Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 6. 296 +…

May 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու շարքը տակաւին կը շարունակուի: Անշուշտ տակաւին առիթ պիտի ունենանք համապարփակ քննարկումի եւ արժեւորման ենթարկելու լիբանանահայ գաղութին մէջ անցնող ամիսներուն ծաւալած օրինակելի աշխատանքը, որ երկար ժամանակ իր մասին խօսիլ պիտի տայ անկասկած:

Անցեալ ամիսներուն, կեդրոնական այս գաղութին կազմակերպած քաղաքական, պահանջատիրական, ակադեմական, եկեղեցական, մշակութային, ուսանողական, երիտասարդական, պատանեկան եւ այլ ձեռնարկները, զօրաշարժի ենթարկեցին մեր գաղութի հաւաքական կեանքին կազմակերպական ամբողջ մեքենան: Կազմակերպուած 100-է աւելի ձեռնարկները ստեղծեցին ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ մեծ հետաքրքրութիւն եւ անգամ մը եւս լուսարձակները կեդրոնացուցին լիբանանահայ գաղութին ցուցաբերած աշխուժութեան եւ դրական պոռթկումին վրայ:

Այս ծիրին մէջ պէտք է կարեւորութեամբ անդրադառնալ շաբաթ, 9 մայիսի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կողմէ կազմակերպուած հայկական վարժարաններու աւարտական դասարաններու հունձքի հանդիսութեան, որուն ընթացքին այս տարեշրջանի  296 շրջանաւարտներ իբրեւ 100-ամեակի սերունդ ստացան յատուկ վկայագիրներ:

Աւարտական հանդէսները եւ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնները բնական է, որ միշտ ալ ստեղծած են եւ կը ստեղծեն ուրախութեան եւ հպարտանքի մեծ առիթներ թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ կրթական պատասխանատուներուն համար: Այս հանդէսը սակայն դուրս կու գար այս սահմանուած ընդհանուր եւ ընթացիկ շրջագիծէն եւ լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ կ՛արձանագրէր կարեւոր եւ անմոռանալի էջ մը:

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի ծիրին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիսութիւնը, նորահաս սերունդին մօտ մեր ազգային, պահանջատիրական երթը դարբնելու եւ այդ առաքելութեան հաւաքական ու միասնական նկարագիրը շեշտադրելու կարեւոր պատգամ մըն է անտարակոյս: Պատասխան մը բոլոր անոնց, որոնք կը խորհին, թէ տարիներու թաւալումին հետ հայութեան պահանջատիրական ոգին պիտի նսեմանայ եւ այդ պայքարի զինուորագրեալներուն թիւը նօսրանայ: Բարեբաստիկ զուգադիպութեամբ մը ձեռնարկը տեղի կ՛ունենար Շուշիի ազատագրութեան օրը` հայութեան նորօրեայ յաղթանակի օրը:

Այս հանդիսութեան երկրորդ պատգամը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ լիբանանահայ գաղութը, հակառակ իր դիմագրաւած ապահովական եւ ընկերային-տնտեսական բազմաթիւ դժուարութիւններուն, կը դրսեւորէ հաւաքական կեանքի կազմակերպ վիճակ եւ խանդավառութիւն: Այդ կազմակերպ հաւաքական կեանքի արգասիքն է այսպիսի պատկառելի թիւով շրջանաւարտներու հունձքի մը ներկայութիւնը: Սակայն ի՞նչ պատասխան պիտի տան այն ծնողները,  որոնք իրենց այս տարեշրջանի շրջանաւարտ զաւակները զրկեցին այս պատմադրոշմ հանդիսութենէն, որովհետեւ անոնք կը յաճախեն օտար վարժարաններ: Այո՛, վստահ եմ, որ բազմաթիւ ծնողներու ներաշխարհը այս առիթով փոթորկեցաւ եւ լուր պատգամ մը շրջագայեցաւ այն բոլոր հայ օճախներուն մէջ, ուր հայերէնի կամ հայոց պատմութեան դասագիրքեր գոյութիւն չունին: Այո՛, այդ հատուածին համար այս հանդիսութիւնը իրաւամբ զգաստութեան եւ դէպի հայութեան արժէքներ վերադարձի կանչ մըն է, որ հանդիսութեան ընթացքին հնչեց շատ բարձր:

Երրորդ պատգամը, որ կը բխի այս հանդիսութենէն, լիբանանահայ գաղութի կենսունակութեան վճռական դրսեւորումն է: Այո՛, շաբաթ երեկոյեան ամբողջ հայաշխարհը տեսաւ, որ այս գաղութը, հակառակ իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, յաջողած է 296 ուսանողներու պատկառելի ու խոստմնալից բանակ մը դնել հայ կեանքին տրամադրութեան տակ եւ երաշխաւորել մեր ազգային պահանջատիրական երթի շարունակականութիւնը: Լիբանանահայ գաղութի դերակատարութիւնը եւ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութիւնը շեշտաւորող հարազատ նախաձեռնութիւն մըն էր այս հանդիսութիւնը, որ արժանացաւ բոլորին գնահատանքին:

Վաղը կամ միւս օր վարագոյրը վար կ՛իջնէ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած ձեռնարկները կ՛աւարտին: Այսպիսի հանդիսութիւններու  պատգամն ու թելադրականութիւնը իրենց անջնջելի դրոշմը կը ձգեն ոչ միայն շրջանաւարտներուն, այլեւ լիբանանահայ գաղութի բոլոր հատուածներուն վրայ:

Այս բոլորէն ետք սակայն, եթէ հպարտութիւնն ու յաղթանակը կը պատկանի լիբանանահայութեան, վաղուան գործին համար պահանջուող յանձնառութիւնը նաեւ անոր ճիտին պարտքն է: Անհրաժեշտ է գուրգուրալ այս գաղութի կարելիութիւններուն եւ կարողականութեան վրայ: Անհրաժեշտ է համահայկական այս  ուժն ու դրամագլուխը աւելի զարգացնել ու ընդարձակել: Այս ծիրին մէջ անշուշտ առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորումը, ուսումնական բարձր գիտելիքներով անոնց դաստիարակութիւնը համալրելու հանգամանքը եւ վերջապէս քաղաքականացած եւ Հայ դատին նուիրուած պահանջատէր երիտասարդութեան մը պատրաստութիւնը: Եւ այս բոլորին մէջ անշուշտ հայ վարժարանը կը գտնուի պատնէշի առաջին դիրքին վրայ, որուն գոյատեւումին, զարգացման եւ արդիականացման համար ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայել:

Հաւաքական ու համադրուած աշխատանքով կրնանք իրականացնել այս մարզին մէջ օգտաշատ ծրագիրներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն այս գաղութի դերակատարութեան ընդարձակումը եւ հայութեան համահայկական նպատակներու իրականացման մէջ կ՛ապահովեն անոր համար պատկառելի նշանակութիւն: Այո՛, հայակերտումի աշխատանքին պէտք է տալ համապատասխան հնչեղութիւն եւ ըստ այնմ հունաւորել գաղութի առաջնահերթութիւններն ու անհրաժեշտութիւնները: Այդ առաջնահերթութեանց ճշգրիտ գնահատումով կարելի պիտի ըլլայ որդեգրել նպատակաուղղուած ծրագիրներ եւ արձանագրել նոր նուաճումներ:

Արժէ՛, այժմէն իսկ այս առիթով, յառաջիկայ տարիներուն այս հաւաքական հունձքի քանակը աւելցնելու հաւաքական որոշում տալ: Ատիկա անշուշտ կախեալ է մեր գաղութի դրսեւորած որակական յառաջընթացէն, որուն անհրաժեշտ ստորոգելիներով զինուած է ան անկասկած: Կը մնայ աշխատանքին շուրջ համախմբել բոլորը:

Բարի եւ յաջող պահանջատիրական երթ 100-ամեակի շրջանաւարտներուն:

 

 

 

Նախորդը

«Մեզի Համար Մեր Ազգային Պահանջատիրութիւնը Շրջագիծ, Թուական Եւ Վայր Չի՛ Ճանչնար. Մեր Նպատակն Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Եւ Հատուցումը» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Մարոքեան Հալածիչ Մը Ջախջախուեցաւ Եմէնի Մէջ. Եմէնեան Ցեղախումբեր Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Գրաւեցին Ռատիֆ, Թուայլաք Եւ Ժալահ Լեռները

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

8 Մարտ` Կիներու Միջազգային Օր⁶

March 7, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայ Կնոջ Վերապահուած Առաքելութիւնը Աւելի Քան Սուրբ Է (Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով)

March 7, 2026
Շնորհակալական Խօսք
Անդրադարձ

Շնորհակալական Խօսք

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.