Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անունին Վայել Ընկ. Վահան Յովհաննիսեանը

Յունուար 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Յունուար 3-ին հողին յանձնուեցաւ հայ ժողովուրդի ու Դաշնակցութեան հաւատաւոր գործիչ Վահան Յովհաննիսեանը: Ընդելուզուեցաւ այն հողին հետ, որուն անկախութեան, անվտանգութեան, պետականաշինութեան համար ճիգ ու ջանք չէ խնայած` վաղաժամ մահուան անխուսափելի լեղին համտեսած հանգուցեալը:

10868070_654195144691435_4210103950411284569_n1998, Հալէպ, Կրթասիրաց սրահ, ՀՅԴ հիմնադրութեան 108-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան պատգամախօսն է Հայաստանէն ժամանած ու քաղաքական պատճառներով արգելափակումէ նոր ազատ արձակուած Վահան Յովհաննիսեանը: Պատանի էի , չեմ յիշեր` օրին ի՛նչ խօսեցաւ ան:  Միայն կը յիշեմ, թէ ժողովուրդը մեծ հետաքրքրութեամբ եւ քար լռութեամբ կը հետեւէր պատգամին, մերթ ընդ մերթ ծափողջոյններով կ՛ընդհատուէր անոր խօսակցութիւնը, իսկ խօսքի աւարտին այդ ծափողջոյնները կ՛երկարին ու կը թնդացնեն սրահը: Հալէպահայութիւնը երախտապարտ էր ու բարձր կը գնահատէր գաղափարի եւ սկզբունքի համար հալածանքի ենթարկուած կուսակցական գործիչը:

011215vahan-KevorkՏասը տարի անց, 2008, դարձեա՛լ Հալէպ, «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրատուն: «Գանձասար»-ին համար հարցազրոյց ունիմ այդ օրերուն ՀՅԴ-ի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու առաջադրուած ընկ. Վահանին հետ: Թէեւ ճշդուած ժամէն տասը վայրկեան առաջ խմբագրատունն էի, սակայն ընկ. Վահանը ինձմէ առաջ արդէն  իսկ խմբագրատունն էր… Պրկուած ու կաշկանդուած էի քիչ մը: Կարճ ծանօթացումն ու ընկեր Վահանին վայել սրամիտ կատակները վերացուցին պրկուածութիւնս: Չեմ չափազանցեր, եթէ ըսեմ, թէ երկուքուկէս ժամ տեւած հանդիպումը հինգ վայրկեանի պէս անցաւ: Խօսող գիրք մը, հանրագիտարան մըն էր կարծէք զրուցակիցս: Ան քաջածանօթ էր Հայաստանի ներքին ու արտաքին բոլոր ծալքերուն, դրուածքին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ընկերատնտեսական պայմաններուն եւ հմուտ մտաւորականի իր կերտուածքով կշռադատուած, հեռատես եւ խոհեմ վերլուծումներ կը կատարէր:  Իրապաշտ էր, բայց` ո՛չ յոռետես: Աւելի՛ն. անոր մէջ կար դաշնակցական գրականութեամբ զարգացած դաշնակցական տիպարի մարմնաւորումը: Ան իր մէջ կրցած էր մարմնաւորել տասնամեակներու վրայ Դաշնակցութեան շարքերէն անցած բոլոր նուիրեալներուն ազնուական յատկութիւնները` ընկերասիրութիւն, հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն, քաջութիւն, ծառայասիրութիւն, բարոյական բարձր արժանիքներու եւ սկզբունքներու կառչածութիւն:

Արդարեւ, իր յատկութիւններուն եւ մանաւանդ ազգանուէր գործին համար Վահան Յովհաննիսեան անունը արդարօրէն ու ոսկեայ գիրերով կը մտնէ հայոց պատմութեան անդաստանը: Անուն մը, որ իր բառացի իմաստով անգամ ճշգրիտ արտացոլումն է ընկերոջ գործունէութեան: Վահանը զինուորը պաշտպանող սկաւառակն է, իսկ Յովհաննէս հնազանդութիւն կը նշանակէ: Այո՛, ընկեր Վահանը եղաւ այն պողպատեայ վահանը, որ պաշտպանեց հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը, ինչպէս նաեւ հնազանդ զաւակը` իր ազգին ու հայրենիքին:

Յիշատակը անթառամ պիտի մնայ ընկ. Վահանին:

3  յունուար 2015

Նախորդը

Վահան Յովհաննիսեանը Եւս Ամփոփուել Է Պանթէոնում

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Աւա՜ղ… «Մայրամուտ»

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?