Կարմիր Գրիչով. Նոր Աշխարհը Եւ Զանգուածներուն Մօտ Գիտակցութիւն Յառաջացնելու Միջոցները
ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Երբ կը խօսինք նոր աշխարհին մասին, կ՛ակնարկենք ամբողջութեամբ տարբեր բանի մը, քան ինչ որ է նախկին աշխարհը: Կ՛ակնարկենք նոր կացութաձեւի, նոր համակարգի, ընկերային արդարութեամբ օժտուած նոր իրավիճակի մը, որ կամուրջները քանդած ըլլայ, գոյութիւն ունենալու իրաւունքը կորսնցուցած` հինցած կացութաձեւերուն եւ իրավիճակներուն հետ: Այդքան ալ ճիշդ չէ այն մտածումը, որ նորը կարելի է ստեղծել հինին բարենորոգումին ընդմէջէն: Նորը կարելի է...

















