Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 14, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱՆ ՄԽՍԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ

Սուրիա

5-14-15_kragan* 22 ապրիլին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Գրականութիւնը եւ Եղեռնը» խորագիրով:

Նանոր Մինասեան բացման խօսքին մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսին` Հռիփ Կանանեանի կենսագրական տուեալները: Ապա նկատել տուաւ, որ Մեծ եղեռնի կորուստներու ծիրին մէջ կարեւորագոյնը հայ մտաւորականութեան կորուստն էր:

Բանախօսը իր դասախօսութեան սկիզբը ընդհանուր պատմական ակնարկ մը ներկայացուց 1915-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը նախապատրաստող քաղաքական պայմաններուն շուրջ` հասնելով մինչեւ Մեծ եղեռնի զանգուածային ջարդերը: Ան նաեւ ամփոփ կերպով ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր մեծանուն մտաւորականներու փաղանգը, ինչպէս նաեւ թուային պատկեր մը տուաւ հոգեւորականներու, կրթական մշակներու եւ այլ բնագաւառներու մէջ գործող նահատակներուն մասին:

Բերիոյ հայոց թեմի  առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի անունով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Խորէն քհնյ. Պերթիզլեան: Ան խօսուն եւ այժմէական համարեց մատուցուած նիւթը` շեշտելով, որ իբրեւ հայ ազգի զաւակներ` մեր պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ մեր գրական արժէքներուն:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

5-14-15_Syria5-14-15_abba* Հովանաւորութեամբ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի կուսակցապետ Ահմատ Սալեհ Իպրահիմիի, 3 մայիսին «Զ. Գաբրիէլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութեան (ՀՍԳՄ) վարչութեան կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած տարեկան հանդէս եւ Աւօ Գաթրճեանի հեղինակութեամբ արաբերէնով եւ հայերէնով լոյս տեսած «Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին նահատակուած եւ մահացած հայ մարզիկները» գիրքերուն շնորհահանդէսը:

Հայերէնով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արեւ Սարգիս, որ կարեւոր նկատեց Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութեան մէջ մարզիկներուն ստացած մարզական, հոգեմտաւոր, ազգային եւ կրօնական դաստիարակութիւնը շեշտելով, որ Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, պահանջատիրութեան գաղափարով տոգորուած, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Տոքթ. Աբրահամ Եագուպեան արաբերէնով իր բացման խօսքին մէջ վեր առաւ 20-րդ դարուն սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ` այսօրուան թուրք իշխանութիւններուն մեղսակցութեամբ արաբ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած բռնարարքները:

Այնուհետեւ ՀՍԳՄ-ի  աշակերտները  ներկայացուցին մարզաձեւեր, որմէ ետք Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր անդամ եւ յարաբերական բաժինի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան որ ամփոփ կերպով ներկայացուց ԱՊՊԱ-ի ծաւալած աշխատանքները եւ նուաճումները:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Աւօ Գաթրճեանին կողմէ լոյս տեսած «Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին նահատակուած եւ մահացած հայ մարզիկները» արաբերէն եւ հայերէն գիրքերու շնորհահանդէսը:

Գիրքը ներկայացուց հեղինակը: Գիրքը կը բաղկանայ հիմնական երեք մասէ` ներածական, հայ մարզական եղեռնը եւ վերջաբան: Սոյն ուսումնասիրութիւնը կը միտի յատկապէս արաբ ընթերցողին ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ բռնակալ Թուրքիոյ տարբեր իշխանութիւններու ժամանակաշրջանին (1915-1923) նահատակուած եւ մահացած մարզիկները, որոնք ընդհանրապէս ուշադրութեան չեն արժանացած:

Հալէպի Մարզական համախմբումի նախագահ Ահմատ Մանսուր իր սրտի խօսքին մէջ հաստատեց հայ եւ արաբ ժողովուրդներու ունեցած երկար տարիներու բարեկամութիւնը, որ չխորտակուեցաւ թուրքին գործած արարքով: Մանսուր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցման կոչ ուղղեց:

Աւարտին, Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութեան վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան 2014-2015 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկները: Վարչութիւնը յուշանուէրով պատուեց Պաաս կուսակցութեան Հալէպի կուսակցապետ Ահմատ Սալեհ Իպրահիմիի ներկայացուցիչ Խէյրօ Տալալէն եւ Հալէպի Մարզական համախմբումի նախագահ Ահմատ Մանսուրը:

 

Կիպրոս

* Նիկոսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, որուն շրջափակին մէջ գտնուող նահատակաց յուշակոթողին առջեւ հասնելով` սկաուտները երկինք արձակեցին անմոռուկի գոյներով փուչիկներ: Յանձնախումբին անունով Լուիզ Այնեճեանի հայերէն եւ յունարէն հակիրճ բացատրական խօսքերէն ետք, վայրկեան մը լռութեամբ յարգուեցաւ նահատակներուն յիշատակը. ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղումը:

5-14-15_NicosiaԱւարտին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, այս անգամ` առանց հոգեհանգիստի արարողութեան, քանի Ցեղասպանութեան զոհ մեր բիւրաւոր նահատակները այժմ դասուած են Հայ եկեղեցիի սուրբերու կարգին:

* 30 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկը:

Արտաքին գործոց նախարար Եոաննիս Կասուլիտիս իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչումին համար հայ ժողովուրդին մղած երկարամեայ պայքարին եւ թուրք պետութեան ժխտումի քաղաքականութեան: Ան խօսեցաւ նաեւ կիպրահայութեան եւ անոր հանդէպ Կիպրոսի կառավարութեան եղբայրական կեցուածքին մասին` հաստատելով, որ  գաղթականութեան առաջին օրերէն սկսեալ կառավարութիւնը հետեւողական կերպով զօրակցած է հայութեան:

5-14-15_vartkes-fՀանդիսութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ կիպրահայ համայնքին կողմէ երախտագիտութիւն յայտնեցին հայութեան հանդէպ Կիպրոսի կառավարութեան եւ ժողովուրդին ազնիւ ու անկեղծ վերաբերումին համար:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

5-14-15_Larnaca* Լառնաքայի մէջ 172 մասնակիցներով տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ձօնուած հեծելարշաւ, որ սկիզբ առաւ Ֆինիկուտեսի ծովեզերքին գտնուող Ցեղասպանութեան յուշակոթողէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Նիկոսիոյ Արմենիաս փողոցի յուշակոթողը: Յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան հեծելարշաւին մասնակցող Նիկոսիոյ քաղաքապետ Կոնստանտինոս Եորկաճիս, Երի-ի հեծելարշաւի ակումբի ներկայացուցիչ եւ ձեռնարկի կազմակերպիչներէն Բարսեղ Զարդարեան եւԿիպրոսի 100-ամեակի յանձնախումբի անդամներէն Յակոբ Գազանճեան: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

 

Յունաստան

5-14-15_greece16-30 ապրիլ Աթէնքի «Թեխնոխորոս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 12 հայ անուանի նկարիչներու գործերու ցուցահանդէս:

Մասնակցող արուեստագէտներն էին` Գագիկ Ալթունեան, Գագիկ Ղազանչեան, Ալպերթ Յակոբեան, Սարգիս Համալպաշեան, Հայկ Մեսրոպեան, Էօժեն Յակոբեան, Աննա Ղամարեան, Առաքել Գրիգորեան, Իրիս Մնացականեան, Էտուարտ Սագայեան, Մինաս Սեմերճեան եւ Մարիամ Չաքըրեան:

Ներկայացուած պաստառները հայկական իւրայատուկ ոճով եւ նիւթով ստեղծագործութիւններ էին` գունագեղ արտայայտութիւններով եւ արուեստի բարձր որակով, որոնք կը գրաւէին իւրաքանչիւր այցելուի հոգեկան ներաշխարհը:

 

Սպանիա

* 21 ապրիլին Պարսելոնայի «Էլ Պորն» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով եւ գեղարուեստական յայտագիր` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Հայաստանի դեսպան Աւետ Ադոնց իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին Հայոց ցեղասպանութեան մասին ընդունած բանաձեւին եւ Հռոմի պապին կատարած յայտարարութեան:

5-14-15_spain15-14-15_spainՁեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Պարսելոնայի Աութոնոմա համալսարանի դասախօս եւ բանասէր` Մարիա Օհաննէսեան, որ շեշտը դրաւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին ու յաջորդող տարիներուն, կիներու եւ աղջիկներու կրած զգացումներուն, ապրումներուն ու ցաւերուն վրայ: Լրագրող Ժիլպերթ Ֆերրի անդրադարձաւ բոլոր ցեղասպանութիւններուն: Գրագէտ Մանել Ֆորկանօ խօսեցաւ մշակութային ջարդի ու Ցեղասպանութեան ընթացքին մտաւորականներու նահատակութեան մասին: Պարսելոնայի Աութոնոմա համալսարանի ժամանակակից պատմութեան դասախօս Խուան Պափթիսթա Կույա կենդրոնացաւ Թուրքիոյ վարած ժխտողական քաղաքականութեան վրայ:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

5-14-15_spain45-14-15_spain3* 24 ապրիլին Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ: Զօրակցական կոչերով ելոյթ ունեցան հայր Սասուն Զմրուխտեան, CUP կուսակցութենէն Քուիմ Արրուֆաթ եւ Տաւիտ Ֆերնանտեզ, CIU կուսակցութենէն Մարիա Ռոզա Ֆորթուն, Քաթալոնիոյ ընկերվարական կուսակցութենէն Ֆերրան Փետրեթ, եւ  Տաթեւ Սուլեան: Երթը սկսաւ քաղաքի Յաղթանակի կամարէն դէպի Ռաֆայէլ Քազանովայի արձանը, ուր յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ քաթալոնցի նահատակներուն, նաեւ երախտագիտութիւն յայտնուեցաւ քաթալոնցի ժողովուրդին ու կառավարութեան, որ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հիւրընկալած` հայ ժողովուրդը: Այնուհետեւ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի թրքական հիւպատոսութիւն, ուր հայերէն եւ սպաներէն ելոյթներով պահանջուեցաւ Թուրքիայէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում եւ պատմական արդարութեան վերականգնում: Աւարտին Սանթա Մարիա տել Մար տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Քուէյթ

5-14-15_Q85-14-15_Q8-123 ապրիլին Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկում:

Բացման խօսքը կատարեց Դուին Ուզաթմաճեան, որմէ ետք ՀՅԴ ՔԵՄ-ի վարչութեան անունով խօսք առաւ Գէորգ Նալճեան:

Հայ դատի յանձնախումբին անունով ելոյթ ունեցաւ Սիլվա Սարգօ Պաղտասարեան:

Օրուան պատգամաբեր Յակոբ Էմրազեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ թուրք կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցման գաղափարներուն վրայ:

Աւարտին  թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան փոխանցեց իր հայրական պատգամը, մէջբերելով Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան միասնակամութեան եւ անխոնջ պայքարի կարեւոր դերը, Հայ դատի արդար լուծման եւ ժողովուրդին գոյատեւման ու շարունակականութեան ի նպաստ:

Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Փարիզ

5-14-15_paris-f26 ապրիլին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագի եւ քարոզի աւարտին շրջափակին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ աղօթք եւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

5-14-15_marԱյնուհետեւ քաղաքապետարանին շրջափակին մէջ բացումը կատարուեցաւ յատուկ յուշատախտակի մը եւ կրկին զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:

Փոխքաղաքապետ  Ռոժէ Ռիւզէն իր ելոյթին մէջ շեշտեց ցեղասպանութեան անվիճելի եւ դատապարտելի ըլլալն ու անհրաժեշտութիւնը, եւ Ցեղասպանութեան պատճառով վերապրած հայերուն Մարսէյ հաստատուելով օրինակելի ֆրանսացի-հայ գաղութ մը հիմնելն ու քաղաքը շէնցնելը, եւ հարց տուաւ. «Մարսէյը ի՞նչ պիտի ըլլար առանց հայութեան»: Ապա տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` Մարսէյի հայ գաղութին պատմութեան մասին գիրքի հեղինակ Ստեփան Պօղոսեանի կողմէ: Աւարտին տեղի ունեցաւ շարժանկարի ցուցադրութիւն:

 

Քանատա

5-14-15_montreal-f3 մայիսին Մոնրէալի քաղաքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար կազմակերպուած քայլարշաւ, որուն մասնակից 10 հազար հայորդիներուն առաջնորդն էր Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ Քանատա ժամանած էր յատկապէս մասնակցելու սոյն քայլարշաւին:

5-14-15_montreal1-f2 ժամուան վրայ երկարող քայլարշաւը իր աւարտին հասաւ երեկոյեան, որմէ ետք «Փլաս տէ զ՛Արթ» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւն:

Օրուան հանդիսավարն էր լրագրող Ֆրանսուա Պուկինկօ:

Հաւաքի առաջին պատգամաբեր` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի միացեալ մարմինի նախագահ Մհեր Գարագաշեան իր խօսքին մէջ վերահաստատեց հայութեան վերապրելու եւ իր արդար իրաւունքներուն վերատիրանալու կամքը:

Հիւր պատգամախօսներ ամերիկահայ դերասան Էրիք Պօղոսեան եւ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Վալերի Պոյեր իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին, թէ թրքական իշխանութիւններու ուրացման քաղաքականութիւնը ինքնին ցեղասպանութեան շարունակութիւն է: Քեպեք Նահանգի վարչապետ Ֆիլիփ Քույարի նեկայացուցիչ Քեպեք նահանգի ներգաղթի նախարար Քեթլին Ուէյլ ներկաներուն յիշեցուց, թէ Քեպեք հանդիսացած է Քանատայի մէջ առաջին նահանգներէն,  որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի ողջոյնները փոխանցեց Քանատայի ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան նախարար Քրիս Ալեքսանտր, որ իր ուղերձին մէջ յայտնեց, թէ 2006-ին վարչապետ Հարփըրի` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւնը ի զօրու պիտի մնայ Քանատայի պետական քաղաքականութեան մէջ: Հայաստանի մէջ 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեանց ընթացքին իբրեւ մասնակից եւ Քանատայի պատուիրակութիւնը գլխաւորող պետական ներկայացուցիչ, ան իր տպաւորութիւնները փոխանցեց հաստատելով, որ այդ հանդիսութիւնը աշխարհի պատմութեան տոմարներուն մէջ պիտի արձանագրուի:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Մոնրէալի պատմական քայլարշաւի մասնակից բազմահազար հայորդիներու մասնակցութիւնը  էապէս կը խորհրդանշէ հայութեան փիւնիկեան վերյառնումը, վերապրելու աննկուն կամքը եւ Հայաստան-սփիւռք-Արցախ անքակտելի միասնութիւնը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Միացեալ Նահանգներ

5-14-15_chicago24 ապրիին Շիքակոյի կեդրոնական «Տելի Փլազա» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք` ներկայութեամբ աւելի քան երկու հազար հայորդիներու:

Օրուան բանախօս Քրիս Պոհճալեան շեշտեց, թէ մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը կը մնայ անմոռանալի:

Շրջանի 100-ամեակի յանձնախումբի պատասխանատու Կրեկ Պետեան հաստատեց,  թէ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ ամբողջական հատուցում եւ պահանջատիրութիւն:

Այս հաւաքին ներկայ էին Յունաստանի հիւպատոսը` Իոաննա Էֆթիմիատու, Կիպրոսի հիւպատոսը` Մայքըլ Տովելոս, Իլինոյի կառավարիչի ներկայացուցիչ` Պրուս Ռաունըր:

Այնուհետեւ կազմակերպուեցաւ քայլարշաւ դէպի թրքական դեսպանատուն:

 Պըրպենքի «Մելքոն Եւ Անժել Մելքոնեան»
Մարզադաշտին Բացումը

5-14-15_BurbankԱպրիլ 12-ին տեղի ունեցաւ Պըրպենքի «Մելքոն եւ Անժել Մելքոնեան» մարզադաշտին բացումը:

Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու Սիլվանա Աբուլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

«Աղբալեան» կոմիտէի անդամ Ստեփան Պոյաճեան գնահատեց Երիտասարդական կեդրոնի նուիրատուներ Թիմիկ եւ Սեդա Մարտիրոսեանները եւ մարզադաշտի նուիրատուներ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որոնք կը հաւատան այն տեսլականին, թէ ապագան երիտասարդներուն է:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ մարզադաշտի բացման արարողութեան այս ուրախ առիթը կը զուգադիպի հայութեան կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկուն, երբ Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցած պատարագին ընթացքին, Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է: Առաջնորդ սրբազանը մեծապէս գնահատեց Մելքոնեան ընտանիքին ազգանուէր գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց: Սրբազանը նաեւ գնահատեց Մարտիրոսեաններուն նուիրաբերումը, որոնց նուիրատուութեան շնորհիւ Պըրպենքի մէջ կարելի դարձաւ սեփական կեդրոն ունենալու ծրագիրը:

ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարդան Տէրտէրեան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի տառապանքին ու վերածնունդին:

Վարանդ Մելքոնեան խօսք առնելով` նախ խոստովանեցաւ, որ իր նուիրատուութիւնը կատարած է ընդառաջելով ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, իր երկար տարիներու բարեկամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի դիմումին:

Մելքոնեան յայտարարեց, որ ինք հպարտ է ու կը խոստանայ անձնապէս աշխատիլ` իրագործելու համար կեդրոնի երկրորդ յարկի շինարարութեան գործը:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան խօսք առնելով` իր հրճուանքը արտայայտեց Վարանդ Մելքոնեանին կատարած յայտարարութեան համար, ինչ կը վերաբերի կեդրոնի շինարարութեան յաջորդ հանգրուանին: Ան նաեւ ջերմօրէն գնահատեց Թիմիկ եւ Սեդա Մարտիրոսեանները, որոնց առած ազնիւ քայլին շնորհիւ կարելի եղած էր գնել այս կեդրոնը` կարեւոր նկատելով հայ կեդրոններու բազմացումը այդ հայաշատ շրջանին մէջ, որ օրէ օր աւելի եւ աւելի նկատելի կը դառնայ` իբրեւ հայութեան հիմնական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իր շօշափելի եւ ծանրակշիռ ներդրումը բերող համայնք:

 

Պոլիս

 Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման
Արարողութիւններ`
Մերսինի Եւ Տիգրանակերտի Մէջ

5-14-15_mersinՊոլիսէն եւ Անգարայէն բացի, 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման արարողութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ Թուրքիոյ այլ նահանգներու մէջ:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երէկ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման արարողութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ Մերսինի եւ Տիգրանակերտի մէջ:

Թրքական «Տեմոքրաթապեր» կայքին համաձայն, «Մերսին 68-ականներ» եւ քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական համախմբում քաղաքացիական կազմակերպութիւններու առաջնորդութեամբ Մերսինի մէջ տեղի ունեցած յիշատակի արարողութեան մասնակիցները Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են առերեսուելու երկրին պատմութեան եւ հայ ժողովուրդէն ներում հայցելու:

5-14-15_DiyarbekirՁեռնարկին ընթացքին նշեալ կազմակերպութիւններու կողմէ միացեալ յայտարարութեան մը մէջ նշուած է. «Պետութիւն, առերեսուի՛ր Ցեղասպանութեան հետ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կը յիշենք մեր կորուստները»: Արարողութեան մասնակիցները «Հայ ժողովուրդը մինակ չէ», «Մի՛ մոռնար եւ մոռցնել մի՛ տար 1915-ը» բովանդակութեամբ պաստառներ պարզուած են:

«Մերսին 68-ականներ» կազմակերպութեան ղեկավար Հասան Քափըքըրան իր խօսքին մէջ ըսած է, «Իշխանութիւնը կրողները, չուզելով առերեսուիլ իրենց պատմութեան հետ, կը շարունակեն պատմութեան ընթացքին պետութեան կատարած յանցագործութիւնները ժխտելու ջանքեր գործադրել: Ժխտելու փոխարէն արժանապատիւ ապագայ կառուցելու համար պետութիւնը պէտք է առերեսուի Հայոց ցեղասպանութեան հետ եւ վերջ դնէ 100-ամեայ ամօթին»:

Ելոյթին ընթացքին Քափըքըրան ընդգծած է, որ 100-ամեայ ամօթէն ձերբազատելու եւ հաւասար իրաւունքներով քաղաքացիութեան համար պետութիւնը պէտք է ներում հայցէ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդէն:

Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակութեան արարողութիւն կատարուած է նաեւ Տիգրանակերտի ասորական Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան մասնակցած են մեծ թիւով մարդիկ: Արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ զանգերը 100 անգամ ղօղանջած են:յանցագործութիւնները ժխտելու ջանքեր գործադրել:

 

 

 

Նախորդը

Համբարձման Տօն

Յաջորդը

Հայոց Պահանջատիրութեան Բագինին Իր «Այբուբեն»-ի Մատաղը Նուիրաբերելով . «Ժողովուրդ Մը Առանց Արմատի Չի Կրնար Գոյատեւել, Ինչպէս` Առանց Արմատի Ծառը» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Հանրածանօթ Գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեան

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Մայիս 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?