Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Լոյս Տեսաւ. «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Համար» ԺԱ. Հատոր

Մարտ 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

3-13-15_NuterԿանոնաւոր հետեւողութեամբ կը շարունակուի հրատարակչական աշխատանքը` լոյսին բերելու համար «Նիւթեր ՀՅ դաշնակցութեան պատմութեան համար» պատկառելի հատորը, 448 մեծադիր էջերով: Հեղինակը` Երուանդ Փամպուքեան, կը շարունակէ իր ստանձնած նուիրական աշխատանքը` ամբողջացնելու համար ՀՅ դաշնակցութեան արխիւները:

Հատորը լոյս տեսած է նուիրատուութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեաններուն: Ինչպէս նախորդ հատորները, ԺԱ. հատորն ալ լոյս տեսած է Համազգայինի հրատարակչատունէն, գեղատիպ կազմով:

Հատորին առաջին էջերուն հեղինակը ստորագրած է յառաջաբանը, ուր կ՛արծարծուին Թուրքիոյ եւ հայերուն միջեւ եղած անհանդուրժելի արարքները: Թուրք աւազակներու կողմէ կը կողոպտուին հայոց ինչքերը, կալուածները, կը կատարուին սպանութիւններ, որոնց մասին Պոլսոյ պատրիարքը բողոքներ կը ներկայացնէ վարչապետին եւ թուրք մեծաւորներուն, որոնք առ ոչինչ կը համարեն այդ ամէնը, եւ ասպատակութիւնները կը շարունակուին:

Ե. Փամպուքեան լայն տեղ տրամադրած է Հայաստանի, Հայոց Բարձրաւանդակի գլխաւոր քաղաքներու մէջ ստեղծուած Կեդրոնական կոմիտէներու մասին, որոնք իրարու հետ սերտ կապեր կը պահեն գաղտնի ձեւերով եւ արթուն կը պահեն ժողովուրդը` թրքական չարիքներուն կապակցութեամբ:

ԺԱ. հատորը մասամբ կը տարբերի նախորդ հատորներէն, որովհետեւ այս պարագային արդէն բռնկած է Ա. Աշխարհամարտը Եւրոպայէն, մասնաւորաբար Աւստրիոյ գահաժառանգ իշխան Ֆրանց Ֆերտինանտի սպանութեամբ, Սերայեւօ քաղաքին մէջ, 1914 թուականի ամրան:

Հատորին մէջ յստակօրէն գրուած է Գերմանիա-Թուրքիա սերտ յարաբերութիւններուն մասին` քաղաքական եւ ընկերային մարզերու մէջ: Թուրքիա, որ տկարացած պետութիւն մըն էր այդ օրերուն, ինքզինք զօրաւոր կը զգայ Գերմանիոյ գործակցութենէն: ՀՅ դաշնակցութիւնը միշտ գործօն իր տասնեակ մը կոմիտէներով, քաղաքական շփումներ, զրոյցներ, նամակագրական կապերով թէ անձնական յարաբերութիւններով վերին մարմինի անդամներուն հետ օրուան հարցերը կը քննարկէին: Այսուհանդերձ, տանջուող ժողովուրդին բեռը թեթեւցնելու ջանքերը տեղ չէին գտներ, որովհետեւ թուրք պետութիւնը կը մնար անտարբեր` կատարուած ոճիրներուն դիմաց:

Ե. Փամպուքեանի յառաջաբանին մէջ յատկապէս կը կարդանք. «Թուրքիոյ բռնած երկդիմի դիրքը ո՛չ մէկ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ, որ կովկասահայերը ռուսականի փոխարէն` նախընտրեն թրքական տիրապետութիւնը»:

Թուրքիա խէթ աչքով կը դիտէր հայոց ռուսական թեքում ունենալը եւ այս պատճառով հայոց «անհաւատարմութիւնը» պատրուակ բռնելով` կը դիմէ բարբարոսական ամէն միջոցի:

Ե. Փամպուքեանի գրական-արխիւային այս աշխատանքը գերագնահատելի է, երկար ժամանակ տրամադրած է ան` նոյնիսկ անհասկնալի ձեռագիրները ճշգրտութեամբ վերարտադրելու: Ուրախութեամբ կը հաստատենք, որ եթէ Ե. Փամպուքեան չկատարէր այս նուիրումը, ՀՅ դաշնակցութեան երկարամեայ պատմութիւնը կորուստի պիտի մատնուէր: Թանկարժէք ներդրում մըն է այս` քսաներորդ դարու հայոց պատմութիւնը լոյսին բերելու, եւ ապագայ սերունդներուն յանձնելու: Ինչպէս նախորդ հատորները, ԺԱ. հատորին իր մասնակցութիւնը բերած է Թամար Սնապեան-Սուրճեան` համակարգչային շարուածքով եւ էջադրումով:

Հատորը ունի յաւելուածական լուրջ ուսումնասիրական աշխատասիրութիւն, անձնանուններու եւ տեղանուններու ստուգաբանական բացատրութիւններով:

Յատուկ շնորհահանդէսի արժանի հատոր մը, որուն իրագործման համար կը շնորհաւորենք հեղինակը եւ կ՛ըսենք` վարձքդ կատար, ընկե՛ր Փամպուքեան:

 

 

 

Նախորդը

Ալեքսանդր Թամանեան (1842-1936) Ազատ Ու Անկախ Հայաստանի Մայրաքաղաքին Ճարտարապետը

Յաջորդը

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Զօրաւոր Պայթում Մը Անգամ Մը Եւս Ցնցեց Հալէպ Քաղաքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?