Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Զուիցերիա Չէ, Հայրենիք Է

Մայիս 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-12-15_magar1Մակար, ի Գաղիա,

Ֆեթիշ թուականէն ութ օր առաջ

Եթէ հայկական սփիւռքը պետութեան պէս բան մը ըլլար եւ ստեղծած` իր գաղտնի սպասարկութիւնը, Կեդրոնականցի Արմենակ կրնար անոր ընդհանուր տնօրէնը ըլլալ: Ինչ որ լրատուամիջոցները չեն գիտեր, եթէ գիտնան անգամ, չեն ըսեր, Արմենակ կ’իմանայ:

Այն օրէն, որ արժանաւոր եկեղեցական մը իր պաշտօնէն հեռացուեցաւ` անպաշտպան մնալով, Արմենակ այդ եկեղեցին չ’երթար: Նուազ կը հանդիպինք: Ժամադրուեցանք եկեղեցիի հանդիպակաց սրճարանը: Էլպիս եւ Մակարուհի գլխաշորով եկեղեցի գացին, մենք մնացինք սրճարանը:

Արմենակ տխուր էր: Սպասեցի:

– Այցելութեան գացեր էինք մեզի պէս թոշակառու բարեկամներու: Աշխատած են եւ կը վայելեն իրենց յառաջացեալ տարիքի ապահովութիւնը: Այր եւ կին մեր ներկայութեան վէճ ունեցան: Հասկցանք, որ այդ վէճը աճած էր վերջին տարիներուն, այլապէս ուրիշի առջեւ չէին շարունակեր:

– Զարմանալի չէ: Տարիքի հարց է, մարդիկ անհանդուրժող եւ շատախօս կը դառնան,- ուզեցի բացատրել:

– Ո՛չ, սիրելի՛ս, այդպէս չէ: Ամուսինը համեստ հայ մըն է, հայրենիքի կարօտով ապրած, իր քաղաքացիութիւնը չէ շփոթած ազգի հետ, ինքզինք միշտ գաղթական համարած է: Կ’ուզէ Հայաստան հաստատուիլ, թէեւ կ’ըսէ, թէ ուշ է: Իսկ իր կինը անցեալին հայրենասիրութիւն ցուցադրած է, Խորհրդային Հայաստան երգած, հրաւիրուած: Հիմա կ’ըսէ, թէ Հայաստան ապահով վայր մը չէ:

Ըսի.

– Ճիշդ է, Հայաստանը հանգստեան տուն չէ,  չըսելու համար` ծերանոց:

Արմենակ, քիչ մը թթուած, շարունակեց.

– Մեր ներկայութեան վէճը թափ առաւ, կարծէք` մեզ դատաւոր կարգած էին: Ամուսինը կ’ըսէր, թէ կ’ուզէր բաժնել իր ժողովուրդի առօրեան, կ’ըսէր, թէ ի՛նչ կար հոս, որ հոն չկար, երազած էր ազատութիւն, անկախութիւն, հիմա ինչպէ՞ս կրնար արդարանալ ինք իր աչքին գաղթականութիւնը յաւերժացնելով: Իսկ կինը այդ բոլորը չէր լսեր, կը խօսէր «մաֆիա»-ի մասին, կարծես միլիառատէր ըլլար, կը խօսէր բժշկական խնամքի մասին, պատերազմի վտանգի մասին եւ այլն, եւայլն: Չեմ գիտեր, որքա՛ն տեւեց այս թատրոնը, բայց ճարահատ ամուսինը ըսաւ. «Ոչ ոք ըսաւ, որ Հայաստանի Զուիցերիա է, բայց Հայաստանը հայրենիք է: Մե՛ղք մեզի, որ Հայաստան կ’ըսենք, Զուիցերիա կամ Պեւըրլի Հիլզ կ’երեւակայենք: Հայաստանը պարախումբ եւ շաբաթավերջի կերուխում չէ: Հայրենիք է»: Կինը, զայրացած, առանց նկատի առնելու մեր ներկայութիւնը, ըսաւ. «Շատ կը սիրես, գնա՛: Ես չեմ գար: Պտոյտի կ’երթամ, բայց հոն չեմ մնար»:

– Արմենա՛կ, չըսի՞ն, որ համաշխարհային ազգ ենք, արտագաղթը հայրենադարձութեան դէմ թոյն եղաւ, ինչո՞ւ կը զարմանաս, որ այդ կինը չուզէ իր գաղթական ըլլալը մոռնալ եւ գոհ ապրի մանր քաղքենիի ապահովութեամբ: Դեռ լաւ է, որ չէ ըսած, որ նախ ազգին մեծերը, ճառ խօսողները թող երթան, յետոյ մենք կ’երթանք:

– Սիրելի՛ Մակար, ազգ եւ հայրենասիրութիւն կապկում չեն, անկեղծ զգացումներու վրայ հիմնուած անհատական ապրում են: Այդպիսիները ոչ ոք կրնայ համոզել: Անոնց համար իտէալը պարզ է. ծովափ արձակուրդի երթալ, նաւապտոյտի երթալ, ամէն օր դրամատունէն եկած թուղթերուն նայիլ` հասկնալու համար, թէ խնայողութիւնները որքան աւելցած են:

– Արմենա՛կ, կրնա՞ս բաց նամակ մը գրել ազգի իմաստուններուն` առաջարկելով, որ հասարակ յայտարար մը գտնեն դրամատան խնայողութեան, ապահովութեան եւ հայրենադարձութեան համար: Այս ալ տեսակ մը ուսողութեան մէջ ծանօթ ցարդ անլուծելի quadrature du cercle-ին պէս է: Մինչ այդ բարեկամիդ ըսէ, որ հետեւի կնոջ (չ)իմաստութեան, կամ` ապահարզան ընէ…

 

 

Նախորդը

Սեւ Ասպած, Մեք Վո՞վ Իք*

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Ե. /2015. Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?