Համաշխարհային քաղաքակրթութեան պատմութեան տոմարներուն մէջ ոչ մէկ ազգի վիճակուած էր իր ազատութեան եւ ինքնանկախացման ճանապարհին, այն, ինչ որ իր դաժանութեամբ բաժին ինկաւ հայ ազգին: 1918-ին համազգային բնաջնջման եզրին գտնուող հայութեան խլեակներու վերայառնման վերջին ճիգն ու մահագուպարը Սարդարապատի եւ մայիսեան ռազմաճակատներուն վրայ` վերածուեցաւ ժողովրդային ինքնայորդ գոյապայքարի, ինքնասանձազերծուած խոյանքի, որուն խթանող ազդակն ու մղիչ ուժը հանդիսացաւ Արամ Մանուկեան:
Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ Արամ Մանուկեանի կատարածը գերագոյն սխրանք մըն էր, ժողովուրդի մը համայնակուլ անէացման ընթացքը կասեցնելու ու հայութեան պատուհասող դառնաղէտ վախճանը այլակերպելու:
97 տարի առաջ, մայիսեան օրհասական օրերուն, Արամ Մանուկեանի առաջնորդութեամբ, հայ ժողովուրդը Արարատեան դաշտին վրայ, հայեացքը Մասեաց գագաթին, թօթափեց ճակատագրապաշտութեան ստուերները եւ անվկանդ աշտանակեց դէպի յաղթանա՛կ, դէպի փրկութի՛ւն:
1918-ի հայրենակերտման դիւցազնամարտը պատմակշիռ անկիւնադարձ է, որուն յաջողութեան դրօշակիրը դառնալու բախտը վիճակուած էր Արամ Մանուկեանին` հայ ժողովուրդի լինելութեան գոյամարտի առաջամարտիկին:
Երախտամոռութեան համազօր է Արամ Մանուկեանի նման վեհարժէք հայրենակերտիչի աւանդը թողուլ մոռացութեան քմայքին: Երեք տարի անց ազգովին պիտի նշենք հայ ժողովուրդի լինելութեան բնօրրանի մէկ բաղադրիչը կազմող մերօրեայ հանրապետութեան 100-ամեակը:
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, աւելի քան երկու տասնամեակ թափուր մնացող Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը, ողջ հայութեան աշխարհագրական կիզակեդրոնը` պէ՛տք է ունենայ իր պետականութեան կերտիչին յիշատակը անմահացնող յուշարձանը, այնպէս` ինչպէս Միացեալ Նահանգները ունին Ճորճ Ուաշինկթընը, Վենեզուելան` Սիմոն Պոլիվարը, Թունուզը` Հապիպ Պուրկիպան, Հնդկաստանը` Մահաթմա Կանտին…
Երեք տարի ետք, համասփիւռ հայութեամբ, եկէ՛ք ու տօնե՛նք վասն հայրենիքի եւ ազգի գոյատեւելիութեան մղուած արիւնակերտ մեր յաղթանակի 100-ամեակը եւ յաւերժացնենք Արամ Մանուկեանի աւանդը` կոթողելով անոր յուշարձանը Երեւանի բաբախող սրտին մէջ` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, որպէսզի գալիք սերունդներու հոգւոյն մէջ բաբախուն մնայ Միացեալ բնօրրանի տեսլականը, որպէսզի այդ յուշարձանը ուղեցոյցն ու ներշնչարանը դառնայ մեր լուսապայծառ ապագային: