Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդութեան Ապակեդրոնացման Խնդիրը

Մայիս 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

«ԿԵդրոնացումը մարդկային բոլոր վսեմ
յատկութիւններուն արմատն է»

Պրուս Լի

Ժամանակ առ ժամանակ կը վերահամոզուինք, որ ներհայկական լճացած ու տարտամ կեանքին միակ սպեղանին երիտասարդութիւնն է, մանաւանդ` անոր ուսանողական թեւը: Երբ կը տեսնենք ծառացած մարտահրաւէրներու ահաւոր քանակն ու սեփական ուժերու բաղդատած` անոնց անհամեմատ ծանրութիւնը, չենք կրնար միաժամանակ չհետեւցնել, որ կարողական լուծումները, շա՜տ հեռու պէտք է ըլլան սովորական, դասական գործընթացներէ` հարկադրաբար ըլլալով առաւելագոյնս ստեղծագործ, ժամանակակից, կենսունակ եւ համարձակ: Յատկութիւններ, որոնց փնտռտուքը երիտասարդական խաւերէ դուրս, ինքնախաբէութենէ զատ ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ:

Մինչ երիտասարդութեան եւ անոր հարազատ դրսեւորումներու դէմ պիտի շարունակուի պատմա-աւանդական կռիւը, նոյնինքն երիտասարդութիւնը դէմ յանդիման կը մնայ իր իսկ սեփական դաշտին մէջ կոթողուած հիմնական մէկ այլ խնդիրի հետ, որ hաւաքական ապակեդրոնացումն է, մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ: Արդարեւ, առաջին կարգին, ակնբախ երեւոյթ է երիտասարդ տարրերու գաղափարական ապակեդրոնացումը թէ՛ մարտավարական եւ թէ՛ ռազմավարական օրակարգերու առնչութեամբ: Գոյութիւն ունեցող կնճիռը, տարբեր ձայներ, կարծիքներ, ուղղութիւններ եւ ընկալումներ համադրելու, շաղկապելու ու կեդրոնացնելու եւ ըստ այնմ այդ բոլորին պարփակած կարողականութենէն առաւելագոյնս օգտուելու, ցայտուն է հաւաքական գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ անխտիր: Եւ դեռ առկայ է աւելին, իմա` երիտասարդութեան աշխարհագրական ապակեդրոնացումը, ցրուածութիւնը, որ կու գայ յաւելեալ ներուժ զեղչելու արդէն իսկ ցամքող, հայկական կարողականութեան աւազանէն: Հոս էապէս փուճ է այն վարկածը, որ կ՛ուզէ հզօրութիւն տեսնել աշխարհագրական ապակեդրոնացման այս հոլովոյթին մէջ, որովհետեւ որակը որպէս հզօրութեան առարկայ` կրնայ ծնիլ կեդրոնացուած տրամաբանական որոշ քանակէ մը միայն: Իսկ վերջինիս կայացումը յարատեւ արտագաղթի եւ նօսրացման ընթացիկ շարժի մէջ անկարելի է այնուամենայնիւ:

Այս ծիրին մէջ կ՛արժէ դիտարկել ընկերային տարբեր ոլորտներու մէջ յաղթանակած հաւաքականութիւններու կենսակերպը եւ կատարել համապատասխան հետեւութիւններ: Անձնապէս ինծի կը թուի, թէ անոնց մարդկային կորիզը յաճախ կ՛ապրի համախումբ` կեդրոնացած մարտավարական եւ ռազմավարական յստակ գիծերու վրայ:

Այս մէկը արդէն հայ երիտասարդութեան համար ուսումնասիրութեան ու իրազեկման առանցքային նիւթ է, եթէ երբեք ինքնայաղթահարման ու այլայաղթահարման իրերայաջորդ ուղիներով ան կ՛ուզէ ինքզինք պարտադրել օրուան ճահճացած իրականութեան…

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Աշակերտական. Ո՞վ Է Հայը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?