Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Գիրքերու Ցուցահանդէս
Մայիս 7-ին Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցաւ հայկական գիրքերու ցուցահանդէս: Աւելի քան 20 երկիրներ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ցուցահանդէսին: Հայկական տաղաւարը օտարներուն ծանօթացուց հայ մշակոյթին եւ գրականութեան արժէքները:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակին, ներկայացնելով «Հոգու տողեր, Հայաստանի տողեր» բանաստեղծական շարքը: Ելոյթը կազմակերպուած էր Համազգային մշակութային միութեան կողմէ եւ կը վայելէր Յունաստանի Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութիւնը: Գեղարուեստական երեկոն ներկայացուցին` Անահիտ Քարաօղլանեան, Մելին Քարաօղլանեան, Մարի Քիւրքճեան, Վիգէն Տէրէեան, Ռոզա Փափազեան, Տիգրան Սարգիսեան, Արաքսիա Գանապետեան եւ Գրիգոր Մարուքեան, իսկ երաժշտական ղեկավարներն էին` Ռոզա Թերզեան, Հրայր Գանապետեան եւ Տարօն Տէրէեան:
Նոր Ջուղա
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Ասմունքի Մրցոյթ-Փառատօն
Մայիս 7-ին «Արարատ» միութեան հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ասմունքի մրցոյթ-փառատօն:
Երեկոյի բացումը կատարեցին միութեան մշակութային միաւորի «Կռունկ» ասմունքի խումբի անդամները, որոնք անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր իբրեւ հետեւանք տեղի ունեցած մարդկային ու մշակութային ջարդին, Հայաստանի ու աշխարհասփիւռ հայութեան պայքարին ու գոյատեւումին, վերածնունդին ու յաղթանակին եւ` հայ ժողովուրդի յաւերժութեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ապա մրցոյթին մասնակիցները հերթաբար հանդէս եկան հայաստանեան եւ իրանահայ բանաստեղծներու կատարումներով:
Աւարտին, թեմի առաջնորդը բարձր գնահատեց փառատօնի կազմակերպումը` հաստատելով, որ իւրաքանչիւր բանաստեղծի խօսքը յիշեցնող եւ պահանջող խօսք է, որպէսզի բոլոր հայորդիները յիշեն եւ չմոռնան այն կտակը, որ փոխանցած են մեզի մեր սուրբ նահատակները, նաեւ պահանջատէրը դառնան մեր արդար իրաւունքներուն ու մեր սեփականութիւնը համարուող հայրենի հողին:
Դատական կազմի ներկայացուցիչ Արթին Քէշիշեան իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց եւ կարեւոր նկատեց մասնակիցներուն հայկական ոգին եւ հայ գրականութեան հանդէպ ցուցաբերած սէրն ու համակրանքը, որ մեծ տպաւորութիւն ձգած էր դատական կազմին վրայ:
Փառատօնի աւարտին տեղի ունեցաւ գնահատագրերու յանձնում:
Վարշաւա
Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու
Մատեան» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Կազմակերպութեամբ Մշակոյթի ռումանական հիմնարկին, «Կլիմատի» հրատարակութեան եւ «Ընթերցանութեան մոտա» գրատան, աջակցութեամբ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 12 մայիսին Վարշաւայի «Ընթերցանութեան մոտա» գրատան մէջ տեղի ունեցաւ ռումանահայ գրող, հրապարակախօս եւ հասարակական-քաղաքական գործիչ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան» վէպին լեհերէն հրատարակութեան շնորհահանդէսը:
Վէպը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ թարգմանուած է շուրջ երկու տասնեակ լեզուներու: Հեղինակը ներկաներուն մանրամասնօրէն ներկայացուց վէպին հիմնական բովանդակութիւնը` անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր ճակատագրական հետեւանքներուն ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլ համայն մարդկութեան կեանքին մէջ:
Միացեալ Նահանգներ
«Գրական Գոհարներ Եւ Գինի» –
36-րդ Տարի
Կազմակերպութեամբ Նիւ Եորքի Համազգայինին, վերջերս Վուտսայտի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Գրական գոհարներ եւ գինի» ձեռնարկը` նուիրուած Եղեռնի 100-ամեակին:
Մասնաճիւղին անունով երեկոյի բացումը կատարելէ ետք Աստղիկ Սեւակ հրաւիրեց Հրանդ Մարգարեանը` վարելու յայտագիրը:
Մարգարեան ներկայացուց իւրաքանչիւր հեղինակի կենսագրականը` շեշտը դնելով անոր գրականութեան յատկութիւններուն վրայ: Ինք եւս հեղինակներէն մէկն էր, հետեւաբար իր կենսագրականը ներկայացուց գրական յանձնախումբի անդամ Մարուշ Կիւլումեան:
Կատարուեցան ընթերցումներ` զանազան գրողներէ:
Ապա Հ. Մարգարեան բեմ հրաւիրեց մասնակցողները` ներկայացնելով անոնց հակիրճ կենսագրականը: Աստղիկ Սեւակ շնորհաւորելով բոլորը, մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ անոնց նուիրեց Այտա Զիլելեանի նոր հրատարակուած անգլերէն վէպը Եղեռնի նիւթով` «Տը լեկըսի աֆ լոսթ թինկզ»:
Աւարտին խօսք առաւ Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, որ գնահատանքի խօսքով շնորհաւորեց բոլոր մասնակցողները, դրուատեց գրական յանձնախումբին յարատեւ ճիգը` նոր սերունդին հասնելու եւ հայերէն ընթերցումի մղելու: Ան գնահատեց նաեւ Համազգայինի յամառօրէն հայերէնին կառչելու անխախտ գիտակցութիւնը եւ Հ. Մարգարեանի դաստիարակելու իւրայատուկ ձեւը:
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը Բարձր
Գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանին Եւ
Ժողովականութեան Միամեայ Գործունէութիւնը
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 43-րդ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ 1 եւ 2 մայիսին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ:
Նիստին բացումին Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքն ու պատգամը` ուղղուած ժողովին: Վեհափառ հայրապետը կ’ողջունէր ժողովականները` Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի 43-րդ նստաշրջանին առիթով, ապա կեդրոնացած էր երկու հիմնական հարցերու վրայ. Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան մթնոլորտին մէջ պէտք է անդրադառնանք, որ պահանջատիրութիւնը որոշ տարուան կապուած երեւոյթ չէ, այլ շարունակական գործընթաց է, որ պիտի շնչաւորէ մեր հաւաքական կեանքն ու աշխատանքները` համաձայն նահատակներու կտակին: Ան նաեւ մասնաւորաբար կանգ առած էր Սիսի կաթողիկոսութեան վերատիրացման համար Թուրքիոյ դէմ դատին վրայ, վստահութիւն յայտնելով, որ մեր թեմը եւս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս աշխատանքին: Երկրորդ կէտով վեհափառ հայրապետը գոհունակութիւն կը յայտնէր թեմի կազմակերպական վերանորոգման ընթացքին համար` շեշտելով կարեւորութիւնը թեմական կեանքի աւելի եւս կենսաւորման եւ ժողովուրդին ու մասնաւորաբար նոր սերունդի զաւակներուն ներգրաւման` վեր առնելով երիտասարդութեան դերին կարեւորութիւնը:
Դիւանի անդամներու ընտրութենէն ետք սրտի խօսք արտասանեց Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան: Ան ողջունելէ ետք ժողովականները շնորհակալական խօսք ուղղեց Վահէ Եագուպեանին, որ վերջերս հիւրընկալած էր Սիսի կաթողիկոսութեան կալուածներուն վերատիրացման դատին ի նպաստ ընդունելութիւն մը: Ան անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին եւ առաջնորդ սրբազանին ժրաջան աշխատանքներուն, որոնք ի գործ կը դրուին ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար` 100-ամեակի տարուան առիթով: Ան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անցեալի ու այժմու դերին, որ մարմնաւորուած է Ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթականներու հոգածութեամբ, մեր ժողովուրդին հոգեւոր, մշակութային վերականգնումին նեցուկ կանգնելով, իսկ ներկայիս` մեր ազգային կալուածներու եւ դատին հետապնդման մէջ ռահվիրայի քայլերով: Ան շեշտեց նաեւ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու միջեւ սերտ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան յայտնեց, թէ ժողովը շինիչ քննարկումներ ու ծրագրում պիտի կատարէ, մանաւանդ որ Ազգ. վարչութիւնը այս տարի, ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, ազնիւ պարտականութիւնը ունի 100-ամեակի ծրագիրներուն իրագործման գծով, աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդը աննահանջ հաւատարմութեամբ եւ միասնական ճիգերով պիտի շարունակէ նահատակներու կտակին եւ ազգային պահանջատիրութեան երթը: Հիւրընկալ եկեղեցւոյ` Քրեսենթա Հովիտի հոգաբարձութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց երեսփոխան Հրայր Կարապետեան:
Ժողովին պաշտօնական բացման իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազանը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին, ապա անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան անկիւնադարձային կարեւորութեան եւ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան ափեր տեղի ունեցած նախաձեռնութիւններուն, որոնց շարքին էին նահատակներուն սրբադասումն ու ոգեկոչական բազմաթիւ ձեռնարկներ: Առաջնորդ սրբազանը շեշտը դրաւ նաեւ հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան վրայ:
Ժողովական յանձնախումբերուն ընտրութենէն ետք հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչները զեկուցումներ տուին իրենց աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին:
Բ. նիստին, ժողովը կեդրոնացաւ Ազգ. վարչութեան նիւթաբարոյական գործունէութեան քննարկման վրայ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Ազգ. առաջնորդարանի բարերար ընտանիքներէն Կայծակ եւ Անահիտ Օհաննէսեան ամոլին պարգեւատրումի արարողութիւնը, որուն ընթացքին սրբազանը օրհնութեան գիր յանձնեց անոնց եւ պարգեւատրեց Ազգային առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» բարձրագոյն շքանշանով:
Յաջորդ օրը ժողովը կարեւորութեամբ կանգ առաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումի անմիջական եւ հեռահաս աշխատանքներուն ու թեմին` անոնց մասնակցութեան վրայ: Ժողովը իր նիւթական եւ բարոյական զօրակցութիւնը արտայայտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածին վերատիրացման ծրագիրին` նկատի ունենալով նոյն օրերուն Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը: Ժողովը նաեւ խոր մտահոգութիւն արձանագրեց Սուրիոյ տագնապին ծանրացման, յատկապէս Հալէպի հայութեան եւ ընդհանրապէս շրջանի քրիստոնեաներուն դէմ ճնշումներուն ու հալածանքներուն: Ժողովը նաեւ խնդրամատոյց եղաւ վեհափառ հայրապետին, որպէսզի Ուաշինկթըն իր այցելութեան առիթով լոյս սփռուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն այս ժխտական դերակատարութեան վրայ:
Ժողովի աւարտին սրբազանը հաստատեց, որ փորձառութեանց բաժնեկցութիւնն ու համերաշխ գործակցութիւնը երաշխիք են յաջողութեան եւ կոչ ուղղեց այս ոգիով շարունակելու յառաջիկայ աշխատանքները:
Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ
Նահատակներու Նոր Յուշակոթողի Օրհնութիւն
Մայիս 3-ին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օր մը առաջ իր աւարտին հասած Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի 43-րդ նստաշրջանին` նշելով, որ ժողովը քննարկած էր առաջնորդին եւ Կրօնական ժողովին ու Ազգ. վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը եւ բարձր գնահատանք արձանագրած էր անոր մասին: Սրբազանը նաեւ յայտնեց, որ մօտ ատենէն մեր եկեղեցիներու խորաններուն վրայ պիտի զետեղուին Ցեղասպանութեան նահատակներու աճիւնները պարունակող մասնատուփեր:
Ան կոչ ուղղեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանգրուանին արդարութեան եւ խաղաղութեան մեր երթը շարունակելու անխառն հաւատքով:
Պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ կողքին կանգնած` Ցեղասպանութեան նահատակներու նոր յուշակոթողի քողազերծման եւ օրհնութեան արարողութիւն:
ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրայր Նահապետեան շնորհակալական խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանին, եկեղեցւոյ հովիւին եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ` Յովսէփ եւ Ռիթա Պչաքճեան ամոլին, որ ստանձնած էր յուշակոթողին բարերարութիւնը:
Առաջնորդը օրհնեց խաչքարը, յորդորեց ներկաները, որ յառաջիկայ օրերուն շարունակեն յիշել արդարօրէն եւ պահանջել ուժեղ կերպով:
Պոլիս
Զահրատի 91-րդ Տարեդարձը Կը Նշուի
Թրքերէն Նոր Թարգմանութեամբ Մը
Մայիս 9-ին, Պէյօղլուի «Ճեզայիր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ` նուիրուած Զահրատի (Զարեհ Եալտըզճեան) 91-րդ տարեդարձին, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ երեկոյի կազմակերպիչ «Արաս» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած հեղինակի թրքերէն թարգմանութիւններու հատորը` «Մի՛ վհատիր», որուն մէջ տեղ գտած են Զահրատի հաւատարիմ թրքերէնի թարգմանիչ Օհաննէս Շաշքալի բծախնդրութեամբ թարգմանած աշխատանքները, որոնք կը ներկայացնեն փունջ մը` Զահրատի զանազան գիրքերէն: Գրական երեկոյի առաջին բաժնով Նարօտ Էրքոլի ներկայացուց Զահրատի կենսագրականը: Օրուան զեկուցողները, առաջնորդութեամբ «Արաս» հրատարակչատան խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշի, իրենց ելոյթին մէջ անդրադարձան Զահրատի կեանքին ու գործին դժուարին պարտականութեան:
Առաջին զեկուցողը` «Ատամ» հրատարակչատան խմբագիր Նազար Պիւյիւմ, անդրադարձաւ Զահրատի հասարակական-քաղաքական ձգտումներուն եւ կեանքին` մարդկային մակարդակի վրայ:
Ապա խօսք առաւ հատորի թարգմանիչ Օհաննէս Շաշքալ, որ ներկայացուց Զահրատի գրական-կենսագրական գիծերը` որպէս իր բնութեան, իր քաղաքին եւ ընդհանրական ու անմիջական միջավայրերուն գրողը:
Երրորդ զեկուցողն էր բանասէր-գրականագէտ Սեւան Տէյիրմենճեան, որ ներկայացուց Զահրատը որպէս հայ գրող, Զահրատի տեղը հայաստանեան եւ սփիւռքեան գրականութիւններուն մէջ:
Հեղինակ խմբագիր Գարին Գարագաշլը ներկայացուց Զահրատին տեղը արդի թրքական գրականութեան մէջ եւ պատմեց անձնական յուշեր:
Գրական երեկոյի աւարտին սրտի խօսք արտասանեց Զահրատի կողակից Անայիս Եալտըզճեանը:
Այնուհետեւ դերասան Գէորգ Մալիքեան թատերական ընթերցանութեամբ մը ներկայացուց գիրքի պարունակութենէն օրինակներ: