Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ. Փարիզեան Պտոյտներ Ճաշի Ատեն Չե՛ն Խօսիր, Չե՛ն…*

Մայիս 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Մեծ հայրս իր սկզբունքները ունէր, եւ մենք իրեն հաճոյք պատճառելու համար կը յարգէինք զանոնք: Ան համոզուած էր, որ ճաշի պահուն սկսուած խօսակցութիւն մը կրնար վէճ ստեղծել:

Ճաշէն առաջ ու ետք ան լսելի ձայնով, բազկատարած կ՛աղօթէր:

Ան կ՛ուզէր խաղաղութեամբ ճաշակել զկերակուրն:

Երբ ճաշի ատեն մեր խօսակցութիւնը աղմկոտ դառնար, մեծ հայրս մեզ կը սաստէր.

– Ճաշի ատեն չե՛ն խօսիր, չե՛ն:

Բնաւորութեամբ, մեծ հայրս սակաւախօս էր ու մտածկոտ եւ կը տարուէր անցեալի յիշատակներով. կ՛ուզէր հանգիստ պտտիլ Էրկրի գիւղին մէջ, իր նահատակուած ծնողացը, կնոջն ու զաւակներուն հետը ըլլալ: Հոն` Էրկիրը ան իր կօշկակարի խանութը ունէր եւ բազմաթիւ աշկերտներ:

Թրքական հալածանքներէն եւ սպանութեանց փորձերէն ան հրաշքով փրկուած ու հոս հասած, վերականգնած էր իր ընտանիքը. բազմաթիւ զաւակներ ունեցած էր, եւ մեր գիւղին ամէնէն յարգուած անձնաւորութիւններէն մէկն էր: Մեծ հօրս շուքը ծանր էր:

Մեծցած էի, եւ երբեմն իրեն հետ նարտ կը խաղայի. կը փորձէի զինք խօսեցնել անցեալին մասին, ու խօսքով տարուած, երբ սխալներ գործէի.

–  Քիչ մը խաղիդ չնայի՞ս,- կ՛ըսէր ժպիտով:

Կարեւորը զինք խօսեցնելս էր, իրմէ պարտուիլս հոգս չէր:

Մեծ ծնողացս հիւրասենեակը գունաւոր սնտուկ մը կար: Անոր մէջը եղածները` ո՞վ գիտէր: Գիտէի, որ մեծ հօրս Էրկրի տան ու կալուածներուն թուղթերը հոն էին: Հիմա այդ թուղթերը ո՞ւր են, ի՞նչ եղած են, չեմ գիտեր: Մեծ հօրս սեփականութիւնները կը գտնուէին սահմանէն անդին` Էրկիրը:

Մեծ հօրս տունէն 200 մեթր անդին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանն էր:

Շատ անգամ, երեկոները, ընկերներով պարսատիկով, քարով, թուրք մանուկներուն դէմ կռիւի կը սկսէինք:

Շատ անգամ մեծ ծնողացս հիւրասենեակին պատին մէջ մտած պատուհանէն հետաքրքրութեամբ Թուրքիայէն անցնող շոգեկառքը կը դիտէի: Մեծ հօրս պատահած դժբախտութեանց պատճառով սահմանէն անդին երեւցող բոլոր իրերուն եւ արարածներուն հանդէպ մանկական անհո՛ւն ատելութիւն մը ունէի. կ՛ուզէի նոյնի՛սկ ատել զիս այնքա՛ն հետաքրքրող շոգեկառքը, որ երբ բարկանար, օդին մէջ իր շոգին կը նետէր` ամպ շինելով. կամ` երբ զայրացած ֆշշոց մը կ՛արձակէր, որովհետեւ այդ կողմը ապրող մարդիկը` մեծ հօրս ընտանիքը, բնաջնջած էին, եւ ուրեմն հայրս եւ հօրաքոյր-հօրեղբայրներս զրկուած էին մեծ ծնողներէ, հօրաքոյր-հօրեղբայրներէ, մօրաքոյր-մօրեղբայրներէ: Մենք հօրեղբայր-հօրաքոյր, մօրաքոյր եւ քեռիներ ունէինք եւ ատոր համար շա՛տ ուրախ էինք. իրենք` ո՛չ:

Եթէ հրաշք մը պատահէր, ու յաւէտ ննջող մեծ հայրս անգամուան մը համար մեզի ճաշելու պատեհութիւնը ունենար, շատ բան փոխուած պիտի տեսնէր, ու երբ աղմկէինք.

– Ճաշի ատեն չե՛ն խօսիր, չ՛են,- պիտի ըսէր:

Եւ եթէ հացի փշրանք մը իյնար, պիտի ստիպուէինք յարգանքով վերցնել Աստուծոյ նուէրը, մեր շրթներուն տանիլ, պագնել եւ ուտել:

Մեծ հայրս իմաստուն սկզբունքներ ունէր:

Մենք զանոնք կորուստի մատնած ենք, հետզհետէ պարպուելով մեր պապենական աւանդութիւններէն` կը շեղինք մեր ինքնութենէն:

Ամէն օր քիչ մը աւելի եւս մենք զմեզ կ՛աղքատացնե՛նք մեր հոգեմտաւոր ժառանգութիւններէն` մեզ շրջապատող մարդոց ու սովորութեանց յարմարելու համար:

Ափսո՛ս:

 

«ԿԱՄՔ» օրաթերթ, Փարիզ, 3 ապրիլ 1986

 

*Մեր գիւղն էր` Արաբ Բունար, Այն Արապ, Քոպանին

Նախորդը

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին` Եւրոպական Միութեան Մշակութային Ժառանգութիւն

Յաջորդը

Բաց Նամակ Խմբավարին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?