Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեցցէ՛ Լիբանանահայութիւնը Անկցի՛ Թրքութիւնը (6 Մայիս 1916)

Մայիս 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«…Իբրեւ մարոնիներ, կը նախանձինք հայ ժողովուրդին, որովհետեւ ան կրցած է պահպանել իր լեզուն, մշակոյթը եւ նահատակներուն յիշատակը, մինչդեռ մարոնիները, որոնք Լեռնալիբանանի մէջ աւելի քան 200 հազար նահատակ տուած են, կ՛ամչնան անոնց յիշատակին իբրեւ յարգանք ձեռնարկ մը իսկ կազմակերպելէ»:

ՍԱՄԻ ԺԵՄԱՅԷԼ  
 (Պետական երեսփոխան)
«ԱԶԴԱԿ», 28 ԱՊՐԻԼ 2015

8715296570_41bb79c17a_bԹող այնպէս մը չընկալուի, թէ Լիբանանի խորհրդարանի անդամի մը վերոնշեալ մտածումը լուսարձակի տակ առնելով` մոռացութեան կը տրուին նոյնքան ազդու եւ հայանպաստ այլ արտայայտութիւններ, որոնք իրենց հնչեղութեամբ եւ քաղաքական կեցուածքի տարողութեամբ շատ աւելին են:

Այդուհանդերձ, այստեղ յիշատակելին կը մնայ այն, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հնչած խօսքը եթէ երբեք մէկ կողմէ ունի ցաւակցական որոշակի հիմք, ապա միւս կողմէ նաեւ` ինքնահայեցողութեամբ յագեցած ճշմարտութիւն մըն է, տեսակ մը ինքնադատողութիւն եւ ինքնախարազանում:

Հաւանաբար, ասիկա յաւելեալ ու պատշաճ առիթ մըն է մեզի` յայտնելու մեր կրկնակի յաղթանակը 100-ամեակի ընդհանուր տեսադաշտին վրայ:

Արդ, ինչպէ՛ս կարելի է հպարտանքի եւ ներքին ամրութեան ցուցանիշ չնկատել լիբանանահայութեան այն խրոխտ կեցուածքը, որ կը վերաբերի 6 մայիսի ընդհանուր իմաստին եւ խորհուրդին, երբ նոյնինքն տեղացին պէս-պէս բացատրութիւններու եւ քաղաքական սին հաշուարկներու իբրեւ հետեւանք` պահ մը մոռացութեան կ՛ուզէր տալ իր պատմութեան ողբերգական էջերէն մին, եւ նորահաս սերունդներու յիշողութենէն ջնջել թուրքին գործած ահաւոր բարբարոսութիւնները:

Այո՛, ի պատիւ լիբանանահայութեան, որ տասնամեակներ շարունակ կառչած մնաց իր հաւատամքին եւ համոզումին` երբեք չդաւաճանել ազգային յիշողութեան եւ քաղաքական ըմբռնումներուն, այլապէս հաւատք չընծայել թուրքին նենգութեան եւ զազիր էութեան, որուն զոհ էր գացեր մէկուկէս միլիոն հայութիւն իր իսկ բնօրրանին մէջ:

Ճիշդ է, որ լիբանանահայութեան համար պայքարի դժուարին տարիներ էին անոնք, սակայն շնորհիւ հաստատամիտ եւ յարատեւելու կամքին, թէկուզ առանձին, հայութիւնը չվարանեցաւ ներկայանալ պայքարի դաշտ, եւ ամէն մայիսի 6-ին, վերանորոգեց իր ուխտն ու կամքի արտայայտութիւնը` յիշելով առաջին հերթին թուրքի եաթաղանին զոհ գացած անմեղ հայութիւնը, եւ ապա` Լիբանանի ժողովուրդին եւ մտաւորականներու դէմ բարբարոս թուրքին կատարած ոճիրներն ու հաւաքականութիւն մը ամբողջ սովամահ սպաննելու մտադրութիւնը:

Անվարան պէտք է հաստատել, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումի եւ պահանջատիրական պայքարի այս հանգրուանը, եթէ մէկ կողմէ մեզի` հայութեան ներքին կեանքին բերաւ յաւելեալ աշխուժութիւն, եռանդ ու կորով արդարութեան վերահաստատման եւ իրաւունքի վերատիրացման ընդհանուր պարունակին մէջ, ապա միւս կողմէ` անիկա բաւարար ապացոյց եւ խթան հանդիսացաւ, որպէսզի այս անգամ լիբանանցի հասարակութիւնը իր բաղադրիչ մասերով ապրի ցնցումի այնպիսի պահեր, երբ անտարբեր քաղաքացին ու պետական գործիչն անգամ յանկարծ կը հոգեփոխուին եւ կը դրսեւորէ այնպիսի կեցուածք, ունենալով ներհայեցողական մօտեցում եւ ինքնադատապարտանքի ելոյթներ, որոնց դէմ յանդիման կը շշմին բոլորը անխտիր, հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական աննպաստ պայմաններուն, սուր եւ խօլ բանավէճերու:

