Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Կիպրոս
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան
97-րդ Տարեդարձը Կիպրոսի Մէջ
30 մայիս երեկոյեան Նիկոսիոյ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 97-րդ տարեդարձը, հովանաւորութեամբ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի:
Հանդիսութեան բացումը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու գայլիկները, որոնք հայկական, կիպրական, ՀՅԴ-ի եւ գործակից կազմակերպութիւններու դրօշներու առաջնորդութեամբ տողանցելով մուտք գործեցին մարզադաշտ: ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ այդ ակումբին մէջ տարուած տարիներու ժրաջան աշխատանքին:
Օրուան բանասխօսն էր այս առթիւ յատկապէս հրաւիրուած նրուած` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ ներկայիս հայութեան առջեւ ծառացող մեծ փորձութիւնները հայօրէն ու հերոսաբար դիմագրաւելու անհրաժեշտութեան վրայ: Ան ըսաւ, թէ հերոսները միայն զինեալներ ու ձիաւորներ չեն ըլլար, այլ կրնան ըլլալ նաեւ սովորական մարդիկ, որոնք վճռականութիւնն ու տեսիլքը կ՛ունենան կացութիւն մը շրջադարձելու եւ փրկարար դերակատարութիւն ունենալու, ինչպէս ըրաւ մայիս 28-ի սերունդը:
Հայ ժողովուրդին առջեւ ցցուող մարտահրաւէրներուն անդրադարձաւ նաեւ կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազան հայրը, որ ընդգծեց կարեւորութիւնը մասնակցութեան եւ միասնական աշխատանքին: Ան օրհնեց մատղաշ սերունդը եւ յորդորեց ներկաները միշտ դէպի ապագան նայելու, որպէսզի արժանի ըլլանք կոչուելու մայիս 28-ի սերունդներուն յաջորդները:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Համազգայինի «Սիփան» պարախումբի հայկական պարերով եւ սկաուտական խումբին կողմէ հնչած ազգային երգերով: Ապա տեղի ունեցաւ ժողովրդային խրախճանք, Յովիկ Մանուշեանի յեղափոխական երգերուն ստեղծած խանդավառ մթնոլորտին մէջ:
Նոր Ջուղա
Գնահատանքի Երեկոյ` Ի Պատիւ Թեմական Եւ
Կրօնական Խորհուրդներու Շրջանաւարտ
Ենթամարմիններու
Սպահանի հայոց թեմի Թեմական եւ Կրօնական խորհուրդներու համատեղ նախաձեռնութեամբ, 2 մայիսին Ս. Ամենափրկչեան վանքին մէջ տեղի ունեցաւ երկու խորհուրդներու շրջանաւարտ ենթամարմիններու գնահատանքի երեկոն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թեմական խորհուրդի անդամ Քարոլին Տիլանճեան, որմէ ետք երկամեայ գործունէութեան մասին ամփոփ զեկոյցներով ելոյթ ունեցան Թեմական եւ Կրօնական խորհուրդներու ատենապետներ` Նոէլ Մինասեան եւ Արշալոյս Խուտավերտեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շնորհակալագրերու յանձնում` առ ի գնահատանք անոնց կատարած անշահախնդիր աշխատանքին եւ ստանձնած պատասխանատուութեան լաւագոյն իրագործման:
Աւարտին գնահատական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Շահինշահրի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեան:
Քանատա
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի
Ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի Հանդիպումը
Քեպեքի Նախարար Ժան Մարք Ֆուռնիէի Հետ
Յունիս 1-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան Մոնրէալի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քանատայի Քեպեք նահանգի միջկառավարական հարցերու նախարար Ժան Մարք Ֆուռնիէի հետ: Հանդիպումին ներկայ էր Մոնրէալի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վարանդ Եափուճեան: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ Հայաստանի եւ Քեպեք նահանգի առեւտրական կապերն ու փոխ յարաբերութիւնները զարգացնելու հարցը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մոնրէալ-Երեւան եւ Լաւալ-Գիւմրի քոյր քաղաքներու կապերը աւելի ամրապնդելու առնչութեամբ:
Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Նշուեցաւ
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան
Հիմնադրման Տարեդարձը
Յունիս 2-ին Քանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան նուիրուած յատուկ հանդիսութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Քանատայի խորհրդարանի անդամներ եւ ծերակուտականներ: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ: Նորա Արուշեան բացման խօսքով հակիրճ պատմականը կատարեց Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հիմնադրման:
Հայաստանի մէջ Քանատայի դեսպան Արմէն Եգանեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հրաշքի համազօր էր այն իրողութիւնը, որ ի սպառ բնաջնջման եզրին գտնուող ժողովուրդի մը վերջին խլեակները ծառանան եւ փոխեն պատմութեան ընթացքը` կերտելով անկախ հայրենիքը: Դեսպան Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի խորհրդարանին ապրիլ 24-ը Քանատայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակելու առիթով:
Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ տոքթ. Հարոլտ Ալպրեխթ յայտնեց, որ ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ ներկայ գտնուելով Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութեան` անդրադարձած է հայ ժողովուրդին մէջ անթեղուած վերապրելու կամքին:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան ներկայացուց միջազգային քաղաքական բեմին վրայ Հայ դատի գծով ծաւալող զարգացումները եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը:
Սպանիա
Անթոնիօ Էլորսայի «Ցեղասպանութիւն.
Արձանագրութիւններ» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Յունիս 1-ին Մատրիտի «Քոմփլութենսէ» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ սպանացի յայտնի լրագրող, հրապարակախօս Անթոնիօ Էլորսայի «Ցեղասպանութիւն. արձանագրութիւններ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքը նուիրուած է Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզր սահմանման եւ մեկնաբանման, անոր իրաւական, քաղաքական եւ հասարակական նշանակութեան: Հեղինակը Հայոց ցեղասպանութեան օրինակով կ՛անդրադառնայ ցեղասպանութիւններու դրդապատճառներուն, իրականացման եղանակներուն, իրաւական ձեւակերպումներուն, անպատժելիութեան անթոյլատրելիութեան եւ անոր վտանգաւոր հետեւանքներուն:
«Քոմփլութենսէ» համալսարանի գլխաւոր քարտուղար, նախկին դատաւոր Արասելի Մանխոն-Քապեսա, ողջունելով ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց Անթոնիօ Էլորսային` իր գրած գիրքին համար: Ան անդրադարձաւ միջազգային իրաւունքով ցեղասպանութեան վերաբերող քննարկումներուն, ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համաձայնագիրի դրոյթներուն, գործնականօրէն այդ յանցագործութեան պատժելիութիւնը ապահովելու բարդութիւններուն:
Սպանիոյ Սահմանադրական դատարանի նախկին անդամ Մանուէլ Արակոն ներկայացուց Սպանիոյ օրէնսդրութեամբ «Ցեղասպանութիւն» յանցագործութեան սահմանումը, այդ ոլորտին մէջ Սահմանադրական դատարանին կայացուցած որոշումները եւ Սպանիոյ օրէնսդրական դաշտին մէջ առկայ բացերը:
Իր հերթին «Քոմփլութենսէ» համալսարանի պատմութեան ամպիոնի տնօրէն Միրտա Նունյէս խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թեմային շուրջ իրենց ամպիոնին կողմէ տարուող աշխատանքներուն մասին` կարեւոր համարելով Սպանիոյ մէջ այս նիւթի հասարակական հնչեղութեան ապահովման ու համալսարանական շրջանակներու մէջ տեղեկացուածութեան կարեւորութիւնը:
Քննարկումը ամփոփեց Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աւետ Ադոնց, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակին եւ ներկաներուն` ծաւալուած այս կարեւոր քննարկման համար: Դեսպան Ադոնց ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը, այս ասպարէզին մէջ վերջին զարգացումները, Սպանիոյ տեղեկատուական դաշտին մէջ, համալսարանական եւ գիտական շրջանակներու մէջ թեմայի աշխուժ քննարկման անհրաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին խորհուրդը եւ նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին եւ միջազգային հանրութեան համար:
Վրաստան
Պահպանենք Նախնիներու Յիշատակը
Մայիս 23-ին տեղի ունեցաւ վիրահայոց թեմի երիտասարդական բաժնի Հայոց պատմութեան եւ հայկական մշակութային յուշարձաններու պահպանութեան ակումբին շնորհահանդէսը: Նորաստեղծ ակումբի անդամները որոշեցին յաջորդ օրը այցելել եւ բարեկարգել Թիֆլիսի Վերէի գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին բազմաթիւ հայազգի գործիչներ:
Արդարեւ, 24 մայիսին վիրահայոց թեմի երիտասարդական բաժնի տնօրէն Վալերի Բադալեանի եւ աշխատակիցներ Նինա Սերոպովայի, Յովհաննէս Շահնազարեանի առաջնորդութեամբ ու թեմի իրաւական հարցերու բաժնի տնօրէն Միքայէլ Աւագեանի եւ հասարակական գործիչ Եուրի Միկիրտումովի ուղեկցութեամբ, շուրջ 30 երիտասարդներ, զինուած անհրաժեշտ գործիքներով, այցելեցին Վերէի գերեզմանատուն, որ հիմնուած է 19-րդ դարու 30-ականներուն եւ եղած է միայն հարուստ եւ ազնուական ծագում ունեցող մարդոց յուղարկաւորման վայր: Մինչեւ այսօր գերեզմանատան մէջ պահուած են եւրոպական ճարտարապետներու նախագծած քանի մը դամբարաններ, որոնք կը ներկայացնեն արուեստի գլուխ գործոցներ եւ ունին պատմական-ճարտարապետական արժէք: Անոնք ամբողջ օրը մաքրեցին ու բարեկարգեցին քաղաքացիներուն դամբարանները:
Հայ Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած երիտասարդները, լաւ գիտակցելով իրենց պարտքը նախնիներու յիշատակին առջեւ, շաբաթական դրութեամբ կ՛այցելեն գերեզմանատուները պահպանելով նախնիներու յիշատակը:
Նման նախաձեռնութիւններ շարունակական են եւ չեն սահմանափակուիր միայն Թիֆլիսով:
Միացեալ Նահանգներ
Սիրուն Երէցեանի Արուեստին Նուիրուած
Ցուցահանդէս
Արուեստագէտ Սիրուն Երէցեանի բանաստեղծական գործերն ու գծագրութիւնները լուսարձակի տակ առնելու նպատակով Հայ կանանց միջազգային միութիւնը 21-30 մայիսին «Ռոսլին» ցուցադրասրահին մէջ կազմակերպեց «Ես կամ» խորագրեալ ցուցահանդէսը:
Բացման արարողութեան Սիրուն Երէցեանի արուեստին մասին ելոթներ ունեցան Հայ կանանց միջազգային միութեան նախագահ Սիլվա Խաչիկեան, Սիրուն Երէցեանի գործակից Հերի Մեսրոպեան, իսկ Սիրունի զաւակը` Առնոն, շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն: Առնօ նաեւ ներկաներուն հետ կիսեց իր յուշերը ու կարդաց իր մօր գրած շնորհաւորական իւրայատուկ նամակը: Նկատի ունենալով, որ իր մարմինը անշարժացուցած հիւանդութիւնը Սիրունէն խլած էր ձեռքով գրելու կարողութիւնը, ան նամակը գրած էր «Տայնաւոքս» կոչուող սարքով, որ կարելիութիւն կ՛ընծայէ աչքով գրելու եւ հաղորդակցելու:
Աւարտին, ներկաները ստացան Սիրուն Երէցեանի ստեղծագործութեանց կրկնօրինակներէն եւ անոր եղբօր` Պերճ Վասիլեանի հեղինակած «Անվեհեր աղաւնին» հատորէն օրինակներ:
Մարսէյ
9-10-րդ Շրջանի Թաղապետարանի Ճակատին
Պարզուած` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ
Տարելիցի Հսկայ Պաստառի Բացում
Յունիս 4-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Մարսէյի 9-10-րդ շրջանի թաղապետարանի («Սպիտակ տուն»` «Maison Blanche») ճակատին պարզուած «1915-2015. Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից» արձանագրութեամբ պաստառjh հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ եղան Զուիցերիոյ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Մարսէյ-Փրովանս-Մեթրոփոլ համայնքի նախագահ, երեսփոխան Կի Թէսիէ, Մարսէյի 9-10-րդ շրջանի թաղապետ Լիոնէլ Ռուայէ-Փէրօ, Մարսէյի 11-12-րդ շրջանի թաղապետ, երեսփոխան Վալերի Պուայէ, Մարսէյի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, փոխքաղաքապետներ, տեղական կառավարական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ֆրանսական եւ հայկական կազմակերպութիւններու նախագահներ, լրագրողներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկը սկսաւ Մարսէյի Համազգային դպրոցի երգչախումբի «Քեզի համար, Հայաստա՛ն» երգի կատարումով: Բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ ընդգծեցին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման, 100-ամեակի խորհուրդին եւ նշանակութեան կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի եւ միջազգային հանրութեան համար` վեր առնելով Շարլ Ազնաւուրի մասնակցութիւնը եւ անգնահատելի նուիրումը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին: Քաղաքապետ Լիոնէլ Ռուայէ-Փէրօ Շարլ Ազնաւուրին շնորհեց Մարսէյի 9-10-րդ շրջանի պատուոյ քաղաքացիի յուշամետալը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Սպիտակ տան» պարտէզին մէջ 300-ամեայ ձիթենիի տունկը, որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ, որուն յաջորդեց «100-րդ տարելիցի ձիթենի` Շարլ Ազնաւուրի կողմէ» մակագրութեամբ ցուցանակին բացումը:
Ձեռնարկը լայն արձագանգ գտաւ տեղական մամուլին մէջ:
Լեհաստան
Ցեղասպանութեան Նուիրուած Գիտաժողով
Կազմակերպութեամբ Լեհաստանի Արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիայի Արեւելեան Եւրոպայի յանձնաժողովին, Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի ազգագրագիտութեան ուսումնարանի եւ Քրաքովի Հայկական Մշակութային Ընկերակցութեան, մայիս 30-ին Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին Արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիայի շէնքէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Ցեղասպանութիւն. անիկա կատարուած է բազմաթիւ անգամ, սակայն առաջինը` հայերու հանդէպ» թեմայով գիտաժողով:
Բացման խօսքով հանդէս եկան Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Էտկար Ղազարեան եւ Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի դասախօս փրոֆ. Քշիշտոֆ Ստոպկան: Այնուհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ զեկոյցով ելոյթ ունեցաւ Փարիզէն հրաւիրուած փրոֆ. Ռայմոնտ Գէորգեան: Լիւպլինէն հրաւիրուած փրոֆ. Վլատժիմիերժ Օսատչին ներկայացուց Լեհաս-տանի հայ համայնքի երեւելի գործիչներէն` Լվովի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եոզեֆ արք. Թէոտորովիչի կեանքին եւ գործունէութեան վերաբերեալ նոր հրատարակուած գիրքը:
Գիտաժողովի ընթացքին, «Հայերու ցեղասպանութեան մշակութային հետեւանքները պատմական եւ ժամանակակից տեսանկիւնէն» խորագրով քննարկման ժամանակ, առանձին զեկոյցներով հանդէս եկան Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի դասախօսներ` դոկտ. Ռենատա Կրոլ Մազուր, դոկտ. Թորոտա Ժիետեկ, դոկտ. Անթժէյ Ժիետեկ, դոկտ. Եակուպ Օսիեցքի եւ Լեհաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ազգագրագէտ Կոնրատ Սիեկիերսքի:
Վառնա
Ֆետայիներու Նուիրուած Յուշաքարի Բացում
Մայիս 28-ին, Վառնայի հայ համայնքը նշեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տօնը: Այս առիթով, քաղաքի Ս. Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ֆետայիներուն նուիրուած յուշաքարի բացում մասնակցութեամբ Վառնայի ՀՅԴ-ի անդամներու: Անոնց առաջարկով համայնքի գրեթէ բոլոր հայերն ու հայկական կազմակերպութիւնները իրենց նիւթական մասնակցութիւնը բերած են քաջորդիներուն նուիրուած յուշաքարի տեղադրման համար:
Բացման արարողութեան կատարուեցաւ յուշաքարի օրհնութեան կարգ եւ ելոյթ ունեցաւ համայնքի հոգեւոր հովիւ Բարթողիմէոս քհնյ. Յակոբեան:
Չեխիա
Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհ Մանուկներուն
Նուիրուած Ցուցահանդէս
Կազմակերպութեամբ Լիտիցէի յուշահամալիրին, Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին եւ Չեխիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, 1 յունիսին Չեխիոյ Լիտիցէ քաղաքին մէջ, բացումը կատարուեցաւ «Ընդհատուած մանկութիւն. Հայոց ցեղասպանութեան զոհ մանուկները» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին: Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ծաղկեպսակ զետեղեց Լիտիցէի 82 զոհուած երեխաներու յուշաքանդակին մօտ: Ան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` նշելով, որ խորհրդաւոր լռութիւնը Լիտիցէի եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ, կը յուզէ բոլորը: Խորհրդանշական է նաեւ, որ ցուցադրութեան բացումը տեղի ունեցած էր 1 յունիսին, «Մանուկներու պաշտպանութեան միջազգային օր»-ը, որ կը նշուի աշխարհի տարածքին:
Լիտիցէ յուշահամալիրի տնօրէն Միլուշ Չերվենցիլ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին` նման ցուցադրութիւնը իրականութիւն դարձնելուն համար:
Չեխիոյ մշակոյթի նախարար Տանիէլ Հերման իր ելոյթին մէջ նշեց, որ ապրիլ 24-ին Չեխիոյ մէջ նշած են հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենէն ողբերգական էջերէն մէկը, որուն ընթացքին զոհուած են նաեւ բազմաթիւ երեխաներ: Այս ցուցահանդէսը կը յիշեցնէ բազմաթիւ երեխաներ, որոնք կորսնցուցած են իրենց ծնողները, որբացած եւ ստացած են հոգեկան մեծ վէրքեր կամ կորսնցուցած` իրենց կեանքը: Լիտիցէ յուշահամալիրի տարածքին 1942 թուականին նացիներու կողմէ զանգուածային ոչնչացման ենթարկուած են գիւղի բնակիչներն ու 82 փոքրիկ:
Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիտիցէ յուշահամալիրի տնօրէն Միլուշ Չերուենցիլին եւ ցուցադրութեան համակարգող Լիւպոմիրա Հետլովային: Ան նկատել տուաւ, որ ներկայացուած նկարներուն դիմաց կարելի չէ անտարբեր մնալ: