Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրադարանս

Յունուար 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

11415ԳիրքԻնծի կը մնար միայն շնորհակալութիւն յայտնել եւ, աւելի՛ն, երախտապարտ մնալ:

Ուրիշ ոչի՛նչ: Այդ օր երկու մանչերս, տարեդարձիս առթիւ, մեր նստասենեակի պատերէն մէկը ծածկող, ապակիէ վեց փեղկերով զարդարուած գրադարան մը գնած ու ինծի նուիրած էին: Ամբողջ օրը այսպէս պոռալով, կանչելով, բարկանալով եւ քրտնելով` երկուքը միասին աշխատած, անոր կտորները միացուցած եւ վերջապէս գրադարանը տեղաւորած էին իր ճշդուած տեղը: Հիմա կարգը իմս էր:

Տարիներով, մեր կարաժին մէկ անկիւնը, տասը համրանքը անցնող տուփերու մէջ, իրարու վրայ թխմուած ու սեղմուած հայերէն գիրքերս ու դասագրքերս վերջապէս դէպի լոյս աշխարհ պիտի բերէի իրենց ակամայ «բանտէն», փոխարէնը` չոր պատերով մեր սենեակը տարբեր գոյն պիտի ստանար իսկ սիրտս ալ` հպարտութիւն ներշնչող բան մը:

Արագօրէն սկսայ աշխատանքիս: Նախ կարաժէն տուփ առ տուփ շալկելով գիրքերս սենեակ բերի: Կինս ալ, իր կարգին, մէկ առ մէկ անոնց փոշիները առնելով զբաղուեցաւ:

Հիմա իմ պարտականութիւնս էր զանոնք շարել եւ կարգով դասաւորել:

– Նայէ՛, կանոնաւո՛ր դիր, պատմականները քով քովի, միւսները` այդպէ՛ս, չխառնե՛ս, անկանոն չշարե՛ս, սխալ չտեղաւորե՛ս,- տեղատարափ անձրեւի նման կնոջս ցուցմունքները երկվայրկեանի մը մէջ կը թրջէին ուղեղս:

Ինծի համար այս «խրատականները» եւ մանաւանդ թելադրանքները նորութիւններ չէին: Վերջին հաշուով, ամէն բանէ առաջ, ինծի ընթերցումն էր էականը եւ ուրիշ ոչ մէկ բան:

– Կիները այդպէս են,- քմծիծաղով մը մտքէս ինքնիրենս կ՛ըսէի,- կը կարծեն, որ իրենցմէ զատ ուրիշ ոչ ոք կոկիկ ու կանոնաւոր կրնայ ըլլալ: Ատոր համար առատօրէն խելք կու տան, ցուցմունք ու խրատականներ կը կատարեն ու քու էրիկմարդու նկարագրի թելերէդ մէկը նշանակէտ դարձնելով` կը փորձեն զայն անխնայ հարուածել: Բայց եւ այնպէս, առանց պատասխանելու, հնազանդ աշակերտի մը նման, կամ աւելի ճիշդ` իր մօրը խօսքը մտիկ ընող տղու մը պէս, անցայ գործիս, այդ «սրբազան» աշխատանքիս ու մէկիկ մէկիկ փոշիներէն ձերբազատած գիրքերն ու ամսագիրները սկսայ շարել:

Ի՜նչ մեղքս պահեմ` «մուխս մարեցաւ» եւ «արիւն քրտինք» մտայ, բայց եւ այնպէս, առանց ձայնի ու աղմուկի գործս ամբողջացուցի: Չեմ գիտեր` այս բոլորը ինձմէ որքա՛ն ժամանակ խլած էին: Միայն այն գիտեմ, որ կինս, բաւական ատեն ետք, յանկարծ «շնորհաւոր ըլլայ» մը ըսելով` գաւաթ մը սուրճ հրամցուց:

Նստայ բազկաթոռիս վրայ ու աչքիս ծայրովը սկսայ դիտել կարգի շարուած ու կեցած «Վարուժան»-ն ու «Չարենց»-ը, «Րաֆֆի»-ն ու «Մալխաս»-ը, «Համաստեղ»-ն ու «Ահարոնեան»-ը: Դասագիրքերուս կողքին, զգուշաւոր, տեղաւորած էի «Դար մը գրականութիւն»-ը, իսկ, քիչ մը անդին` «Հայրենիք» ամսագիրներու եւ «Ամէնուն տարեգիրք»-երուն շարանը: Բոլորը անխտիր, նորագրեալ զինուորի մը հնազանդութեամբ, զիս կը դիտէին ու անզգալաբար դէմքիս տարբեր փայլ մը կու տային, ծանօթ ու անծանօթ փայլ մը, որ միաժամանակ կը յուզէր զիս: Իւրաքանչիւր գիրքի տեղադրման` բացած էի անոնց առաջին էջը եւ` արագ մը աչք նետած: Էջեր, որոնք իրենց հապճեպ այս տողանցումին մէջ ինծի կը հրամցնէին անուշ յուշեր եւ սրտիս ալ` անօրինակ զարկեր: Այս էր գանձս: Հալէպէն, մէկ առ մէկ, խնայած դրամներովս գնած, կամ վկայականներուս առթիւ ազգականներէս նուէր ստացած, երբեմն ալ թերթօն առ թերթօն հաւաքած եւ ապա ամբողջութեան մը վերածած այս հարստութիւնս թափառական կեանքիս ընկերակիցը դարձուցած էի: Այսպէս, ծննդավայրէս մինչեւ Պէյրութ եւ անկէ ետք` Ամերիկա-Տիթրոյթ, Միշիկըն եւ վերջապէս հոս` Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա: Խե՜ղճ գիրքեր, կարծես չէին բաւեր իրենց էջերուն անկիւնները ծածկող անխնայ մատներուս հետքերը, տարիներով հետեւած էին կեանքիս բոլոր քայլերուն ու ամէն անգամ կամաւոր եւ` արագօրէն իմ կարիքներուս օգնութեան հասած:

Կը դիտեմ զանոնք: Իրենք ալ` զիս: Վանդակէն դուրս փախչող թռչուններու նման, հիմա անոնք իրենց բանտուած տուփերէն դուրս գալով` պիտի վայելէին ազատութիւնն ու հիւրերուս գնահատական խօսքերը: Սուրճի անգիտակից բարձրաձայն ումպերուս հետ, երիտասարդ սիրահարի մը հիացմունքով, դարձեալ անկուշտօրէն զիրենք կը փորձեմ դիտել, եւ ուղեղիս մէջ հազար բաներ կը սկսին պտտիլ: «Ահա՛ քեզի գրադարան,- կ՛ըսէր դարձեալ յոգնած միտքս,¬ գնա՛, վայելէ՛ ու յարգը գիտցի՛ր»:

Գրադարա՜ն: Արդեօք, ո՞վ էր զայն մեր տուն հրաւիրողը: Կէս դար առաջ էր, երբ բազմամարդ եւ մեծ բակի մը ամէնէն մեծ սենեակներէն մէկուն մէջ, ծնողքիս հետ, երեք եղբայրներով կը մեծնայինք: Այդ օրերուն մեր մանուկ մտքերուն մէջ գրադարան բառը իր իսկական իմաստն ու կերպարը տակաւին չէր հագած: Ու չէինք բողոքած: Մէկ սենեակի մէջ կ՛ապրէինք: Աւելորդ տեղ չունէինք: Անոր համար մայրս մեր տան բոլոր գիրքերը, հօրեղբայրներէս եւ քահանայ մեծ հօրմէս մեզի ժառանգ մնացած ամսագիրներն ու թերթերը, աղօթագիրքերն ու «Նարեկ»-ը տեղաւորած էր տախտակէ մեծ սնտուկի մը մէջ ու զայն պահած` մահճակալին տակը: Այս էր մեր «գրադարանը»: Փակուած: Անխօս եւ անտեսանելի: Հայրս «Արեւելք»-ի բաժանորդ էր եւ մանաւանդ` գիրքի «խենթ»: Նոյնիսկ անոր հաւաքած թերթօնները կ՛արժանանային գիրքերուն ճակատագրին եւ տարուէ տարի աւելնալով` անխօս ու լուռ կը շատցնէին սնտուկէ գրադարանին պարունակութիւնը:

Գրադարա՜ն: Նախակրթարանի հայոց լեզուի ուսուցիչս էր, որ առաջին անգամ զիս անուղղակիօրէն դէպի գրադարան առաջնորդած էր:

¬ Մէկ շաբաթէն անպայման պէտք է կարդացած ըլլաս Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին»-ը,- յանձնարարած էր ուսուցիչս` պարոն Փիլիպոս Դերձակեանը:

Ո՞վ կրնար չհնազանդիլ: Ու նոյն երեկոյեան, առաջին իսկ հերթին, հօրս արտօնութեամբ, դիմած էի մեր տան «գրադարան»-ին ու զայն պեղած` այն յոյսով, որ թերեւս այդ գիրքը հոն պիտի գտնէի: Չկա՛ր: Չունէինք: Ստիպուած, կիրակի առաւօտ մը, եկեղեցիէն ետք, մեծ եղբօրս ընկերանալով` կ՛ուղղուէի մեր քաղաքի ակումբը, որ հարիւրաւոր գիրքերով հարուստ գրադարան մը ունէր: Լայն ու մեծ այդ բակին ձախ կողմը, քարաշէն երեք հսկայ պատուհաններով սենեակին ճակտին, փոքր տախտակի մը վրայ գրուած էր «Քրիստափոր գրադարան»: Ի՜նչ անմեղ էր կեանքը այդ օրերուն: Այդպէս ալ մեծցանք: Մեզ այդպէս դաստիարակեցին մեր ծնողքն ու դպրոցը, ու մանաւանդ` մեր ակումբը: Կը պատահէր, որ յաճախ «Քրիստափոր գրադարան»-ը չունենար մեր նախընտրած գիրքը, մեզ կը ղրկէին Նոր Գիւղ, տեղւոյն «Վարանդեան գրադարան»-ը:

Տուն եւ դպրոց միասնաբար, գրեթէ ամէն ամառ կամ ամէն արձակուրդի օր, զիս մղեցին դէպի անհատնում ընթերցման գիրկը: Կարդա՛լ ու միա՛յն կարդալ: Կարդալ` մեր սենեակին մէջ, երբ հիւր չունէինք, իսկ հակառակ պարագային` տանիքը եւ կամ ալ` հանրային պարտէզը: Կարդալ ու մեր ազատ ժամերը կարդալով հալեցնել:

Յանկարծ անդրադարձայ, որ երկար ատենէ ի վեր շշմած, նստած տեղս, աչքերս յառած եւ գամած էի գրադարանիս վրայ: Մատներուս մէջ ամրօրէն բանտարկուած մնացած էր սուրճիս գաւաթը: Իսկ հեղուկը` շատոնց պաղած: Նորածին մը ունենալու չափ, առաջին զաւկի մը աշխարհ գալու զգացումով խանդավառուած նայուածք մըն էր կարծես. խորունկ ու երկար: Դիտած էի բոլորը: Ու չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, մտքիս խորէն ծնած վախ մը զիս տարբեր մթնոլորտի մը մէջ նետած էր: Մտահոգութիւն մը, որ հետզհետէ սարսափազդու դառնալ սկսած էր: Կը կրծէր միտքս ու հոգիս: Պարզ խօսքով, սարսափի նմանող բան մըն էր այս մէկը, որ կամաց կամաց կը քանդէր բոլոր տրամադրութիւններս:

Սարսափ եւ մտատանջութիւն… Ո՞վ պիտի մղէ մեր երիտասարդները հայերէն գիրք կարդալու եւ, աւելի՛ն, ո՞վ պիտի առաջնորդէ զիրենք դէպի հայկական գրադարան:

Աւելի՛ն. գրադարանիս գիրքերը վերջին հաշուով որո՞ւ համար էին: Գիրքերս, որոնցմէ շատերը քանի մը անգամ կարդացած ըլլալու հպարտանքը միշտ ունեցած եմ, ասկէ ետք մեր տան մէջ ո՞վ պիտի կարդար: Պատասխան չունէի: Թերեւս ալ երբե՛ք պատասխան չունենամ: Ուրեմն, ինչո՞ւ այս գրադարանը: Արդեօ՞ք սենեակիս պատը ծածկող պարզ զարդ մը պիտի մնայ: Արդեօ՞ք, իսկապէս ինծի մակերեսային գոհացում տուող լոկ առարկայ մը պիտի դառնայ: Ահա` նոր, կրծող, չարչրկող ցաւով միասին մտմտուքս:

Ու հիմա իսկապէս յուսահատ էի:

 

 

Նախորդը

Կաղանդի Հաւաքոյթ` Երեխաներուն Ուրախութիւն Փոխանցելու Նպատակով

Յաջորդը

Կարմիր Գրիչով. Նոր Աշխարհը Եւ Զանգուածներուն Մօտ Գիտակցութիւն Յառաջացնելու Միջոցները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?