Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Նունէ Եսայեանի Համերգները
Կիպրոս
Հովանաւորութեամբ սփիւռքի նախարարութեան, աջակցութեամբ «Հրայր Յովնանեան» եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամներուն, կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Կիպրոսի յանձնախումբին, 12 յունիսին Նիկոսիոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ հայրենի վաստակաւոր ու սիրուած երգչուհի Նունէ Եսայեան` «Կանք, պիտի լինենք եւ դեռ շատանանք» հայրենասիրական համերգով:
Երեկոն բացուեցաւ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիի կրտսերներու երգչախումբի երգերով, որմէ ետք Նունէ Եսայեան ամբողջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ բարձր խանդավառութեան մէջ պահեց հանդիսատեսները` իր հայկական ընտրեալ երգացանկով: Երգացանկը բաղկացած էր Կոմիտասի ու Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններէն, նաեւ` ժողովրդական, հայրենասիրական, Հայաստանի ու հայոց բանակին նուիրուած երգերէ:
Վիեննա
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, աջակցութեամբ «Հրայր եւ Աննա Յովնանեան» բարեգործական եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման հիմնադրամներուն, 17 յունիսին Վիեննայի «Օտիոն» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նունէ Եսայեանի «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» կարգախօսով համերգը:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի աշխատակից Օֆելիա Պաւլովա: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց սփիւռքի նախարարութեան, ինչպես նաեւ զոյգ հիմնադրամներուն` իրենց ֆինանսական աջակցութեան համար:
Համերգի ընթացքին պարային ելոյթներով իրենց մասնակցութիւնը բերին Յովհաննէս Շիրազի անուան դպրոցի սաները:
Աւարտին Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի վարչութեան անունով Ռուբինա Ղազարեան շեշտեց կարեւորութիւնը նման համերգներու կազմակերպման սփիւռքի համայնքներուն մէջ:
Եգիպտոս
Համահայկական Խաղերու
Ջահավառութիւն
Վերջերս Եգիպտոսի մէջ, բուրգերուն մօտ, տեղի ունեցաւ Համահայկական 6-րդ խաղերու խորհուրդը եղող ջահավառութեան արարողութիւնը, որուն յաջորդեց պաշտօնական ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանին, Համահայկական խաղերու յանձնախումբին, նաեւ` գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Ելոյթ ունեցողները շնորհակալական խօսք ուղղեցին Եգիպտոսի պետութեան, որ իր երկրին մէջ ընդունած էր Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերը եւ մինչեւ օրս առիթ տուած էր անոնց պատուաբեր կեանք մը վարելու եւ իրենց իրաւունքները պաշտպանելու որպէս Եգիպտոսի քաղաքացի:
Յայտնենք, որ այս տարի Համահայկական խաղերը տեղի պիտի ունենան օգոստոս ամսուան սկիզբը` Երեւանի մէջ, մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր երկիրներէ աւելի քան 6 հազար մարզիկներու, որոնք պիտի մասնակցին աւելի քան 17 խմբային եւ անհատական խաղերու: Եգիպտահայութիւնը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 80 մարզիկով, որոնք պիտի մրցին ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ թենիսի մարզերուն մէջ:
Ֆրանսա
Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան
Մասնակցեցաւ «Հայաստանի Տարի» Ծրագրի
Շրջագիծին Մէջ Տեղի Ունեցող Ձեռնարկներուն
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Մարսէյ-Փրովանս-Հայաստան-2015» միութեան հետ համատեղ Մարսէյի մէջ «Հայաստանի տարի» ծրագրի շրջագիծէն ներս տեղի ունեցող ծրագիրներուն մասնակցելու նպատակով 19-22 յունիսին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Մարսէյ:
19 յունիսին նախարարը մասնակցեցաւ Սարգիս Գրիգորեանի նկարներու «Ծիրանի ծաղիկ» խորագրով ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին ելոյթ ունենալով` շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարը պէտք է շարունակել եւ ամբողջ հայութեան ուժերը կեդրոնացնել Հայաստանի հզօրացման վրայ: Ապա նախարարը ներկայ գտնուեցաւ «Կոմիտաս» քառեակի (ղեկավար` Ալեն Պապուշեան) Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած համերգին, ուր շեշտեց հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութեան եւ մշակութային կապերու հետագայ զարգացման կարեւորութիւնը:
20 յունիսին Հրանուշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Հայ երիտասարդաց միութեան երգի եւ պարի խումբերու (ԺԱՖ) տարեկան համերգին: Նախարարը բարձր գնահատեց երգի, պարի եւ հայոց լեզուի դպրոցի գործունէութիւնը` շնորհաւորելով զանոնք սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Մենք կանք եւ պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» մրցումին յաղթած ըլլալու համար: Աւարտին նախարարը ԺԱՖ-ի պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Մարիոն Շամասեանը եւ երգչախումբի ղեկավար Միքայէլ Վէմեանը պարգեւատրեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:
