Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

July 23, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ատրպատական

Ատրպատականի Ազգային Առաջնորդարանի
Պատմական Շէնքի Լուսաւորման Հանդիսութիւն

7-23-15_Prelacy

Յունիս 21-ին, ամրան շրջանին համար պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի զբօսայգիին:

Նոյն օրը, երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ հանդիսութիւն մը` լուսաւորելու համար պատմական շէնքը, որ շուրջ 200 տարուան հնութիւն ունի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգ. առաջնորդարանի պաշտօնեաներէն Ռիթա Նազարբէկեանը, որ շեշտեց առաջնորդարանի զբօսայգիի ունեցած կարեւոր  դերակատարութիւնը համայնքի կեանքէն ներս` իբրեւ ամառնային շրջանի ժողովրդական հաւաքատեղի:

Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան պատմական ակնարկ մը նետեց շէնքի անցեալին: Ապա ան բարձր գնահատեց հանգուցեալ գնդապետ եւ Ատրպատականի հայոց թեմի կեանքէն ներս մեծ վաստակ ունեցող Էմիլ Յակոբեանի թաւրիզաբնակ եւ ամերիկաբնակ զաւակները, որոնք ի յիշատակ իրենց ծնողներուն` ստանձնած էին շէնքի լուսաւորման բոլոր ծախսերը:

Ապա Թաւրիզի հոգեւոր հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտմեան կարդաց առաջնորդ սրբազան հօր գնահատանքի գիրը` ուղղուած Յակոբեան ընտանիքի անդամներուն` Աստղիկ, Գասպար, Անահիտ եւ Մելքոն Յակոբեաններուն: Աւարտին սրբազան հայրը զայն պաշտօնապէս յանձնեց Յակոբեան ընտանիքի ներկայացուցիչ Անահիտ Յակոբեան-Մելիքեանին:

Այնուհետեւ, սրբազան հօր ձեռամբ, հեռակառավարուող գործիքով հերթաբար լուսաւորուեցան շէնքին տարբեր մասերը:

Աւարտին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Կիպրոս

Կիպրահայ Համայնքը Կ՛աջակցի Արցախի Մէջ
Համակարգչային Գիտելիքներու Զարգացման

7-23-15_cyprus

Վերջերս, նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորումով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Կիպրոսի տեղական մարմինին, համակարգչային լսարաններ հիմնուեցան Արցախի Քարվաճառ շրջանի հինգ համայնքային դպրոցներու մէջ` իւրաքանչիւրին նուիրելով վեց համակարգիչ եւ անհրաժեշտ կահոյք: Պետական միջոցներով վերանորոգուեցան նաեւ սենեակները:

Հիմնադրամի Կիպրոսի տեղական մարմինի ատենապետ Սեպուհ Դաւիթեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ իրենց փոքրաթիւ համայնքը նոյնպէս կրցաւ օժանադակել արցախցի պատանիներուն:

 

Սպանիա

Սպանիոյ Մէջ` Հայ Եւ Սպանացի Ժողովուրդներու
Բարեկամութեան Նուիրուած Խաչքար 

7-23-15_spain

Յուլիս 9-ին Փուենթէ Խենիլի (Քորտոպա) մէջ տեղի ունեցաւ հայ եւ սպանացի ժողովուրդներու բարեկամութեան նուիրուած խաչքարի բացման արարողութիւն:

Խաչքարը տեղադրուած է Փուենթէ Խենիլի կեդրոնական «Փարք տը Լոս Փինոս» զբօսայգիին մէջ:

Դեսպան Աւետ Ադոնց իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ-սպանական յարաբերութիւններու պատմութեան եւ ներկային, կարեւոր համարած է խաչքարի տեղադրումը յատկապէս այս տարի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Փուենթէ Խենիլի քաղաքապետ Էսթեփան Մթրալես Սանչեզի եւ մտայղացման հեղինակներուն` կատարուած աշխատանքին համար:

 

Միացեալ Նահանգներ

Բացում ՀՄԸՄ-ի «Մասիս» Մասնաճիւղի
«
Ժիրայր Եւ Սրբուկ Սարգիսեան» Մարզադաշտի

7-23-15_massis

Յուլիս 1-ին Սան Ֆեռնանտօ Հովիտին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Մասիս» մասնաճիւղի «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան» մարզադաշտին:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանին,  կատարեց կրօնական յատուկ արարողութիւնը:

Օրուան հանդիսավար Քաթիա Գարակէօզեան մասնաճիւղի վարչութեան անունով  հպարտութեամբ ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին տեղի ունեցող այս մարզադաշտին բացումը ապացոյց մը եւս կը ներկայացնէ մեր ազգի գոյատեւման յաղթանակին: Ան յայտնեց, որ մարզադաշտ մը ունենալը մասնաճիւղի 20 տարիներու երազն էր,  որ իրականացաւ շնորհիւ մասնաճիւղի անդամներու անսակարկ ճիգերուն եւ զոհողութեանց, ինչպէս նաեւ` հայ ազգի հաւատարիմ ծառայող հայորդիներու վստահութեան եւ օժանդակութեան շնորհիւ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրակցեցան մարզադաշտի իրականացման ծրագիրին, մանաւանդ` գլխաւոր նուիրատու Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեաններուն, վստահեցնելով, որ մարզադաշտը պիտի ըլլայ այն կորիզը, որուն շուրջ համախմբուած` պիտի շարունակեն իրենց դերը` հայապահպանման եւ հայ ազգի բարգաւաճման ի խնդիր:

Այնուհետեւ Սարգիսեան ամոլը կատարեց մարզադաշտի անունը կրող ցուցատախտակի բացումը, որմէ ետք մասնաճիւղի ատենապետ Արա Թեպելեքեան յուշանուէր մը յանձնեց բարերարներուն: Մասնաճիւղի սկաուտական եւ մարզական բաժանմունքներուն անունով, խոստմնալից պատանիներ պասքեթպոլի գնդակներ եւ մասնաճիւղի անունը կրող շապիկներ նուիրեցին բարերարներուն` հրաւիրելով զանոնք մասնակցելու մարզադաշտին մէջ տարուելիք աշխատանքներուն:

Ժիրայր Սարգիսեան իր սրտի խօսքին մէջ  յորդորեց ներկաները,  որ երազները պէտք չէ մնայուն ըլլան, այլ պէտք է իրագործուին: Ան նաեւ շնորհաւորեց մասնաճիւղն ու անդամները եւ բարի երթ մաղթեց անոնց:

Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պատմական որակելով ձեռնարկը` յայտնեց, որ այդ շաբաթավերջը Նաւասարդեան մարզախաղերու քառասնամեակի տօնակատարութիւնն է, փառքի եւ յաղթանակի շաբաթ մըն է բոլորին համար, եւ այդ յաղթանակը իր գործնական արտայայտութիւնը ունեցաւ` Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան մարզադաշտի պաշտօնական անուանակոչութեան արարողութեամբ:

Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց Փիեռ Մանուկեան, որ ընդգծելով կամաւոր աշխատանքի կողքին նուիրատուներու աջակցութեան եւ ներդրումի կարեւորութիւնը` իր երախտագիտութիւնն ու շնորհաւորանքը փոխանցեց Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան ամոլին` վստահեցնելով, որ իրենց  նախաձեռնութիւնը մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ու գաղութին համար:

Համահայկական 6-րդ Խաղերու Ջահի
Հրավառութիւն

7-23-15_hamahaygagan

Յուլիս 12-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին  կողքին կանգնած Նահատակաց յուշարձան-խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահի հրավառութեան խորհրդանշական արարողութիւնը` ձեռամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի: Խաղերը տեղի պիտի ունենան 2-13 օգոստոս, Հայաստանի մէջ: Առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով` ողջունեց Համահայկական խաղերու կազմակերպիչները, զանոնք հովանաւորող հայրենի իշխանութիւնները եւ մասնակից մարզիկները: Ան նկատել տուաւ, որ այս տարուան խաղերը կը զուգադիպին Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, հետեւաբար  ունին խորհրդանշական իմաստ եւ կը մարմնաւորեն հայ երիտասարդութեան միացեալ կեցուածքը` «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» կարգախօսին յանձնառութեամբ ու հայրենիք-սփիւռք միասնութեան մարմնաւորումով:

Յայտնենք, որ սրբազանը ջահը վառելէն ետք զայն յանձնեց մարզիկի մը, որ արարողութեան աւարտին զայն բարձր բռնած` Կլենտէյլի փողոցներով հասցուց Հայաստանի հիւպատոսարան, ուր եւս արտասանուեցան ողջոյնի խօսքեր:

Հարկ է նշել, որ ջահի հրավառութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր նաեւ 28 յունիսին, Անթիլիասի Մայր տաճարի կողքին կանգնած Նահատակաց մատուռ-յուշակոթողին առջեւ, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, ներկայութեամբ հայրենի եւ Լիբանանի հայութեան մարզական ներկայացուցիչներու:

Մերտինեան Վարժարանը Նոր Շէնք
Կառուցելու Կը Սկսի

0718merdinian1

Մերտինեան հայկական աւետարանական ամէնօրեայ վարժարանը յուլիս 8-ին կատարեց նոր շէնքի կառուցման հիմնարկէքը: Դպրոցի Շըրմըն Օքս գտնուող կառոյցը այսպիսով պիտի օժտուի նոր` Պեզճեան ընտանեկան շէնքով, որ իր 6840 քառակուսի ոտք տարածքով պիտի գայ փոխարինելու նախկին վարչական շէնքը:

Նոր կառոյցին մէջ իրենց տեղը պիտի ունենան` գրադարանը, տարրալուծարանը, արուեստի սրահը, քանի մը դասարաններ եւ դպրոցի այլ կարիքները գոհացնող սենեակներ:

Այս նոր շէնքի կառուցումը կարելի կը դառնայ շնորհիւ Ալպերթ եւ Թերի Պեզճեաններու մէկ միլիոն տոլարի նուիրատուութեան: Պեզճեանները սեփականատէրն են Կլենտէյլի «Ինտօ-Եուրոփիըն Ֆուտս» ընկերութեան:

Հիմնարկէքի արարողութիւնը սկիզբ առաւ դպրոցի խնամակալ մարմինի նախագահ տոքթ. Վահէ Նալպանտեանի բացման եւ շնորհակալական խօսքով: Իր աղօթքով ծրագիրը օրհնեց վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան, որմէ ետք Ամերիկայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան ոգեւորիչ ճառով մը հանդէս եկաւ` ընդգծելով հայ աւետարանակչական կրթութեան կարեւորութիւնը:

Հիմնարկէքի արարողութիւնը աւարտեցաւ վերապատուելի Ռան Թովմասեանի աղօթքով, որմէ ետք ներկաները մասնակից եղան «Պուլղուրճեան» սրահին մէջ իրենց ի պատիւ պատրաստուած հիւրասիրութեան:

Տարեկան Շուրջ 300 Հազար Հայ
Զբօսաշրջիկներ Լաս Վեկաս Կ՛այցելեն

0718armenian

Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Էնդի Արմէնեան մասնակցած է քաղաքի շերիֆ Ճօ Լամպարտոյի հրաւիրած քննարկման` նուիրուած զուարճանքներու քաղաքին մէջ անվտանգութեան ապահովման ու զբօսաշրջութեան առնչուած հարցերուն:

Հանդիպման մասնակցած են Լաս Վեկասի մէջ գործունէութիւն ծաւալով երկիրներու պատուոյ հիւպատոսներ:

Հանդիպման ընթացքին շերիֆ Լոմպարտօ եւ հիւպատոս Արմէնեան խօսած են քաղաքին մէջ հայերուն ներկայութան մասին եւ շեշտած, որ տարեկան 250 – 300 հազար  հայ զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն Լաս Վեկաս: Շերիֆը նշած է, որ կան միջազգային շարք մը ուղղութիւններ, որոնք յառաջիկայ 12 ամսուան ընթացքին կը նախատեսեն կազմակերպել ուղիղ թռիչքներ դէպի Լաս Վեկաս:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ 2020-ին արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելնայ 30 տոկոսով: Այս առումով պիտի աւելնայ նաեւ աշխատանքը համապատասխան դեսպանատուներուն, որոնք պէտք է կարողանան համակարգել զբօսաշրջիկներուն փաստաթղթային հարցերը:

 

Քանատա

Անգլիագիր Հայ Գրող
Յակոբ Խաչիկեան Մահացած Է

0000KHACHIGIAN

Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց անգլիագիր հայ գրող Յակոբ Խաչիկեանը: Պոլիս ծնած Խաչիկեան (1931) իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Վիեննայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ: Պատմաբան Խաչիկեան, կարեւոր ուսումնասիրութիւններ կատարելէ անդին, հեղինակ է 20-է աւելի հատորներու: Անոր կոթողային գործերէն կը համարուին «Վաղորդայն չունեցող արշալոյսը» եւ «Ամառ առանց այգաբաց»-ի (համահեղինակութեամբ Ժան Իվ Սուսիի) վէպերը: Հեղինակն է նաեւ «Մոխրագոյն զգեստով երիտասարդ մարդը» (The Young Man in the Gray Suit), «Չառաքուած նամակներ» (Un-mailed Letters), «Իմ ցեղային հարցը» (My Ehnic Quest) հատորներուն: Խաչիկեան բազմիցս այցելած է Հայաստան: Ան արժանացած է «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» շքանշանին:

 

Փարիզ

Երեւանի Քաղաքապետը Այցելեց
Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

7-23-15_daron

Վերջերս Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, ընկերակցութեամբ Մարսէյի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեանի, Մարսէյի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշի եւ Մարսէյի 11-րդ եւ 12-րդ շրջաններու ղեկավար, Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխան Վալերի Պուայէի,  այցելեց հայկական Պոմոն թաղամասին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցեց Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին:

Վալերի Պուայէ նշեց, որ Մարսէյի հայկական ու հայաշատ թաղամասին մէջ գտնուող յուշահամալիրը կ՛առանձնանայ ոչ միայն որպէս ճարտարապետական կառոյց, այլեւ որպէս պատմական ուղեցոյց` տեղի հայ համայնքի եւ Մարսէյի ամբողջ բնակչութեան համար:

Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին ներկայացուեցաւ նաեւ յուշահամալիրի հարեւանութեամբ այս տարի տեղադրուած յուշաքարը:

Հանդիպումի աւարտին հայ համայնքի ներկայացուցիչները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Տարօն Մարգարեանին` Երեւանի եւ Մարսէյի վերջին տարիներու արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար, ընդգծելով, որ փոխգործակցութիւնը շատ կարեւոր է մարսէյահայութեան համար: Տարօն Մարգարեան, իր կարգին, վստահեցուց, որ երկու քաղաքներու փոխյարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են ու պիտի շարունակեն ամրապնդուիլ:

 

Ռումանիա

Ցեղասպանութեան Զոհ Դարձած
Հայ Գրողներու Գործերու Անգլերէն
Ժողովածուի Ներկայացում

7-23-15_genocide

Յուլիս 12-ին, Պուքրէշի Հայկական մշակութային տան մէջ ներկայացուեցաւ «Հողը կը խօսի» անգլերէն ժողովածուն, որուն մէջ ամփոփուած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները:

Հայաստանի Գրողներու միութեան հրատարակութեամբ այս տարի լոյս տեսած ժողովածուն ներկայացուցին կազմող եւ հրատարակիչ Տիգրան Գափոյեան, բանաստեղծներ Լեւոն Բլբուլեան եւ Հերմինէ Նաւասարդեան: Հոն տեղ գտած են Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Սեւակի, Գրիգոր Զօհրապի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած արեւմտահայ այլ գրողներու գործերու թարգմանութիւնները:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի  դեսպան Համլեթ Գասպարեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիոյ Գրողներու միութեան փոխնախագահ Վարուժան Ոսկանեան, Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան:

Ձեռնարկին յաջորդած զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան հայ դասական եւ ժամանակակից գրականութիւնը ռումանացի ընթերցողներուն ներկայացնելու հարցերը, որուն շուրջ ձեռք բերուած է նախնական համաձայնութիւն` Հայաստանի Գրողներու միութեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան եւ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան միջեւ:

Յայտնենք, որ հայ գրողներու խումբը 8-15 յուլիսին մասնակցեցաւ Ռումանիոյ Արճէշ նահանգին մէջ իրականացուող «Կուրտիա տէ Արճէշի բանաստեղծութեան գիշերներ» միջազգային գրական փառատօնին, որ իր 19-րդ թողարկման շուրջ համախմբած է Ամերիկայի, Ասիոյ, Աւստրալիոյ եւ Եւրոպայի տասնեակ բանաստեղծներ, արձակագիրներ, երաժիշտներ, նկարիչներ եւ գիտնականներ:

Նախորդը

Կին Դէմքեր. Մարիա Շարափովա

Յաջորդը

Մեր Ուժը` Մարտունու Մերուժը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.