Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 6, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Նոր Ջուղա

Հայոց Լեզուի Եւ Գրականութեան 7-րդ
Ողիմպիականի Նոր Ջուղայի Մասնակիցները
Այցելեցին Ս. Ամենափրկչեան Վանք

hay-lezou_7-16-15

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց լեզուի եւ գրականութեան 7-րդ համահայկական ողիմպիական եւ Հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան մրցոյթ:  Նոր Ջուղայի հայոց ազգային «Քանանեան» դպրոցէն խումբ մը աշակերտուհիներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն սոյն նախաձեռնութեան:

Առ այդ,  յուլիսի 16-ին անոնք այցելեցին Ս. Ամենափրկչեան վանք եւ «Ծաղկեայ» սրահին մէջ հանդիպում ունեցան Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեանի հետ:

Հայր սուրբը ողջունեց ողիմպիականին մասնակցող աշակերտուհիները եւ իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց` վստահեցնելով, որ անոնք արժանի կերպով պիտի արդարացնեն իրենք զիրենք: Ան նաեւ գնահատեց աշակերտուհիներու կողքին եղած եւ անոնց նախապատրաստութեան համար աշխատած պատասխանատուները, ուսուցչուհիներն ու ծնողները:

Խումբի ընդհանուր պատասխանատու Ռիմա Սիմոնեան մանրամասնութիւններ փոխանցեց մասնակցութեան համար տարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:

Հանդիպման ընթացքին, Անանիա վրդ. Գուճանեանի ձեռամբ, գնահատուեցաւ  նաեւ 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանին Նոր Ջուղայի հայոց ազգային «Քանանեան» դպրոցի լաւագոյն աշակերտի կոչումին արժանացած Արփա Մարգարեան, որ մաս կը կազմէր ողիմպիականին մասնակցող խումբին:

Աւարտին մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին Ս. Ամենափրկչեան վանքի բակին մէջ տեղադրուած  Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի դիմաց:

 

Թեհրան

Հայ Պատգամաւորը Իրանի Խորհրդարանին Մէջ
Ներկայացուց Թուրքիոյ Ծպտեալ Հայերու Խնդիրը

garen_8-06-15

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագիրներու ծիրին մէջ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ Հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան ներկայացուց «Թաքուն հայեր, եւ որն է մեր պարտականութիւնը 100-րդ տարելիցից յետոյ» խորագիրով դասախօսութիւնը:

Խանլարեան ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան մէջ մէկ դար առաջ տեղի ունեցածը: Իր ելոյթին մէջ ան անդրադարձաւ յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բնակող համշէնահայութեան եւ այլ ծպտեալ հայերու խնդիրներուն:

Աշխատանքի Դիմումներու Պատրաստութեան
Նուիրուած Աշխատանիստ

timoum_8-06-15

Կազմակերպութեամբ Երիտասարդ արհեստավարժներու յանձնախումբի համաատենապետներ Վիք Պեքարեանի եւ Քրիս Քիրիքեանի, հիւրընկալութեամբ  Ամերիկահայ ճարտարապետներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, յուլիս 18-ին Իրանահայ միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատանքի դիմումներու պատրաստութեան նուիրուած աշխատանիստ մը:

Յատկապէս ներկայ կամ ապագայ գիտնականներուն եւ ճարտարապետներուն օժանդակելու նպատակով իրականացած այս նախաձեռնութեան բացումը կատարեցին Ամերիկահայ ճարտարապետներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Մարինա Կեւրեքեան, Վիք Պեքարեան եւ Քրիս Քիրիքեան, իսկ դիմումնագիրներ պատրաստելու մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ Մարտի Ղազարեան, ապա տեղի ունեցան խմբային եւ անհատական խորհրդակցութիւններ:

 

Յունաստան

«Եունիսեֆ»-ի 40-րդ «Ուըրլտ Քոնկրես
Օն Տենս Ռիսըրչ» Փառատօնը

avedis7-1-15

Կազմակերպութեամբ  Պարի միջազգային խորհուրդին,  1-5 յուլիս տեղի ունեցաւ «Եունիսեֆ»-ի 40-րդ «Ուըրլտ Քոնկրես օն տենս ռիսըրչ» փառատօնը:

avetiss-22-7-2015Յուլիս 4-ին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Աւետիս» պարախումբը, պարուսոյց`  Շուշանիկ Սեմերճեան:

Յայտագրի ընթացքին ներկայացուեցան,  «Հայկական արուեստ ու արհեստ» խորագրով, հայկական քանդակագործութիւնը, գորգագործութիւնը, մանրանկարչութիւնը, տարազագործութիւնը, խաչքարերը եւ այլն: Ներկաներուն բաժնուեցան «1915-ի Ցեղասպանութիւնն ու անոր հետեւանքները հայ մշակոյթի եւ մշակութային ժառանգութեան վրայ» խորագրով փոքրածաւալ գրքոյկներ` անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով:

Ելոյթի եզրափակիչ բաժնին մէջ, Փիրէայի Վէաքիօ թատրոնին մէջ պարախումբը ներկայացուց  Արեւմտեան Հայաստանի պարերը` «Անցեալը դեռ աղմկում է» խորագրով:

 

Պոլիս

Գէորգ Դաւիթեան Պոլսոյ Օփերայի Եւ
Պալէի Թատրոնի Տնօրէն Նշանակուած Է

kevork_8-06-15

Վերջերս Պոլսոյ օփերայի եւ պալէի թատրոնի երգչախումբի ղեկավար Գէորգ Դաւիթեան նշանակուեցաւ Օփերայի եւ պալէի թատրոնի տնօրէն, երբ նախկին տնօրէնը տարիքի պատճառով հանգստեան կոչուեցաւ:

Գէորգ Դաւիթեան ծնած է 1968-ին, Պոլիս: 1996-ին աւարտած է Սինան ճարտարապետի անուան համալսարանին կից երաժշտանոցի օփերայի բաժինը:

1998-ին յաջող կերպով յանձնած է քննութիւնները եւ ընդունուած` Պոլսոյ Օփերայի եւ պալէի թատրոնի երգչախումբին մէջ իբրեւ մենակատար:

Իբրեւ երգչախումբի ղեկավար եւ մենակատար` համերգներով հանդէս եկած է աշխարհի շարք մը քաղաքներու մէջ:

 

Զուիցերիա

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկ

amiag_8-06-15

Կազմակերպութեամբ Տիչինօ խմբակի Սուրիական ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ հայր Աբրահամ Ունալի, վերջերս զուիցերիական Լուկանօ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Առ այդ, ցեղասպանութիւն տեսած քրիստոնեայ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ` ասորիներ, հայեր եւ յոյներ, հաւաքուեցան Սան Ռոկկօ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նահատակներու յիշատակին  նուիրուած աղօթք:

Սոյն նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` թրքական ծագում ունեցող զուիցերիացի փաստաբան Էրչին Չիմեն:

 

Ախալքալաք

Նինոծմինտայի 10 Բազմազաւակ Ընտանիքներ
ՋԱՀ-էն Օժանդակութիւն Կը Ստանան

Վերջերս Նինոծմինտայի քաղաքապետութեան Ռաֆայէլ Ջաւախք կրթամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՋԱՀ-ի բարեսիրական ծրագիրը, որուն ընթացքին քաղաքապետութեան 10 բազմազաւակ ընտանիքներ, որոնց երրորդ երեխաներ այս տարի ծնած են, ստացան 1000 լարիի համարժէք գումար:

Այդ գումարը յանձնուեցաւ նորածին երեխաներուն ծնողներուն` «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Ախալցխայի այս տարուան երրորդ երեխայ ունեցած ընտանիքները նոյն ծրագիրով 1000 լարի պիտի ստանան օգոստոսին:

 

Միացեալ Նահանգներ

Ֆրեզնոյի Մէջ 35 Հազար Տոլար Հաւաքուած Է`
Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

Hearts4Syria_7-13-15

Շաբաթ, յունիս 13-ին, Ֆրեզնոյի Առաջին հայ երիցական եկեղեցւոյ եւ Ֆրեզնոյի Պանդուխտ հայ ժողովական եկեղեցւոյ համատեղ ջանքերով իրականացած «Սրտեր Սուրիոյ համար» ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղած է 35 հազար տոլար հաւաքել ի նպաստ սուրիահայութեան:

Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Ռոզին Էմերզեան-Սալիպա աւելի քան 200 մասնակիցներուն ներկայացուցած է պատուոյ հիւրերը` Վահան քհնյ. Կոստանեան, վեր. Ներսէս Պալապանեան, պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, դատաւոր Չաք Փուչիկեան, Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչ Տեպրա Փուչիկեան եւ դատաւոր Ժաքլին Սարգիսեան:

Բացման աղօթքը կատարած է պատուելի Կրեկըրի Յարութիւնեան, որմէ ետք կատարուած են զոյգ քայլերգները եւ գործադրուած` գեղարուեստական յայտագիր:

Ընթրիքէն ետք ելոյթ ունեցած է կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Էտուըրտ Սալիպա, իսկ օրուան գլխաւոր բանախօսը եղած է Սան Ֆրանսիսքոյէն ժամանած Սեւան Պալապանեանը, որ իր ամուսնոյն` վեր. Ներսէս Պալապանեանին հետ նոր վերադարձած էր Լիբանանէն: Ան ունեցած է տպաւորիչ ելոյթ մը` բաղդատական մը կատարելով Սուրիոյ տագնապէն առաջ եւ անոր ընթացքին արձանագրուած իրադարձութեանց միջեւ:

Ձեռնարկը աւարտած է պատուելի Արա Կէօքկէօզեանի աղօթքով:

Ֆրեզնոյի Հայկական Թանգարանը
Վերահրատարակած Է Հայոց Ցեղասպանութեան
Ականատեսներու Նամակները

frezno_8-06-15

Վերջերս Ֆրեզնոյի հայկական թանգարանը վերահրատարակեց Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած 353 տարբեր մարդոց նամակներու ժողովածոն` «Ձայն տառապելոց» խորագիրով:

Այս նամակները գրուած են 1915-1918 թուականներուն, տարագրութեան եւ աքսորի ճանապարհին սուրիական անապատներու մէջ եւ Կովկաս ապաստանած հայ գաղթականներու կողմէ` ուղղուած աշխարհի տարբեր անկիւններ գտնուող իրենց հարազատներուն եւ ընկերներուն: Հատորի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ մայիս ամսուան ընթացքին, Ֆրեզնոյի Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ:

Գիրքը կազմած է Պետրոս Տօնապետեան, որ յառաջաբանին մէջ նշած է, թէ գիրքին հեղինակը մէկ անձ չէ, այլ` քանի մը հարիւր, որոնք սակաւ բացառութեամբ մահացած են:

Հասանելի է նաեւ գիրքին ելեկտրոնային տարբերակը` անգլերէնով եւ ռուսերէնով: Իսկ ապագային թանգարանը կը նախատեսէ հրատարակել գերմաներէն, թրքերէն եւ ֆրանսերէն տարբերակները:

Նամակներու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1922-ին, Փարիզի «Յակոբ Թիւրապեան» տպարանէն:

Պըրքլիի Համալսարանի Հայագիտական
Ծրագիրի Նոր Նշանակումները

hayeren_8-06-15

Վերջերս, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական բաժանմունքի  հայոց լեզուի բազմամեայ դասախօս Սանդուխտ Միքայէլեան հանգստեան կոչուելէ ետք, այդ պաշտօնին նշանակուեցաւ  դոկտ. Յասմիկ Սերոբեան, որ դասաւանդումներուն պիտի սկսի յառաջիկայ աշնան:

Դոկտ. Յասմիկ Սերոբեան ծնած է Հալէպ:  Վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն. նախապէս հայերէն դասաւանդած է տարբեր համալսարաններու մէջ` հայերէնի դասաւանդման շուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարելուն եւ դասանիւթեր պատրաստելուն կողքին:

Նշենք նաեւ, որ 2016 կրթական տարեշրջանի գարնան, իբրեւ «Վըրնըմ Փոլ այցելու դասախօս»` դոկտ. Միրնա Տուզճեան հայկական եւ ռուսական գրականութեան առնչուող երկու դասանիւթեր պիտի մատուցէ:

 

 

 

Նախորդը

Առողջապահական. 9 Սխալ Սովորութիւններ, Որոնք Կը Վնասեն Ուղեղին

Յաջորդը

Ֆրանսայի Մէջ «Գէորգ Արապեան» Դպրոցի Բացման Առիթով

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?