Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Էրտողան Կ՛արծարծէ Թուրքիոյ Մասնատման Վտանգի Հնարաւորութիւնը

Յունիս 4, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

turkey-erdogan

7 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց վրայ կը հրաւիրեն դիտարժան բազմահայեացքային մօտեցումներ: Պարզ է, որ գործող իշխանութիւններու գլխաւոր առաջադրանքը` նախագահ Էրտողանի կուսակցութեան խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ապահովելն է: Արդարութիւն եւ բարգաւաճումը այսպիսով կը փորձէ իրականացնել նոր սահմանադրութեան մշակումը: Իսկ այստեղ գերխնդիրը գործող նախագահի լիազօրութիւններու ընդլայնումն է:

Այստեղ հայկական ոսպնեակը անմիջապէս համեմատութիւն կը կատարէ պաշտօնական Երեւանի հրապարակած առաջադրանքին հետ: Մշակել սահմանադրութիւն ոչ թէ ընդլայնելու, այլ սահմանափակելու նախագահի լիազօրութիւնները` անցնելով խորհրդարանական համակարգին:

Հայկական ոսպնեակը պահելով արագ անցում կատարենք եւրոպական ոսպնեակին, որովհետեւ նոյն իշխող կուսակցութեան գլխաւոր առաջադրանքներէն է նաեւ եւրոպական կառոյցներու համարկումն ու դէպի Եւրոպական Միութիւն ուղղութիւնը: Եւ անմիջապէս դարձեալ արծարծենք համեմատական քաղաքական տրամաբանութիւնը յիշելու համար, որ Երեւանի մէջ սահմանադրագէտներու յանձնախումբը սահմանադրութեան բարեփոխման յօդուածները կը քննարկէ դէպի Եւրոպա ընթացող երկիրներու սահմանադրական բարեփոխումներու հարցերով զբաղող եւրոպական համապատասխան կառոյցին` Վենետիկի յանձնաժողովին հետ: Այս այն յանձնաժողովն է, որ քանի մը տարբեր առիթներու ողջունած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան բարեփոխումներու նախագիծի հիմնադրոյթները:

Այս ինքնին կը նշանակէ, որ սահմանադրութեան գլխաւոր բարեփոխումը նախագահականէն խորհրդարանական անցումը կամ ժողովրդավարական կարգերու ընկալմամբ միանձնեայ հիմքի վրայ կառուցուած գերգործառոյթներու բաշխումը օրէնսդիր եւ գործադիր հաստատութիւններու դրական գնահատուած է համաեւրոպական օրէնսդրական գերատեսչութիւններու կողմէ:

Իրաւաքաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ առկայ է շաղկապուածութեան գործօնը: Ռիկայի մէջ Երեւանի ձեռք բերած արդիւնքը կամ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցած Հայաստանի Հանրապետութեան – Եւրոպական Միութեան հետ վերաբանակցելու ազդանշանի սկիզբը անպայման աղերս ունի եւրոպական քաղաքական արժեհամակարգին ընդառաջ սահմանադրութիւն բարեփոխելու Երեւանի կամքին հետ:

Անգարային առնելիք քայլը յետքայլի համոզումը կը փոխանցէ: Տարբեր հարց, որ տակաւին լիազօրութիւններ չիրաւականացուցած Էրտողանը գերուժի կուտակում ապահոված է իբրեւ նուազ լիազօրութիւններ ունեցող նախագահ: Թուրքիոյ պարագային, լիազօրութիւնները պաշտօնէ պաշտօն կ՛անցնին իշխող անձին հետ: Ուժի կեդրոնը վարչապետական պաշտօնէն այսօր արդէն իսկ անցած է նախագահական պաշտօնին իրողապէս. կը մնայ զայն իրաւականացնելը սահմանադրութեամբ:

Գերլիազօրման ընթացքի մէջ եղող Թուրքիոյ նախագահը այս օրերուն ուժի կեդրոն ըլլալու  հռետորական հարցեր կը հնչեցնէ շատ հասկնալիօրէն ընտրարշաւի պարունակին մէջ ներքին շուկային արտադրատեսակներ հրամցնելով: Պէտք չէ արագ անցնիլ նաեւ հետեւեալ իրադարձութեան վրայէն.

Էրտողանը նաեւ մեղադրած է արեւմտեան զանգուածային լրատուամիջոցները այն ուժերուն աջակցելու մէջ, որոնք կը ձգտին «տկարացնել եւ մասնատել երկիրը»:

«Հասկանալի է, թէ ո՛ր ուժերն են այս բոլորին ետեւ կանգնած: Անոնք կ՛ընթանան այն ուղղութեամբ, որ իրենց ցոյց կը տրուի: «Պի. Պի. Սի.»-ն եւ «Սի. Էն. Էն.»-ը նոյն մեկնաբանութիւնները կ՛ընէին Կեզիի բողոքներուն ատեն: Դուք գիտէք, թէ ո՞րն է անոնց նպատակը: Անոնք կը ցանկան թուլցնել Թուրքիան, մասնատել զայն եւ կուլ տալ: Բայց մենք թոյլ չենք տար, որ նման բան պատահի: Անոնք չեն յաջողիր», յայտարարած է Էրտողան:

Կը ստացուի այն, որ անհրաժեշտ է, որ մեծամասնութիւն ստանայ, իշխող կուսակցութիւնը եւ գործող նախագահը նոր սահմանադրութեամբ ստանայ լիազօրութիւններ Թուրքիան փրկելու համար տկարացումէ եւ մասնատումէ:

Հասկնալի է, որ ներքին սպառումի համար բարձրացուած են հռետորաբանութեան եւ ստեղծուած կացութիւններու վտանգաւորութեան աստիճանաչափերը: Հետաքրքրականը այն է, որ ամէնէն բարձր մակարդակէն կ՛արծարծուի Թուրքիոյ մասնատման հնարաւորութիւնը: Վերադառնալու համար հայկական ոսպնեակին` 100-ամեակի տարուան ընթացքին:

 

«Ա.»

Նախորդը

Պրազիլի Ծերակոյտը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Փոխանցումներ Կատարելու Համար`. Ռէալ Մատրիտի 7 Մարզիչներուն Համար Փերես Տրամադրած Է 800 Միլիոն Եւրօ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?