Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ը Եւ Ա. Վռամեանի Մարգարէական Կանխատեսումը

5 Մայիս 1920. ՀՅԴ Բիւրոն Ամբողջապէս Ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարման Ղեկը

Մայիս 5-ին, 95 տարի առաջ, հազիւ երկու տարուան կեանք ունեցած Հայաստանի Հանրապետութիւնը թեւակոխեց իր կարճատեւ գոյութեան ամէնէն վճռորոշ փուլը: 5 մայիս 1920-ին, ինչպէս որ Ս. Վրացեան հետագային պիտի վկայէր իր յուշերուն` «Կեանքի ուղիներով» շարքի Ե. հատորին մէջ, ազատ ու անկախ Հայաստանի տարածքին հաստատուեցաւ «Դաշնակցութեան փաստացի դիկտատուրան»: Մայիս 5-ի այդ օրը տակաւին Հայաստանի վարչապետ Ալ. Խատիսեան ներկայացաւ Հայաստանի խորհրդարանի նիստին եւ...

Դպրեվանքի 85-Ամեակի Հունձքը Ձօն` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին.  Հոգեւոր Ուխտագնացութիւն Դէպի Անթիլիասի Հայոց Վանքը

Նոր Հրատարակութիւն Մը. «Զաստուած Տեսնել»

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ 10 տարիներ առաջ (2004-2014) վաղաժամ մեկնումով այս աշխարհին հեռացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հաւատաւոր միաբաններէն, ամբասիր եւ արժանաւոր եկեղեցական, Զարեհ արք. Ազնաւորեան: Իր վախճանման 10-ամեակին առիթով լոյս տեսած է վախճանեալ սրբազանին կտակ թողած գրութիւններուն մէկ ծաւալուն հատորը (550 էջ), որ կը բովանդակէ Ազնաւորեան արքեպիսկոպոսին սուրբգրային ուսումնասիրութիւններուն մեկնաբանական արգասիքը: Ծանօթ է բոլորիս, թէ Զարեհ արքեպիսկոպոս յաճախ կը կազմակերպէր յատուկ նախաձեռնութիւններ` մեկնաբանելու...

Երկրին  Ողբը

Երկրին Ողբը

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ «Զարթի՛ր, Երեմիա՛, զարթի՛ր եւ ողբա՛ մարգարէանալով հանդերձ»: ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ Որբեւայրիի մը պէս առանձին է բազմամարդ քաղաքը, կու լայ գետի յորձանուտներուն հետ: Սիրելիները հեռացած ու լքած են զինք, անմխիթար կը տքայ... Կը դիտեմ  քաղաքը` նախնիներուս ներկայութիւնը  հետս առած, անոնց  համար աչքեր կ՛ըլլամ, որ արտասուենք միասին, ականջներ` վերստին լսելու եկեղեցիներուն անլսելի, բայց մեզի համար լսելի հազարաւոր կոչնակներուն կանչը, որոնք կը...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Արցախեան Կամքով Եւ Ինքնավստահութեամբ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախեան Կամքով Եւ Ինքնավստահութեամբ

Զանազան մութ հաշիւներու եւ տարածաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական ճնշումներու արդիւնք` Արցախի խորհրդարանական վեցերորդ ընտրութիւնները անընդունելի եւ նոյնիսկ ապօրինի նկատուեցան կարգ մը դէտերու կողմէ: Շատեր մատնանշեցին, թէ պիտի չընդունին այս ընտրութիւններուն արդիւնքները: Այս գծով, ազրպէյճանական եւ, բնականաբար, թրքական աղբիւրներու մասին խօսիլը անտեղի է. փոխարէնը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներն ու անոնց մաս կազմող մեծ պետութիւններն ու Եւրոպական Միութեան կատարած մերժողական եւ ժխտական յայտարարութիւններն...

Խմբագրական  «Հորիզոն»-ի.  Տէր Կանգնինք Շուշիով Սկիզբ Առած Յաղթարշաւին

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Տէր Կանգնինք Շուշիով Սկիզբ Առած Յաղթարշաւին

«Պայքարով պէտք է նուաճենք մեր ապրելու իրաւունքը եւ այդ պայքարը միասին պէ՛տք է աւարտենք, համոզուած եմ, յաղթանակո՛վ»: ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ` Արթուր Մկրտչեան 1992-ի մայիս 8-ին կերտուած Շուշիի յաղթական ճակատամարտը անկիւնադարձային թուական կը հանդիսանայ նորօրեայ մեր ազատամարտի տարեգրութեանց մէջ: Շուշիի ազատագրումով եւ հայ զինուորի արի խոյանքով, տարածաշրջանէն ներս Արցախ կը դառնար աշխարհաքաղաքական գործօններու վրայ ազդեցիկ ռազմաքաղաքական միաւոր: Աւելի՛ն. Շուշիի...

Թուրք Գործիչները Անընդունելի Կը Նկատեն Թուրքիոյ 100-Ամեայ Լռութիւնը

Զմիւռնիոյ համալսարանի փրոֆեսէօր Չեմ Թերզի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչցող թուրքերէն է: Ան ընդունած է, որ 100 տարի առաջ երիտթուրքերը կազմակերպուած ջարդերու միջոցով փորձած են ոչնչացնել քրիստոնեայ ժողովուրդները, անոնց մշակոյթն ու հասարակական-քաղաքական կառոյցները: «Բոլորիդ առջեւ մեր գլուխները խոնարհելով` ներում կը հայցենք Ցեղասպանութեան զոհերուն համար: Թուրք ժողովուրդին հարիւրամեայ այս լռութիւնը անընդունելի է: 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը ժխտելը կը նշանակէ շարունակել...

Խմբագրական.  Յաղթանակներու Ընկալումը  Եւ Մեր Գոյութեան Շարունակականութիւնը

Խմբագրական. Յաղթանակներու Ընկալումը Եւ Մեր Գոյութեան Շարունակականութիւնը

Մայիսը յաղթանակներու ամիս է` եռատօն բանաձեւով բնութագրուած: Պատմական իրադարձութիւններու ժամանակագրական կարգը յարգելով` Սարդարապատի դիւցազնամարտն ու Ա. Հանրապետութեան կերտումը Բ. Աշխարհամարտի հայրենական պատերազմի յաղթական աւարտը,  եւ Շուշիի ազատագրման ու Լեռնային Ղարաբաղի բանակի օրուան խորհուրդով ամրակայուած երկրորդ պետութեան ստեղծումն ու այդ ճամբով Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորումը: Պէտք է մտածել, որ մեր ժողովուրդի հաւաքական  հոգեկերտուածքին մէջ որքան ուրոյն եւ խորունկ իմաստ ունի այս...

Անդրադարձ.  Նէյըր Կամ Մեղմասացութեան  Արուեստը

Անդրադարձ. Նէյըր Կամ Մեղմասացութեան Արուեստը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Լիբանանեան անգլիատառ «Տը Տէյլի Սթար» օրաթերթի 6 մայիս 2015-ի թիւին մէջ կարդացինք Ճորճ Սորոսի «Բաց ընկերութեան հիմնարկներ» ցանցի նախկին նախագահ եւ «Հիումըն Ռայց Ուոչ»-ի հիմնադիրներէն Արիէ Նէյըրի «Թուրքիոյ վերակենդանացումը կու գայ ճշմարտութիւնը ընդունելէն» խորագիրով յօդուածը, որ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ կը թուի դրական ըլլալ: Նէյըր Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` վերատեսութեան ենթարկելու իր այն երկարատեւ կեցուածքը, թէ հայերուն ջարդերը Համաշխարհային...

Մերն Է Շուշին` Կարսի Ու Վանի Եղբայրութեամբ (9 Մայիս 1992)

Մերն Է Շուշին` Կարսի Ու Վանի Եղբայրութեամբ (9 Մայիս 1992)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կարծես այդ օր հայոց դարերու ճակատամարտն էր, որ կը մղուէր: Անով ամբողջ հայութիւնը իր լինելութեան, կենաց մահու, բազմաչարչար կտոր մը հայրենիքի ազատութեան, ազգային արժանապատուութեան, քաղաքական թէ գաղափարական հասունութեան հզօր եւ հնչեղ տարողութիւնն էր, որ կը  վերահաստատէր` ցոյց տալով սխրանքներու ամէնէն պանծալի, պատուաբեր ու գերազանց օրինակներ: Եթէ երբեք այդ քաջագործութիւններուն եւ զոհողութիւններուն հիմք կը կազմէր Ստեփանակերտի փրկութիւնը, Շուշիէն անդադար...

Շուշիի Խաչակիրները

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 7 մայիս 1992-ի երեկոյեան հայկական ջոկատները դէպի Շուշի կը շարժէին: Բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեանը նկարահանած դրուագ մը կը յիշէ. «Մինչեւ հիմա մարմինս կը փշաքաղի: Քանի որ հայոց եւ ազրպէյճանցիներուն զգեստներուն գոյները նոյնն էին, մերոնց մէջքին վիրակապով կամ բանով մը գիծ կը քաշէին, որպէսզի իրարմէ տարբերակեն: Տղաներն այդ գիծերը խաչաձեւ կ’ընէին, որովհետեւ խաչն ամենապարզ երկրաչափական տեսքն է: Երբ հրամանը հնչեց`...

Սուրիական Օրագրութիւն 72

Սուրիական Օրագրութիւն 72

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ Երբեմն եղանք մենք բաղձալի, Բայց այժմ եղանք յոյժ ողբալի. Որով հայցեմ Ո՜վ Բաղձալի, Ողբակցել ինձ այս վայրին: ............................................... Ինծի` բանտախուցը կապուածիս Ձեռք երկարէ փութանակի .... Ու զիս գերող թշնամիէս Ա՛ռ իմ վրէժս աններելի: ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ Երկու տարի առաջ, երբ նոր-նոր պարպուիլ սկսող ու հոգերու բեռան տակ կքած իր բնակիչներով Հալէպը ուրուականներու քաղաք կ՛անուանէի, բնաւ չէի կրնար երեւակայել այսօրը`...

Բաց Նամակ Խմբավարին

Բաց Նամակ Խմբավարին

ԵՒՆԻԿԷ ՏՈԳՈՒԶԼԵԱՆ-ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Ուրբաթ, 17 ապրիլ 2015-ի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդացինք Զաքար Քէշիշեանին խօսքը` գրուած Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբերու համերգի նախօրեակին: Զ. Քէշիշեան իր զարմանքը եւ զայրոյթը կը յայտնէր` նկատելով, որ «տասնեակ մը լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներէ կազմուած յիսնեակ մը սաներէս մէկ քանիին միայն ծանօթ էին այս (Կոմիտասի) երգերը: 100 տարի Կոմիտասով ապրեցանք: Սերունդ մը առաջ կոմիտասեան երգը առօրեայ ապրում...

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ. Փարիզեան Պտոյտներ Ճաշի Ատեն Չե՛ն Խօսիր, Չե՛ն…*

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ. Փարիզեան Պտոյտներ Ճաշի Ատեն Չե՛ն Խօսիր, Չե՛ն…*

ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Մեծ հայրս իր սկզբունքները ունէր, եւ մենք իրեն հաճոյք պատճառելու համար կը յարգէինք զանոնք: Ան համոզուած էր, որ ճաշի պահուն սկսուած խօսակցութիւն մը կրնար վէճ ստեղծել: Ճաշէն առաջ ու ետք ան լսելի ձայնով, բազկատարած կ՛աղօթէր: Ան կ՛ուզէր խաղաղութեամբ ճաշակել զկերակուրն: Երբ ճաշի ատեն մեր խօսակցութիւնը աղմկոտ դառնար, մեծ հայրս մեզ կը սաստէր. - Ճաշի ատեն չե՛ն խօսիր,...

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին` Եւրոպական Միութեան Մշակութային Ժառանգութիւն

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին` Եւրոպական Միութեան Մշակութային Ժառանգութիւն

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս  եկեղեցին արժանացած է Եւրոպական Միութեան մշակութային ժառանգութեան մրցանակի, կը հաղորդէ Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը` վկայակոչելով «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Այս եկեղեցին պէտք է յայտնի ըլլայ ամբողջ աշխարհին», ըսած է Ս.  Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար Էրկիւն Այիք: Հայկական ճարտարապետական այս կոթողը կառուցուած է 1376 թուականին եւ վերականգնուած է 2011- ին: Այիք ընդգծած է, որ ինք ուրախ է, որ անիկա...

Խմբագրական.  Մեր Յուշարարութիւնը Եւ Հաւաքական  Յիշողութեան Վերականգնումը

Խմբագրական. Մեր Յուշարարութիւնը Եւ Հաւաքական Յիշողութեան Վերականգնումը

6 մայիս 2015-ը տարբեր հնչեղութիւն ունի: Այս սիւնակներէն հերթական անգամ ընդգծուած էր անհրաժեշտութիւնը Մայիս 6-ի խորհուրդը վերականգնելու, պատմական իրադարձութիւնները իրենց էութեան մէջ յիշելու եւ այդ առիթով յարգելու օսմանեան ջարդարար քաղաքականութեան զոհ գացած  լիբանանցի նահատակներուն յիշատակը: Կը թուի, որ այս տարուան Մայիս 6-ը հիմնական քայլ կ՛առնէ այդ ուղղութեամբ, յատկապէս լիբանանեան մակարդակի վրայ հաւաքական յիշողութեան կարեւոր վերադարձ կատարելու: Այդ յուշարարութեան պաշտօնը մինչ...

Կեցցէ՛ Լիբանանահայութիւնը Անկցի՛ Թրքութիւնը (6  Մայիս 1916)

Կեցցէ՛ Լիբանանահայութիւնը Անկցի՛ Թրքութիւնը (6 Մայիս 1916)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «...Իբրեւ մարոնիներ, կը նախանձինք հայ ժողովուրդին, որովհետեւ ան կրցած է պահպանել իր լեզուն, մշակոյթը եւ նահատակներուն յիշատակը, մինչդեռ մարոնիները, որոնք Լեռնալիբանանի մէջ աւելի քան 200 հազար նահատակ տուած են, կ՛ամչնան անոնց յիշատակին իբրեւ յարգանք ձեռնարկ մը իսկ կազմակերպելէ»: ՍԱՄԻ ԺԵՄԱՅԷԼ    (Պետական երեսփոխան) «ԱԶԴԱԿ», 28 ԱՊՐԻԼ 2015 Թող այնպէս մը չընկալուի, թէ Լիբանանի խորհրդարանի անդամի մը վերոնշեալ մտածումը...

Աշակերտական.  Ո՞վ Է Հայը

Աշակերտական. Ո՞վ Է Հայը

ՆԱՐԻՆ ԱԴԱՄԵԱՆ Իւրայատուկ նռնենիի մը նման կար «պտղաբեր» ժողովուրդ մը... Ինչպէս գիտենք, պտղաբեր նռնենին կը քարկոծուի, որպէսզի վրայի կաս-կարմիր նուռերը  վնասուին եւ  իյնան կամ այդ ծառէն ճիւղեր կը գողցուին, որպէսզի «գողը» իր պարտէզին մէջ իր չորցած նռնենիին քով ցանելով` զայն ունենայ լաւ ծառ մը, ինչպէս` պտղաբեր նռնենին: Սակայն երբ իր ծառն ալ դառնայ պտղաբեր, վստահաբար  այդ «գողը» պիտի չխոստովանի, թէ...

Երիտասարդութեան Ապակեդրոնացման Խնդիրը

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ «ԿԵդրոնացումը մարդկային բոլոր վսեմ յատկութիւններուն արմատն է» Պրուս Լի Ժամանակ առ ժամանակ կը վերահամոզուինք, որ ներհայկական լճացած ու տարտամ կեանքին միակ սպեղանին երիտասարդութիւնն է, մանաւանդ` անոր ուսանողական թեւը: Երբ կը տեսնենք ծառացած մարտահրաւէրներու ահաւոր քանակն ու սեփական ուժերու բաղդատած` անոնց անհամեմատ ծանրութիւնը, չենք կրնար միաժամանակ չհետեւցնել, որ կարողական լուծումները, շա՜տ հեռու պէտք է ըլլան սովորական, դասական գործընթացներէ` հարկադրաբար...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Հարիւր Տարիներ Ետք

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Հարիւր Տարիներ Ետք

ՏԱՐՕՆ ՊԱՐՈՅՐ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով աշխարհը ականատես եղաւ այն իրողութեան, թէ հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն դեռ կ՛ապրի, այլ կը յիշէ՛ եւ կը պահանջէ՛ իր արդար իրաւունքը: Վերջին քանի մը ամիսներուն մեր ազգը լիովին գործօն դարձաւ համաշխարհային բեմին վրայ եւ ցոյց տուաւ, թէ հայը տակաւին կը գոյատեւէ եւ կը պայքարի: Ապրիլ ամսուան ընթացքին Հայաստան զանազան օտար լուրերու գործակալութիւններուն ուշադրութիւնը...

Խմբագրական.  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ.  Խորհրդարանական Համակարգի  Անցումի Նախադրեալներ

Խմբագրական. Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Խորհրդարանական Համակարգի Անցումի Նախադրեալներ

Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտեցան. շուտով կը հրապարակուին պաշտօնական արդիւնքները: Փաստացի է այն, որ ընտրութիւնները կայացան արդար, թափանցիկ, ժողովրդավար. աննշան խախտումներու մասին որոշ լրատուութիւններ որեւէ ձեւով չեն վիճարկեր ընտրութիւններուն նման բնորոշումներով կայանալը եւ չեն փոխեր ամբողջ տարածաշրջանին համար իբրեւ օրինակ ծառայելու համակողմանի համոզումները: Այս հանգրուանին քանի մը դիտարկում կարելի է ամփոփել Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ուղղութեամբ: Մինչ այդ, սակայն, պէտք է նշել...

Page 779 of 806 1 … 778 779 780 … 806

Արխիւներ