Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ
Դամասկոս
Դամասկահայութիւնը յագեցած յայտագիրներով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ձեռնարկներու շարքը սկսաւ հինգշաբթի, 23 ապրիլին` հսկումի երեկոյով, որ տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր ներկայ բազմութիւնը հետեւեցաւ սրբադասման արարողութեան: Ապա տեղի ունեցաւ երիտասարդական հսկում, հովանաւորութեամբ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Դամասկոսի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ` «Աւ. Ահարոնեան» կեդրոնի 100-ամեակի յանձնախումբին: Ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան, հիւպատոս Արշակ Յարութիւնեան, երեսփոխաններ, Դամասկոսի միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ հոծ բազմութիւն մը:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին առջեւ, ապա փողերախումբով ուղղուեցան Զէյթունի յոյն կաթողիկէ սրահ: Արաբերէն լեզուով բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Պեքերեճեան, իսկ հայերէնով երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց Յովիկ Պօղոս: Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին Լուսին Տեմիրճեան, Գառնի Քէօշկերեան, Ցոլեր Քիւրտեան (անգլերէն) եւ Վերժին Ապաճեան` ասմունքով, Քարոլ Արիսեան` կիթառ, Ժանեթա եւ Արազ Պուրունսուզեան` թաւջութակի եւ երգեհոնի նուագով, եւ Սարին Գաթքլեան` երգով: Տեսերիզի ցուցադրութենէ ետք սկաուտները կատարեցին խմբերգ: Դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց, եւ երեկոն փակուեցաւ հոգեւոր հայրերու պահպանիչով:
Նոյն օրերուն Դամասկոսի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրիան դէպի վերակառուցման» նիւթով միջազգային գիտաժողովը, որուն մասնակցեցան «Խաղաղութեան գործիչներ»-ու պատուիրակութիւն մը եւ համալսարանի դասախօսական կազմը: Երկրորդ նիստին դոկտ. Նորա Արիսեան ներկայացուց «Հայոց ցեղասպանութիւնը` շարունակուող ոճիր» վերնագիրով նիւթը: Գիտաժողովի կողքին տեղի ունեցաւ հայկական ջարդի նկարներու ցուցահանդէս:

Ուրբաթ, 24 ապրիլին սուրբ պատարագներ մատուցուեցան Ս. Սարգիս հայ առաքելական եւ Թագուհի Տիեզերաց հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ: Ապա Ամինեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդհանուր ձեռնարկ, կազմակերպութեամբ` Դամասկոսի 100-ամեակի մարմինին եւ հովանաւորութեամբ երեք համայնքապետերու: Ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ հոծ բազմութիւն: Ձեռնարկին բեմավարն էր Մարիա Գույումճեան: Բացման խօսքը կատարեց Միհրան Ղազարեան, ապա պարբերաբար խօսք առին երեսփոխաններ` «Ազատութեան եւ մարդկանց իրաւունքի» յանձնաժողովի նախագահ Պատիի Սաքքուր, «Ազգային հաշտեցման» յանձնաժողովի նախագահ Օմար Աուսի, մտաւորական դոկտ. Ժորժ Ժապուր, բեմագիր Հասան Մ. Եուսեֆ, որոնք անդրադարձան Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի իմաստին ու Թուրքիոյ ժխտման: Խօսք առաւ նաեւ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ վերջին շրջանին կատարուած յայտարարութիւններուն համար:
Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին Մեղրի Պետիրեան եւ Նարա Միքայելեան, Թիթար Շահինեան` երգերով, ընկերակցութեամբ Նարեկ Ապաճեանի, խմբավար Արմէնուհի Սիմոնեան, Դալար Կեքճեան դաշնամուրի վրայ, երգիչ Ժոզէֆ Թրթրեան, թատրոն` Նազար Նազարեան եւ Արա Քահքեճեան, պար` «Մեղրի» պարախումբ, Վարդուհի Դարբինեան` ասմունք, եւ «Քնար» երգչախումբը: Փակման խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ առաջնորդ հայր Յովսէփ Արնաութեան:
«Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց
Նահատակաց Հրապարակ»-ի Բացում
Կիրակի, 26 ապրիլ 2015-ին տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց hրապարակ»-ի բացումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յուշարձանի հիմնարկէքի արարողութիւնը` ներկայութեամբ դեսպան Արշակ Փոլատեանի, Բնապահպանութեան նախարար Նազիրա Սարգիսի, Դամասկոսի նահանգապետ Պշըր Սապպանի, բազմաթիւ երեսփոխաններու, Ասորի ուղղափառ պատրիարք Աֆրամ Բ.ի, հոգեւոր առաջնորդներու, «Խաղաղութեան գործիչներ»-ու պատուիրակութեան, պետական անձնաւորութիւններու եւ հոծ բազմութեան:
Մոմավառութեան Միասնական Քայլարշաւ
Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ մոմավառութեան քայլարշաւ` որ ընթացք առաւ նախապէս հայերու գաղթավայր եղած թաղամասէն դէպի «Հայոց ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց հրապարակ», կազմակերպութեամբ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Երիտասարդական յանձնախումբին եւ նուագակցութեամբ ՀԿՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական փողերախումբերուն, մասնակցութեամբ դեսպան Արշակ Փոլատեանին, Դամասկոսի քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն, արաբ տեղացիներու եւ դամասկահայերու: Հայոց ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց հրապարակ հաւաքուելէն ետք, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան արաբերէն լեզուով ընթերցեց հարիւրամեակի առթիւ համահայկական հռչակագիրը:
Իրան
Նոր Ջուղա
Նոր Ջուղայի հայութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ոգեկոչեց դասախօսական-գեղարուեստական հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ օրուան պատգամը փոխանցեց լիբանանահայ ազգային-հասարակական գործիչ, կրթական մշակ Վիգէն Աւագեան:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Արարատ» միութեան մարզասրահին մէջ, հինգշաբթի, 30 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի մշակութային ձեռնարկներու ենթայանձնախումբին, Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի բազմահարիւր հայորդիներու: Ներկաներու շարքին էին Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, հոգեւորական դասը, շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ ազգային մարմիններու անդամներ:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի անդամ եւ մշակութային ձեռնարկներու ենթայանձնախումբի աշխատանքներու համակարգող Արմինէ Սիմոնեան:
Այնուհետեւ, օրուան պատգամը փոխանցեց Վիգէն Աւագեան: Ան նշեց Ցեղասպանութեամբ հայութեան կրած վնասները` ազգային, տնտեսական եւ քաղաքական մակարդակներուն վրայ: Աւագեան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդի դարաւոր հայրենիքին մեծագոյն մասին բռնագրաւումը եւ անոր թրքացման հետեւողական փորձերը, բիւրաւոր զոհերու մարդկային ողբերգութեան կողքին, ստեղծած են նաեւ քաղաքական ողբերգութիւն մը` հայը զրկելով իր սեփական հողերէն:
Աւագեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 100-ամեակի գլխաւոր ձեռքբերումներուն` Համահայկական հռչակագիրին, Հայոց ցեղասպանութեան նորագոյն ճանաչումներուն եւ անցնող ամիսներուն սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ ստեղծուած ազգային-պահանջատիրական բուռն ալիքին: Ան մաղթեց, որ այդ ալիքը ընդլայնի, զօրանայ եւ անկասելի դառնայ` մինչեւ հայութեան մարդկային ու ազգային բոլոր իրաւունքներուն վերականգնումը եւ Ցեղասպանութեան հեղինակներու քաղաքական ժառանգորդներուն պատասխանատուութեան ենթարկումը:
Իբրեւ 100-ամեակի պատգամ` Վիգէն Աւագեան ընդգծեց, որ մեր ժողովուրդը ամէն պատճառ ունի, պատմական այս հանգրուանին, ինքզինք ըլլալու եւ ամէն գնով վերագտնելու իր ստեղծագործ, գիտակից ու մարտունակ ազգի հոգեմտաւոր պողպատեայ ամրութիւնը: Ապա ան իր խօսքը եզրափակեց` նշելով, որ տոկունութիւնը, յարատեւութիւնը եւ արդիւնաւէտ աշխատանքն է ազգային-միութենական մեր ուղին, եւ առ այդ, այսօր, նախքան վաղը, պատասխանատու կեցուածք եւ յանձնառութիւն կը պահանջուի բոլորէն:
Օրուան պատգամին յաջորդեց գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիրը` «100-րդ ակնթարթ. յիշողութիւն վէրքի, խոյանք վէրքի» բնաբանով: Շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին հանդէս եկան Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի մշակութային միութիւններու, դպրոցներու, երիտասարդականի եւ պատանեկանի 130 անդամ-անդամուհիները, որոնք այս առթիւ պատրաստուած տեսերիզով, բեմական պատկերներով, երգերով ու պարերով ներկայացուցին հայ ժողովուրդի վերջին 100-ամեայ երթը հինգ բաժիններով` Մեծ եղեռն, «Նեմեսիս» գործողութիւն, ցեղասպանութեան հասկացողութեան ծնունդ եւ որդեգրում, հայութեան անչափելի կորուստներ եւ «Կը յիշենք ու կը պահանջենք»:
Դասախօսական-գեղարուեստական երեկոն եզրափակուեցաւ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի հայրական ոգեշունչ պատգամով:
Լեհաստան
Լեհաստանի մեծագոյն քաղաքներէն ու հարաւային կողմը գտնուող Վրոցլաւ քաղաքին մէջ 18 մեթր քառակուսի տարածքով երեք հսկայ ցուցապաստառներ տեղադրուեցան քաղաքի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ, նախաձեռնութեամբ տեղւոյն հայ գաղութին: Այս առիթով Վրոցլաւ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ կատարուեցաւ նաեւ «Հանդիսանալ վկաներու վկան» խորագիրը կրող եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նկարներու եւ պատմական տեղեկութիւններու ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսի կողքին, միջազգային համբաւ վայելող ճափոնցի արուեստագէտ ու դերասան Տայսուքէ Եոշիմոթոյի բեմադրական անհատական արուեստի ընդմէջէն ներկայացուց հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան թեման` դառնալով այդ տանջանքներու ու դառնութիւններու նոյնինքն վկան:
Միացեալ Նահանգներ
Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Հիւսիսային
Հովիտի Ձեռնարկը Նորթրիճի Համալսարանին Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Հիւսիսային Հովիտի Հայ մշակութային հիմնարկութեան ձեռնարկը տեղի ունեցած է ապրիլ 17-ին, Նորթրիճի համալսարանին «Փլազա տել սոլ» սրահին մէջ, համագործակցութեամբ համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ` շրջանի ՀՕՄ-ի, ՀԵԴ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Թորոս Քեչեճեան կը յայտնէ, որ ձեռնարկը իր տեսակին մէջ առաջինն էր շրջանին մէջ, եւ` «Անիկա առիթ ընծայած է համայնքին ծանօթացնելու մեր երիտասարդութիւնը, մեր մշակոյթը եւ մեր պատմութիւնը», աւելցնելով, թէ ոչ միայն կարելի եղած է սրահը ամբողջութեամբ լեցնել, այլ որոշ թիւով մասնակցիլ փափաքողներ դժբախտաբար չեն կրցած ներս մտնել:
Ձեռնարկին գլխաւոր պատգամը եղած է` «Հատուցումի ժամանակն է»: Դրօշակի արարողութիւնը կատարուած է ՀՄԸՄ-ի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ, իսկ բարի գալուստի խօսք արտասանած է համալսարանի տնօրէն դոկտ. Տայեն Հերիսըն: Ողջոյնի խօսք արտասանած են նաեւ ՀԵԴ-ի «Արցախ» ուխտի ներկայացուցիչները, մինչ ուխտի կրտսերները կատարած են ազգային երգեր ու արտասանութիւններ: Իր պատգամը փոխանցած է նաեւ համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ` հաւաքին ներկայ պաշտօնատարները: Բոլորն ալ շեշտեցին Հայոց ցեղասպանութեան վնասուց հատուցման կարեւորութիւնը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ հրաւիրուած ու ոգեկոչման ներկայ պաշտօնատարներուն շարքին եղած են` քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ` Սքաթ Ուիլք, Մեթ Տըպեպնէ ու Ատրին Նազարեան, ինչպէս նաեւ` Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս «Արտի» Քասախեան:
Ոգեկոչման գլխաւոր բանախօսը եղած է դոկտ. Հայկ Օշական, որ շեշտը դրած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ վերջին տասնամեակներուն արձանագրուած փոփոխութեանց վրայ` Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ վնասուց հատուցման տեսակէտէն:
Աւարտին, Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը ներկայացուցած է քանի մը հայրենասիրական երգեր, իսկ փակման աղօթքը կատարած է Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը:
* Կլենտէյլի մէջ գործող Լոս Անճելըս գաւառի ընկերային ծառայութեան շէնքին մէջ ապրիլ 8-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը` կազմակերպութեամբ կեդրոնի հայ պաշտօնեաներուն կողմէ: Հանդիսութեան ներկայ էին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի ներկայացուցիչ Մարի Յովակիմեան, որ բերած էր քոնկրեսականին վիտէոյի վրայ նկարահանուած սրտի խօսքը, Լոս Անճելըս գաւառի վերակացու Մայք Անթոնովիչի ներկայացուցիչը` Ռիթա Հաճիմանուկեան, որ սրտի խօսքէն ետք յիշեց, որ հռչակագիր մը պատրաստուած է այս առիթով, որ պիտի ղրկուի շուտով, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, Կլենտէյլի կեդրոնի ղեկավարներէն Կիյերմօ Արսի եւ ընդհանուր տնօրէնուհիի տեղակալ Իվոն Փորթիօ:
Օրուան հանդիսավար Աննա Ղազարեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի տնօրէնին` նման ձեռնարկ մը արտօնելուն համար: Ապա ելոյթ ունեցան բարձրաստիճան հիւրեր եւ արուեստագէտներ, որոնք մեծապէս գնահատեցին կեդրոնին մէջ կազմակերպուած այս ձեռնարկին պատասխանատուները, շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը այս տարի որդեգրած է «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» լոզունգը: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր եւ ցուցադրուեցան Հայոց ցեղասպանութենէն եւ հայ մշակոյթէն նկարներ:
* Ապրիլ 16-ին Կլենտէյլի «Անզոհ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քսանհինգ հայ արուեստագէտներու գործերու ցուցահանդէսի բացում` «Յիշատակելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը» խորագրի տակ: Ներկայացուած գեղանկարչական, կրաֆիքական աշխատանքները եւ քանդակները կը փոխանցէին Ցեղասպանութեան արհաւիրքը:
* Ապրիլ 18-ին Փասատենայի «Մեմորիալ փարք»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշահամալիրի բացման արարողութիւնը:
Լոս Անճելըսի գաւառի կառավարիչներու խորհուրդի ղեկավար Մայք Անտոնովիչ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր, որ այլ քրիստոնեաներու նկատմամբ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Ան կոչ ուղղեց Լոս Անճելըսի կառավարիչներու խորհուրդի անդամներուն` Ուաշինկթընի մէջ բարձրացնելու իրենց ձայնը, որպէսզի նախագահը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, աւելցնելով, որ անպատասխանատու եւ անզգուշ քայլ է մէկ կողմ քաշուիլ եւ չընդունիլ, որ 1.5 միլիոն մարդ սպաննուած է:
Ժամանակն ճանաչման:
Փասատենայի քաղաքապետ Պիլ Պոկարտ նկատել տուաւ, որ բոլորս պատասխանատու ենք համայն մարդկութեան ճանչցնելու պատմութեան այդ ողբերգական եւ վարկաբեկող իրադարձութիւնը:
Հանդիսավար Դաւիթ Ճորճ Գէորգեան այնուհետեւ ներկայացուց յուշարձանի հեղինակ, Փասատենայի Արուեստի կեդրոնի ուսանող Քեթրին Մենարթը, որ նշեց, թէ նախագիծը սիրոյ, ներումի եւ ճշմարտութեան մասին է:
Ելոյթներով հանդէս եկան Փասատենայի յուշահամալիրի ստեղծման յանձնախումբի համանախագահ, Փասատենայի նախկին ոստիկանապետ Պեռնար Մելեքեան, Հայ դատի յանձնախումբի խորհուրդի անդամ Րաֆֆի Համբարեան, Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Լեւոն Ֆիլեան: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Յունաստան
Ապրիլ 19-ին Աթէնքի «Փալլաս» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Օրուան նախագահ Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան, «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսի հիմամբ, շեշտեց 100-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման խոր անհրաժեշտութիւնը` որպէս յուշ մեր անցեալին, այլ նաեւ` պահանջ եւ յարատեւ պայքարի խոստում, մինչեւ հայութեան արդար պահանջքներու իրականացումը: Կիպրոսի եւրոերեսփոխան տոքթ. Էլենի Թէոխարուս իր խօսքին մէջ դատապարտեց Թուրքիոյ մերժողական կեցուածքը, մատնացոյց ըրաւ Թուրքիոյ փանթուրանական ծրագրի ծալքերը, շեշտեց Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ բացայայտեց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կեղծաւոր կեցուածքները: Ան մարդկային բարոյական բարձր արժէքներն ու սկզբունքները վկայակոչելով` խօսեցաւ հայ ազգի պատմութեան մասին, հերոսական Արցախի ազատագրական պայքարը վկայակոչելով եւ յոյս յայտնելով, որ օրը պիտի գայ, երբ Կիպրոսի ազատագրումն ալ պատմական իրողութիւն պիտի դառնայ: Ան անդրադարձաւ հայ-յոյն ազգերու եղբայրական դարաւոր ու ճշմարիտ կապերուն` նշելով, թէ իր մտքին մէջ վառ կը պահուին հայ գաղթական բեկորները, որոնք ապաստան փնտռեցին ու գտան հիւրընկալ Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ:
Տոքթ. Թէոխարուս խօսեցաւ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի բանաձեւի մասին` նշելով, թէ ազատ եւ արդար մարդոց պարտքն է յիշեցնել Թուրքիոյ իր պարտաւորութիւնները, մանաւանդ այսօր, Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, գիտակցելով, թէ ազգի մը ցեղասպանութիւնը պատմական ճշմարտութիւն ըլլալէ անդին` նաեւ քաղաքական իրողութիւն մըն է:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղեցին Ատիկէի փոխմարզպետ Էրմինա Քիփրիանիտու, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, հելլէն խորհրդարանի փոխնախագահ Պալաֆաս, հելլէն կառավարութեան կողմէ պաշտպանութեան փոխնախարար Նիքոս Թոսքաս, որոնք դատապարտեցին Թուրքիոյ կեցուածքը, որ ուժը չէ ունեցած ընդունելու պատմական ճշմարտութիւնը եւ կը շարունակէ աղաւաղումներով ու կեղծիքներով մերժողական կեցուածք ցուցաբերել: Հայ երիտասարդութեան խօսքը արտասանեց Արման Մենենտեան, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան Սինտաղմայի հրապարակը, ուր Անծանօթ զինուորի յուշադամբանին առջեւ զետեղուեցան դափնեպսակներ:
Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Համակարգչային Ծրագիր
Նախաձեռնութեամբ Վաչէ Սահակեանի, պատրաստուած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած համակարգչային ծրագիր մը (app), զոր կարելի է ձրիաբար ներբերել «iPhone», «iPad» կամ «iPod Touch» գործիքներու համար, այցելելով` https://itunes.apple.com/us/app/armenian-genocide/id979103063?mt=8 կայքէջը:
Անոր մէջ կան Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող քարտէսներ, ժամանակագրութիւն, պատմական տեղեկագիրներ, հեռագիրներ, լուրեր եւ նամակներ, վերապրողներու վկայութիւններ եւ նոր վկայութիւններ աւելցնելու կարելիութիւն, ինչպէս նաեւ` գիրքերու, համացանցային կայքերու եւ վաւերագրական ժապաւէններու ցանկեր:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել` http://armeniangenocide.dopplerthepom.com կայքը: