Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկներ
Սուրիա
Ապրիլ 30-ին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ոգեկոչման ձեռնարկ:
Գեղարուեստական յայտագրէն ետք Ուսումնական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Շանթ Ղազարեան, որ հաստատեց, թէ անցնող երկամեակը բաւական թէժ եղաւ աշակերտութեան, տնօրէնութեանց եւ ուսուցչակազմերուն համար, աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր աշակերտ դարձաւ այն քաջարի զինուորը, որ պատերազմեցաւ իր գիրքով ու գրիչով` յանուն ուսման ու զարգացման, որուն համար արժանի են ամենաբարձր գնահատանքի:
Այնուհետեւ Խորէն քհնյ. Պերթիզլեան փոխանցեց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին ողջոյնները եւ խրախուսական խօսքերով քաջալերեց ներկայ աշակերտութիւնը` զանոնք մղելով ընթերցանութեան` առաւել կառչելու մեր մեծասքանչ լեզուին ու պատմութեան եւ հպարտանալու հայուն պատկանելիութեամբ:
Յունաստան
Մայիս 1-ին Աշխատաւորական օրուան առթիւ, ՆԷա Զմիռնիի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի կազմակերպութեամբ իրականացուող տասնօրեայ փառատօնը, որուն յատուկ տաղաւարով իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբը:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն մէջ ընդգրկուած այս նախաձեռնութիւնը ընթացքի մէջ դրուեցաւ ամիսներ առաջ, երբ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութիւնը դրական ձեւով պատասխանեց «Դրօ» խումբի վարչութեան դիմումին` սիրայօժար ձեւով տաղաւար տրամադրելու տասնօրեայ փառատօնին:
Ցուցահանդէսը տեւեց 30 ապրիլէն մինչեւ 10 մայիս: Երիտասարդականի տաղաւարին ճամբով լուսաբանական լայն տեղեկութիւններ փոխանցուեցան բազմահազար այցելուներու` Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի, Հայ դատի ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան շուրջ` լուսանկարներու, բացատրական գրութիւններու ու լոզունգներու միջոցով:
Քուէյթ
Ապրիլ 23-ին Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկում:
Երեկոյի բացումը կատարեց Դուին Ուզաթմաճեան, որմէ ետք ՀՅԴ ՔԵՄ-ի վարչութեան անունով խօսք առաւ Գէորգ Նալճեան:
Գեղարուեստական յայտագրէն ետք օրուան պատգամաբեր Յակոբ Էմրազեան փոխանցեց օրուան խորհուրդը` շեշտը դնելով թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցման գաղափարներուն վրայ:
Աւարտին, թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան փոխանցեց իր հայրական պատգամը` մէջբերելով Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան միասնակամութեան եւ անխոնջ պայքարի կարեւոր դերը` Հայ դատի արդար լուծման եւ ժողովուրդին գոյատեւման ու շարունակականութեան ի նպաստ:
Ապրիլ 24-ին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Օրուան պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան: Ան նկատել տուաւ, որ ամբողջ դար մը մեր արդար Դատին համար պայքարեցանք, ամբողջ մարդկութեան ու մանաւանդ հսկայ պետութիւններու ու ժողովուրդներու փոխանցելով, թէ հայ ժողովուրդը իրաւատէրն է պատմական իր հայրենքին ու պահանջատէր: Ան կոչ ուղղեց նոր սերունդին` յետադարձ ակնարկով դիտելու նախորդ սերունդին նուիրական ու գերագոյն զոհողութիւնը, հաւատարիմ մնալու անոր կտակին, հաստատուն քայլերով, աննահանջ ու յառաջասլաց ընթացքով քալելու դէպի պայծառ ապագայ:
* Նոյն օրը երեկոյեան Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Երեկոն իր ներկայութեամբ պատուեց Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆադէյ Չարչօղուլեան:
Բացման խօսքը արտասանեց Արփի Արապաճեան-Միսաքեան:
Գեղարուեստական յայտագրէն ետք պատգամաբեր տոքթ. Ժան Պէպէճեան փոխանցեց օրուան խորհուրդը: Ապա խօսք առաւ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղուլեան, որ շեշտը դրաւ Հայաստան-սփիւռք սերտ գործակցութեան եւ ամուր կապին վրայ:
Եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեան, որ գնահատեց սփիւռքահայութեան տարած լայնածաւալ աշխատանքը` հաստատելով, թէ հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարը անմար է եւ զայն շարունակելու համար հայութեան միասնակամութիւնը անհրաժեշտ է:
Աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Գերմանիա
Մայիս 10-ին, Գերմանիոյ Սաքսըն-Անհալթ երկրամասի Լայփցիկ քաղաքի մօտ գտնուող Հալլէ-Սաալէ քաղաքի հրապարակին մէջ, Հալլէի հայ համայնքին նախաձեռնութեամբ կանգնեցաւ հայկական տուֆ քարէ պատրաստուած խաչքար մը` նուիրուած հայոց Մեծ եղեռնի 100-ամեակին:
Յուշարձան-խաչքարին պաշտօնական բացումը կատարեցին Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեան, Սաքսըն-Անհալթ նահանգի Միջեկեղեցական համագործակցութեան նախագահ Եուկըն Տիթրիխ եւ հիւրաբար Գերմանիա գտնուող Երեւանի պետական համալսարանի աստուածաբանական բաժանմունքի տնօրէն Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան:
Միացեալ Նահանգներ
Ապրիլ 19-ին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:
Տէյվիտսըն բլուրին վրայի, 43 ոտք բարձրութեամբ պատկառելի խաչի շուքին տակ, տեղի ունեցան` յուշահանդէս, հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Տէյվիտսըն բլուրի խաչի յանձնախումբի ատենապետ Չաք Բասքերեանի բարի գալուստի խօսքերէն ետք օրուան հանդիսավար Նանոր Պալապանեան անդրադարձաւ իր մեծ մեծ մօր ոդիսականին, աքսորի ճամբուն վրայ: Սրտի խօսքեր արտասանեցին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի երիտասարդական մարմինին անունով Նաթալին Ճինտոյեան, Հայ եկեղեցական կազմակերպութեան Ս. Վարդան մարմինին կողմէ` Սեւան Ճինտոյեան, Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշներուն կողմէ` Ալինա Մինասեան, «Եու. Սի. Կէյվիս»-ի Հայ ուսանողական միութեան կողմէ` Թամար Թոթոյեան:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան գլխաւոր պատգամաբեր ԳԶՎ Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան հաստատեց, թէ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները, ուր որ ալ գտնուին անոնք այսօր` Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք թէ սփիւռքի տարածքին, վերանորոգ միասնականութեամբ կը բոլորուին ազգային պահանջատիրութեան նուիրական համոզումին ու գործունէութեան շուրջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա` ծաղիկներու զետեղում խաչին առջեւ:
Վենետիկ
Հայաստանի Տաղաւարը Արժանացած Է
«Ոսկէ Առիւծ» Մրցանակին
Մայիս 9-ին Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ` Մխիթարեան վանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Վենետիկի երկամեայ 56-րդ փառատօնին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 53 երկիրներ:
Նոյն օրը յայտարարուեցան արուեստի միջազգային այս փառատօնին յաղթականները: Հայաստանի տաղաւարը արժանացաւ «Ոսկէ առիւծ» մրցանակին` լաւագոյն ազգային տաղաւարին համար, իր ներկայացուցած «Հայութիւն» ցուցահանդէսով:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին թեմայով պատրաստուած «Հայութիւն» ցուցահանդէսի ստեղծման մասնակցած են տարբեր երկիրներէ հայկական սփիւռքի 18 նկարիչներ:
Փառատօնը կը շարունակուի մինչեւ 22 նոյեմբեր:
Քանատա
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարին
Աշխատանքային Այցը Քանատա
Մայիս 1-4 Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Քանատայի տարածաշրջանային վարչութեան հրաւէրով Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Քանատա` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներու մասնակցելու, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ ունենալու նպատակով:
Մայիս 2-ին նախարարը հանդիպում ունեցաւ Մոնրէալի քաղաքապետ Տենիս Կոտերի հետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի իշխանութիւններուն` երկրին մէջ հաստատուած հայերուն հանդէպ ցուցաբերած բարեացակամութեան եւ Քանատայի հանրային կեանքին մասնակից դառնալու հնարաւորութիւններու ընձեռնման համար: Իր հերթին Տենիս Կոտեր գոհունակութիւն յայտնեց քանատահայերու գործունէութեան վերաբերեալ, որոնք դարձան օրինակելի քաղաքացիներ եւ նպաստեցին երկրի զարգացման ու Քանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Նախարարը այցելեց նաեւ առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիկեանի հետ, ինչպէս նաեւ` առաջնորդարանի կից Ս. Յակոբ շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ:
ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան ամէնօրեայ վարժարանին մէջ Հրանուշ Յակոբեան մասնակցեցաւ վարժարանի 45-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան: Յակոբեան շեշտեց կարեւորութիւնը վարժարանի դերին` մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ:
Այնուհետեւ Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալով պարգեւատրեց վարժարանի հոգաբարձութեան կազմի անդամներ, ՀԲԸՄ Մոնրէալի մասնաճիւղի նախկին ղեկավարներ Արմէն Պչաքճեանը եւ Արամ Եագուպեանը` սփիւռքի մէջ նոր սերունդի հայեցի կրթութեան, դաստիարակութեան եւ հայկական ինքնութեան պահպանման գործին մէջ անոնց ունեցած ներդրումին համար:
Մայիս 3-ին նախարարը մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով քանատահայութեան կազմակերպած քայլարշաւին:
Նոյն օրը, երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախարարը ներկայ գտնուեցաւ Ս. պատարագին, որմէ ետք հանդիպումներ ունեցաւ ՀՅԴ-ի եւ ուղեկից կազմակերպութիւններու` հայ կեդրոններու ներկայացուցիչներուն հետ, ապա իր մասնակցութիւնը բերաւ մշակութային ձեռնարկին, ուր հանդէս եկաւ ելոյթով:
Վրաստան
Ազգային Բարերար Եւ Հասարակական Գործիչ
Ռուբէն Վարդանեանի Այցը
Եւրոպայի վերակառուցման եւ զարգացման համար ամէնամեայ հանդիպումներու ծիրին մէջ, 13-15 մայիսին Վրաստան կը գտնուէր ազգային բարերար եւ հասարակական գործիչ, «Աիդեա» հիմնադրամի ղեկավար Ռուբէն Վարդանեանը: Ան 13 մայիսին համաժողովի ընթացքին հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ:
Վարդանեան հանդիպում ունեցաւ Թիֆլիսի քաղաքապետ Դաւիթ Նարմանիայի հետ: Անոնք քննարկեցին հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերաբացման հետ առնչուած հարցեր: Քաղաքապետը իր աջակցութիւնը յայտնեց սոյն հարցին շուրջ:
Մայիս 14-ին Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ Վարդանեան հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` վիրահայութեան հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին մէջ իր ունեցած աջակցութեան եւ պատմական-մշակութային կոթողներու նկատմամբ ցուցաբերած հոգատարութեան համար: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ համայնքի հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական հետագայ ծրագիրները:
Նոյն օրը Վարդանեան հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի կրօնական հարցերով պետական գործակալութեան նախագահ Զազա Վաշախմածէի հետ: Անոնք քննարկեցին եկեղեցւոյ վերանորոգչական աշխատանքները եւ եկեղեցւոյ վերաբերող այլ հարցեր: Նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց Թիֆլիսի քաղաքապետարանի, Վրաստանի տնտեսութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն հետ միասին մասնակցիլ բոլոր այն հարցերու քննարկման եւ կարգաւորման, որոնք կ՛առաջադրուին Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Մարսէյ
Շաւարշ Միսաքեանի Յուշատետրին
Ֆրանսերէն Թարգմանութեան Ներկայացումը
Ուրբաթ, մայիս 8-ի երեկոյեան, Մարսէյի Հայ մշակոյթի տան մէջ ուրախութիւնը ունեցանք ունկնդրելու Գրիգոր Պըլըտեանը: Ան հրաւիրուած էր ներկայացնելու Շաւարշ Միսաքեանի յուշատետրին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը` «Ֆաս ա լ՛իննոմապլ ավրիլ 1915» («Face à l՛innommable Avril 1915»), որ լոյս տեսած է «Փարանթեզ» հրատարակչատունէն: Գիրքին յառաջաբանը գրած է նոյնինքն Գրիգոր Պըլըտեան, իսկ գիրքը հայերէնէ թարգմանուած է Արփիկ Միսաքեանին կողմէ:
Երեկոյթի բացման խօսքը արտասանեց Մշակոյթի տան տնօրէն Կարօ Յովսէփեան` ներկայացնելով Գրիգոր Պըլըտեանը:
Գ. Պըլըտեան մանրամասն գիծերու մէջ տուաւ Շաւարշ Միսաքեանի կեանքը. հալածուած, հետապնդուած, բայց անվհատ կերպով հայ լեզուի եւ գրականութեան նուիրուած այս եզակի անձին տարած գործունէութիւնը` քաղաքէ քաղաք, թերթէ թերթ: Շ. Միսաքեանի վերջին կայքը հանդիսացաւ Փարիզը, ուր 1925-ին հիմնեց «Յառաջ»-ը: Պըլըտեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ «Յառաջ»-ի 1945 դեկտեմբեր 9-ի թիւին, որ կը կրէր «Ճենոսիտ» խորագիրը եւ Շաւարշն էր, որ կ՛ընէր վերծանումը այդ բառին, գրելով` Ցեղասպանութիւն: