Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Խորհրդարանական Համակարգի Անցումի Նախադրեալներ

Մայիս 5, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-04-15_EndroutiounnerԱրցախի խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտեցան. շուտով կը հրապարակուին պաշտօնական արդիւնքները: Փաստացի է այն, որ ընտրութիւնները կայացան արդար, թափանցիկ, ժողովրդավար. աննշան խախտումներու մասին որոշ լրատուութիւններ որեւէ ձեւով չեն վիճարկեր ընտրութիւններուն նման բնորոշումներով կայանալը եւ չեն փոխեր ամբողջ տարածաշրջանին համար իբրեւ օրինակ ծառայելու համակողմանի համոզումները: Այս հանգրուանին քանի մը դիտարկում կարելի է ամփոփել Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ուղղութեամբ: Մինչ այդ, սակայն, պէտք է նշել միջազգային արձագանգներու կարեւորագոյնները` փորձել հասկնալու համար միջազգային հանրութեան մօտեցումը թէ՛ ընտրակարգի եւ թէ՛ ընտրաեղանակի առումներով դրսեւորուած օրինակելիութեան նկատմամբ:

Ընտրութիւններու նախօրեակին հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը: Ճեֆ Ռաթքէ մասնաւորապէս ասուած է, որ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցուած չէ իբրեւ անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն:

«Ասով պայմանաւորուած` մենք պիտի չընդունինք 3 մայիսի ընտրութիւններուն արդիւնքները», ըսած է ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը առանձնակի ընդգծած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ չեն ցանկար Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ հապճեպ դատողութիւններ կատարել, մինչեւ որ միջազգային բանակցութիւնները աւարտին: Ռաթքէ շեշտած է նաեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինք պէտք է դեր խաղայ իր ապագան յստակացնելու հարցին մէջ»:

Ուաշինկթընի ներկայացուցիչին կատարած այս յայտարարութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ համահունչ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ Եւրոպական Միութեան կատարած յայտարարութիւններուն, որոնց համաձայն, անոնք պիտի չճանչնան այս ընտրութիւնները:

Միացեալ Նահանգներ ներկայացուած են արդէն Մինսքի խմբակի համանախագահներու շարքին: Մինսքի խմբակը կ՛արտայայտէ ընդհանուր դիրքորոշումը երեք երկիրներուն, որոնք ստանձնած են միջնորդական առաքելութիւնը արցախեան հակամարտութեան լուծման բանակցութիւններուն: Առանձին յայտարարութեամբ հանդէս գալը Ուաշինկթընին, որոշ իմաստ ունի անշուշտ: Բայց պէտք է տեսնել այդ յայտարարութեան մէջ ծուարած այն բաժինը, ըստ որուն, «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինք պէտք է դեր խաղայ իր ապագան յստակացնելու հարցին մէջ»:

Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը այս ձեւով իր դերը կը շարունակէ ունենալ իր ապագան յստակացնելու գործին մէջ: Այդ դերը կը կատարէ միջազգային օրէնքի ինքնորոշման իրաւունքի յարգումով, ժողովրդավար ընտրակարգով իր Ազգային ժողովը ընտրելով, բազմակուսակցական խորհրդարան յառաջացնելով, բազմազգեան դէտեր հրաւիրելով  եւ տարածաշրջանին մէջ օրինակելի ընտրութիւն կայացնելով:

Ռաթքէն հետեւողականութիւն պահելու համար պարտաւոր է տեսնել եւ ճանչնալ նաեւ ապագան յստակացնող Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման այս ուղին:

Արագ դիտարկումի այս փորձը ներազգային-միջազգային փոխկապակցուած հարթութեան վրայ եւս մտածելու տեղի կու տայ: Պարզ է, որ Արցախի մէջ ճակատագրորոշ հանգրուանները կը համաձայնեցուին եւ կը համակարգաւորուին  Երեւանի հետ: Նման բարձրորակ քաղաքական մշակոյթով խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելն ու կայացնելը ուրեմն, Ստեփանակերտին առընթեր նաեւ Երեւանի քաղաքական կամքն է: Եւ այստեղ պարզ է, որ առաջադրուածը նաեւ միջազգային ընտանիքին, կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքին ժողովրդավարութեան բարձրաձող նմուշի տրամադրումն էր, որ իր կարգին լիարժէք կը ծառայէ Արցախի ինքնորոշման կամ անկախութեան միջազգայնացման աշխատանքներուն: Արցախի ընտրութիւնները հերթական անգամ կը փաստեն, որ եթէ կամքը կայ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ, ընտրակեղծիքներէ հեռու մնալու, վարչական լծակները շահագործման չդնելու, փողի ազդեցութիւնը կեանքի չկոչելու, այլ ժողովուրդին կամքը, ըստ էութեան եւ հարազատագոյն ձեւով արտացոլելու, ազգովին կը յանգինք այս արդիւնքին: Եւ այս փաստին հետ հաշուի կը նստին անպայման բոլոր Ռաթքէները, երբ իրենց վերադարձուի իրենց իսկ կատարած հաստատումը, որ Արցախի ժողովուրդը ինքը դեր պէտք է ունենայ իր ապագայի յստակացման մէջ:

Եզրակացնելով. Հայաստանի Հանրապետութիւնը լուրջ նախապատրաստութիւններու մէջ է սահմանադրական բարեփոխումներով  նախագահական համակարգէն անցնելու խորհրդարանականին:

Այս առումով ալ յատուկ իմաստ եւ նշանակութիւն պիտի ունենան Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւնները: Չի բացառուիր, որ Ստեփանակերտը հետեւի Երեւանի նախաձեռնողականութեան: Եւ եթէ Ստեփանակերտը համակարգի անցումին մէջ պիտի հետեւի Երեւանի օրինակին, Երեւանը իր հերթին պէտք է հետեւի ընտրութիւններ կայացնելու Ստեփանակերտի օրինակին:

Նախորդը

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Աբխազիայէն Եւ Մերձտնեսթրէն Հասած Դէտերը

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս – Սաժես 4-րդ Մրցումը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?