ՏԱՐՕՆ ՊԱՐՈՅՐ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով աշխարհը ականատես եղաւ այն իրողութեան, թէ հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն դեռ կ՛ապրի, այլ կը յիշէ՛ եւ կը պահանջէ՛ իր արդար իրաւունքը:
Վերջին քանի մը ամիսներուն մեր ազգը լիովին գործօն դարձաւ համաշխարհային բեմին վրայ եւ ցոյց տուաւ, թէ հայը տակաւին կը գոյատեւէ եւ կը պայքարի:
Ապրիլ ամսուան ընթացքին Հայաստան զանազան օտար լուրերու գործակալութիւններուն ուշադրութիւնը գրաւեց` սկսելով Քիմ Քարտաշեանի եւ իր ամուսինին` նշանաւոր երգիչ Քանիէ Ուեսթին հայրենիք կատարած այցելութեամբ: Քարտաշեանի ամուսինին անակնկալ համերգը օտարներուն համար զարմանալի դէպք էր եւ միեւնոյն ատեն Հայաստանը աւելի ճանաչելի դարձուց աշխարհին, իսկ ուրախութեան եւ վերանորոգուած հպարտութեան պատճառ դարձաւ Հայաստանի ժողովուրդին եւ սփիւռքահայերուն համար:
Հայ ժողովուրդը ցնցեց աշխարհը իր միասնական ուժերով: Կազմակերպած իր բողոքի ցոյցերով օտարներուն ցոյց տուաւ, թէ հայը կենսունակ է եւ` իր արդար իրաւունքին պահանջատէր: Նկատառելի օրինակներ են Օթթաուայի մէջ շուրջ 8000 հոգիներու մասնակցութիւնը քայլարշաւին, Պէյրութի մէջ շուրջ 50,000 եւ Լոս Անճելըսի` շուրջ 130,000: Հայը փաստեց, որ աշխարհի չորս ծագերուն կարողացած է կերտել նոր ու ծաղկուն գաղութներ` շարունակելով մեր ազգին պատմութեան կտակը, կառուցելով նոր եկեղեցիներ, նոր դպրոցներ եւ նոր մշակութային կեդրոններ ու հաստատութիւններ: Ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի բառերով` հայը կերտած է «Նոր Հայաստաններ» Սիտնիէն մինչեւ Վանքուվըր: Այո՛, Հայաստանը այսօր ծովից ծով չէ, ինչպէս Տիգրան Մեծի թագաւորութեան ատեն, սակայն իր ժողովուրդը կ՛ապրի ովկիանոսէ ովկիանոս: Ճիշդ է` մենք չորոշեցինք ըլլալ սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող ժողովուրդ, սակայն մենք կրցանք ամրապնդել մեր ուժերը եւ յաղթանակներ կերտել: Ունինք ազատ եւ անկախ Հայաստան, ազատագրեցինք Արցախը, մենք յարատեւ աշխատանքներով կրցանք մէկ դարու մէջ ճնշում բանեցնել պետութիւններու վրայ, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, ինչպէս` Չիլի, Աւստրիա, Կիպրոս, Գերմանիա, ինչպէս նաեւ` 40-է աւելի ամերիկեան նահանգներ: Ապրիլ 24-ին Քանատայի կառավարութիւնը նաեւ վաւերացուց բանաձեւ մը, որով ապրիլ 24-ը հռչակեց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր: Օրինակները տակաւին շատ են:
Այս բոլորէն բացի, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը փաստ մըն էր հայ ժողովուրդին համար, թէ իր կարողութիւնը շատ աւելի զօրաւոր եւ ազդեցիկ է, երբ իր գործունէութիւնը կը կատարէ միասնակամութեամբ, մէկ հաւաքական ուժով ու նպատակով: Ինչպէս բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց գրած է` «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Մենք պէտք է շարունակենք միախմբուիլ, աշխատիլ եւ ծառայել մեր գերագոյն նպատակը իրականացնելու համար: Այս տարի մեր ժողովուրդը բազմաթիւ նուաճումներ արձանագրեց, որովհետեւ իր տարբերութիւնները մէկ կողմ դրաւ եւ կեդրոնացաւ իր հիմնական նպատակին վրայ: Խրիմեան Հայրիկը ըսած էր` «Ներքին անհամերաշխութիւնը աւելի շատ է հայրենիքը կորստեան մատնում, քան` եկած թշնամին»: Այս ճշմարտութեան դէմ մենք պէտք է պայքարինք եւ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք մեր միասնական ուժերուն վրայ: Արդիւնքը շատ աւելի պտղաբեր կ՛ըլլայ, երբ մէկ ձայնով, ներդաշնակ եւ համապատասխան ուժ ըլլանք մեր գերագոյն նպատակակէտին հասնելու համար:
Կեցցէ՛ ազատ եւ անկախ Հայաստանը,
Կեցցէ՛ Արցախը,
Եւ կեցցէ՛ վերանորոգուած ու միաբան սփիւռքահայութիւնը:
Յառա՛ջ դէպի մեր ամբողջական պահանջներու եւ իրաւունքներու ձեռքբերում:
Թորոնթօ