Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հալէպ
Հալէպի Մէջ` Հայ Նահատակներու
Յիշատակին Ծառատունկ
Հալէպի քրիստոնէական թաղամասին մէջ յունիս 12-ին տեղի ունեցած է ծառատունկ. տնկուած են 30 ծառեր, որոնցմէ 10-ը` հայ, 10-ը` այլազգի քրիստոնեայ եւ 10-ը` իսլամ նահատակներու անունով:
Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան, որ ըսած է, թէ ծառատունկին ներկայ եղած են Հալէպի նահանգապետը, տարբեր կուսակցութիւններու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ բնապահպանութեան հայազգի նախարար Նազիրա Սարգիս:
«Մեծ պաստառի վրայ փակցուած են նահատակներուն լուսանկարները եւ 30 թիւը, ծաղիկներ դրուած են նահատակներու յիշատակին, որմէ ետք տեղի ունեցած է ծառերու տնկման արարողութիւնը», նշած է Ռէյիսեան` աւելցնելով, որ նախաձեռնութեան ընթացքին ուժեղացած է շրջանի հսկողութիւնը` խուսափելու համար հնարաւոր միջադէպերէ:
Ռէյիսեանի խօսքով, բարեբախտաբար ձեռնարկը լաւ ընթացած է, առանց միջադէպերու:
Տեղական լրատուամիջոցները լուսաբանած են զայն: Այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ որոշուած է 30 ծառեր տնկել, որոնցմէ 10-ը հայ նահատակներուն անունով, Ռէյիսեան տեղեկացուցած է, որ թիւին մէջ մասնաւոր իմաստ չկայ, պարզապէս նախապէս որոշուած է տնկել 30 ծառ:
Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան
«Կոմիտաս» Երաժշտանոցի «Առնօ Բաբաջանեան»
Քառաձայն Երգեցիկ Խումբի Ելոյթը
Հայ ժողովուրդի գոյատեւումը ապահովող առաջնահերթ ազդակը կը նկատուի հայկական մշակոյթի անաղարտ պահպանումը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցումը, որոնց թարգմանը հանդիսացաւ Կրթասիրաց մշակութային միութեան «Կոմիտաս» երաժշտանոցի «Առնօ Բաբաջանեան» քառաձայն երգեցիկ խումբի վերակազմումը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շողեր Օհանեան-Քահքէճեանի: Ելոյթը տեղի ունեցաւ կիրակի, 7 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, միութեան «Զոհրապ Գաբրիէլեան» սրահին մէջ:
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արշակ Օհանեան: Ան յայտնեց, թէ սուրիական օրհնեալ հայրենիքը մշակոյթի, արուեստի եւ միատեղ համերաշխ ապրելու երկիր է: Հայերէն բացման խօսք արտասանեց եւ օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց` Կասիա Պետիրեան-Ստամպուլեան: Ան երաժշտութիւնը համարեց մշակոյթի ամէնէն նուրբ եւ ազդեցիկ ոլորտներէն մէկը:
Ելոյթի առաջին երգը նուիրուած էր Կրթասիրացի հիմնադրութեան 90-ամեակին եւ միութեան նուիրեալ հիմնադիրներէն Ներսէս Գասարեանի յիշատակին, խօսք` բժշկ. Ղազար Պօղոսի, երաժշտական մշակում` Տիգրան Մուրատեանի: Այնուհետեւ խումբը յաջորդաբար ներկայացուց Կոմիտասի «Հիմի էլ լռենք» եւ «Գութաներգ» երգերը, Եկմալեանի «Ով հայոց աշխարհ»-ը եւ «Տէ՛ր ողորմեա»-ն, որոնց ընթացքին հոգեպարար առոգանութեամբ ասմունքեց Անի Աթաշեան: Ապա հնչեցին Աւագեանի «Վանայ ծով», Թոշիկեանի «Տեսնեմ Անին», մասնակցութեամբ փոքրիկն Աննա Քրիստինա Հացագործեանի, Երանեանի «Կիլիկիա» եւ արաբերէն «Մաութինի» երգերը:
Երկրորդ բաժինով 18 երգողներէ բաղկացած խումբը ներկայացուց Ա. Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս վալս»-ը, հալէպահայ գրող Մարգարիտ Շամիլեանի «Սարի ուսին», Գ. Սիւնիի «Հա կլոր պար», Մարինա Ալեսի «Պատրանքի թեւով», Ռահպանի եղբայրներու «Ընթէ մին» երգերը, Առնօ Բաբաջանեանի «Սիրոյ երգ»-ը, Ալպենիոնի եւ Ֆապիանի «Ատաճիօ»-ն եւ, վերջապէս, Ռ. Ամիրխանեանի «Ինձ համար դու շող գարուն ու մայր» երգը:
Յիշենք, որ երգերու մեծ մասին երգչախմբային մշակումը կատարած էր խմբավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեան:
Ելոյթի աւարտին սրտի խօսք փոխանցեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան: Ան բարձր գնահատեց բարձրորակ երաժշտութիւն մատուցող «Առնօ Բաբաջանեան» խումբին կատարումը: Յարգանքի եւ երախտագիտական խօսք ուղղելով սուրիական հայրենիքին` վերապատուելին յայտնեց, թէ մենք հայրենասիրութիւնը սորվեցանք այս օրհնեալ հողին վրայ, Հալէպը սիրելով` սորվեցանք սիրել մեր Երեւանը: Վերապատուելին հաստատեց, որ սուրիահայը պիտի շարունակէ փարիլ հայ մշակոյթին, եկեղեցւոյ, դպրոցին, ակումբին, որոնք մեր կենսունակութեան հիմնական գործօններն են: Խօսքի աւարտին ան մեծապէս գնահատեց գեղարուեստական ղեկավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանը իր բծախնդիր աշխատանքին համար, շնորհաւորեց երգչախումբին երիտասարդները, ուրախութեամբ ողջունեց քաջալեր ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին եւ ի վերջոյ շնորհակալական խօսք ուղղեց երկրի նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին:
Յունաստան
Եոանիս Խասիոթիսի Նոր Գիրքին
Շնորհահանդէսը
Յունիս 4-ին Թեսաղոնիկէի Բիւզանական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Եոանիս Խասիոթիսի նոր գիրքին շնորհահանդէսը եւ ներկայացումը: Գիրքը կը խօսի հայոց եւ յունաց տագնապներուն մասին, 1856-1923 թուականներու ընթացքին:
Որպէս վկայութիւն եւ արժեւորում` գիրքին մասին խօսեցան ուսումնագէտներ` փրոֆ. Սփիրիտոն Սվեթաս, պատմաբան Էֆսեւեա Լասիոթաքի եւ փրոֆեսէօրի օգնական Փեթրոս Փափափովիու:
Անոնք հաստատեցին, որ գիրքը մեծ արժէք ունի հայ ու յոյն ժողովուրդներուն համար: Պատմական իրադարձութիւնները իմանալով եւ մեր հետաքրքրութեան հայեացքը ուղղելով այդ իրադարձութիւններուն` մենք աւելի մօտէն կը ճանչնանք մեր ազգերուն պատմութիւնը եւ կը հասկնանք, թէ անոնք ինչպէ՛ս կրցան մինչեւ այս հանգրուանը հասնիլ:
Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին անունով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Գունտաքճեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Խասիոթիսին` մաղթելով անոր յաջողութիւններ եւ աւելի մեծ նուաճումներ իր կեանքի ընթացքին:
Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագրով Սիրանուշ Չալիքեան եւ Եորկիոս-Եուլիուս Փափատոփուլոս ներկայացուցին փունջ մը հայկական եւ յունական երգեր:
Փարիզ
Պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանի
Բանախօսութիւնը Կարօ Սասունիի «Լը Շասէօր»
(«Որսորդը» Գիրքի Հրատարակութեան Առիթով
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղին, 5 յունիսին Հայ մշակոյթի տան «Տեմիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ` Կարօ Սասունիի «Լը շասէօր» («Որսորդը») գիրքի հրատարակութեան առիթով, որ 1934-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած «Լեռներու խորհուրդը» գիրքին թարգմանութիւնն է:
Օրուան բանախօս, պատմաբան, դասախօս Անահիտ Տէր Մինասեան ներկայացուց Կարօ Սասունիի կեանքը, ապրած միջավայրը եւ ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը:
Շուրջ երեք ժամ տեւած բանախօսութեան ընթացքին Ա. Տէր Մինասեան դրուագներ կարդաց նաեւ «Լեռներու խորհուրդը» հատորէն: Ան անդրադարձաւ «Որսորդը» գիրքին բովանդակութեան, Կարօ Սասունիի կտրած ուղիին եւ վերլուծական ակնարկով մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ այդ ժամանակաշրջանի պատմական, գրական եւ քաղաքական անցուդարձերուն մասին` փաստերով եւ վկայութիւններով:
Միացեալ Նահանգներ
Նահատակուած Հայ Գրողներուն Նուիրուած
Հատորին Ներկայացումը
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան, 16 մայիսին միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած մեր գրողները: Մասնաւորաբար հրաւիրուած էր յայտնի գրագէտ, թատերագիր դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը` ներկայացնելու անգլերէն լեզուով հեղինակած իր «Նահատակուած հայ գրողները» գիրքը: Գիրքը կը բովանդակէ համառօտ տեղեկութիւններ` հայ ժողովուրդի պատմութեան, լեզուին, կրօնին, ճարտարապետութեան, քաղաքականութեան եւ գրականութեան պատմութեան մասին: Գիրքին մէջ ներկայացուած են նաեւ 13 տաղանդաւոր մեր նահատակ գրագէտները` ամէն մէկուն հակիրճ կենսագրականով, եւ այլ տեղեկութիւններ ու իր կողմէ անգլերէնի թարգմանուած գրական նմուշներ:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց միութեան վարչութեան փոխատենապետ եւ գրական յանձնախումբի անդամ Շանթ Յովասափեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի կենսագրական տուեալները` անդրադառնալով անոր գրական եւ թատերական ստեղծագործութիւններուն:
Այնուհետեւ Հրանդ Մարգարեան ներկայացուց իր գիրքը, ինչպէս նաեւ` 13 գրողները: Ան նկատել տուաւ, որ գիրքին նպատակը օտարներուն, նաեւ մեր երիտասարդ սերունդին հասցնելն է մեր գրական արժէքները: Իր ելոյթի ընթացքին 8 երիտասարդներ եւ պատանիներ կարդացին նահատակ գրագէտներու անգլերէնի թարգմանուած ստեղծագործական նմուշներէն:
Ամերիկահայերու Մասին «Արամ Արամ»
Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Յունիս 14-ին Լոս Անճելըսի շարժապատկերի փառատօնին առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ քաղաքի հայ համայնքի մասին պատմող ամերիկեան առաջին անկախ «Արամ Արամ» ժապաւէնը: Բեմադրիչ-հեղինակն է ամերիկացի Քրիսթոֆըր Չեմպըրզ: Ժապաւէնը կը խօսի ընտանեկան ողբերգութեան մը մասին, որուն պատճառով 12 տարեկան Արամը Պէյրութէն կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն կը հաստատէ մեծ հօր քով: Արամ կը փորձէ համակերպիլ կեանքի նոր պայմաններուն` պայքարելով աւանդական արժէքներու եւ իրեն համար անծանօթ մշակոյթի կողմէն պարտադրուող օրէնքներու միջեւ: «Փոքրիկ Հայաստան» թաղամասին մէջ ան կը յայտնուի տարբեր խմբաւորումներու բախման կեդրոնին մէջ, որ կը սպառնայ իր ապագային:
Արամի կերպարը մարմնաւորած է ամերիկահայ պատանի Ճոն Ռուհինեան, իսկ մեծ հօր կերպարը` հայ անուանի դերասան Լեւոն Շարաֆեան:
Դերեր ստանձնած են նաեւ Սեւակ Հաքոյեան, Ալլա Թումանեան, Ինկա Ստամպոլցեան եւ ուրիշներ: Բեմադրիչը նկատել տուած է, որ Լոս Անճելըսի մէջ երբեք չէ հանդիպած զգալի ներկայութիւն ունեցող ամերիկահայերու մասին պատմող ժապաւէնի մը:
Հերի Նաճարեան Կը Ստանայ
«Էլիս Այլընտ» Շքանշանը
Ամէն տարի «Էլիս Այլընտ»-ի շքանշանը կը շնորհուի 100 անձերու, որոնք ներդրում ունեցած են Միացեալ Նահանգներու բարգաւաճման մէջ:
Մայիս 9-ին տեղի ունեցաւ շքանշանի բաշխման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին «Էլիս Այլընտ» շքանշանը ստացաւ նաեւ Հերի Նաճարեան` իր ունեցած ներդրումին եւ աշխատանքին համար:
Նշենք, որ 29 տարի առաջ Ամերիկայի նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն «Ազատութեան արձան»-ի շինութեան 100-ամեակին առիթով ամերիկեան քաղաքացիութիւն շնորհած էր Նաճարեանին:
Նաճարեան յայտնեց, որ իրեն համար անակնկալ մըն էր եւ բնաւ չէր ակնկալեր, որ պիտի ստանայ «Էլիս Այլընտ» շքանշանը, որովհետեւ ինք կամաւոր աշխատանք կը տանի` առանց փոխադարձ ակնկալութեան:
Տոքթ. Թոփալեան Կը Մեծարուի Քաղցկեղի
Դարմանումի Իր Գիւտին Համար
Տոքթ. Սուզեն Թոփալեան վերջերս արժանացաւ Տէյվիտ Քառնոֆսքիի անուան մրցանակին, որ կը շնորհուի քաղցկեղի բացայայտման եւ դարմանումի մարզին մէջ յատկանշական ներդրումներ ունեցող գիտնականներուն:
Տոքթ. Թոփալեան կը պաշտօնավարէ «Ճոնզ Հափքինզ» համալսարանի բժշկական մասնաճիւղին եւ «Սիտնի Քիմըլ» քաղցկեղի կեդրոնին մէջ: Ան բժշկական վկայականը ստացած է «Թաֆց» համալսարանէն ու անկէ ետք նուիրուած է քաղցկեղի դէմ պայքարին` վիրաբուժական եւ ուսումնասիրական սպասարկութիւններ մատուցելով «Թոմըս Ճեֆըրսըն» համալսարանի հիւանդանոցին եւ Ֆիլատելֆիոյ Երեխաներու հիւանդանոցին մէջ: Ան աշխատած է նաեւ Քաղցկեղի ազգային հիմնարկին մէջ ու ապա հաստատած` իր տարրալուծարանը, ուր իր գործակիցներուն հետ կատարած է քաղցկեղի որոշ բջիջները չէզոքացնող գիւտը:
Տոքթ. Թոփալեանին գիւտը կ՛առնչուի յատկապէս յառաջացած քաղցկեղի պարագաներուն: Ան յայտնեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է քաղցկեղի դէմ պայքարին մէջ յատկանշական իրագործումներու հասած Տէյվիտ Քառնոֆսքիի յիշատակին հաստատուած այս մրցանակը ստանալը:
Լոնտոն
Թէքէեան Խնամակալ Մարմինի 35 Եւ Թէքէեան
Մշակութային Միութեան 40-Ամեակները
Մայիս 23-ին Լոնտոնի «Քոփթորն Թարա» սրահին մէջ նշուեցաւ Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմինի 35 եւ Լոնտոնի Թէքէեան մշակութային միութեան 40-ամեակները:
Օրուան հանդիսավար Թամար Մինասեանի ողջոյնի խօսքէն ետք Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմինի անդամ եւ Երեւանի «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի նախագահ Վարդան Ուզունեան շեշտեց Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմինին կարեւորութիւնը հայ համայնքէն ներս եւ անոր բազմամեայ գործունէութիւնը ի նպաստ հայ ինքնութեան, լեզուի, եկեղեցւոյ եւ մշակոյթի պահպանման:
Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմինի նախագահ Սիլվա Գրիգորեան-Ահարոնեան անդրադարձաւ Լոնտոնի Թէքէեան կառոյցներու պատմութեան` ներկայացնելով հիմնադիր անդամները: Ան նաեւ հաստատեց, որ Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմինը տակաւին աշխատանք ունի կատարելիք` ապացուցելու, որ անկարելի է արմատախիլ ընել հայ ազգը, անոր լեզուն, կրօնը, մշակոյթն ու պատմութիւնը:
Ապա ցուցադրուեցաւ Թէքէեան խնամակալ մարմինի եւ Թէքէեան մշակութային միութեան գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Լոնտոնի Թէքէեան մշակութային միութեան նախագահ Վիոլեթա Պարզանքեան-Քայթան իր կարգին շեշտեց Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմինին եւ Լոնտոնի Թէքէեան մշակութային միութեան ունեցած դերակատարութիւնը հայ համայնքի կեանքին մէջ, աւելցնելով, որ Լոնտոնի Թէքէեան մշակութային միութեան նոր կազմաւորուած վարչութիւնը նպատակ ունի շարունակելու եւ ամրապնդելու Թէքէեան մշակութային միութեան մշակութային գաղափարներն ու աւանդոյթները:
Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Արմէն Լիլոյեան կարեւոր նկատեց զոյգ տարեդարձներու նշումը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի օրերուն: Ան հաստատեց, որ Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմինը եւ Լոնտոնի Թէքէեան մշակութային միութիւնը, հաւատարիմ մնալով իրենց արմատներուն եւ հայրենիքին, ծաւալած են ազգապահպան գործունէութիւն` նպաստելով հայ մշակոյթի ճանաչման եւ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման:
Այնուհետեւ, կարդացուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին շնորհաւորական ուղերձը Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմինի 35 եւ Լոնտոնի Թէքէեան մշակութային միութեան 40-ամեակներուն առթիւ: Ուղերձին մէջ նախարարը բարձր կը գնահատէ անոնց ազգանուէր գործունէութիւնը` ի շահ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Վրաստան
Հաւաքական Մկրտութիւն Մառնէուլի
Շրջանի Ախքեորփի Գիւղին Մէջ
300 տարուան պատմութիւն ունեցող Մառնէուլի շրջանի Ախքեորփի հայկական գիւղը, հաւատարիմ քրիստոնէական հաւատքին, միշտ իր կրօնական ծէսերն ու արարողութիւնները կը կատարէր հնամեայ ու գեղատեսիլ խուճապի հայոց վանքին մէջ: Սակայն եկեղեցւոյ պատկանելութեան հետ կապուած հարցերու պատճառով, տեղի բնակչութիւնը ներկայիս զրկուած է քրիստոնէական իր ծէսերն ու արարողութիւնները կատարելու հնարաւորութենէն: Բնակչութեան հոգեւոր կեանքի պահանջները բաւարարելու նպատակով կը կազմակերպուին շրջանէն դուրս սուրբ պատարագներ, եկեղեցական տօնակատարութիւններ, հոգեւոր արարողութիւններ: Անոնց շարքին` հաւաքական մկրտութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 6 յունիսին, Ախքեորփի գիւղին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մանուկ քհնյ. Զէյնալեանի ձեռամբ:
Քահանայ հայրը իր քարոզին մէջ արժեւորեց մկրտութեան խորհուրդով այդ օրը Ախքեորփի գիւղի քրիստոնեայ բնակչութան համար անմոռանալի եւ տօնական դարձնելու կարեւորութիւնը: Ան մկրտութեան սրբազան կանոններով քրիստոնէական սուրբ միւռոնով օծեց աւելի քան 70 տարբեր տարիքի անձեր:
Այնուհետեւ գիւղի հանրային դպրոցի բակին մէջ «Տարօն» երիտասարդական համոյթին կատարողութեամբ տեղի ունեցաւ համերգ:
Աւարտին «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիթիլեան եւ Մանուկ քհնյ. Զէյնալեան մկրտուողներուն բաժնեցին մկրտութեան վկայագրեր:
Երեխաներու Պաշտպանութեան
Միջազգային Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ
Յունիս 1-ին Պաթումի մէջ տեղի ունեցաւ Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ, որուն հրաւիրուած էին Պաթում բնակող կարիքաւոր հայ ընտանիքներու աւելի քան 20 երեխաներ: Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցան խաղեր, հիւրասիրութիւն, իսկ աւարտին յուշանուէրներ բաժնուեցան երեխաներուն: