Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Նուիրուիլ Հայաստանին

June 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ASBAREZ_MAY_28_2015-1Անկախութեան տարեդարձին առթիւ դաշնակցական թերթի աշխատակիցի մը համար ամէնէն դիւրին գործը խմբագրական գրելն է:

Հայաստանի անկախ պետականութեան հզօրացման ի խնդիր, յանձնառութեան հերթական վերհաստատումով սկսող ու հայ ժողովուրդի ազգային իղձերու կատարման նուիրուելու պատրաստակամութեամբ աւարտող խմբագրականը կրնայ օրուան պատշաճութեան հանդերձանքով գրութեան մը տեղը դրուիլ կա՛մ ընթերցուելէ ետք, կա՛մ ալ նոյնիսկ առանց ընթերցուելու` պարզապէս մոռցուիլ: Որքան ալ պնդենք, որ նման խմբագրականներ կրնան ընթերցողի հոգիի ու միտքի խորքերուն հետք մը ձգել, զայն ոգեւորել, կամ հետագայ աշխատանքներու մասնակից ըլլալու նախապատրաստել, դժուար պիտի ըլլայ նման բան ապացուցելը:

Յամենայն դէպս խմբագրականը կը գրուի ու կը գրաւէ իր պատուական տեղը թերթի էջերուն վրայ, իսկ անոր իմաստաւորումը կու գայ միայն խօսքէն գործի անցումով:

Դաշնակցութիւնը կը յաւակնի եւ իր պատմութեամբ ապացուցած է, որ խօսքը գործի վերածելը իր էութեան ամէնէն հարազատ յատկանիշներէն է, իր վարկի ու հեղինակութեան հիմնական աղբիւրներէն: Խմբագրական խօսքը, առաւել եւս, գործի ու աշխատանքի ուղենիշ պէտք է ըլլայ, ուրեմն իւրաքանչիւր բառի, իւրաքանչիւր նախադասութեան համար, ուշ կամ կանուխ, հաշիւ պիտի տրուի, հաշիւ պիտի պահանջուի:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան, անկախ պետականութեան հզօրացման գործին ամբողջական նուիրումով աշխատելու, պայքարելու պատրաստակամ շարքայիններու կուսակցութիւնն է:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանին ու հայ ժողովուրդի ազգային իղձերու իրականացման գործին նուիրումը ինքնին գերագոյն արժէք կը նկատէ` գիտակցելով, որ մեր հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները իր շարքայիններէն կը պահանջեն առաւելագոյն զոհաբերութիւն, ամբողջական յանձնառութիւն:

Անկախ Հայաստանի, Արցախի թէ սփիւռքի մէջ դաշնակցականի կամ դաշնակցականներու նուիրումը, յանձնառութիւնը գնահատելու միակ չափանիշը մեր հայրենիքի անվտանգութեան երաշխիքներու ամրութիւնն է, մեր ժողովուրդի բարգաւաճման մակարդակը, անոր ազատ, բարօր կեանքի պայմաններու ապահովումը:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Մայիս Գ. Զգուշանալ Խուճապային Իրավիճակ Ստեղծող Լրատուութենէ

Յաջորդը

Պելճիքայի Մէջ. Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Բարերարներէն Արմէն Արսլանեանի Յուղարկաւորութիւնը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.