Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կրեկ» Գրիգոր Պասմաճեանի Յիշատակին

Յունիս 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՍԻՍԼԵԱՆ

IMG-20150520-WA000040 օրեր անցան, շատ տարիներ պիտի անցնին, սակայն Կրեկ Պասմաճեանի յիշատակը պիտի մնայ անմար` Սինկափուրի հայ գաղութին մէջ եւ իր աշխարհասփիւռ բարեկամներուն մօտ:

Կրեկ Գրիգոր Պասմաճեան, ծնած է Կիպրոս, 1952-ին, համալսարանական բարձր ուսումը ստանալէ ետք մասնագիտացած է դրամատնային եւ ելեւմտական բնագաւառներուն մէջ, Անգլիա, երկար տարիներ պաշտօնավարած է «Պանք աֆ Ամերիքա»-ի շատ մը եւրոպական եւ ասիական երկիրներու մէջ` վարելով բարձր պաշտօններ: Իր կեանքի վերջին կայանը հաստատած է Սինկափուր, 20 տարիներ առաջ կեանքի ընկեր ունենալով Սանտրան:

Վերջին երկու տարիներու ընթացքին տառապեցաւ, անողոք հիւանդութիւնը խլեց զինք մեզմէ` սուգի եւ կսկիծի մատնելով իր անմիջական պարագաներն ու շրջանակը:

Իրեն ծանօթացայ 15 տարիներ առաջ, երբ առաջին անգամ կ՛այցելէի Սինկափուր. մտադրած էի ամէն բանէ առաջ տեսնել Սինկափուրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին, որ հպարտութիւն կ՛առթէր ոեւէ հայ անցորդի, որ կ՛այցելէր այս քաղաքը:

6-06-15_Sourp-Krikor-LousavoritchՍ. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1835 թուականին, անգլիացի Քոլմեն նշանաւոր ճարտարապետին կողմէ: Եկեղեցին նկատուած է իր լաւագոյն գործերէն մէկը, բարերարութեամբ Նոր Ջուղայէն հոն հաստատուած փոքր թիւով հայ վաճառականներու: Այժմ պարծանքով կը յայտարարենք, որ եկեղեցին պաշտօնապէս արձանագրուեցաւ Սինկափուրի ազգային անձեռնմխելի հնութիւններու ցանկին մէջ:

Եկեղեցի այցելութեանս ընթացքին յուշամատեանին մէջ արձանագրած գրութեանս կողքին հեռախօսի համարս գրած էի: Քանի մը ժամ ետք, նոյն օրը արդէն հեռաձայնեց Կրեկը եւ փափաքեցաւ անպայման հանդիպիլ:

Այսքան բաւարար էր սերտօրէն կապուելու իրեն, միշտ ժպիտը դէմքին, անձնուէր, ծառայասէր, համեստ եւ միշտ պատրաստ օգտակար հանդիսանալու ոեւէ հայրենակիցի մը, որ կ՛այցելէր Սինկափուր:

Կրեկին կողքին նաեւ իր սիրելի կինը` Սանտրան, նման էր ոեւէ հայ կնոջ, որ ամենայն զոհաբերութեամբ կ՛աշխատէր իր ամուսնոյն հետ, յատկապէս եկեղեցւոյ հանդիսութիւններուն:

15 տարուան յաճախակի այցելութիւններուս ընթացքին Կրեկին եւ Սանտրային հետ մեր մտերմութիւնը կրկնակի սերտացաւ, Կրեկ դարձաւ «ընկեր»` բառին բուն իմաստով, ազգային մտահոգութիւնները մեր հանդիպումներուն առանցքը կը կազմէին յաճախ, ինք միայն Սինկափուրի հայ գաղութով չէ, որ հետաքրքրուած էր, այլ հայրենիքի եւ սփիւռքի ամէնօրեայ հարցերով:

Երկար տարիներ ծառայեց եկեղեցւոյ խնամակալութեան` Կրեկ Սողոմոնեանի եւ վաղամեռիկ Պապ Գէորգեանի հետ: Շատ դժուար տարիներ եղան 1998-էն 2000 երկարող տարիները, հայկական եկեղեցւոյ գոյութիւնը վտանգուած կացութեան մէջ էր` իբրեւ հայկական կալուած մնալու իմաստով: Շնորհիւ եռանդամ այս խնամակալութեան, անոր ժրաջան, հետեւողական աշխատանքին եւ կեցուածքին, եկեղեցին մնաց հայկական կալուած` իբրեւ սինկափուրեան հայկական ժառանգութիւն:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 170 եւ 175-ամեակի հանդիսութիւնները կազմակերպուեցան երկու Կրեկներուն` Պասմաճեանի եւ Սողոմոնեանի գործակցութեամբ եւ 2011-ին անոնք ոչինչ խնայեցին այս զոյգ հանդիսութիւնները լաւագոյնս կազմակերպելու: Այս հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան տեղական կառավարական բարձր մակարդակի անձնաւորութիւններ, որոնք մեծապէս գնահատեցին այս փոքրաթիւ գաղութին ներդրումը Սինկափուրի մէջ, նաեւ երկու Կրեկներուն տարած աշխատանքը Սինկափուրի հայ գաղութին մէջ: Ներկաներու շարքին էին նաեւ 27 երկիրներէ ժամանած հայորդիներ, որոնք եկած էին իրենց նպաստը բերելու եւ նեցուկ կանգնելու եկեղեցւոյ գոյատեւման:

2011 թուականի 175-ամեակի հանդիսութեան Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը Կրեկ Պասմաճեանը պատուեց շքանշանով մը` ձեռամբ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, առ ի գնահատանք իր տարած լայնածիր եւ եզակի աշխատանքին:

Կրեկ ոչինչ խնայեց Սինկափուրի հայկական եկեղեցւոյ ծառայելու, ան ամէնօրեայ այցելուն էր, հաշուապահութեան հսկողը, կառավարական օրինական գործերը հետապնդողը, նորոգութիւններուն եւ ընթացիկ գործերը համադրողը:

Կրեկի մահով Սինկափուրի հայ գաղութը եւ յատկապէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը կորսնցնեն հաւատարիմ, անձնուէր, ծառայասէր եւ հոգատար անձնաւորութիւն մը:

Իր յիշատակը յաւերժ պիտի դրոշմուի Սինկափուրի գաղութի կեանքին մէջ եւ խորը բոլոր անոնց սրտին, որոնք ճանչցան զայն:

Յիշատակը մնայ անթառամ, Աստուած հոգին լուսաւորէ:

 

 

Նախորդը

Յունիս Ամսուան Տօներէն Աշխարհին Շուրջ (Ա. Մաս)

Յաջորդը

Անկարելի Տարեդարձ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?