Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալեքսանդր Թամանեան (1842-1936) Ազատ Ու Անկախ Հայաստանի Մայրաքաղաքին Ճարտարապետը

March 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

3-13-15_Alexander-TamanyanՀայաստանի անկախութեան ամրապնդման եւ հայոց ազգային պետականութեան հիմնաւորման պատմակերտ գործին մէջ իր անկորնչելի ներդրումն ու մեծարժէք աւանդը ունի հայ ժողովուրդի ճարտարապետական հանճարին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Ալեքսանդր Թամանեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք մարտ 4-ի այս օրը:

Ոչ միայն իբրեւ ճարտարապետի, այլեւ` իբրեւ հայ մարդու եւ քաղաքացիի, Ալ. Թամանեան լուսաւոր ուղի ու վաստակ կապեց իր անունին` հայոց սերունդներուն կտակելով մեծագործ իր կեանքէն սորված կարեւորագոյն դասն ու պատգամը.

«Ընտրիր վատ ճանապարհ, բայց` ոչ վատ ընկեր»:

4 մարտ 1878-ի օրը, ռուսաստանեան Էկատերինոդար (այժմ` Կրասնոդար) քաղաքը ծնած Յովհաննէս Թամանեանի որդի Ալեքսանդրը կոչուած էր դառնալու հայկական ճարտարապետութեան բազմադարեան հարստութիւնը իւրովի վերաթարմացնող եւ նորոգող մեծանուն վարպետ մը, որ իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժամանակներու հայոց մայրաքաղաքին ճարտարապետական ծրագրաւորման, կառուցման եւ զարգացման հեռանկարներուն վրայ:

tamanian-4-3-2015Ճարտարապետի իր ուսումն ու մասնագիտական խորահմուտ պատրաստութիւնը Ալեքսանդր Թամանեան ստացաւ Ս. Փեթերսպուրկի Գեղարուեստի ակադեմիայի բարձրագոյն ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժանմունքին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1904-ին` նկարիչ-ճարտարապետի պատուոյ յիշատակութեամբ:

Ուսման աւարտին Թամանեանի նախաձեռնած ճարտարապետական առաջին ծրագիրը եղաւ Ս. Փեթերսպուրկի 18-րդ դարուն կառուցուած հայոց եկեղեցւոյ վերանորոգումը, որ իրմէ խլեց երկու տարի եւ պսակուեցաւ փայլուն արդիւնքով` հայկական աւանդական ոճի պահպանման սկզբունքին վրայ ճարտարապետական նորարարութեամբ ուշագրաւ լուծումներ իրականացնելով:

20-րդ դարասկիզբի ռուս երիտասարդ ճարտարապետներու մտերիմն ու գործակիցը եղաւ Թամանեան, որ Ս. Փեթերսպուրկի, Մոսկուայի թէ ցարական կայսրութեան գլխաւոր քաղաքներուն ու շրջաններուն մէջ իր անունին կապեց ճարտարապետական մեծ ծրագիրներու` համալիրներու նախագծումն ու կառուցումը:

Ճարտարապետական նոր-դասական ուղղութեան եւ գեղազարդումի յառաջապահներէն էր Թամանեան, որուն սկզբնական իրագործումները (ինչպէս Մոսկուայի մէջ իշխան Ս. Ա. Չերպաթովի հոյակերտ բնակարանն ու Մոսկուայի մերձակայ երկաթուղագծի աշխատաւորներու Առողջարանային համալիրը) մեծ հռչակ ապահովեցին հայ ճարտարապետին: Իր այդ վաստակով Թամանեան 1914-ին արժանացաւ թէ՛ ճարտարապետութեան ակադեմիկոսի կոչումին, թէ՛ Ս. Փեթերսպուրկի Դումայի ոսկեայ շքանշանին: Իսկ 1917-ին ընտրուեցաւ կայսերական Գեղարուեստից ակադեմիայի խորհուրդի անդամ` փոխնախագահի կարգավիճակով:

Ռուսաստանի տարածքին ճարտարապետական իր այդ բեղուն գործունէութեան շրջանին Թամանեան իր սրտին ու մտքին մէջ շարունակ ճգնեցաւ հայկական ճարտարապետութեան վերանորոգման ծրագիրներու վրայ` նախագծելով ուշագրաւ կառուցումներ (ինչպիսին էր 1911-ին իր յղացած Անիի թանգարանի ծրագիրը), որոնք սակայն իրականացման հնարաւորութիւն չունեցան:

ttttԱյդ պատճառով ալ 1919-ին, երբ իր անկախութիւնը նուաճած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ պաշտօնապէս Երեւան հաստատուելու եւ գործելու հրաւիրուեցաւ, Ալեքսանդր Թամանեան անվարան ընդառաջեց` կեանքի իր երազի իրագործման լծուելու ամենայն խանդավառութեամբ:

Սիմոն Վրացեան, իր «Կեանքի ուղիներով» յուշագրական շարքի Ե. հատորին մէջ, ամբողջութեամբ լոյս ընծայած է Ալ. Թամանեանի կողմէ 12 օգոստոս 1920-ին պատրաստուած «Հայաստանի շինարարութեան ծրագիր»-ը, որ լաւագոյնս կը խտացնէ հայ մեծ ճարտարապետին շինարարական եւ ազգային-գաղափարական առաջադրանքները` մանուկ հանրապետութեան ամրապնդման եւ հետագայ զարգացման ուղիներուն վերաբերեալ: Թամանեանի համար ճարտարապետական եւ շինարարական թիւ 1 խնդիրը եղաւ հայոց նոր մայրաքաղաքը ծայրամասային գաւառի իրավիճակէն դուրս բերելը` նախագծելով կառուցումը հայոց նորաստեղծ պետականութեան հետագայ զարգացումը հունաւորող արդիական մայրաքաղաքին: Արդիական` թէ՛ նոր ժամանակներու պետական կեդրոնական նստավայրերու պատկերացումով, թէ՛ նաեւ ազգային-աւանդական` հայկական ճարտարապետութեան ինքնուրոյն ոճը վերաթարմացնելու եւ նորովի հարստացնելու առաջադրանքով:

Ամբողջ Հայաստանի շինարարական ապագան կը յուզէր Թամանեանը եւ անոր ծրագիրը սահմանափակուած չէր միայն մայրաքաղաք Երեւանով: Այդ մեկնակէտով ալ ան առաջադրեց կառավարութեան առընթեր ստեղծել հանրապետութեան գլխաւոր ճարտարապետի հաստատութիւնը, ինչ որ որդեգրուեցաւ օրուան կառավարութեան կողմէ եւ Թամանեան անձամբ ստանձնեց այդ պատասխանատուութիւնը: Մայրաքաղաքի եւ միւս քաղաքներու թէ գիւղերու շինարարութեան նախագիծերու կողքին, Թամանեան յատուկ կարեւորութիւն ընծայեց հայոց յուշարձաններու վերականգնման, վերանորոգման եւ պահպանման գործին` համապատասխան պետական պաշտպանութեան տակ առնելով հայկական ճարտարապետութեան կոթողները:

Թամանեան արագօրէն ձեռնարկեց իր ծրագրին գործադրութեան, բայց Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումով եւ օրուան ղեկավարութեան դէմ ծաւալած պոլշեւիկեան հալածանքին պատճառով կիսատ մնաց գործը Թամանեանի, որ հանրապետութեան կառավարութեան անդամներուն հետ 1921-ին անցաւ Պարսկաստան: Բարեբախտաբար խորհրդային նորահաստատ իշխանութիւնները իմաստութիւնը ունեցան վերստին Երեւան հրաւիրելու հայոց մեծ ճարտարապետը, եւ Թամանեան 1923-ին վերադարձաւ իր հողին ու ժողովուրդին` վերստանձնելով Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետի պատասխանատուութիւնը:

Այնուհետեւ, մինչեւ 20 փետրուար 1936-ի իր մահը, Ալեքսանդր Թամանեան ապրեցաւ ու գործեց Երեւանի մէջ` հայոց նոր մայրաքաղաքի բնակարանային աճին, գեղազարդման, կանաչապատման եւ յուշարձաններով շնչաւորման մեծ գործին ճարտարապետական իր ուրոյն լուծումները տալով:

Երեւանի կողքին ան նախագծեց քաղաքաշինական զարգացման յատակագիծերը Լենինականի, Գաւառի եւ Էջմիածնի: Իսկ Թամանեանի ճարտարապետական հանճարին անմահ վկաները դարձան օփերայի համալիրն ու Երեւանի կեդրոնական հրապարակը:

Այդ ամէնով Թամանեան արժանաւորապէս մարմնաւորեց ազատ ու անկախ Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետի կերպարը` իր շունչը միախառնելով արդի ժամանակներու հայոց մայրաքաղաքին:

Ալեքսանդր Թամանեան իր անջնջելի դրոշմը դրած է արդի ժամանակներու հայոց մայրաքաղաքին ճարտարապետական հմայքին ու գեղեցկութեան վրայ:

 

 

Նախորդը

Բարի Երթ «Ազդակ»-ին

Յաջորդը

Նոր Լոյս Տեսաւ. «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Համար» ԺԱ. Հատոր

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.