Բոլոր նախադրալները կը համոզեն, որ Անգարան անհանգստութիւն կ՛ապրի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի բարձրացուցած ալիքին դիմաց: Այստեղ խնդիրը ոչ անպայման հայկական կողմի աշխուժութեան կը կապուի, այլ այն հանգամանքին, որ երրորդ կողմը Ցեղասպանութեան հարցը իբրեւ խաղաթուղթ օգտագործած է եւ կը սպառնայ համեմատաբար աւելի սուր դրուածքով օգտագործել յոբելենական այս շրջանակներուն մէջ:
Անգարայի որդեգրած մարտավարութիւնը քանի մը տարբեր ուղղուածութիւններ ունի:
Անգարան բազմերես մօտեցում որդեգրած է հարցին արծարծման մէջ:
Ա. Տաւութօղլուի ծրագիրը, որ իր հարթութեան վրայ թերեւս փորձ կը կատարէ պահելու որոշակի հետեւողականութիւն: Ընդհանուր ցաւի, հասարակաց մշակոյթի, երկուստեք զոհերու, նոր էջ բանալու, երկխօսութեան եւ պատմական հարցերը միասնաբար քննարկելու ծանօթ վարկածներն են, որոնք այնուամենայնիւ պէտք չէ թերագնահատել իբրեւ քաղաքական անդրադարձ ձգող եւ երրորդ կողմին ուղղուած ուղերձներ: Այստեղ ոճը, օգտագործուող բառապաշարն ու եզրաբանութիւնը նրբանկատօրէն ուսումնասիրուած են:
Բ. Նախագահ Էրտողանի ցուցաբերած մօտեցումը, որ խորքին մէջ հիմնական բացառութիւն կատարեց իր կոպտութենէն դուրս գալով եւ ցաւակցելով հայ ժողովուրդին, աւելի ուղղուած է ներքին սպառումի համար ընդհանրապէս: Բացի ցաւակցագիրէն, Էրտողանի յայտարարութիւնները գերազանցապէս թիրախ ունին ներթրքական հասարակութիւնը. դերերու բաժանումը ոճի եւ ուղերձներու բովանդակութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ այս հանգամանքներով կը բացատրուի:
Գ. Վարչամեքենային կողմէ ձեռնարկուած հակաքայլերու գործողութիւնները: Կալիփոլիի նշումը ապրիլ 24-ի օրը ամէնէն բարացուցական օրինակն է մարտավարական այս խաղին: Կալիփոլին պետութիւններու ներկայացուցիչները Երեւա՞ն, թէ՞ Անգարա մեկնելու երկընտրանքին առջեւ կը դնէ: Այստեղ է, որ հաւասար հեռաւորութիւն պահելու երրորդ կողմի մօտեցումները իրենց առաւելագոյն ճիգերը պիտի կեդրոնացնեն տարբեր մակարդակներու պաշտօնատարներ ճշդելու, պատուիրակութիւններու չափն ու հեղինակութիւնը կշռելու եւ ըստ այնմ ներկայանալու երկու հարիւրամեակներուն: Կալիփոլին պարզապէս այս երկուութիւնը ստեղծելու ուղղուած գործողութիւն է:
Ե. Կալիփոլիով չի սահմանափակուիր հակաքայլային մարտավարութիւնը: Այստեղ խանդավառ է Անգարայի կրտսեր եղբայրը, որ սահմանները ապակայունացնելու, խոջալուական հեքիաթներ հրամցնելու գերաշխուժութիւն ցոյց կու տայ` իր ծառայութիւնը մատուցելով հակաքայլային քաղաքականութեան: Հայկական կողմը պէտք է գերզբաղ պահել սահմանային լարուածութեամբ եւ Անգարայի կողմէ ձեռնարկուած ապակողմնորոշող արարքները չէզոքացնելու:
Զ. Հանդուրժողականութիւն ցուցադրելու եւ միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու համար Անգարան պիտի արտօնէ ապրիլքսանչորսեան խորհրդաժողովներ եւ նոյնիսկ միեւնոյն օրը յիշատակի ձեռնարկներ կազմակերպելը: Վերահսկուած այս թոյլտուութիւնը մատնացոյց կ՛ընէ կարեւոր իրականութիւն մը: Ամէն ինչ արծարծել կարելի է Թուրքիոյ մէջ` ապրիլ 24 նշել, նահատակներու յիշատակը ոգեկոչել, նոյնիսկ ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործման ականատես եղանք ու պիտի ըլլանք, բացի տարածքային խնդիրներէն: Տակաւին. հատուցման թրքական տարբերակն ալ սկսած է աշխատիլ: Ազգային փոքրամասնութիւններուն կը վերադարձուին կալուածներ, որոնք բռնագրաւուած էին թրքական զինուորական իշխանութիւններուն կողմէ եւ որոնք որեւէ աղերս չունին ցեղասպանութեան հետեւանքներուն հետ:
Է. Անգարայի որդեգրած այս վարքագիծը միայն դիւանագիտական-քաղաքական ասպարէզին չի վերաբերիր: Միջնորդաւորուած տեղահանութեան, ցեղային զտումներու ամէնէն վառ օրինակները տեղի կ՛ունենան միջինարեւելեան տարածաշրջանի տարբեր ազգաբնակչութիւններուն, այդ շարքին նաեւ որոշ առումով հայերուն նկատմամբ: Մուսուլի, Հալէպի եւ Քեսապի հայ համայնքները ուղղակի կրած են այս վարքագիծին հետեւանքները: Խօսքը պարզօրէն կը վերաբերի այս տեղահանութիւնները կազմակերպող, ցեղային զտումի գործողութիւնները իրականացնող եւ Ցեղասպանութեան ամէնէն խօսուն վկայարանը պայթեցնողներուն ետին կանգնած պետական ուժին, թրքական տարածքներէ նման տարրերու անարգել թափանցումներուն, զինումին, ֆինանսաւորումին:
Անգարայի վարքագիծը եթէ բանաձեւելու ըլլանք 100-ամեակին առիթով, հակաքայլերով, թաւշեայ եւ կոպիտ ժխտողականութեան հակոտնեայ դրսեւորումներով, ինչպէս նաեւ միջնորդաւորուած ու հեռակառավարուող ցեղային զտումներու օրինակներով կը բնութագրուի: