Անդրադարձ

Անկարելի Տարեդարձ

Անկարելի Տարեդարձ

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ Մայրիկիս յիշատակին   Ես կ՛ուզէի Ինն հատ մոմ ամէն մէկը տասնամեակի փոխարէն իւրաքանչիւրն համազօր ամբողջ կեանքի մ՛ապրուած - Ինն հատ մոմ - որոնցմէ մէկը ըլլար բարիքներուն համար բոլոր զորս ան ձեզի արքայաբար շռայլեց միւսն` այն ամէն պարզ ու քաղցր բաներուն զորս չկրցանք, չխորհեցանք տալ անոր մէկն` այն բոլոր դառն ու դիպուկ խօսքերուն զորս ան թէպէտ պարտաւոր էր մեզի...

«Կրեկ» Գրիգոր Պասմաճեանի Յիշատակին

«Կրեկ» Գրիգոր Պասմաճեանի Յիշատակին

ՐԱՖՖԻ ՍԻՍԼԵԱՆ 40 օրեր անցան, շատ տարիներ պիտի անցնին, սակայն Կրեկ Պասմաճեանի յիշատակը պիտի մնայ անմար` Սինկափուրի հայ գաղութին մէջ եւ իր աշխարհասփիւռ բարեկամներուն մօտ: Կրեկ Գրիգոր Պասմաճեան, ծնած է Կիպրոս, 1952-ին, համալսարանական բարձր ուսումը ստանալէ ետք մասնագիտացած է դրամատնային եւ ելեւմտական բնագաւառներուն մէջ, Անգլիա, երկար տարիներ պաշտօնավարած է «Պանք աֆ Ամերիքա»-ի շատ մը եւրոպական եւ ասիական երկիրներու մէջ` վարելով...

Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը

Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ Հասարակական ու քաղաքական գործիչ ըլլալով հանդերձ, դաշնակցական ղեկավարը իր մտաւորական խառնուածքով միշտ ալ կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ մշակոյթի զարգացման գծով: Այդպիսին էր նաեւ ընկ. Հրայրը: Կազմակերպական ու քաղաքական աշխատանքներով կլանուած ըլլալով հանդերձ, ան աշխատակցեցաւ դաշնակցական մամուլին, յատկապէս` «Դրօշակ»-ին, գաղափարաբանական թէ քաղաքական բնոյթի յօդուածներ ստորագրելով: Դաշնակցութեան ընկերաքաղաքական ուղեգիծը պարզաբանող եւ Հայ դատի աշխատանքները ներկայացնող հրապարակային դասախօսութիւններով, ինչպէս նաեւ...

«Մեր Պատմութիւնը Դաժան Է…»

«Մեր Պատմութիւնը Դաժան Է…»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Ապրիլ 28 2015: Քաթարէն աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնիմ Թոքիօ: Առաջին անգամն է, որ Ճափոն պիտի այցելեմ: Բնականաբար կը հետեւինք Ճափոնի ճարտարարուեստական յառաջխաղացքին եւ գիտենք, որ այդ երկիրը իր արտադրութիւններով ողողած է աշխարհի շուկան, բայց նաեւ կարդացած եմ պատմութեան ընթացքին անոր սխրագործութիւններուն մասին: Անոր անցեալի նուաճողական եւ որոշ համեմատութեամբ նաեւ «բռնատիրական»  ախորժակները լեցուցած են պատմութեան էջերը: Բայց նաեւ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնանկան Կոմիտէի Անդամ Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնանկան Կոմիտէի Անդամ Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը

Իրապէս մեզի համար մայիսը արտասովոր ամիս է, յաղթանակներ խորհրդանշող ամիս է, փոխան մեռնելու` կռուելու եւ գոյատեւելու ամիս է, փոխան պարտութիւններու` յաղթանակներու, նուաճումներու եւ իրագործումներու ամիս: Մենք ազգովին մայիսին կերտեցինք անկախութիւն,  ազատագրեցինք Շուշին: Այսօր դարձեալ հաւաքուած ենք նոյն համոզումով, նոյն խանդավառութեամբ, նոյն կարեւորութեամբ միասնաբար տօնակատարելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 97-րդ   ամեակը: Բայց հաւաքուած ենք նաեւ, որպէսզի ազգովին մեր անցած ուղին վերլուծենք, գնահատումը ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան  Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի Խօսքը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի Խօսքը

Նախ կը ցանկանայի շնորհաւորել բոլորին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տօնի առիթով եւ մաղթել միասնականութիւն, տոկունութիւն, յաղթանակներ եւ բարձունքներ: Մեր ժողովրդի պատմութիւնը յանուն ազատութեան մղուող պայքարի պատմութիւն է, պատմութիւն, որը լի է եղել զրկանքներով, տառապանքներով, պայքարով, արարչութեամբ եւ յաղթանակներով: Ճակատամարտել ենք Աւարայրի եւ Ձիրաւի դաշտավայրերում, Կիլիկիայի բերդերի վրայ, Սարդարապատում, Շուշիում, մաշտոցեան տառերով գրքեր ենք հրատարակել աշխարհի տարբեր ծայրերում: Մեր պայքարը շարունակուել է...

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Արեւիկ Փափազեանի Խօսքը՝ ԶՈՄ-ի Կողմէ

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Արեւիկ Փափազեանի Խօսքը՝ ԶՈՄ-ի Կողմէ

Մայիս 28` փառաւոր յաղթանակ. 1918` թուական մը, երբ մոխրացած հայրենիք մը յանկարծ շունչ առաւ եւ 600 տարուան ստրկութենէն ետք դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ. Հայաստանի առաջին անկախութիւն` գրեթէ հրա՞շք մը: Ահա մեր պատմութեան մէջ հատուած մը, որ կը խլէ մեր ուշադրութիւնը եւ առասպելական հեքիաթի մը նման կը գրաւէ մեր սրտերը: Ո՞վ կը սպասէր, որ այդքան անմարդկային ոճիրներու ենթարկուած ժողովուրդը տակաւին պիտի ունենար...

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Յարութ Լափաճեանի Խօսքը՝  ԼԵՄ-ի Կողմէ

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Յարութ Լափաճեանի Խօսքը՝ ԼԵՄ-ի Կողմէ

Ահա դարձեալ` համախումբ տօնակատարութեան պահ մը, եւ այս անգամ եկած ենք միասնաբար տօնելու մայիս 28-ի շքեղ յաղթանակի 97-ամեակը, մեր արդի պատմութեան յաղթական երթի ամէնէն նշանակալից  թուականը, որ կը հանդիսանայ ներշնչող ոգին մեր այսօրուան հայկական պետականութեան: Մայիս 28-ը զինուորական սովորական  յաղթանակներ խորհրդանշող թուական մը չէ միայն, այլ` մեր ամբողջ ազգի ազատութեան ու անկախութեան ձգտելու վճռակամութեան զգացումը, այս թուականը մեր ազգի դէպի...

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Պատուելի Սեպուհ Թերզեանի Խօսքը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Պատուելի Սեպուհ Թերզեանի Խօսքը

Ազգերու եւ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ ազատութիւն եւ անկախութիւն բառերը հոմանիշ են «կեանքի» իսկ «կեանքը»` ազատութեան հոլովոյթի: Աստուած ստեղծեց մարդը եւ անոր տուաւ ազատ կամք: Հայը լաւապէս հասկցաւ ազատութեան իմաստը: Ազատ եւ անկախ ապրելու մեր ազգային բնածին դիմագիծը ժառանգութիւնը եղաւ Հայկ Նահապետին արձակած ազատատենչ վարկագիծին: Ազատութիւնն ու անկախութիւնը սիրող ու գնահատող մեր ժողովուրդը, անմիջապէս քրիստոնէութեան մէջ տեսաւ ազատութեան ճշմարտութիւնը եւ բնականաբար...

Լենա Այտնեան` Ինքնուրոյն Նկարչուհի Մը

Լենա Այտնեան` Ինքնուրոյն Նկարչուհի Մը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Այսօր տեղի կ՛ունենայ Լենա Այտնեանի 6-րդ անհատական ցուցահանդէսը Հայկազեան համալսարանի «Մաթոսեան» պատկերասրահին մէջ: Լենա կը նկարէ 2003-էն ի վեր: Նկարչական դասընթացքներու ընթացքին տիրապետած է ձեւերն ու գոյները գործածելու եղանակին, սակայն, ինչ որ մեզ աւելի՛ կը հետաքրքրէ իր գործերուն մէջ, աշխարհը դիտելու եւ ազատօրէն մեկնաբանելու իր կարողութի՛ւնն է, քան` թեքնիք իրագործումները: Շատ մը ակադեմիաներ աւարտած նկարիչներ երկար տարիներ կ՛աշխատին...

Ակնարկ.  Էրտողան Կ՛արծարծէ Թուրքիոյ Մասնատման  Վտանգի Հնարաւորութիւնը

Ակնարկ. Էրտողան Կ՛արծարծէ Թուրքիոյ Մասնատման Վտանգի Հնարաւորութիւնը

7 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց վրայ կը հրաւիրեն դիտարժան բազմահայեացքային մօտեցումներ: Պարզ է, որ գործող իշխանութիւններու գլխաւոր առաջադրանքը` նախագահ Էրտողանի կուսակցութեան խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ապահովելն է: Արդարութիւն եւ բարգաւաճումը այսպիսով կը փորձէ իրականացնել նոր սահմանադրութեան մշակումը: Իսկ այստեղ գերխնդիրը գործող նախագահի լիազօրութիւններու ընդլայնումն է: Այստեղ հայկական ոսպնեակը անմիջապէս համեմատութիւն կը կատարէ պաշտօնական Երեւանի հրապարակած առաջադրանքին հետ:...

Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը

Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ Միջին Արեւելքի երկիրները, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք ընդունած էին տարագիր հայ զանգուածները, ընդհանրապէս դրական մօտեցում ունէին Հայկական հարցին նկատմամբ, նոյնիսկ եթէ պաշտօնապէս չէին ճանչնար Ցեղասպանութիւնը: Բացառութիւն կը կազմէր Սէուտական Արաբիան, որ միշտ թրքամէտ կողմնորոշում ունէր: Հարկ էր սէուտական պետական շրջանակներուն հետ կապեր ստեղծել եւ անոնց բացատրել Հայկական հարցին քաղաքական եւ ոչ կրօնական բնոյթը: Ընկ. Հրայրին հետ հերթական հանդիպումներէս մէկուն,...

«Կամաւոր Բանակ»-ին

«Կամաւոր Բանակ»-ին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Մայիսեան փառատօնին ներկայ ոեւէ հայորդի արցունքով, յուզումի ու հպարտութեան խառն զգացումներով հեռացաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտէն: Բացակաները անկասկած կորսնցուցին վայելքը յատուկ փառատօնի մը, որ վերջին տասնամեակին լաւագոյնն էր իր բովանդակութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ, առանց թերգնահատելու նախկին տարիներու փառատօները: Այս տարուան փառատօնը իւրայատուկ էր Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակութեամբ եւ խրոխտ քայլերով եւ աննահանջ դէպի ՀՄԸՄ-ի յաղթանակի հարիւրամեակ` 2018...

Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը

Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ 1994-ի յուլիսի չոր ու տաք առաւօտ մըն էր: Նիկոսիոյ միակ երկնաքերին` «Ղեմա Թաուըր»-ի իններորդ յարկը գտնուող գրասենեակիս պատուհանէն կը դիտէի դիմացս բացուող տեսարանը: Կապոյտ երկինքին վրայ ոչխարներու հօտի նմանող ճերմակ ամպեր արագ կ՛անցնէին: Կղզիին ամառնային խենթ հովը ոտքերուս տակ բացուող ցորենի ոսկեգոյն դաշտերու փոշին վեր կը բարձրացնէր, որ կղզիի բաժանման գիծէն սկսելով` ոլորապտոյտ կ՛երթար կորսուիլ Քիրենիոյ լեռնաշղթայի լանջերուն:...

«Ազգի Մը Վերածնունդ»-ը «Պէյրութ Էքզիպիշըն Սենթըր»-ին Մէջ, Ուր Հայկական Ողբերգութիւնը Կը Բարձրանայ Գեղարուեստական Պատշաճ Մակարդակի

«Ազգի Մը Վերածնունդ»-ը «Պէյրութ Էքզիպիշըն Սենթըր»-ին Մէջ, Ուր Հայկական Ողբերգութիւնը Կը Բարձրանայ Գեղարուեստական Պատշաճ Մակարդակի

ԼՈՐ ՂՈՒՐԱՅԵՊ Իմաստունները ըսած են` «Յիշողութիւն չունեցող երկիր մը դատապարտուած է սառնամանիք մահուան»: «Պէյրութ էքսհիպիշըն սենթըր», Պիէլի մէջ «Ազգի մը վերածնունդը» վերնագիրով ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ մայիսի վերջաւորութեան` կազմակերպութեամբ «Նոազ Արք»-ին եւ հայ սերունդներուն, որոնք իրենց յիշողութիւնը կը պահեն` հաւատալով, որ նահատակներուն իրաւունքը կը վերադառնայ իրենց եւ աշխարհասփիւռ հետեւորդներուն: Անոնք կ՛ապրին հաւաքական յիշողութեամբ, ասոր կը վկայեն տուեալները, արձանագրուած վկայութիւնները եւ...

Հայկական Սփիւռքը Պիտի Կարենա՞յ Ինքզինք Վերամտածել

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Յուշագրութեան, գեղագէտի, պատմագէտի, կրօնական համայնքի, հայասէրի, մասնակի կացութիւններէն անդին` հայկական սփիւռքը, իր բաղադրամասերով, պիտի կարենա՞յ ինքզինք վերամտածել որպէս իրաւութեամբ ազգի անքակտելի եւ անբաժանելի մաս: Ազգի մաս, ո՛չ օտարերկրացի, ո՛չ ծագումով հայ, ո՛չ յաւերժական ըլլալու յաւակնութեամբ սփիւռք, որ կը յաւակնի տեւել որպէս ազգի հատուած` զբօսաշրջիկի յուզումներով, հեռուէն դիտող: Ճառերու մէջ ընթացիկ դարձած բառապաշարով կը յայտարարենք այլեւս բան չնշանակող տարազը....

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի.  Նուիրուիլ Հայաստանին

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Նուիրուիլ Հայաստանին

Անկախութեան տարեդարձին առթիւ դաշնակցական թերթի աշխատակիցի մը համար ամէնէն դիւրին գործը խմբագրական գրելն է: Հայաստանի անկախ պետականութեան հզօրացման ի խնդիր, յանձնառութեան հերթական վերհաստատումով սկսող ու հայ ժողովուրդի ազգային իղձերու կատարման նուիրուելու պատրաստակամութեամբ աւարտող խմբագրականը կրնայ օրուան պատշաճութեան հանդերձանքով գրութեան մը տեղը դրուիլ կա՛մ ընթերցուելէ ետք, կա՛մ ալ նոյնիսկ առանց ընթերցուելու` պարզապէս մոռցուիլ: Որքան ալ պնդենք, որ նման խմբագրականներ կրնան ընթերցողի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի  –  Մայիս Գ.  Զգուշանալ Խուճապային Իրավիճակ Ստեղծող Լրատուութենէ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Մայիս Գ. Զգուշանալ Խուճապային Իրավիճակ Ստեղծող Լրատուութենէ

Սուրիահայութեան օգնութեան հասնողներու, անոր ապահովութեամբ մտահոգուող կողմերու ջանքերն ու կոչերը շնորհակալ ճիգեր են, որոնք յոյս ու կորով, մաքառելու կամք ու համբերութիւն կը ներշնչեն իւրաքանչիւր սուրիահայու: Զգուշաւորութեամբ պէտք է մօտենալ, սակայն, ոչ պաշտօնական կողմերէ համացանցային էջերու մէջ տարածուող այն տեղեկութիւններուն կամ հնչած ահազանգային լուրերուն, որոնք երբեմն անզգալաբար խուճապային մթնոլորտ կը ստեղծեն, առանց զգուշաւորութիւն ցուցաբերելու գերզգայուն իրավիճակի մէջ գոյատեւող սուրիահայութեան նկատմամբ: Սուրիահայութեան...

Խմբագրական Հայրենիքի.    Անմոռուկ Ծաղիկ…Մայիսեան Ճակատամարտ

Խմբագրական Հայրենիքի. Անմոռուկ Ծաղիկ…Մայիսեան Ճակատամարտ

«Վա՜յ այն ժողովուրդին, որուն կեանքը սոսկ ապրիլ մըն է ժամանակի ու միջոցի սահմաններուն մէջ: Մեր ժողովուրդին կեանքը եղած է մնայուն խոյանք մը, հաւաքական պայքար մը` ի խնդիր հաւատքի յաւերժացման ու հայրենիքի փրկութեան»: Արամ Ա. Կաթողիկոս Եթէ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի լոզունգը «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» էր, մայիս 28-ի անկախութեան կերտման ճակատամարտը անվարանօրէն կարելի է ներկայացնել` «Կը ճակատինք եւ կը յաղթենք»...

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական.  Վերարժեւորենք Անկախութեան Կերտիչ Արամ Մանուկեանի Աւանդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Վերարժեւորենք Անկախութեան Կերտիչ Արամ Մանուկեանի Աւանդը

Համաշխարհային քաղաքակրթութեան պատմութեան տոմարներուն մէջ ոչ մէկ ազգի վիճակուած էր իր ազատութեան եւ ինքնանկախացման ճանապարհին, այն,  ինչ որ իր դաժանութեամբ բաժին ինկաւ հայ ազգին: 1918-ին համազգային բնաջնջման եզրին գտնուող հայութեան խլեակներու վերայառնման վերջին ճիգն ու մահագուպարը Սարդարապատի եւ մայիսեան ռազմաճակատներուն վրայ` վերածուեցաւ ժողովրդային ինքնայորդ գոյապայքարի, ինքնասանձազերծուած խոյանքի, որուն խթանող ազդակն ու մղիչ ուժը հանդիսացաւ Արամ Մանուկեան: Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ...

Page 774 of 806 1 … 773 774 775 … 806

Արխիւներ