Այս Անկիւնէն. Խօսք Շնորհաւորական Ու Դրուատական
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան` Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը, ոգեկոչուեցաւ համազգային առումով, ոգեկոչուեցաւ աննախընթաց կերպով, եւ արդար պիտի չըլլար լռութեամբ անցնիլ կատարուած ճիգին ու ձեռք ձգուած արդիւնքին վրայէն: Առաջին հերթին պարտինք շնորհակալութիւն յայտնել այն կեդրոնական, շրջանային թէ տեղական յանձնախումբերուն ու իրենց բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ ենթայանձնախումբերուն, անոնց մաս կազմող մեր ազգայիններուն, որոնք իրականացուցին այդ բոլորը: Մենք ականատես եղանք անշուշտ առաջին հերթին մեր անմիջական...