Նոյն օրը նախարարը մասնակցեցաւ «Մարսէյի հայ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան տան» տարեկան հաւաք-ճաշկերոյթին, որմէ գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող հայանպաստ ծրագիրներու: Նախարարը իր ընդարձակ ելոյթին մէջ ներկաներուն ծանօթացուց համահայկական առաջնահերթութիւնները:
21 յունիսին նախարարը այցելեց Մարսէյի Հայ Աւետարանական եկեղեցի: Այնուհետեւ, ան մասնակցեցաւ Պոմոն թաղամասի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պատարագի արարողութեան, ուր խօսք առնելով համայնքի ներկայացուցիչներուն դիմաց` անդրադարձաւ «Ամէն հայ պէտք է տեսնէ Հայաստանը» շարժումին:
Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին մօտ ծաղկեպսակ զետեղելու արարողութեան:
Նախարարը մասնակցեցաւ նաեւ Մարսէյի աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ժիլպեր Լեւոնեանի տարբեր քաղաք հոգեւոր ծառայութեան ուղարկելու արարողութեան, որուն ընթացքին հանդէս եկաւ ընդարձակ ելոյթով:
Մարսէյ գտնուած միջոցին նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, հայկական կազմակերպութիւններու եւ զանոնք համակարգող մարմինին հետ: Ան նաեւ նախարարութեան մետալներով, պատուոյ գիրերով եւ շնորհակալագրերով պարգեւատրեց համայնքին մէջ գործող անձերու:
Նախարարը մասնակցեցաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի տարեկան հանդիսութեան, Հանրի Վեռնոյի որդի` Պատրիկ Մալաքեանի նախաձեռնութեամբ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի դրոշմաթուղթերու եւ ծրարներու շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկներու աւարտին Հրանուշ Յակոբեան ներկայ գտնուեցաւ Նունէ Եսայեանի «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» կարգախօսով համերգին:
Սփիւռքի նախարարը, ընկերակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեճեանի, հանդիպում ունեցաւՊուշ Տիւ Ռոնի նահանգապետ Մարթին Վասալի հետ: Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան մարզի հայութեան, հայ-ֆրանսական բարեկամական կապերու զարգացման հետ առնչուած հարցեր: Վասալ հպարտութեամբ նշեց իր հայկական արմատներու մասին: Երկու կողմերը համաձայնեցան, որ նահանգապետը այցելութիւն տայ Հայաստան` գործարարներու հետ յստակ ծրագիրներու մասին քննարկումներ ունենալու նպատակով:
Նախարարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Մարսէյի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Քոտենի հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան մասին օրէնքի ընդունման, ինչպէս նաեւ իսլամացուած եւ ծպտեալ հայերու իրավիճակի հարցերը:
Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ Նարեկացին
Ներկայացուեցաւ Ֆրանսացիներուն
Վերջերս Լիոնի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած դասախօսութիւն, որուն տեղացի հայերու կողքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ բազմաթիւ օտարներ: Ասիկա նմանատիպ 4-րդ դասախօսութիւնն է, որուն միջոցով ֆրանսացիներուն կը ներկայացուին հայ հոգեւոր արժէքները, միջնադարեան գրականութիւնն ու արուեստը: Դասախօսութիւններուն նպատակն է ֆրանսացիներուն ծանօթացնելՀայ եկեղեցին, այն հարուստ մշակութային եւ հոգեւոր արժէքները, որոնք փոխանցուած են դարէ դար: Դասախօսութիւնները ներկայացուց Զաւէն Եկաւեան:
Եկաւեան նկատել տուաւ, որ Նարեկացիի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը աւելցաւ, յատկապէս երբ Կաթողիկէ եկեղեցին հայր սուրբը հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Սակայն ան ցաւով յայտնեց, թէ սփիւռքի մէջ դեռ չեն կրնար լիարժէք կերպով ներկայացնել Նարեկացին: Ան շեշտեց, որ այս առումով դեռ շատ գործ կայ ընելիք, որովհետեւ յատկապէս սփիւռքի մէջ մեզի հայ պահողը մեր կրօնն է, մեր հայ ըլլալու միակ փաստաթուղթը մկրտութեան վկայականն է, հետեւաբար առաջին հերթին մեր կրօնով եւ հոգեւոր արժէքներով պէտք է ներկայանանք աշխարհին:
Գերմանիա
«Հայոց Այբուբենի Եւ Հայոց Լեզու»
Խորագիրով Բանախօսութիւն
23 յունիսին Գերմանիոյ Մայնց քաղաքի Եոհան Կիւթենպերկ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց այբուբենը եւ հայոց լեզուն» խորագիրը կրող բանախօսութիւն մը, որ կազմակերպուած էր համալսարանի արեւելեան լեզուներու եւ գրականութեան բաժանմունքի տնօրէնութեան կողմէ:
Օրուան բանախօս, Պասել համալսարանի մէջ «Արեւելեան լեզուներ եւ կրօնները» նիւթին մասին դոկտորական գիտաշխատող Վարդուհի Կիւրեղեան
ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հայոց պատմութիւնը, ապա բացատրեց հայերէն այբուբենի ծագման գործօնները, պատմական զարգացումը եւ Մեսրոպ Մաշտոցի կենսագրութիւնը` նշելով թարգմանչաց վարդապետները:
Բանախօսը նաեւ տեղեկութիւն տուաւ Ե. դարէն սկսեալ հայ կեանքի բոլոր ոլորտներու մէջ կատարուած բարեփոխումներու, մեսրոպեան վարժարաններու, Հայ կեանքի, մշակոյթի եւ գրականութեան զարթօնքի մասին, ինչպէս նաեւ` հայոց լեզուին հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին պատկանելիութեան եւ հայ սփիւռքի մէջ գործածուած հայերէն բարբառներու մասին:
Քանատա
Երիտասարդական Համախմբում 2015 –
Հայ Երիտասարդը` Վերանորոգուած Հոգեմտաւոր Շունչով
Քանատայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ գործող Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդը յաջողութեամբ աւարտեց իր տարեկան երիտասարդական համախմբումը` 5, 6, 7 յունիսին, Քինկսթընի բանակավայրին մէջ: Այս տարուան սեմինարին ընդհանուր թեման էր «Սուրբերը եւ նահատակները», նկատի ունենալով, որ այս տարի կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներուն սրբադասումը:
Հիւր դասախօսներն էին` Գեղարդ վրդ. Քիւսպէկեան, Վարդան աբղ. Թաշճեան, Սեմալին Չոգագլեան եւ Գրիգոր Դերձակեան:
Երեք օրերու ընթացքին երիտասարդները ունկնդրեցին հոգեմտաւոր դասախօսութիւններ, քննարկեցին հայ երիտասարդը յուզող զանազան նիւթեր, ներկայ եղան ժամերգութիւններուն, մասնակցեցան զանազան խաղերու: Տեղի ունեցաւ նաեւ թատերական ներկայացում:
Պուլկարիա
Իսահակ Վրդ. Պօղոսեան`
Պուլկարիոյ Թեմի Առաջնորդ
20 յունիսին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. հայրապետի օրհնութեամբ, Պուլկարիոյ հայոց թեմին մէջ, Վառնա քաղաքի Ս. Սարգիս եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւն:
Ժողովի 52 անդամներէն ներկայ էին 48 պատգամաւորներ, որոնք Մայր Աթոռի միաբաններու եռանուն ցանկէն` Նարեկ վրդ. Աւագեան, Իսահակ վրդ. Պօղոսեան, Զաքարիա վրդ. Պաղումեան, առաջնորդ ընտրեցին Իսահակ վրդ. Պօղոսեանը, որ Մայր Աթոռի ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէնն էր:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութիւնը ստանալէ ետք նորընտիր առաջնորդը պիտի ստանձնէ իր պարտականութիւնները:
Իսահակ վրդ. Պօղոսեան ծնած է 20 նոյեմբեր 1978-ին, մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: 1996-2002 թուականներուն ուսած ու աւարտած է Մայր Աթոռի Սեւանի Վազգէնեան դպրոցը եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը:
2002-ին սարկաւագ ձեռնադրուած է, իսկ 2005-ին, Ս. Վարդանանց տօնին Միքայէլ եպս. Աջապահեանի ձեռամբ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ: 2006-ին ծառայած է որպէս Մայր Աթոռի մատակարարման բաժինի տնօրէնի պաշտօնակատար: Յաջորդող տարիներուն տարբեր պաշտօններ վարած է, իսկ 2010-ին արժանացած է վարդապետութեան աստիճանի: Ան հեղինակ է գիրքերու:
Վրաստան
Սայաթնովեան «Վարդատօն»-ը` Ժողովրդական
Սիրոյ Եւ Բարեկամութեան Տօնահանդէս
Մայիսի 31-ին սայաթնովեան «վարդատօն»-ը սկիզբ առաւ Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած սուրբ պատարագով:
Այնուհետեւ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի գլխաւորութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ Սայաթնովեան «Վարդատօն»-ը:
Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր ելոյթին մէջ երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլորին աջակցութեան համար:
Թիֆլիսի Սակրեպուլոյի նախագահ Կիորկի Ալիպեկաշվիլի իր խօսքին մէջ հաստատեց մշակոյթներու, լեզուներու եւ դաւանանքի այն բազմազանութիւնը, որ կը զարգանայ երկրին մէջ` դառնալով միասնութեան, բարեկամութեան եւ հանդուրժողականութեան անփոխարինելի գանձ: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց այն կամուրջները, որոնք կը կառուցուին սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի եւ բազմազանութեան ամրակուռ հիմքերու վրայ:
Ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցան հայ եւ վրացի գրողներ, բանաստեղծներ, համայնքային առաջնորդներ, որոնք արժեւորեցին այն քաղաքը, ուր ապրած եւ ստեղծագործած է Սայաթ Նովա հանճարը, խոնարհելով սոյն տօնահանդէսին առջեւ, որ 101 տարի շարունակ աշխարհին յիշեցուցած է 300-ամեայ ու միշտ արդիական Սայաթ Նովան:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ապա վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժնի տնօրէն, «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեան իր խօսքին մէջ շեշտեց բազմաթիւ տարիներ սայաթնովեան «Վարդատօն»-ը պահելու եւ սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը: