Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անի Պալապանեանի Բարձրորակ Նուագահանդէսը «Փիեռ Ապու Խաթեր» Հանդիսասրահին Մէջ

May 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2015-ին հայ ազգը ամբողջութեամբ ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Այս տարի տեղի ունեցան եւ տակաւին կ՛ունենան զանազան ձեռնարկներ` համերգներ, թատրոն, քայլարշաւի դասախօսութիւն եւ այլն: Լիբանանահայերս առիթն ու պատիւը ունեցանք 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի կողմէ կազմակերպուած գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն ներկայ գտնուելու:

Սակայն սիրտս անհուն բերկրանքով լեցուեցաւ նաեւ, երբ լիբանանահայ արուեստագէտ, դաշնակահար Անի Պալապանեանի նուագահանդէսին ներկայ գտնուեցայ: Երբ տեղեկացայ, թէ Անին, որպէս հայ ազգի զաւակ, իր անձնական նախաձեռնութեամբ որոշած է Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ նուագահանդէս մը կազմակերպել` ձօնելով 1,5 միլիոն նահատակ սուրբերուն եւ առաջին անգամ ըլլալով նուագել միայն ու միայն հայ արուեստագէտներուն ստեղծագործութիւններէն մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն ապրեցայ:

Երեքշաբթի, 21 ապրիլի երեկոյեան, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» հանդիսասրահը լեցուն էր հայահոծ բազմութեամբ, ինչպէս նաեւ` օտար արուեստասէրներով: Նուագահանդէսը կ՛ընդգրկէր անմահանուն Կոմիտասի, Խաչատուրեանի, Միրզոյեանի, Էմմիեանի, Յարութիւնեանի, Ճելալեանի եւ տակաւին շարք մը հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները:

Անի Պալապանեան ծնած է Լիբանան, նախնական ուսումը ստացած է Հայ աւետ. քոլեճին մէջ փոքր տարիքէն հետեւած է դաշնակի դասընթացքներու, նուագահանդէսներով հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչպէս նաեւ` Լոնտոնի, Գերմանիոյ եւ այլն:

Տեղին է յիշել, թէ ան մեծ վարպետութեամբ կատարեց եւ մեկնաբանեց իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն. զգալի էին բծախնդիր աշխատանքն ու բարձրորակ մակարդակը, որոնք մեծապէս գնահատուեցան ներկաներուն անընդհատ ծափողջոյններով:

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր հայ արուեստագէտին եւ բարի երթ կը մաղթենք անոր:

ՆՈՐԱՅՐ

Նախորդը

Տուրմի` Շոքոլայի Օգուտները. Կարելի՞ Է Ներդաշնակել Հաճոյքն Ու Առողջութիւնը

Յաջորդը

Համբարձման Տօն

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.