Եկեղեցասէր Մայրիկիս. (Օսաննա Գրաճեանի Քառասունքին Առիթով)
ՍՈՆԱ ՖՍՏԸԳՃԵԱՆ Արեւոտ, փայլուն կիրակի առաւօտ մըն էր, երբ դուն, մայրի՛կ ճան, աչքերդ փակեցիր` ձեռքերդ ձեռքերուս մէջ: Յանկարծ անդրադարձայ, որ ալ չէին դողար նիհար ու յոգնած ձեռքերդ: Նուրբ ու բարակ անգոյն մատներ կը մատնէին, թէ որքա՜ն յոգնած ու տառապած էին անոնք: Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերն» էին անոնք, որոնք յարատեւ աշխատանքի լծուած էին ի սպաս զաւակներուդ ու թոռնիկներուդ, մօտիկ կամ հեռաւոր...
















