Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 16, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Նոր Ջուղա

Հոգեհանգիստ Եւ Յուշ-Երեկոյ` Հոգելոյս Կորիւն
Արք. Պապեանի Վախճանման Քառասունքին Առթիւ

7-16-15_serpazan

Կազմակերպութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Կրօնական խորհուրդին, հինգշաբթի, 2 յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Նոր Ջուղայի Ս. Բեթղեհեմ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ յուշ-երեկոյ` հոգելոյս Կորիւն արք. Պապեանի մահուան քառասունքին առթիւ: Ներկայ էին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Սպահանի հայոց թեմի թեմակալ առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, Սպահանի եւ Թեհրանի հայոց թեմերու Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, Իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան Սպահանի գերատեսչութեան գլխաւոր տնօրէն դոկտ. Արզանի, Սպահանի հայոց թեմի հոգեւորականաց դասը եւ հոծ թիւով հայորդիներ:

Սկիզբը Թեհրանի եւ Սպահանի հայոց թեմերու առաջնորդները մասնակցութեամբ Սպահանի հայոց թեմի հոգեւորականաց ու դպրաց դասերու եւ երգեցողութեամբ Ս. Ամենափրկչեան վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբին` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Արմէն Ամիրխանեանի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Կրօնական արարողութենէն ետք գործադրուեցաւ յուշ-երեկոյին համար պատրաստուած յայտագիրը` հաղորդավարութեամբ Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեանի: Ձեռնարկին սկիզբը ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Կորիւն արք. Պապեանի կենսագրականն ու գործունէութիւնը` անդրադառնալով նկարագրի եւ բնաւորութեան որոշ գիծերուն: Ան նաեւ ծանօթացուց Սպահանի հայոց թեմի Կրօնական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած Կորիւն սրբազանի երեք ուսումնասիրական յօդուածներէն կազմուած գունազարդ գիրքը, որ սկիզբը բաժնուած էր եկեղեցի մուտք գործողներուն:

Այնուհետեւ Կորիւն արք. Պապեանի ջանքերով կեանքի կոչուած Ս. Ամենափրկչեան վանքի «Տաթեւ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Համիկ Ալեքսանդրեանի, ներկայացուց հոգեւոր երգերու եւ շարականներու փունջ մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Կորիւն արք. Պապեանի Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդական ժամանակաշրջանին պատկանող լուսանկարներու եւ տեսագրութիւններու տեսերիզի ցուցադրութիւն` ներկաներուն մէջ արթնացնելով սրբազան հօր կեանքի 24 տարիներու գեղեցիկ պահերն ու գործունէութիւնը:

Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան ելոյթ ունենալով, ներկայացուց Կորիւն արք. Պապեանի յատկութիւնները` յիշելով անոր առաջնորդական ժամանակաշրջանէն դէպքեր եւ յուշեր: Ան բախտաւոր համարեց Նոր Ջուղան, որ իր ծանր ու դժուար օրերուն` յեղափոխութիւն, Իրաք-Իրան ութամեայ պարտադրեալ պատերազմ, ներհամայնքային երկպառակութեան ժամանակաշրջան եւ այլն, ունեցած էր խոհեմ եւ ժրաջան առաջնորդ, որ կրցած էր իմաստուն կերպով ղեկավարել համայնքն ու թեմի եկեղեցական-կրօնական կեանքը, եւ նոյնիսկ առանց վարանելու ռազմադաշտ երթալով` խրախուսած է հայ եւ պարսիկ քաջարի ռազմիկները:

Այնուհետեւ, մայեսթրօ Արմէն Ամիրխանեանի ղեկավարութեամբ, Ս. Ամենափրկչեան վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբը ներկայացուց երգերու եւ շարականներու փունջ մը:

Ապա յատուկ յուշ-երեկոյին մասնակցելու համար Թեհրանէն հրաւիրուած Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ  Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն` Կորիւն արք. Պապեանի կեանքն ու գործունէութիւնը որակելով ամբողջական ծառայութիւն եւ նուիրում, որուն պատճառով ան շահած է այն բարի անունը, որ տակաւին երկար պիտի մնայ զինք ճանչցող անձերու մտքերուն մէջ: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ նաեւ Կորիւն արք. Պապեանի գիտական եւ մտաւորական գործունէութեան, որոնք ան կատարեց ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ լրջութեամբ:

Յուշ-երեկոյի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան: Ան իր գնահատանքը ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին յուշ-երեկոյի կազմակերպման, ապա անդրադարձաւ Կորիւն արք. Պապեանի ծառայութեան` իբրեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան հաւատարիմ եւ արժանաւոր անդամ, որ եկեղեցւոյ ճամբով իր լաւագոյն սպասաւորութիւնը բերաւ իր ժողովուրդին եւ Աստուծոյ: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ կեանքը խորհուրդ խորին է, եւ ժամանակները ծնունդ կու տան իրենց համապատասխան եւ անհրաժեշտ մարդոց, եւ այդպէս եղաւ ու ընթացաւ հոգելոյս Կորիւն սրբազանին կեանքը:

 

Թեհրան

Սմբատ Յակոբեան` Իրանի Արդիւնաբերութեան
Օրինակելի Եւ Վաստակաւոր Գործարար

Սմբատ Յակոբեան
Սմբատ Յակոբեան

Յունիս 30-ին, Ճարտարարուեստի եւ արդիւնաբերութեան օրուան առիթով Թեհրանի Գլխաւոր համագումարներու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն ընթացքին հանրապետութեան նախագահի առաջին օգնական դոկտ. Ճահանկիրի ձեռամբ կատարուեցաւ գնահատականներու եւ շքանշաններու տուչութիւն` Իրանի մակարդակով յաջողած 12 գործարարներու, որոնցմէ երեքը գնահատուեցան իբրեւ օրինակելի եւ վաստակաւոր գործարար:

Վերոնշեալ երեքի շարքին էր Իրանի արական հագուստեղէնի ամենանշանաւոր ու հեղինակութիւն վայելող վաճառանիշ` «Յակոբեան» ընկերութեան տէր ու տնօրէն Սմբատ Յակոբեան:

Նշենք, որ Սմբատ Յակոբեան իր վաճառանիշը սկսած է արտադրելու 1975-ին եւ ներկայիս ունի հսկայական գործարաններ (արական հագուստեղէնի եւ շապիկի):

 

Եգիպտոս

Հայկական Մշակութային Օրեր

Եգիպտոսի մշակոյթի նախարար Ապտ Ուահետ Նապաուի վերջերս ընդունեց Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեանին այցելութիւնը: Երկու կողմերը քննեցին երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային կապերը եւ համաձայնեցան, որ Եգիպտոսի մէջ կազմակերպուելիք հայկական մշակութային օրերը տեղի ունենան 15-21 սեպտեմբերի միջեւ, նաեւ Եգիպտոս իր մասնակցութիւնը բերէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող մշակութային ձեռնարկներուն: Դեսպանը Հայաստան հրաւիրեց նախարարը` ներկայ գտնուելու յիշեալ նախաձեռնութեան:

Ապտ Ուահետ Նապաուի հաստատեց, որ հայերը մեծ դերակատարութիւն ունեցած են Եգիպտոսի մշակութային կեանքէն ներս, եւ առաջարկեց, որ 2 կողմերու մշակութային կապը զարգանայ գիրքերու թարգմանութեամբ: Այլ խօսքով, Եգիպտոսի մշակոյթը եւ պատմութիւնը ներկայացնող գիրքեր թարգմանուին հայերէնի եւ Հայաստանի մշակոյթը եւ պատմութիւնը ներկայացնող գիրքեր թարգմանուին արաբերէնի, որպէսզի երկու երկիրները մօտէն ճանչնան զիրար:

Արմէն Մելքոնեան իր կարգին հաստատեց, որ Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ մշակութային կապերը շատ սերտ են, աւելցնելով, որ Եգիպտոսի համալսարանին մէջ բաժանմունք մը կայ, ուր կ՛ուսուցանուի հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, նաեւ` երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութեան պատմութիւնը: Երեւանի համալսարանին մէջ նաեւ արաբերէնի բաժանմունք կայ եւ կ՛ուսուցանեն արաբերէն պատմութիւն եւ գրականութիւն:

 

Յունաստան

Երաժշտական – Պարային Երեկոյ

l7-16-15_ogo.HamazkayinԿազմակերպութեամբ Փիրէայի Պարի միջազգային խորհուրդի եւ հելլէն աւանդական պարերու «Տորա Սթրաթու» թատրոնին, 30 յունիսին, Աքրոփոլիսի յարակցութեամբ գտնուող «Տորա Սթրաթու» աւանդական ու ազգագրական պարերու բացօթեայ թատրոնի բեմին վրայ տեղի ունեցաւ երաժշտական – պարային երեկոյ:

Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին փոքրասիական, պոնտական, կապադովկիական, Թրակիոյ, Զմիւռնիոյ եւ յունական ազգագրական միութիւններու երգի ու պարի խումբեր: Տեղի ունեցան թատերական ներկայացումներ`  հայերու կեանքին ու Ցեղասպանութեան վերաբերեալ` «Անոնք յաջողեցան ապրիլ, պարել ու երգել» ընդհանուր բնաբանին ներքոյ:

Յայտագրի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Համազգայինի  պարախումբը:

Համազգայինի Պարախումբը Կը Մասնակցի
«
Պոլիուտ»-ի Պարի Փառատօնին

Կազմակերպութեամբ «Արթիսթիք սթիւտէօ օրիենթըլ Էքսփրեշըն»-ի, 5 յուլիսին Աթէնքի Թեխնոփոլիս Կազիի մէջ տեղի ունեցաւ «Պոլիուտ էնտ մալթիքալչըրըլ տենս ֆեսթիվըլ»-ը: Այս ելոյթը կը բնորոշուի որպէս բազմաբնոյթ երազային ճամբորդութիւն մը` դէպի աւանդական արեւելեան երաժշտութիւն եւ պարարուեստի իւրայատկութիւններով ու նկարագրով պատկերացուած արուեստ:

7-16-15_nayiri

Այս փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ Յունաստանի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Նայիրի» երկսեռ պարախումբը, որ գեղարուեստական երեկոն ճոխացուց հայ երաժշտութեան, հայկական պարի ու հայկական տարազներու բազմամշակութային ճաշակ մը դրսեւորելով:

 

Միացեալ Նահանգներ

Հրանդ Կիւզելեանի «Պոլսոյ Պատանեկան Տունը –
Մնացորդացի Տուն Դարձի Պատմութիւն Մը»
Գիրքին Դերը, Ուխտը Եւ Ազդեցութիւնը

7-16-15_Guzelian

Հովանաւորութեամբ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ), 12 յունիսին Փըրեմսի Հայ երիցական եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցան 3 դասախօսութիւններ, որոնք ներկայացուցին Հրանդ Կիւզելեանի «Պոլսոյ պատանեկան տունը – Մնացորդացի տունդարձի պատմութիւն մը» գիրքին դերը, ուխտը եւ ազդեցութիւնը: Հանդիսութիւնը կը պատուէր Հրանդ Կիւզելեանը, անոր «Պոլսոյ պատանեկան տունը» գիրքին անգլերէն հրատարակութեան առիթով:

Յետցեղասպանութեան տարիներուն Հրանդ Կիւզելեան խիզախօրէն պայքարեցաւ հարիւրաւոր հայ պատանիներ ազատագրելու Թուրքիոյ ներքին գաւառներէն` զանոնք փոխադրելով Պոլիս, եւ անոնց տալով հայեցի քրիստոնէական դաստիարակութիւն:

Օրուան հանդիսավար ԱՀԱԸ-ի վարչական խորհուրդի անդամ, իրաւաբան Փիթըր Ղուկասեան նկարագրելով Կիւզելեանին հիմնած Պոլսոյ պատանեկան տունը` Կետիկ Փաշա թաղամասին վրայ գտնուող Հայ աւետարանական եկեղեցիի գետնայարկին մէջ` յայտնեց, որ այդ դպրոցը Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ Կիւզելեանին հիմնած «Քեմփ Արմէն»-ի հետ համընթաց կրցաւ դաստիարակել հայ սերունդ մը, որոնց ժառանգը տեւեց երկար ժամանակ եւ կը շարունակէ տեւել մինչեւ օրս:  Թուրքիոյ ներքին գաւառներէն ազատագրուող հայ պատանիներէն մէկն էր խիզախ լրագրող Հրանդ Տինք:

Կիւզելեան գիտակից էր, որ թրքական իշխանութիւնները պիտի չպարգեւատրէին զինք: Բռնագրաւուած «Քեմփ Արմէն»-ը  ազատագրելու իր միջամտութիւններուն համար ան նախ բանտարկութեան ենթարկուեցաւ եւ ապա Ֆրանսա արտաքսուեցաւ` ի դիմաց աւելի խիստ դատավճիռի:

Օրուան առաջին բանախօս,  ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն  Զաւէն Խանճեան դասախօսութեան իր բաժինը սկսաւ` նկարագրելով «Քեմփ Արմէն»-ի ներկայ իրավիճակը:  Ան հաստատեց, որ ԱՀԱԸ-ի համար  առանձնաշնորհում եղած է ճանչնալ  Հրանդ Կիւզելեանը եւ երկար տարիներով աջակցիլ անոր հիմնած Պոլսոյ պատանեկան տան:  Անդրադառնալով Կիւզելեանի գիրքին` Խանճեան նկատել տուաւ, որ Կիւզելեան Նոպելեան գրական մրցանակին պիտի չարժանանայ, սակայն ան արժանի է մարդկային իրաւունքներու Նոպելեան մրցանակին:

Փըրեմիսի Հայ երիցական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Պերճ Կիւլլէեան յայտնեց, որ ինք գաղափար չունէր Հրանդ Կիւզելեանի մասին: Զաւէն Խանճեանի թելադրութեան վրայ կարդացած էր Կիւզելեանին գիրքը եւ անդրադարձած` անոր կարեւորութեան եւ անոր ձգած ժառանգին: Պերճ Կիւլլէեան անդրադարձաւ հազարաւոր հայ երեխաներու վրայ ունեցած Կիւզելեանի ազդեցութեան մասին` յատուկ կերպով անդրադառնալով այն բացառիկ որբ երեխային` Հրանդ Տինքին, որ Կիւզելեան  պահեց իր թեւերուն ներքեւ:

Վեր. Կիւլլէեան ընդգծեց Կիւզելեանին խոր եռանդը` փնտռելու եւ գտնելու կորսուած երեխաները եւ զանոնք տուն բերելու` անոնց տալով անվտանգ ապաստանարան, ուսուցանելով եւ սնուցանելով զանոնք:  Իր խօսքի աւարտին ան առաջարկեց  յիշել Կիւզելեանը եւ անոր ձգած ազդեցութիւնը իր փրկած երեխաներուն վրայ, նաեւ գործնական մակարդակով, բնաւ չդադրեցնել մեր աջակցութիւնը արտերկրի մեր դպրոցներուն:

Ռաթկըրզի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Խաչիկ Մուրատեան խօսելով Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերուն մասին` յայտնեց,  թէ միասնական պայքարը շատ դժուար է, աւելցնելով, որ երբ հայերը դիմագրաւեցին ցեղապաշտութիւն, ջարդեր եւ այլն, այս համանիւթին մէջ Կիւզելեան դարձաւ արտակարգ երեւոյթ մը, որուն նուիրուածութիւնը արդարութեան եւ իր անձնական հաւատքը ստեղծած էին իրողութիւն մը, որ չէր համապատասխաներ ոեւէ ժամանակակից թրքահայ մարդու: Փրոֆ. Խաչիկ Մուրատեան հաստատեց, որ երբ Կիւզելեան բացաւ դպրոցին դռները, ան գիտցաւ, թէ ինք բանտարկութեան թեկնածու մըն էր, մինչեւ իսկ` մահուան: Ան յայտնեց, որ մինչ մենք սկսած էինք կորսնցնել մեր անմիջական կապը Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներուն հետ, թրքահայ քաղաքացիներ սկսան բացայայտել իրենց կապը իրենց մեծ մայրերուն հետ եւ այս երեւոյթին մէջ  մեծ դեր ունեցաւ Հրանդ Տինք, սակայն Հրանդ Կիւզելեանն էր, որ բորբոքեց այդ կրակը առաջին հերթին:

 

Լոնտոն

«Ապրող Յուշեր» Հայոց Ցեղասպանութեան
100-
Ամեակին Նուիրուած
Մշակութային Եւ Գեղարուեստական Ձեռնարկ

7-16-15_tsernarg

Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լոնտոնի մասնաճիւղի վարչութեան, 26 յունիսին, նախկին Չելսի քաղաքապետարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապրող յուշեր» մշակութային եւ գեղարուեստական ձեռնարկը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ` մահուան դէմ հայ ժողովուրդին տարած յաղթանակին:

Տեղի ունեցաւ նաեւ տաղանդաւոր նկարիչ Նայիրի Աֆրիկեանի «Յիշողութիւնը դեռ կենդանի է» ցուցահանդէսի բացում:

Երեկոյթին բացումը կատարեց Ասատուր Կիւզելեան, որ հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան, կարդաց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն ստացած նամակը` ի պատասխան ընթացիկ տարուան փետրուար ամսուն  վարչապետ Քամերոնին, նախագահ Օպամային եւ նախագահ Նեթանեահուին իր գրած բաց նամակին: Արտաքին գործոց նախարարութեան  նամակը  կը հաստատէր, որ Անգլիա չէր փոխած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման  նկատմամբ իր որդեգրած դիրքը:

«Կոմիտաս» հաստատութեան հիմնադիր տնօրէն, Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանի եւ արդի հայոց պատմութեան  մասնագէտ, երիտասարդ պատմաբան Արա Սարաֆեան «Յիշենք այսօր Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը» նիւթին շուրջ տուաւ  դասախօսութիւն մը` անդրադառնալով թուրք եւ քիւրտ մտաւորականութեան, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներու, ինչպէս նաեւ պարզ քաղաքացիներու եւ գիւղացիներու հետ ունեցած իր հանդիպումներուն` Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ: Սարաֆեան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն իրողութեան վրայ, որ երկու տասնամեակ առաջ Թուրքիոյ մէջ տիրող հակաժողովրդավարական իրավիճակը ներկայիս  բարեփոխուած է, եւ Թուրքիոյ մէջ այժմ ազատ կերպով կը քննարկուին երբեմնի արգիլուած բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին նաեւ`  Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն շնորհիւ բազմաթիւ իսլամացած հայեր կը վերադառնան իրենց արմատներուն: Սարաֆեան ընդգծեց, որ Հայկական հարցի հետապնդման եւ անոր խաղաղ լուծման հաշուոյն տարուող աշխատանքին մէջ անհրաժեշտ է ապահովել թուրք եւ քիւրտ մտաւորականութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը:

«Հայաստանի ոգին եւ կործանման մոխիրներէն ծնած գեղեցկութիւնը» բնաբանով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի մեծագոյն բարեկամներէն  պարոնուհի Քարոլայն Քոքս, որ անդրադառնալէ ետք Ծիծեռնակաբերդի մէջ կայացած  Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման  նուիրուած յուշահանդէսին այս տարուան ապրիլ 24-ին, խօսեցաւ ազրպէյճանական վայրագութիւններու մասին, որոնք գործադրուեցան Արցախի հայութեան դէմ պատերազմի տարիներուն: Պարոնուհին դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ գործուած  ոճիրները: Ան Հայաստան եւ Արցախ կատարած իր բարեսիրական 82 այցելութիւններուն հետ առնչուած բազմաթիւ յուզիչ դրուագներ  պատմեց` պաստառի վրայ ցուցադրելով լուսանկարներ:

Աւարտին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

 

Նախորդը

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները Դդմաճին Եւ Հացին Մասին

Յաջորդը

Այլեւս… Բեն

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ
Գաղութէ Գաղութ

Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?