Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին արժանացած է Եւրոպական Միութեան մշակութային ժառանգութեան մրցանակի, կը հաղորդէ Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը` վկայակոչելով «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Այս եկեղեցին պէտք է յայտնի ըլլայ ամբողջ աշխարհին», ըսած է Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար Էրկիւն Այիք:
Հայկական ճարտարապետական այս կոթողը կառուցուած է 1376 թուականին եւ վերականգնուած է 2011- ին: Այիք ընդգծած է, որ ինք ուրախ է, որ անիկա փրկուած է կործանումէն եւ նշած, որ վեց տարի առաջ ոչ մէկը կը հաւատար, որ կարելի է վերանորոգել զայն:
«Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն եւ Հոլանտայէն հայերը կու գան այստեղ, կ՛այցելեն եկեղեցի», ըսած է Այիք` նշելով, որ եկեղեցական համալիրը ներդրում է շրջանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման գործին:
Եւրոպական Միութեան մշակութային ժառանգութեան մրցանակի յանձնման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11 յունիսին, Օսլոյի մէջ: