեան: Հատորին իրերայաջորդ գլուխները կը ներկայացնեն սեղմ պատմութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, անոր Սիս հաստատուելէն մինչեւ բռնագաղթ, աքսորի տարիներ, Անթիլիասի մէջ դժուարին պայմաններու մէջ վերականգնումն ու այսօրուան հպարտառիթ գործունէութեան ծաւալումը` կեդրոնանալով գահակալ վեհափառ հայրապետներու իրագործումներուն վրայ: Հատորը կ՛ընդգրկէ նաեւ կաթողիկոսարանի հովանիին տակ գործող բարեսիրական հաստատութիւններն ու մշակոյթի կեդրոնները, ինչպէս` «Թռչնոց բոյն»-ն ու թանգարանը, տպարանը եւ այլն, վերջապէս ուսումնասիրական գլուխ մը` Ազգային սահմանադրութեան մասին: Խ. Տիքիճեան նշեց, որ ընթերցողը այս հատորին ճամբով ամբողջական  գիտելիքներ կը ստանայ այն վիթխարի աշխատանքին մասին, որ իրագործուած է կաթողիկոսութեան կողմէ, մասնաւորաբար` վերջին 100 տարիներուն: Այս մօտեցումով ան բարձր գնահատեց այս հատորին վաւերագրական ու պատմագիտական արժէքը:

Գեղարուեստական յայտագիրը կազմուած էր երկու մատուցումէ. Ծովիկ Տօներեան-Նաշալեան մեներգով հանդէս եկաւ «Կիլիկիա»-ով, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ֆիմի Գրաճեան-Սիւլահեանի ապա տաղանդաւոր դաշնակահարը մատուցեց Արամ Խաչատուրեանի «Թոքաթա»-ն:

Սրտի խօսք արտասանելու հրաւիրուեցաւ հեղինակը` բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան. ան առաջին հերթին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանին, Ազգ. առաջնորդարանին, «Ասպարէզ»-ին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան` այս ձեռնարկին կազմակերպման համար, նաեւ` Քանատայի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանին, Համազգայինի Շրջ. վարչութեան, որոնք գործակցաբար լոյս ընծայեցին երկու հատորները, իսկ մեկենասութիւնը յանձն առած են տէր եւ տիկին Եդուարդ Մսըրլեանները: Ան բացատրեց, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պարտականութիւն նկատած է ձեռնամուխ ըլլալու նման աշխատանքի, լուսարձակի տակ բերել թուրքի ոճրային նկարագիրը, հետեւանքները ու մանաւանդ հայութեան վերականգնումի կարողութիւնը, որուն մէկ խորհրդանիշն ու վկայութիւնն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Այս աշխատանքները հիմնականին մէջ հասցէագրուած են նոր սերունդներուն, որպէսզի անոնք իրազեկ դառնան հայութեան խաչելութեան ու յարութեան, կորուստներուն ու վերականգնումին: Ան հաստատեց, որ այս ուսումնասիրութիւնները ամբողջական չի նկատեր, որովհետեւ հրատարակութենէն ետք իսկ մեր կորուստներուն ու գորգի ծանօթ պատմութեան մասին ի յայտ եկած են նորութիւններ, որոնց մասին տուաւ հակիրճ ծանօթութիւններ: Վերջապէս, ան յայտնեց, որ այս հատորներուն հասոյթը կը նուիրէ Քանատայի Լավալ քաղաքին մէջ նոր կառուցելի եկեղեցւոյ հիմնադրամին:

Շնորհահանդէսի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ երեկոյի կազմակերպիչներուն եւ մանաւանդ բժիշկ Կ. Հարպոյեանի բազմապիսի ներդրումներով կազմուած վաստակին մասին` նշելով, որ չորս տասնամեակէ ի վեր ծանօթ է Հարպոյեան ընտանիքին, որուն անդամները ունին ազգային, մշակութային եւ մարդասիրական ծառայութիւն: Զարմանալի չէ, որ բժշկագիտական գրութիւններէ ետք, հեղինակը պատրաստէր նման հատորներ, որոնք արտացոլացումն են անոր դաստիարակութեան ու ազգային դաստիարակի դերին, որուն լծակից է նաեւ անոր ազնիւ կինը: Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ այս հատորին հրատարակութիւնը եթէ բացայայտօրէն կապուած է Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, պէտք է ի մտի ունենալ նաեւ, որ այս տարի կաթողիկոսութեան Անթիլիաս հաստատման 85-րդ եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-րդ տարեդարձներն են, հանգրուան, երբ կը շեշտուին մեր պահանջատիրութիւնն ու պայքարի կամքը: Ան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան դառն հետեւանքներուն, սակայն նաեւ` ահաւոր կորուստներէ ետք վերականգնելու եւ սեփական ու հաւաքական կեանք վերակերտելու հայութեան իրականութեան, ազգային ու աշխարհի կեանքին մէջ ներդրումներուն, որոնք պատուաբեր են բոլորիս համար: Ան բարձր գնահատեց հեղինակին միտքի արգասիքները` բժշկագիտութեան ու մտաւորական կալուածներուն մէջ, ու իր խօսքը եզրափակեց` մաղթելով, որ ան շարունակէ իր երթը` մասնագիտութեան ու ազգային ծառայութեան ասպարէզներուն մէջ, իսկ անոր վաստակը ըլլայ նոր սերունդին ճամբայ ցոյց տուող ուղենիշ:

Ձեռնարկին պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ սրբազանին «Պահպանիչ»-ով ու Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ: Այնուհետեւ հեղինակը մակագրեց հատորներուն օրինակները:

Վահան Բահարեանի Երեք Հատորներու
Հրապարակային Ներկայացումը

VahanBaharianԿազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, վերջերս Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վահան Բահարեանի հեղինակած երեք իւրայատուկ հատորներու հրապարակային ներկայացումը:

Մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Բարսեղ Գարթալեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Բահարեանի անցնող տասնամեակներու հասարակական գործունէութեան:

Բահարեանի ընտանեկան հին բարեկամներէն Ծովինար Սարգիսեան-Նազլիկեանը իր սրտի խօսքին մէջ դրուատեց հեղինակին գրական ներդրումը: Ապա ողջոյնի խօսքով հասարակական գործիչ Արա Ահարոնեան գնահատական խօսք ուղղեց հեղինակին ու կազմակերպիչներուն` գրական այս ձեռնարկին նախաձեռնութեան համար:

Օրուան առաջին դասախօս, ակադեմիկոս դոկտ. Արտեմ Սարգիսեան ներկայացուց Երեւան տպագրուած երեք հատորները` «Շարունակուող մեղեդի» (2012), «Երեւան-Լոս Անճելըս» (2006) եւ «Աքսորեալի Գողգոթան» (2014): Սարգիսեան վերլուծական մօտեցումով եւ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ հատորներու ոգիին, բովանդակութեան եւ հայրենասիրական զգացումներուն` շեշտելով Բահարեանին ջերմ հայրենասիրութիւնը:

Գրականագէտ, դաստիարակ եւ գիրքերու հեղինակ Յովսէփ Նալպանտեան շեշտեց հատորներուն կարեւորութիւնը` մերօրեայ գրական բազմաբնոյթ հունձքին մէջ:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Վահան Բահարեան, որ բացատրեց սոյն հատորներու հրատարակութեան պատճառը:

Հրապարակային ներկայացումը փակուեցաւ աւանդական գինեձօնով:

Նախորդը

Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը

Յաջորդը

Ռէյիսեան. «Չենք Ցանկար, Որ Գաղութը Ամայանայ, Բայց…»

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?