Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յունուար 7-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ ժողովուրդի նուիրեալ հոգեւորականներէն եւ հայ լեզուի մեծավաստակ մշակներէն հայր Արսէն Այտընեանի:
Կենսագրական աղբիւրները շատ մանրամասնութիւններ չեն փոխանցեր Վիեննայի Մխիթարեաններու աբբահօր պաշտօնին արժանացած հայր Արսէն Այտընեանի մասին, որ իբրեւ հոգեւորական իր անունին կապած է անձնդիր ծառայութեան, մանկավարժական գործունէութեան եւ խմբագրական աշխատանքի բեղուն վաստակ մը:
Իսկ մեծ է թիւը այն լեզուագէտներուն ու քերականագէտներուն, որոնք միաձայնութեամբ կը վկայեն, թէ հայր Արսէն Այտընեան «նոր դարագլուխ» բացաւ հայոց լեզուի գիտական ուսումնասիրութեան, մշակման ու հարստացման մէջ:
1866-ին աբբահայր իր ընտրութենէն մինչեւ 1902-ի իր վախճանը, հայր Արսէն Այտընեան անխոնջ գիտաշխատողը դարձաւ հայերէնի ճանաչողութեան:
Լեզուագէտի, քերականագէտի ու հայագէտի իր վաստակով ան դարձաւ հայոց աշխարհաբարի գիտական ուսումնասիրման եւ կարգաւորման նախակարապետը, որուն մօտեցումներն ու տեսաբանական եզրայանգումները մինչեւ այսօր ուղեցոյցի նշանակութիւն ունին:
Իբրեւ այդպիսին` հայագիտութեան եւ հայերէնագիտութեան մէջ անվիճելի գագաթ մը եղաւ հայր Արսէն Այտընեան, որուն գործն ու արժէքը շարունակ պէտք է յուշել հայոց նորահաս սերունդներուն, որովհետեւ մեծավաստակ գիտունի իր ժառանգութիւնը վաւերական աղբիւր է ոչ միայն ազգային մեր հպարտութեան, այլեւ` հայոց լեզուն տեւաբար թարմացնելու եւ հարստացնելու բացառիկ նուիրումին:
Ինչպէս որ Մինաս Թէօլէօլեան կը վկայէ իր «Դար մը գրականութիւն» գործին Ա. հատորին մէջ, «Հայր Արսէն Այտընեանի «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի» կոթողական աշխատանքը (1866) անգերազանցելի կը մնայ մինչեւ այսօր, զոյգ միաբանութիւններու քերականական վաստակին մէջ: Աշխարհաբար լեզուի ծագման, զարգացումին եւ կարելիութեանց շուրջ իր լայն խորացումներով այս աշխատանքը նաեւ մե՛ր օրերու քերականներուն համար աղբիւր է եւ մեկնակէտ` գիտական հաստատումներու, ծանօթութեանց լայն աշխարհի մը: Լեզուական առողջ տեսակէտներ իր համոզումները կը ձգտին արդի հայերէնը ճոխացնել, զարգացնել ու պատուաստել գաւառական առութիւններով, ընդունելով հանդերձ կեանքին եւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան պատշաճելու ստիպողութիւն մը: Այտընեան նաեւ ձայնն էր ողջմտութեան` լեզուական այն պայքարին մէջ, որ կը մղուէր գրաբարեաններու եւ աշխարհաբարեաններու միջեւ. «Արձակունակ եւ անպատասխանատու ձեւով մը աշխարհաբար լեզու «կերտելու» անիշխանութեան դէմ` ի՛նքն էր, որ լսելի դարձուց քերականական կարգապահութեան մը ենթարկուելու, չծանծաղելու կարգախօսը»:
Հայր Արսէն Այտընեան ծնած էր 7 յունուար 1825-ին, Պոլիս, ուր չորս տարի նախակրթարան յաճախելէ ետք, 10 տարեկանին, 1835-ին, ղրկուած էր Վիեննա` Մխիթարեան միաբանութեան աշակերտելու համար:
Ուսումնատենչ պատանիին առջեւ բացուեցաւ ոչ միայն հոգեւորական իր կոչումը իրականացնելու լայն ասպարէզ, այլեւ` լեզուագիտական եւ բանասիրական իր ունակութիւններն ու հետաքրքրութիւնները բաւարարելու եւ ընդլայնելու անպարագիծ աշխարհ մը:
Հայր Արսէն Այտընեանի կեանքը այդպէ՛ս հարստացաւ ու հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը հարստացուց կոթողական գործերով:
Նորօծն վարդապետին երիտասարդական տարիները անցան Զմիւռնիոյ եւ Կ. Պոլսոյ մէջ, ուր ան կոչուեցաւ կրթական բեղուն գործունէութեան` միաժամանակ իր բոլոր ուժերով նուիրուելով լեզուաբանի գիտական աշխատանքին:
Հայր Այտընեան լեզուներ սորվելու բացառիկ ընդունակութիւն ունէր եւ հին թէ նոր 7 լեզուներու` հայերէնի կողքին իտալերէնին, ֆրանսերէնին, անգլերէնին, գերմաներէնին, արաբերէնին եւ թրքերէնին կատարելապէս կը տիրապետէր:
1866-ին ընտրուեցաւ աբբահայր Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան եւ այնուհետեւ, մինչեւ մահ, երեք ուղղութիւններով մեծարժէք վաստակ մը կապեց իր անունին:
Իբրեւ մանկավարժ` ամբողջ սերունդներ հասցուց իր մտքի եւ հոգիի շունչով ու լոյսով:
Իբրեւ հայ մտքի մշակ` 1887-ին հիմը դրաւ Վիեննայի Մխիթարեաններու «Հանդէս Ամսօրեայ» գիտական պարբերականին, որ իր անխափան հրատարակութեամբ եւ հրապարակ բերած մտաւորական ուժերով ուրոյն դպրոց մը դարձաւ հայոց հետագայ սերունդներուն համար:
Իսկ յատկապէս լեզուագիտական, քերականագիտական եւ բանասիրական աշխատութեանց բնագաւառին մէջ հայր Արսէն Այտընեան նուաճեց բարձունք մը, որ հայ ժողովուրդի մեծանուն անմահներու շարքին արժանաւոր տեղ ապահովեց իրեն:
1866-ին հրատարակուած իր կոթողական «Քննական քերականութիւն» գործէն ետք, հայր Արսէն Այտընեան տարիներով աշխատեցաւ Է. Վ. Չալըխեանի «Քերականութիւն հայկազեան լեզուի» մեծարժէք գործին վրայ եւ մշակուած տեսքով զայն հրատարակեց 1885-ին:
Հայր Արսէն Այտընեան ապրեցաւ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ լեզուագիտութիւնը ընդհանրապէս կը բոլորէր որոնումներու հանգրուանը: Մինչ այդ լեզուագիտութեան մէջ կ՛իշխէր բնագիտական դպրոցը, որ լեզուներուն կը նայէր իբրեւ բնական օրկանիզմներ` լեզուներու կազմաւորման ու զարգացման մէջ վճռորոշ նշանակութիւն տալով բնախօսական գործօններուն: Այտընեան կանուխէն վիճարկեց բնագիտական դպրոցի ընդհանուր մօտեցումը եւ ընտրեց հասարակական հայեցակարգը` լեզուներու բնաշրջական զարգացման տեսութեան փարելով եւ մայրենի լեզուազգային հասարակութիւն փոխազդեցութեան տալով հիմնական կարեւորութիւն:
Այդ մօտեցումով հայր Արսէն Այտընեան լծուեցաւ հայոց լեզուի զարգացման հոլովոյթը գիտականօրէն բնորոշելու, բնաշրջման փուլերու բաժնելու եւ դասակարգելու աշխատանքին: Հին հայերէնի պատմական զարգացման տարբեր շրջանները, միջին հայերէնի յառաջացումն ու բիւրեղացումը, բայց մանաւանդ աշխարհաբարի երկու ճիւղերով` արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով զարգացումը գիտական հայեցակարգի բերուեցան Այտընեանի աշխատասիրութիւններով:
Նոյնպիսի ընդգրկումով ան լծուեցաւ նաեւ հայոց բարբառներու ուսումնասիրութեան եւ գիտական վերծանման` աշխարհագրական բաժանումներու հիման վրայ անոնց իւրայատուկ բարեշրջման հոլովոյթը ներկայացնելով եւ համապատասխան դասակարգում կատարելով:
Ինչպէս որ «Հայկական սովետական հանրագիտարան»-ին մէջ հայր Արսէն Այտընեանի նուիրուած իր ներկայացման մէջ Ա. Աբրահամեան դիտել կու տայ, մեծավաստակ լեզուագէտը անշուշտ իր որոշակի ծայրայեղութիւններն ալ ունեցաւ: Օրինակի համար, հայր Ա. Այտընեան հայոց լեզուի բնաշրջական հոլովոյթը հայոց հասարակական զարգացման կշռոյթին հետ կապելու իր հետեւողական ճիգին մէջ յանգեցաւ բացարձակապաշտութեան` պաշտպանելով այն տեսակէտը, որ Ք.Ե. 5-րդ դարուն հայ ժողովուրդի ռամիկ խաւերն ու իշխանաւոր ազնուականութիւնն ու կղերը իրարմէ տարբեր հայերէններ կը գործածէին:
Բայց այդ չափազանցութիւնները ոչինչ կը պակսեցնեն Հայր Արսէն Այտընեանի մեծավաստակ ներդրումէն` հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան գանձարանին մէջ: Ընդհակառա՛կն, կը շեշտեն իր գործին եւ վաստակին հսկայական արժէքն ու կարեւորութիւնը` հայոց լեզուն արդի ժամանակներու գիտական պաշարով ուսումնասիրելու եւ կարգաւորելու կենսական բնագաւառին մէջ:
Իբրեւ այդպիսին` 1902 թուականի յուլիս 8-ին իր քրտնաջան աչքերը փակած Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայրը արժանաւորապէս կը հանդիսանայ նահապետը նոր ժամանակներու հայութեան լեզուագիտական զարթօնքին:
Եւ նոյնիսկ մեր օրերուն իր հնչեղութիւնը կը պահպանէ պատգամի վերածուած հայր Արսէն Այտընեանի այն եզրայանգումը, թէ`
«1. Պէտք է նկատել աշխարհաբարն իբրեւ դիւրացուցիչ եւ իբրեւ առաջին աստիճան` գրաբարի ելլելու: 2. Պէտք է նկատել գրաբարն իբրեւ էապէս հարկաւոր` աշխարհաբարի կատարելութեանը: Ասանկո՛վ կարելի է տեսնել մեր ներկայ եւ ապագայ գրականութեան պայծառութիւնը: Աշխարհաբարը գրաբարէն ինչպէս իր ծնունդն առած է, նոյնպէս դեռ իր զարդարանքը, մանաւանդ թէ դեռ իր հոգին ու շունչը կ’առնէ: Միշտ ստոյգ կը մնայ թէ նոր լեզուի մը բոլոր գանձը հինին մէջն է, եւ հինն ստացողը տիրած է նորին»: