Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (567). «Աստուած Չընէ»

Յունուար 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Որքան ալ անօրինակ դժբախտութեան դիմաց սրտի խորերէն ցաւագին դառնութիւն մը արտայայտեր են` «Ո՞ւր էիր Աստուած» ըսելով, գիտենք, որ Աստուած հոս է միշտ եւ դարձեալ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ամէն լաւ բանի համար: Դուք մէկ օրուան ընթացքին քանի՞ անգամ «Փա՛ռք Աստուծոյ» կ՛ըսէք: Ասիկա թէեւ այլեւս մեքենաբար արտասանուած խօսք է, այնուհանդերձ, Աստուծոյ նկատմամբ երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան արտայայտութիւն է: Սա ալ կայ: Մարդիկ «Փառք Աստուծոյ» ըսել` ո՛չ միայն եղած լաւ բանին համար փառք տուած կ՛ըլլան Աստուծոյ. այլ կարծես ապահոված կ՛ըլլան նաեւ ապագայ վտանգներէ զերծ մնալու հաւանականութիւն մը: Եթէ դուն գիտես գնահատել Աստուծոյ բարիքները, Աստուած ալ քեզ կը պաշտպանէ փորձանքներէ:

Բայց այդ փորձանքները կան: Փորձանքները մեր դիմաց կ՛ելլեն թէ՛ պատահարներու կամ աղէտներու ձեւով, թէ՛ մարդու կերպարանքով: Այս պարագային ընդհանրապէս գործածուած տարազ է` «Աստուծոյ փորձանքը» ասութիւնը: Մանաւանդ չար, անսիրտ, վնաս պատճառող, տուն քանդող մարդիկը մեզի համար «Աստուծոյ փորձանք»-ներն են: Այս տեսակ մարդոց դիմաց կը զարմանանք: «Ասոնք Աստուծմէ չե՞ն վախնար», կ՛ըսենք: Աստուծմէ վախնալ անշուշտ ամէն բանէ առաջ հաւատքի խնդիր է: Ասիկա մաքուր վախ մըն է, վախ մը, որ իր դերակատարութիւնն ունի մարդիկը բարութեան ու ազնուութեան շրջանակին մէջ պահելու մէջ: Մենք կը վախնանք Աստուծմէ եւ մեզ շրջապատող չար մարդոց  ալ կրնանք ըսել` «Աստուծմէ վախցիր»: Նոյնիսկ կրնանք ըսել` «Աստուծմէ վախցիր, մա՛րդ Աստուծոյ»: «Մարդ Աստուծոյ»: Ասիկա ալ ահաւասիկ շատ գործածական է մեր բերնին մէջ, քանի որ ան մէկու մը դիմաց կամ մէկու մը հասցէին խօսք ուղղելու բացագանչութիւն մըն է: Նմանողաբար ունինք նաեւ «Գառն Աստուծոյ» ասութիւնը, թէեւ` քիչ գործածական, որ կը նշանակէ «Աստուծոյ բարի ու գառնուկի պէս մարդը»:

Աստուծմէ վախնալու տրամադրութիւն հիմնուած է այն հաւատքին վրայ, թէ` «Աստուած կը տեսնէ»: Աստուած ամէն ինչ կը տեսնէ, Աստուծմէ գաղտնի ո՛չ մէկ բան կրնաս ընել: Աստուած կը տեսնէ ու կը պատժէ: Այս պատճառաւ ալ «Աստուած կը տեսնէ» ասութիւնը կը դառնայ դիմացինին ազդարարութիւն ուղղելու, դիմացինը երկիւղածութեան եւ բարեգործութեան հրաւիրելու ասութիւն: Որպէս հաւատաւոր քրիստոնեայ` մենք այս` «Աստուած կը տեսնէ» ասութիւնը մեր սրտին կը սեղմենք ու այլեւս չենք հարցներ, թէ ի՞նչ կը պատահէր, եթէ մտածէինք, որ Աստուած ամէն բան չի տեսներ: Մարդիկ աւելի՞ չար եւ անիշխանական կը դառնային, չարագործութիւնը աւելի՞ կը սաստկանար: Հարցում մը, որ պատասխան կը ստանայ հոգեբանութեան խորհրդաւոր ոլորտներէն: Հոգեբանը պիտի ըսէ, որ բարին բարի ստեղծուած է, չարն ալ` չար, բարին չի կրնար բարի չըլլալ, չարն ալ չի կրնար չար չըլլալ: Աստուծմէ վախնալը պարզապէս կը զօրացնէ բարի մարդոց կամքը: Չար մարդիկը ինչո՞ւ վախնան Աստուծմէ:

Աստուծմէ:

Այս ալ յաճախ չի՞ հնչեր մեր շրթներուն վրայ: «Ինկայ, Աստուծմէ` մէկ տեղս չկոտրեցաւ»: «Հիւանդացայ. Աստուծմէ շուտ ապաքինեցայ»: Հոս ալ բոլոր լաւ բաներու մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ բարի հոգածութիւնը: Բայց, Աստուա՞ծ իմ, մենք որքա՜ն շատ ասութիւն ունինք Աստուծոյ վրայ: «Աստուած իմ»: Ահա ուրիշ ասութիւն մըն ալ, որով կ՛արտայայտնեք մեր զարմանքն ու հիացումը: Այս ասութիւնը ինչպիսի, հզօր շեշտ մը կը դնէ մեր զարմանքին ու հիացումին վրայ: «Աստուա՛ծ իմ, այս ի՛նչ անակնկալ այցելութիւն է»: «Աստուած իմ, այս ի՛նչ յաջող ներկայացում է»:

Վերջ չունի: Իսկապէս անհաւատալիօրէն շատ են «Աստուծմով» շինուած ասութիւնները, եւ մենք զանոնք կը գործածենք նոյնիսկ առանց անդրադառնալու, որ Աստուծոյ անունը կ՛արտասանենք այդ կերպով: Եթէ բարձրաստիճան հոգեւորականի մը հետ հանդիպում ունենանք, եւ եթէ գիտենք եկեղեցական կանոնները, «Աստուած օգնական» կ՛ըսենք: Ան ալ կը պատասխանէ` «Աստուած պահապան»:

Աստուծոյ վկայութիւնը կը կանչենք նոյնիսկ երդում մը ընելու համար: «Աստո՛ւած վկայ»: Աստուած վկայ, ես յանցաւոր չեմ» Աստուա՛ծ վկայ, ես չըրի այս բանը»:

Եթէ մեր մէկ փափաքը իրականանայ, կ՛ուրախանանք: «Աստուած լսեց իմ ձայնը»:

Եթէ կը պասենք մօտալուտ բարի եղելութիւն մը, կը սիրենք ըսել` «Աստուած զիս արժանի ընէ տեսնելու»:

Եթէ մեր դիմացը տխմարութիւն մը տեսնենք, կ՛ըսենք. «Աստուած խելք տայ»:

Գողերու կամ խարդախ մարդոց իրարու հետ ունեցած խարդախութիւնները տեսնելով ալ կրնանք ըսել`

«Գողը գողէն գողացաւ, Աստուած տեսաւ զարմացաւ»:

Ժողովուրդն ալ ըսեր է` «Աստուած մարդուն մէկ ձեռքով կու տայ, միւս ձեռքով կ՛առնէ»:

Չար մարդոց հասցէին ալ մէկ խօսք ունինք. «Աստուծմէ գտնէ»: Հոս ալ պոլսահայ բարբառը ունի մեղանչում մը: Պոլսահայը շատ կը սիրէ ըսել` «Աստուած պէլան տայ»: «Պէլա» թրքերէն բառին համար հայերէնի մէջ չենք կրցած գտնել ուրիշ բառ մը, որ այնքան «համով» ըլլայ, որքան է, «Պէլա» թրքերէն բառը:

Որպէս քրիստոնեայ մարդ` կ՛ուզենք հաւատարիմ մնալ տասը պատուիրաններուն: Բայց մէկ հատին նկատմամբ հաւատարիմ չենք: Ըսուած է` Աստուծոյ անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես»: Մենք որքան յաճախ բերան կ՛առնենք Աստուծոյ անունը: Օր մը  պիտի պատժուի՞նք: «Աստո՛ւած չընէ»:

Նախորդը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Ս. Ծննդեան Պատգամը. Յոյսով Նայինք Փրկիչին

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ամօթալի Օտարամոլութեամբ Ենք Տառապում

RelatedPosts

Հունձքի Առիթով
Անդրադարձ

Հունձքի Առիթով

Յուլիս 10, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Խոնարհութիւնը Ապացուցող Փաստագրական Հրապարակում
Անդրադարձ

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Խոնարհութիւնը Ապացուցող Փաստագրական Հրապարակում

Յուլիս 10, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Գովաբանական Խօսքեր Չենք Ուզեր
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ղեկավարութիւն Եւ Յարգանք. Հայ Եկեղեցին Արժանի Է Լաւագոյնին

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?