Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Ե. /2015. Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

May 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման ու հայկական պահանջատիրութեան իրաւական դաշտ փոխադրման համահայկական ճիգերուն կողքին, լուսարձակի տակ պէտք է պահել հայկական սփիւռքի ու յատկապէս սուրիահայութեան դիմագրաւած կենաց մահու գոյապայքարը:

Թուրքիան սուրիական հարցին միջամուխ ըլլալով ու զինեալ խմբաւորումներուն զօրակցելով մէկ-տեղ` ամէն ջանք կը թափէ Ցեղասպանութեան հետքերը սուրիական հողերէն վերացնելուեւ յատկապէս սուրիահայ համայնքի 100 տարուան ընթացքին կառուցած, պահպանած ու Արեւմտեան Հայաստանէն  ժառանգած ամէն բան անհետացնելու, քանդելու համար:

Փաստօրէն Սուրիոյ տարածքին տեղի ունեցող աւերները, մշակութային, պատմական ու կրօնական հաստատութիւններու քանդումները կը միտին տարածաշրջանի քաղաքակրթութիւնը քանդել, Սուրիոյ ժողովուրդի գունեղ խճանկարը քայքայել, միաժամանակ փոքրամասնութիւններու մշակութային ժառանգութիւնն ու աշխուժ ներկայութեան վկայութիւնները վերացնել:

Թուրքիոյ ներգործօն դերակատարութիւնը յստակ կ՛երեւի քանդումի ու աւերի այս բարբարոսութեանց մէջ:

Սուրիական իշխանութիւնները քաջ գիտակցելով Թուրքիոյ նենգ քաղաքականութեան ծալքերուն, ձայն կը բարձրացնեն, ուղղակիօրէն կ՛ամբաստանեն եւ իրենց կարելին կ՛ընեն միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու Թուրքիոյ եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու ծրագրաւորուած բարբարոսութիւններն ու նեցուկ կանգնելու Սուրիոյ ժողովուրդին ու փոքրամասնութիւններուն:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, հայ ժողովուրդի արդար դատին եւ հայոց պահանջատիրութեան ամրօրէն կառչած, աւելի՛ն, Ցեղասպանութեան հետքերը կրած, վկայութիւններն ու մշակութային ժառանգութիւնը պահպանած գաղութի մը քայքայումը պարզ է, որ պիտի ծառայէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող եւ հայկական ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ վերացնելու ձգտող թրքական քաղաքականութեան:

Ուստի հայկական կողմին համար էական է պահպանել սուրիահայ համայնքի ներուժը, օժանդակել, որ համայնքի զաւակները չտարտղնուին, որպէսզի 100 տարի հայկականութեամբ սնած ու ապրած սուրիահայը օտար ափեր մեկնելով` ուծացման յորձանուտին մէջ չկորչի ու պահէ իր գործօն ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ:

Սուրիահայութիւնը, յատկապէս հալէպահայութիւնը, օր ըստ օրէ դէմ յանդիման կը գտնուի կենաց մահու նորանոր խնդիրներու: Ժամանակն է գործնական քայլերով փրկելու երբեմնի ծաղկուն այս համայնքը: Փուլ եկած հայկական կառոյցներն ու շէնքերը կարելի է կրկին շինել, էականը համայնքի ներուժը, մարդուժը, որակը, տեսակը պահպանելու  խնդիրն է:

 

Զ.Պ.

Նախորդը

Հայաստանը Զուիցերիա Չէ, Հայրենիք Է

Յաջորդը

Հայաստանեան Կեցութիւն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.