Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաց Նամակ Խմբավարին

May 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՒՆԻԿԷ ՏՈԳՈՒԶԼԵԱՆ-ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Ուրբաթ, 17 ապրիլ 2015-ի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդացինք Զաքար Քէշիշեանին խօսքը` գրուած Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբերու համերգի նախօրեակին: Զ. Քէշիշեան իր զարմանքը եւ զայրոյթը կը յայտնէր` նկատելով, որ «տասնեակ մը լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներէ կազմուած յիսնեակ մը սաներէս մէկ քանիին միայն ծանօթ էին այս (Կոմիտասի) երգերը: 100 տարի Կոմիտասով ապրեցանք: Սերունդ մը առաջ կոմիտասեան երգը առօրեայ ապրում էր: Այսքա՞ն հեռացեր ենք մեր ազգային երաժշտական մաքրամաքուր ակունքէն` Կոմիտասէն…»:

Շատ տեղին եւ ճիշդ նկատառում է, որ առաջ կը բերէ Զ. Քէշիշեան: Սակայն հոս կու գայ գլխագիր հարցումը. Ո՞Վ Է ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ:

Մեր մանուկները եւ պատանիները եւ, ինչո՞ւ չէ, չափահասները երբեք մեղադրելի չեն, եթէ չեն գիտեր, եթէ չեն լսած Կոմիտասի եւ այլ մեծերու մասին: Ո՞ւր պէտք է լսէ մանուկը այս բոլորը:

Առաջին հերթին` թերեւս տան մէջ: Բայց բոլորս ալ գիտենք, որ մենք իբրեւ ծնողք շատ անգամ մենք ալ չենք գիտեր, չենք լսեր ո՛չ Կոմիտաս, ո՛չ Սայաթ Նովա, ո՛չ դասական երաժշտութիւն… Մեր տուներուն մէջ յաճախ շատ աւելի հեշտ  է հեռատեսիլի եւ համակարգիչի առջեւ ժամերով գամուած նստիլ, ուր ներկայացուած յայտագիրները երբեք ալ մանկավարժական խորք չունին եւ չեն գոհացներ մեր երաժշտութեան հոգեկան ծարաւը:

Յաջորդ հանգրուանը դպրոցն է, ուր երեխան կը թրծուի, կը դաստիարակուի իբրեւ հայ, իբրեւ հայ մարդ: Արդեօ՞ք մեր երաժշտութեան ուսուցիչները,  հայոց լեզուի մեր ուսուցիչները պատասխանատու չեն այս հարցին կապակցութեամբ: Ո՞վ է, որ երեխային հոգիին մէջ պիտի ցանէ սերմերը հայ հոգեւոր եւ դասական երաժշտութեան` Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Խաչատուրեանի եւ այլոց երաժշտական գործերը, երեխան որմէ՞ պիտի ընկալէ, սորվի, իւրացնէ այս բոլորը, եթէ ոչ` դպրոցէն ներս, իր ուսուցիչներէն: Մեր դպրոցական տարեկան ծրագիրներուն մէջ պէտք է ներառենք ա՛յս ալ: Թող երեխան մանուկ հասակէն վարժուի լսել, թող ականջը լեցուի Կոմիտասով եւ այլոց դասական երգերով եւ երաժշտութեամբ:

Երրորդ հանգրուանը մեր երաժշտանոցներն են, որոնք իսկապէս շատ լաւ աշխատանք կը տանին այս մարզէն ներս, ուր սակայն դժբախտաբար մեր երեխաներուն միայն փոքր տոկոսն է, որ կը յաճախէ, եւ որոնք աւելի առանձնաշնորհեալ են այս տեսակէտէն: Յարգա՛նք երաժշտանոցի պատասխանատուներուն եւ արուեստագէտներուն:

Վերջին խօսքս. «Կարկաչ» մանկապատանեկան խումբին ներկայացուցած շատ գեղեցիկ յայտագրին համար կը շնորհաւորեմ Զաքար Քէշիշեանը` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

25 ապրիլ 2015

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ. Փարիզեան Պտոյտներ Ճաշի Ատեն Չե՛ն Խօսիր, Չե՛ն…*

Յաջորդը

Սուրիական Օրագրութիւն 72

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.