Առանց ինքնագոհութեան, այսօր` յետ 100-ամեակին առիթով լիբանանահայութեան հսկայածաւալ  քայլարշաւին, միակամ եւ ամուր կեցուածքին, հարկ է ուժգնօրէն արձանագրել, թէ մենք կրցանք յաղթանակի բազմապիսի ճակատներ ապահովել, եւ թէ անոնց խորը թափանցելու հարկադրանքին տակ կը գտնուինք բոլորս, եթէ երբեք կ՛ուզենք էապէս արժեւորել եւ առաւելագոյնս օգտուիլ ընձեռուած պատեհ առիթէն` վերանորոգելու հաւաքական պայքարի մեր երթը, վերաշխուժացնելու գաղութահայ մեր կեանքը, իր թմբիրէն արթնցնելու անտարբերներու հսկայ փաղանգը, վերահայացնելու շրջապատ մը ամբողջ, աւելի՛ն. ամրագրելու ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ  հայոց քաղաքական իրաւունքները:

Յայտնապէս, երբ լիբանանահայութիւնը իր ազգային-քաղաքական  հասունութեամբ եւ անշեղ կեցուածքով կրցաւ ինքզինք պարտադրել, սա արդէն պատուանդան մըն է, որով պէտք է հպարտանալ առանց յղփանքի եւ յաւելեալ զգօնութեամբ շարունակել ազգային երթին նուաճում ապահովելու գործընթացները:

Եւ ըսուածին իբրեւ փաստարկում, լիբանանահայ քաղաքական միտքը այս հանգրուանին եւ հետագայ տարիներուն համար պարտաւոր է վերջին ամիսներուն եւ մանաւանդ օրերուն արձանագրուած քաղաքական բոլոր իրադարձութիւնները, տեղացի պետական անհատներու եւ գործիչներու տեսակէտները, տեղական թէ օտար մամուլի էջերուն թէ պատկերասփիւռի պաստառներու վրայ կատարուած արձագանգները, լուսանկարներն ու յարակից մանրամասնութիւնները արխիւագրել եւ ունենալ իբրեւ ապացոյց կրկնակի յաղթանակի եւ լուսաւոր ուղի ապագայի:

Նման առաջադրութիւնը կը միտի նաեւ ամէն քայլափոխի եւ քաղաքական ծուռ եւ անակնկալ պահերու` առերեսման մղելու ամէն անհատի թէ կառոյցի, տեղացի թէ օտար` իբրեւ վաւերական եւ բիւրեղ ճշմարտութիւն:

Սա ինքնին հսկայական եւ մասնագիտական  աշխատանք է, որով պէտք է օժտուի լիբանանահայութիւնը` յանուն գալիք սերունդներու եւ գործունէութիւններու առաւել արդիւնաւորման:

Համոզուած ենք, թէ ոչ միայն արդի կեանքի պայմաններուն եւ ոգիին համահունչ աշխատանք պէտք է ծաւալել, այլ նաեւ` մեր ճիտին պարտքն է ա՛լ դուրս գալ նեղմիտ ու քմահաճ, սովորական եւ հնաբոյր մտածելակերպերէ եւ նետուիլ պայքարի դաշտ` հայաշունչ ոգիով զինուած եւ հաւաքական կամքի գեղեցկութեամբ մկրտուած:

Փաստօրէն, մասնաւորելով լիբանանահայութեան պարագան, այո՛, մեր հաւաքական կամքի ու միակամութեան ամենափայլուն օրինակն է, որ ցոյց տուինք` նախ մեր շրջապատին եւ ապա հեռաւորին, երբ կրցանք ամօթի զգացումին առերեսել բոլորը, որոնք յղփացած իրենց կոյր եւ տխեղծ շահամոլութիւններով` մոռացութեան էին մատներ հաւաքական յիշողութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը:

Ճիշդ է նաեւ այն, թէ միջին արեւելեան երկիրներու քաղաքական թէ պատերազմական վիճակներու ահաւորութիւնը, բայց մանաւանդ փոքրամասնութիւններու բնաջնջումն ու քաղաքակրթութիւններու կործանումը, հիմնարար ազդակներ են, ժողովուրդներու զարթնումին եւ գիտակցական վիճակի վերադարձին: Այսուամենայնիւ, պէտք չէ մտահան ընել իրողութիւն մը անստգիւտ, թէ ազգեր եւ երկիրներ կրնան գոյատեւել եւ բարգաւաճիլ բացառապէս հայրենապաշտութեամբ եւ խոր ինքնաճանաչողութեամբ: Հաստատապէս,  հայութիւնը այս երկու արժէքներու իմաստն ու խորհուրդը կրցաւ ցոյց տալ աշխարհի տարածքին:

Արդ, լիբանանահայութիւնը  6 մայիսին սէգ ճակատով պիտի խոնարհի Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին դիմաց,  յիշեցնելով իր մեծահոգութիւնը, աշխատասէրի, շինարարի, մշակութասէրի, հայրենասէրի եւ այլ արժանիքներու առընթեր:

 

 

Նախորդը

Աշակերտական. Ո՞վ Է Հայը

Յաջորդը

Նահատակաց Օրուան Առիթով Կլոր Սեղան «Ազդակ»-ի Մէջ . Մասնակիցները Կը Հաստատեն Նահատակներուն Ձգած Արեան Աւանդին Տէր Կանգնելու Լիբանանի Յանձնառութեան Անհրաժեշտութիւնը` Հայ Ժողովուրդը Նկատելով Ուսանելի Օրինակ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?