Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Հայրենիքի. Անմոռուկ Ծաղիկ…Մայիսեան Ճակատամարտ

June 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-01-15_Hayrenik«Վա՜յ այն ժողովուրդին, որուն կեանքը սոսկ ապրիլ մըն է ժամանակի ու միջոցի սահմաններուն մէջ: Մեր ժողովուրդին կեանքը եղած է մնայուն խոյանք մը, հաւաքական պայքար մը` ի խնդիր հաւատքի յաւերժացման ու հայրենիքի փրկութեան»:

Արամ Ա. Կաթողիկոս

Եթէ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի լոզունգը «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» էր, մայիս 28-ի անկախութեան կերտման ճակատամարտը անվարանօրէն կարելի է ներկայացնել` «Կը ճակատինք եւ կը յաղթենք» լոզունգով:

Այո՛, տարբեր անմոռուկ ծաղիկ մըն ալ բուսած էր 28 մայիս 1918-ին:

Ծաղիկ մը` ծիլ առած Հայոց Պատմութեան հին էջերէն` Վարդանանց պատերազմէն եւ ոգիով տեղադրուած Սարդարապատ, որ իր կարգին շարունակուեցաւ դեռ հազիւ երկու տասնեակ տարիներ առաջ Արցախի մէջ, միշտ ալ մայիս ամսուան ընթացքին:

Պարզ է զուգադիպութիւնը, սակայն յաղթանակի եւ այդ վճռական պայքարի ոճն է, որ իւրայատուկ է հայորդիին համար, որ իր եւ հողին գոյութեան եւ մշակման ի խնդիր եւ այդ ալ համաժողովրդային տարողութեամբ գործի լծուեցաւ սուրբ պատերազմը մղելու, փրկելու եւ փրկուելու:

Պայքարով եւ հերոսական «խելագարութեամբ» ազատագրուած Արցախը վերահաստատեց անհերքելի այն ճշմարտութիւնը, թէ` մայիս 28-եան օրինակին կառչած, սեփական արժանապատուութիւն եւ կռուելու կամք ունեցող ժողովուրդն է, որ միայն կրնայ իրաւունքներ եւ հատուցում ստանալ:

Այսպէս, իր դատին եւ իրաւունքներուն պաշտպան հայութիւնը բարձր բռնեց այդ դրօշը եւ այսօր ամենայն հպարտութեամբ կը տօնէ ՕՐԸ` անկախութեան փառատօնը:

Մայիսեան հերոսութիւնը պարզ նուաճում մը չէ, այլ ճակտի քրտինքով եւ զոհուած հերոսներու արիւնով ձեռք բերուած ՅԱՂԹԱՆԱԿ մըն է: Նաեւ այս օրը պատգամ մըն է, որ կը նշուի եւ… յատկանշուի պահանջատիրութեան կամքով եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականով:

Մաքրամաքուր շունչ է «Խենթերու մայիսեան հնար»-ը, որ ցայսօր ապրելու եւ գոյատեւելու վճռական կամք, խանդ եւ աւիշ կը ներշնչէ:

Շարունակելով Արամ Ա.-ի այդ խօսքերը` տեղին է աւելցնել, թէ ազգերը կրնան գոյատեւել, միայն ու միայն երբ իրենց կեանքը կը վերածուի բարոյական ու ազգային արժէքներու յաւերժացման ու իրենց մարդկային իրաւունքներու վերատիրացման համար մղուող մնայուն պայքարի:

Անշուշտ մայիս 28-ը դրօշակն է հայութեան: Պարզ եռագոյն մը չէ, այլ` ծածանող ԵՌԱԳՈՅՆ, որուն խոր գաղափարը, եւ այդ նոյնիքն սուրբ գաղափարին իրականացումը կը մնայ սուրբ եւ առաջնահերթ:

 

Նախորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Վերարժեւորենք Անկախութեան Կերտիչ Արամ Մանուկեանի Աւանդը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Մայիս Գ. Զգուշանալ Խուճապային Իրավիճակ Ստեղծող Լրատուութենէ

RelatedPosts

Բարութեա՞մբ, Վայրագութեա՞մբ, Թէ՞ Մասամբ Նորին…
Անդրադարձ

Բարութեա՞մբ, Վայրագութեա՞մբ, Թէ՞ Մասամբ Նորին…

January 12, 2026
Երբ Կը Խօսինք Արժէքներու Մասին
Անդրադարձ

Երբ Կը Խօսինք Արժէքներու Մասին

January 10, 2026
Ստացուած Գիրքեր.  «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ»  Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.