Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. «Ազդակ»-ի 100-Ամեակի «Փաթեթ»-ը

May 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Նախապէս քանի մը տարբեր առիթներով գրած կամ յայտնած եմ բարձրաձայն իմ կարծիքս, տեսակէտս «Ազդակ»-ի մասին, անոր վերելքին մասին: Չեմ կարծեր, թէ կրկնութիւն կ՛ըլլայ նաեւ այս մէկը, այլ պարզապէս` յաւելում նախորդներուն: Սակայն անմիջապէս նշեմ, որ յառաջիկայ տողերը կը գրեմ լրիւ առարկայական մօտեցումով ու ակնոցով եւ ոչ` ենթակայական: Այսինքն, չեմ գրեր իբրեւ երկար տարիներու նախկին անձնակազմի անդամ կամ խմբագիր, այլ այս պարագային հաւատարիմ ընթերցող ու թերթին մօտէն հետեւող հասարակական գործիչ:

5-12-15_Cover5-12-15AZTAG-Special-ARABIC-April-24Այս անգամ գրութեան առիթ տուաւ հարիւրամեակի ամբողջ «փաթեթ»-ը: «Ազդակ» ինքզինք  գերազանցեց հարիւրամեակի կարեւոր շրջադարձը ըստ արժանւոյն լոյսի տակ բերելու առումով, թէ՛ ազգային, եւ թէ՛ զուտ մասնագիտական-լրագրողական իմաստով: «Ազդակ»-ի ամէնօրեայ լրատուութիւնը` աշխարհով մէկ կատարուող հարիւրամեակի իրադարձութիւններուն կապուած, արագ ու ամբողջական, ապա նաեւ հարիւրամեակի «Բացառիկ»-ը, արաբերէն յաւելուածը, խմբագրականներն ու առաջնորդող յօդուածները իրենց բովանդակութեամբ ու քաղաքական հեռատեսութեամբ (միշտ պահելով էականը` ազգային ուղեգիծը, հայկական արեւելումը ու համազգային խորքը) գերազանցեցին իրենք զիրենք` բաւարարելով թէ՛ հայրենի ընթերցողն ու տարբեր շրջանակները, թէ՛ սփիւռքահայ ընթերցողը: Ահաւասիկ ա՛յս է նաեւ մեր օրգանին յաջողութեան հիմնական բանալին` ըլլալով հանդերձ կուսակցական օրգան, պահելով այդ առումով գաղափարական ուղեգիծը` հանդիսանալ համահայկական բեմ, առանց խտրական մօտեցումի, տեղ տալով բոլորին անխտիր: Այս մէկը ընդգծելի է ու օրինակելի բոլորին:

5-12-15_25-April-2015_15-15-15_24-1-MiatsialՈւշագրաւ եւ յուսադրող նախաձեռնութիւն էր նաեւ ազգային երեք կուսակցութիւններու մամլոյ օրգաններու միացեալ խմբագրականը, որ ցուցանիշ է ոչ միայն միասնականութեան գիտակցութեան, այլ նաեւ քաղաքական հասունութեան, որ նաեւ ու մանաւանդ չի վրիպիր վստահաբար մեր թշնամիներուն ոսպնեակէն:

Այն պահուն, երբ աշխարհն ամբողջ կը տագնապի տպագիր մամուլի պահպանումով, երբ մամուլը ընդհանրապէս նահանջի մէջ է ամէն տեղ տնտեսական թէ արհեստագիտական տարբեր պատճառներով, այն պահուն, երբ մանաւանդ հայ մամուլը, Հայաստան թէ սփիւռք նահանջ մը կ՛ապրի որակական, գաղափարական թէ գոյատեւման առումով դժբախտաբար, ահաւասիկ «Ազդակ»-ը, հակառակ տնտեսական թէ այլ դժուարութիւններու, ոչ միայն կը թիավարէ հոսանքն ի վեր, այլեւ կ՛արձանագրէ նոր վերելքներ, կը նուաճէ նոր մակարդակ: Անշուշտ այս հոլովոյթը պտուղն է հաւաքական աշխատանքի ու ճիգի, զորս կ՛արձանագրեն ու կ՛արդիւնաւորեն խումբ մը նուիրեալներ:

Վարձքը կատար բոլորի՛ն, ամբողջ անձնակազմին` տնօրէնութիւն, խմբագրութիւն, քարտուղարութիւն, վարչական, գրաշարական եւ մասամբ նորին: Յաւելեալ ուժ եւ կորով  կը մաղթեմ բոլորի՛ն, նուիրեալ ու հպարտառիթ այս աշխատանքի անշեղ պայքարին, այո՛, պայքարի՛ն ի խնդիր:

 

Նախորդը

Լոնտոն. Լոնտոնի Գիրքի Տօնավաճառին` Հայկական Տաղաւարի Բացում

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. «Երուանդ Օտեան» Թատերախումբը Բեմ Բարձրացուց «Գարնան Երեք Օրեր» Թատերախաղը

RelatedPosts

Յուշերու Կապոց.  Զայրացող Լեզուագէտը, Որ Փափուկ Սիրտ Ունէր  (Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Արմենակը

November 14, 2026
«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.