ՆԱՐԻՆ ԱԴԱՄԵԱՆ
Իւրայատուկ նռնենիի մը նման կար «պտղաբեր» ժողովուրդ մը…
Ինչպէս գիտենք, պտղաբեր նռնենին կը քարկոծուի, որպէսզի վրայի կաս-կարմիր նուռերը վնասուին եւ իյնան կամ այդ ծառէն ճիւղեր կը գողցուին, որպէսզի «գողը» իր պարտէզին մէջ իր չորցած նռնենիին քով ցանելով` զայն ունենայ լաւ ծառ մը, ինչպէս` պտղաբեր նռնենին: Սակայն երբ իր ծառն ալ դառնայ պտղաբեր, վստահաբար այդ «գողը» պիտի չխոստովանի, թէ այդ ծառին յաջողութեան պատճառը ուրիշ ծառի մը ճիւղերն եւ արմատներն են, այլ պիտի ըսէ, թէ ինքն է, որ կրցած է իր ծառը պտղատու դարձնել: Նաեւ ան պիտի փորձէ ոչնչացնել այդ նախկին ծառը, որմէ ճիւղեր գողցած է, որպէսզի իր ծառը մնայ լաւագոյնը եւ ուրիշ լաւագոյն ծառ գոյութիւն չունենայ: Որպէսզի նման բան չպատահի, արդեօք պէտք է լաւ պարտիզպա՞ն ըլլալ, թէ՞ լաւ պահապան ու հոգատար…
Հայ ժողովուրդը ժամանակի ընթացքին հասած է լաւ դիրքերու եւ այդ պատճառով այլ ժողովուրդներ ու պետութիւններ փորձած են «քարկոծել» հայ ժողովուրդը եւ ոչնչացնել զայն, որպէսզի իրենք գրաւեն հայ ժողովուրդին դիրքը: Սակայն նմաններ միշտ ալ ձախողած են մեր այդ հրաշալի ծառը ոչնչացնելու իրենց ծրագիրներուն մէջ: Կայ նաեւ այն, որ երբեմն յաջողած են հարուածել այդ ծառէն կարգ մը նուռերու, բայց ժամանակի ընթացքին այդ նուռերուն տեղ ծաղկած են ուրիշներ ու վերածուած են աւելի լաւ նուռերու, նաեւ եղած են խակ նուռեր, որոնք առանց հասուննալու` ինկած ու գլորած են դէպի «գող»-ին ոտքերը, եւ գողն ալ ուրախանալով` այդ խակ նուռը գործածած է իբրեւ քար, որպէսզի «իր ընկերները» վար ձգէ ծառէն: Եղած են նաեւ հասուն նուռեր, որոնք կշտացուցած են անմեղ ու անօթի թռչուններ, եղած են նուռեր, որոնք ծաղկեցուցած են այլ նռնենիներ` այլ պարտէզներու մէջ:
Միշտ ալ եղած են տարբեր տեսակի հայեր, եղած են շատ լաւ հայեր, որոնք վարկաբեկուելով կամ չարչարանքի ենթարկուելով` մահացած են կամ անցած են թշնամիին ձեռքը, բայց ժամանակի ընթացքին այլ հայեր, աւելի «հասունցած», եկած են իրենց տեղ, ինչպէս` այն հասուն նուռը, զոր գողը կրցած էր քարկոծել, սակայն տեղը ծաղկած էին ուրիշներ. եղած են դաւաճան հայեր, որոնք թշնամիին ծառայելով` կը կարծէին, թէ թշնամին իրենց պիտի չվնասէ, ինչպէս` խակ նուռը, որ անուշիկ ու տոկուն ծառը ձգելով` գլորեցաւ դէպի թշնամիին ոտքերը եւ պատճառ դարձաւ ու օգտագործուեցաւ իբրեւ միջոց, որպէսզի «իր ընկերները» քարկոծուին, եղած են բարի ու օգնող հայեր, որոնք օգնած են այլ ազգերու, ինչպէս` հասուն նուռը, որ անօթի թռչունը կերակրած էր: Եղած են բազմաթիւ տեսակի հայեր` «նուռեր», սակայն այս հայերէն աւելի բարձր կայ աւելի կարեւոր, այլ տեսակի հայը, կայ պարտիզպանը, որ հիմը դրաւ հայոց լեզուին եւ աճեցուց այդ ծառը, կայ հոգատարը եւ պահապանը, որ պարտիզպանին տարած աշխատանքը շարունակեց, կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ, միշտ պիտի պայքարի «գողերուն» դէմ կամ պիտի համախմբէ ու խօսակցի իր նուռերուն հետ, որպէսզի այլ պարտէզներէ եկած կամ այլ պարտէզներու մէջ գտնուող նուռեր 1563 տարիներ ետք չխառնուին մեր նռնենիէն ծաղկած նուռին` մեր լեզուին: Բոլորս պարտաւոր ենք դառնալու պահապաններ, ինչո6ւ չէ, պարտիզպաններ կամ մեր նռնենիէն նուռեր համախմբողներ ու «ծառին օրէնքները բացատրողներ»: