Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանեան Կեցութիւն

May 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Փարիզէն կամ Պէյրութէն Հայաստան օդանաւային ճանապարհածախսը տարհամոզող է: Աւելի մատչելի եւ դիւրին է Փարիզէն Նիւ Եորք երթալ: Այս հարցին լուծումը կարեւոր է հայրենասիրական եւ տնտեսական պատճառներով: Զբօսաշրջիկին համար, օտար թէ հայ, հեշտ պէտք է ըլլայ Հայաստան այցելութիւնը:

Հայկական օդանաւային ճամբորդական ընկերութիւն ունենալու փորձերը չյաջողեցան: Պետութիւն եւ գործարարներ անկարող եղան օդանաւային ընկերութիւն մը ոտքի պահել: Պատճառները եւ հաշուապահական տուեալները չյայտարարուեցան: Պէյրութէն կամ Փարիզէն Երեւան երթուդարձի ծախսը տրամաբանական համեմատութիւն պէտք  է ունենայ` նոյն հեռաւորութեամբ այլ վայրերու բաղդատած:

Փարիզէն Մոսկուա երթալ, ապա Երեւան, քան ուղղակի Երեւան, մղոնները կը բազմապատկուին… նուազ ծախսով: Տեղ մը բան մը սխալ է:

Ապրիլ 18-ին, առաւօտեան ժամը 5:00-ին տունէն դուրս եկանք դէպի Փարիզի օդակայան` երթալու համար Մոսկուա, ապա, երկու ժամ սպասելէ ետք,  կրկին մտանք օդանաւ, Երեւանի ժամով երեկոյեան 9:30-ին էջք կատարելու համար:

Լրիւ օր մը ճամբորդութիւն, նոյնքան ալ` վերադարձի, զուր յոգնութիւն, մանաւանդ երբ մարդիկ մէկ շաբթուան արձակուրդով կու գան Հայաստան: Եօթը օրուան երկուքը օդանաւին կամ սպասման սրահներու մէջ սպառելը կը դարմանուի՞ միայն հայրենասիրական զգացումով:

Գործարարներ եւ պետութիւն ինչո՞ւ լուծում չեն գտներ հարցին, երբ գիտենք, որ Հայաստանի տնտեսութեան համար խիստ կարեւոր ազդակ է զբօսաշրջութիւնը: «Բիզնես»-ի ջատագովները ինչո՞ւ կը լքեն այս դաշտը:

Երեւան:

Արթնցայ Փոքր Մասիսի ձիւնածածկ գագաթին նայելով, Արարատի կէսը միայն տեսնելու հայճոյքով եւ ցաւով. այդպէս է, «մեր» Արարատը մեր հողին վրայ չէ: Այս կը կոչուի «միջազգային արդարութիւն»… Ականջիս կը հնչէ Սիամանթոյի զայրոյթը… «թող ես թքնեմ քո ճակատին»… Ոչ միայն նախճիրներու համար, այլ` հայու հողին համար, որ բզիկ բզիկ եղած է, եւ «ճանաչումով» մը կ’ուզեն-կ’ուզենք մոռացման դատապարտել:

Ընթացիկ օր մը: Կիրակի. շուկան բաց է: Շուկայէն վերադարձ:

Հեռատեսիլը կը սփռէ 12 ապրիլի Հռոմի աննախընթաց եկեղեցական արարողութիւնը եւ սրբազան քահանայապետի ի լուր աշխարհին` մեր պատմական ցաւին յիշեցումը, ցեղասպանութիւն` զոր հարիւր տարի ի վեր փակագծի մէջ դրած է մեծխօսիկ «միջազգային համայնք»-ը` շահախնդրութիւններով մերժելով իրաւունքի վերականգնումը, որ տարբեր որակ է մխիթարական ճանաչումէն:

Մենք կը շարունակենք դարպասել ինչ-ինչ արժէքներով առաջնորդուած միջազգային համայնք(ներ)ը:

Միջօրէի արեւը կը լուսաւորէ մայրաքաղաքը եւ մայրուղիներու վրայ ինքնաշարժները մանրիկ խաղալիքներու պէս կը վազեն, երբ կը դիտեմ հեռուէն:

Խանութները բաց էին: Գիւղէն բերուած խնձորներ եւ կանաչի կը ծախէին: Քաղաքը կ’ապրէր:

Երբ Օփերայի կամ Հանրապետութեան հրապարակը երթանք, կարօտով ժամանած զբօսաշրջիկներ պիտի տեսնենք: Յիշողութեան զբօսաշրջիկներ… Լաւ է: Անոնք շատ ալ պիտի չմտածեն, որ այդ հրապարակը այնքա՜ն տարբեր է քարընկեց մը հեռու գտնուող Փարաքարէն:

Կը մտածեմ. ինչպէ՞ս ոտքի պիտի կանգնին իրաւունք վերահաստատող ասպետները:

Հայաստան բնակողի կարգավիճակով, գոյքահարկ, քաղաքապետական տուրք, վճարեցինք, նոյնիսկ երբ մէկ կամ երկու ամիս կը բնակինք: Առանց նրբութեան: Երբ բացակայ ենք, գանձիչը իր տան մէջ չի գտներ բնակիչը, հետեւաբար հարկը չի վճարուիր: Բայց տոյժ կ’որոշուի` առանց խորհելու, որ բացական ինչպէ՞ս վճարում կ’ընէ, երբ քաջալերուելով բնակարան կը գնուի հայրենադարձութիւն քաջալերելու համար: Գումարը կրնայ աննշան ըլլալ, բայց օրէնքի պատշաճեցում պէտք է ըլլայ: Անոր համար ալ պէտք է ոչ մեքենական վերաբերում ունենալ, ոչ թէ սեփական մանր շահը պաշտպանելու, այլ` վերադարձը քաջալերելու:

Առաւօտեան արեւը քէն ըրած է, քանի մը կաթիլ անձրեւ ինկաւ պատուհանի ապակիին վրայ: Եթէ տունէն դուրս գանք, ամառնային հագուստի փորձիչ երջանկութենէն պէտք է հրաժարիլ:

Այսօր կրկին կը կարդամ հանդուրժողութեան մասին այնքան հարազատ Վոլթերի ընդվզումը, որ արտայայտուած է 1763-ին, բողոքական Ժան Քալասի սպանութեան առիթով: Ներկայիս կրկին կը դիմագրաւենք մոլեռանդութեան,  ծայրայեղութեան եւ անհանդուրժողութեան հարցեր, որոնք կանգ չեն առներ գաղափարներու մակարդակին, այլ կ’աւարտին արիւնահեղութեամբ, մեծ երկիրներու եւ փոքրերու պարագային:

Անհանդուրժողութիւնը առաքինութիւն չէ:

Մոլեռանդութիւնը մերժում է մեր հաւասարին սեփական գաղափարին եւ դատումին: Ամենազօր Աստուած(ներ)ը մի՞թէ մեր պաշտպանութեան կարիք ունին, մեր պաշտպանութիւնը մի՞թէ մեղանչում-կասկած չէ իր-իրենց անսահման հզօրութեան նկատմամբ: Անհանդուրժողութիւնը կրնա՞յ նպաստել հայրենիքի յառաջդիմութեան եւ, ինչո՞ւ չըսել, կենսամակարդակի բարձրացման:

Լրատուամիջոցները անհանդուրժողութիւնները եւ մոլեռանդութիւնները ապրեցնող բեմեր են, կը լսենք, կը մոռնանք, երբ անոնք չեն նստած մեր կուշտին: Եւ զանգուածները կը կրեն բացասական հետեւանքները:

Այս հարցերը պիտի մոռնանք քիչ ետք, երեկոյեան, երբ Երեւանի հիւրընկալ սրճարանները նստած ըլլանք, կամ երթանք սրահ մը` երգ, պար, օփերա, պալէ կամ թատրոն վայելելու:

Այսինքն` զբօսաշրջիկի առօրեայ:

Քանի մը օր վերջ համայն աշխարհին հրամցուելիք սրբադասման եւ ծիծեռնակաբերդային տպաւորիչ պատկերները շատ մը բաներ պիտի մոռցնեն… բայց հարցերը պիտի մնան, անոնց մասին խօսիլ հայրենասէրի եւ քաղաքացիի պարտք եւ պարտականութիւն է:

 

 

20/04/2015, Երեւան

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Ե. /2015. Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Յաջորդը

Լոնտոն. Լոնտոնի Գիրքի Տօնավաճառին` Հայկական Տաղաւարի Բացում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.