Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահախօսական. Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

March 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

0313payaslianԴժուար է կորսնցնել գաղափարակից ընկեր մը, որ իր կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ բարի պատերազմ մղեց, քաջութեամբ ու նոյնքան հաստատ:

Դամբանական չունիմ, ոչ ալ կրցայ հետեւիլ անոր դագաղին: Ան Հալէպէն հայրենիք գացած էր իր թոռը տեսնելու ու միանալու իր զաւակին ընտանիքին, սակայն ճակատագիրը իր կեանքին թելը կը կտրէ: Մինչ քառասուն օրեր առաջ, երբ զինք հայրենի հողին կը յանձնէին, մենք հոս, իրմէ հազարաւոր մղոններ հեռու, իր քաղցր յուշերուն խունկ ու աղօթք կը խառնէինք:

Չեմ գիտեր այս տողերովս կամ գրելու ձեւի որդեգրումովս որքանո՛վ պիտի կարենամ արդարացնել մահացողին մեծութեան հանդէպ ունեցած յարգանքս: Բայց լաւ գիտեմ, որ հետզհետէ կը նօսրանայ մեր փաղանգը, երբ ամէն անգամ այսպէս կուսակցական ընկեր մը, բարեկամ մը, ծանօթ մը, մտերիմ մը կամ ազգային դէմք մը մեզմէ կը հեռանայ:

Կը նօսրանայ մեր փաղանգը` կը կրկնեմ շարունակ, անոր համար ալ կ՛ողբանք կորուստը Վարդան Փայասլեանի: Այս օրերուն իր բացակայութիւնը կ՛ընկճէ իրեն մօտիկ թէ հեռաւոր հարազատները, որովհետեւ ահա՛ լռած է մէկը, որուն աւելի քան վեց տասնամեակներ առաջ ծանօթացած ենք` իր դէմքին վրայ գծուած մնայուն ժպիտին հետ միատեղ:

Վարդան Փայասլեան` պատանի տարիքի վարիչներէս մէկը եւ ապա, տարիներ ետք` մտերիմ ընկերս: Ո՞վ չէր ճանչնար զինք: Կար ժամանակ, երբ ան Հալէպի վաստակաշատ զաւակներէն մէկն էր, որուն անուան առջեւ հաւատաւոր, ծառայասէր, հայրենասէր, բծախնդիր, գաղտնապահ, արդարամիտ, պատասխանատուութեան ոգիի տէր եւ քաջ կուսակցական ածականները կարելի է շարել: Յուսահատիլ չգիտցող մարդիկ կան: Ահա՛ անոնցմէ մէկն էր Փայասլեանը, որ տասնամեակներ շարունակ վաստակ ունեցաւ մեր մայր գաղութին երեւցող ու չերեւցող աշխատանքներուն մէջ: Մէկ խօսքով` հաւատաւոր դաշնակցական մը, գաղտնապահ ղեկավար մը, որուն համար մարդկային կեանքին մէջ ո՛չ հանգամանքը, ո՛չ փառքը, ո՛չ մակդիրը եւ ոչ ալ դրամը կրնային մարդուն անմահութիւնը երաշխաւորել: Ինք մեծ հաւատաւոր մըն էր այս վարկածին ու միաժամանակ` թելադրողը, որովհետեւ իրեն համար հաւատքով, նուիրումով ու սիրով զսպանակուած գործն է, որ պիտի մնայ իբրեւ ճառագայթող ու կենդանի վկայութիւն:

Ան էր, որ միաժամանակ եղաւ նաեւ պահանջկոտ` նախ ինքզինքին, ապա մեզի եւ անպայմանօրէ՛ն իր շրջապատին նկատմամբ: Մեր բոլոր մեծ ու փոքր սխալներուն առջեւ լուռ չմնաց, ընկրկումներ չընդունեց ու մեր պատճառաբանութիւնները եւ անարդարութիւնները մատնանշելով միատեղ` հիմնովին մերժեց զանոնք: Սիրտի խորքը գաղտնիքներ պահեց ու լուռ մնաց, երբ հաւաքական շահը այդպէս պահանջեց: Տուաւ առատօրէն, անհաշի՛ւ: Տուաւ իր հոգիէն եւ սիրտէն` ի գին ամէն զոհողութիւններու: Տուաւ ուրախութեամբ` հասնելով բոլորին, նոյնիսկ անոնց, որոնք չդիմեցին իրեն եւ շատ յաճախ զինք անտեսեցին: Իր արժանիքները մեր գաղութի օրերը, տարիները կ՛արգասաւորէին համեստօրէն, բայց` առատաձեռնութեամբ:

Սակայն 40 օրեր առաջ մահը գտաւ զինք, ու ինք լուռ ու խաղաղ գնաց:

Ըսի՛, թէ կար ժամանակ, երբ իր կեանքը նոր ուղիներ ակօսած էր մեր գաղութին մէջ: Այդպէս ճանչցած եմ զինք, աւելի ճիշդ` զինք մօտէն ճանչնալու, հետը գործելու եւ խորհրդակցելու առիթն ու պատեհութիւնը ունեցած եմ, իսկ ինք` անձամբ ընծայած: Իր ազգային ծառայութեան դաշտը կ՛ընդգրկէր կուսակցական եռուն աշխատանքներ, հայ եկեղեցի, վարժարաններ եւ մշակութային միութիւն: Մէկ խօսքով` իրապաշտ հայ մարդ:

Յետ մահու սովորական խօսքեր, աժան բառեր չեն այս տողերը, որովհետեւ մեր պատմական քաղաքի պատմական ակումբին մէջ, Վարդան Փայասլեանի գաղափարական վաստակի ծառայութեան ոգին օրինակելի եւ յիշարժան էր բոլորի՛ս համար: Առանց աղմուկի քրտինք թափած էր եւ առանց պարծանքի, հաստատ ու մնայուն քայլերով առաջնորդած իր ընկերները: Ես այս իրականութեան ծանօթն ու վկան եմ:

Իսկ հիմա, իր մեկնումով, երբ ան իրեն հետ արդէն տարած է տարիներու մեր բարեկամութիւնը, կը գրեմ եւ այս տողերովս կ՛ուզեմ մխիթարուիլ: Ինծի համար, ան մեծ էր եւ աւելին` մեծերէն մէկը` մայր գաղութ Հալէպի: Բոլոր զինք մօտէն ճանչցողները հաստատօրէն կրնան վկայել այս բանը: Այլ խօսքով` մէկը այն քիչերէն, որոնք նոյնիսկ գաղափարական իրենց հակառակորդներուն համար դարձան սիրելի մարդիկ, եւ որոնք իմաստաւորեցին իրենց կեանքը լռակեաց եւ յամառ աշխատանքով, ի սէր իրենց ապրած գաղութի գլխաւոր ճակատներուն եւ կարիքներուն: Խրոխտ եւ նոյնքան ալ հաստատ: Եղաւ մէկը, որ գնահատելու, քաջալերելու, լաւն ու ճիշդը մատնանշելու իր կեցուածքին առընթեր, ունէր նաեւ վճռական տրամադրութիւն: Աննահանջ հայութեամբ, ուր յոռետեսութիւնը տեղ չունէր երբե՛ք:

Անկախ այս բոլորէն, հիմնուած ծնողքիս կողմէ դրսեւորուած ընտանեկան մեր անկեղծութեան, բարեկամութեան եւ հարազատութեան վրայ` տարիներով վայելած եմ իր մտերմութիւնը, դասեր քաղած պոռոտախօսութենէ հեռու իր խառնուածքէն: Հայ կեանքին հետ առնչուող հիմնական երեւոյթներու մասին միշտ արդար խոհեր, համոզումներ եւ յստակ կեցուածքներ ունէր: Իր սիրտը հայութեան գոյապայքարին համար միշտ գուրգուրացող ու թելադրող էր: Եղբայրացաւ, ընկերացաւ ու մտերմացաւ բոլորին հետ, առանց ակնկալութիւն մը սպասելու:

Յիշատակը մե՛րն է. ու մենք պարտաւոր ենք անոր հսկելու ու զայն պահելու: Դժուար է պատկերացնել վերջնական լռութիւնը տեւաբար խինդ ու ժպիտով բաբախող անոր սրտի զարկին, քաջալերանք յորդորող իր լեզուին, լաւատեսութեամբ լեցուն, ընկերային ու վեհ կեցուածքներու տէր այս ընկերոջ: Անոր համար ալ, մեզմէ շատերը երկար ատեն պիտի փնտռեն զինք` յուզումնախառն եւ տոգորուած զգացումներով:

Վարդան Փայասլեան… բոլոր կորուստներուն նման, իր մահն ալ ցաւագի՛ն է:

Խունկ, աղօթք եւ հանգիստ իր հոգիին:

 

 

 

Նախորդը

Մրջիւններու Աշխարհէն

Յաջորդը

Միջին Արեւելքի Նոր Քարտէսը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.