Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Պատուելի Սեպուհ Թերզեանի Խօսքը

Յունիս 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգերու եւ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ ազատութիւն եւ անկախութիւն բառերը հոմանիշ են «կեանքի» իսկ «կեանքը»` ազատութեան հոլովոյթի:

Աստուած ստեղծեց մարդը եւ անոր տուաւ ազատ կամք: Հայը լաւապէս հասկցաւ ազատութեան իմաստը: Ազատ եւ անկախ ապրելու մեր ազգային բնածին դիմագիծը ժառանգութիւնը եղաւ Հայկ Նահապետին արձակած ազատատենչ վարկագիծին: Ազատութիւնն ու անկախութիւնը սիրող ու գնահատող մեր ժողովուրդը, անմիջապէս քրիստոնէութեան մէջ տեսաւ ազատութեան ճշմարտութիւնը եւ բնականաբար 301-ը եղաւ անխուսափելի թուական մը, որմէ ետք հայը եւ անոր հաւատքը եղան անբաժան. ազատութեան լումային երկու երեսները:

97 տարիներ անցած են այն օրէն, երբ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ անկախութեան անհուն հրճուանքը, թէպետ` ոչ այնքան ցանկալի պայմաններու մէջ: Վստահեցանք մեր հաւատքին, ուժին ու կամքին, սակայն` ի՛նչ գնով. մեր նահատակներուն արիւնով շաղախուած հողը գիտէ, թէ ի՛նչ գնով: Յարգա՛նք բոլոր ժամանակներու մեր նահատակներուն:

97 տարիներ առաջ մեր ժողովուրդը երիտասարդ ու ծեր, կղեր ու աշխարհական, այր եւ կին, ընտրեց ազատութիւնը եւ մերժեց ստրկութիւնը: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան գոյառումը իրականացաւ` շնորհիւ համայն հայութեան միասնական կամքին ու պայքարին: Ինչպէս Աւարայրը, նոյնպէս ալ Ղարաքիլիսէն, Բաշ Ապարանը եւ Սարդարապատը սոսկ անուններ չեն, այլ` բազմախաւ եւ խորիմաստ արժէքներ:

Անոնք հաստատուն արմատ եւ ամուր բուն ունեցող անսասան կաղնիի նման կանգնած, իբրեւ փարոս` ուղղութիւն կու տան մեր ապագային:

Այսօր թէեւ անկախ, սակայն, ինչպէս միշտ, շրջապատուած ենք թշնամիներով:

Ոսոխը միայն սահմանին հակադիր կողմը գտնուող տեսանելի արտաքին թշնամին չէ: Պէտք է զգուշանալ լուռ, քողարկուած եւ աներեւոյթ թշնամիներէն.

ա) Զգուշանալ օտար արժէքներէ եւ զանոնք ընդօրինակելէ:

բ) Զգուշանալ մեր հաւատքը, ընտանեկան եւ ազգային արժէքները վտանգող  ազդակներէ:

գ) Զգուշանալ համաշխարհայնացումին պատճառած ստրկութեան հետեւանքներէն:

դ) Զգուշանալ մեր երիտասարդները եւ յաջորդ սերունդները անտարբերութեան մղող սովորութիւններէ:

ե) Զգուշանալ իրարու հանդէպ անհանդուրժողութիւն դրսեւորելէ:

Զոհողութեամբ եւ նահատակներու արեամբ ձեռք ձգուած անկախութեան պտուղները վայելելը շատ լաւ է, սակայն անկախութիւն պահելը նոյնքան եւ աւելի՛ զոհողութիւն կը պահանջէ:

Այս ուղղութեամբ`

– իւրաքանչիւր հայ գիտակցելու է իր ազգային կոչումին ու պատկանելիութեան.
– իւրաքանչիւր հայ անդրադառնալու է իր ազգային խղճի ձայնին ու առաքելութեան.
-իւրաքանչիւր հայ նախանձախնդիր ըլլալու է իր ազգային արժանապատուութեան.
– իւրաքանչիւր հայ գիտակցելու է իր ազգային պատկանելիութեան եւ պարտաւորութիւններուն` հաւատարիմ մնալով մեր ազգային արժէքներուն` լեզուին, պատմութեան, մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն.
– նամանաւանդ իւրաքանչիւր հայ հաւատարիմ մնալու է մեր պապերուն հաւատքին, որ կ՛ազատագրէ անհատը մեղքի ճանկէն, կը կազմէ առողջ ընտանիքը եւ կ՛ապահովէ ազգային գոյատեւումը:

Մեր ժողովուրդին ապագան, ո՛ւր ալ գտնուինք, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, պայծառ է ու յաղթական, հարուստ է եւ յաւերժական. եթէ`

– ճանչնանք ու պահենք մեր լեզուն.
– ազգային գիտակցութիւնը վառ պահենք մեր մէջ.
– անցեալէն դաս առնենք, որպէսզի կարենանք ապագան կերտել.
– շարունակենք անսակարկելիօրէն ծառայել մեր ժողովուրդին` ընդհանուր շահը գերադասելով սեփականէն.
– տէր դառնանք մեր ժառանգութեան եւ նոր ծրագիրներով կառուցենք մեր ժողովուրդին ապագան:

Այս բոլորը պատահականութեան ձգուած տեսութիւններ չեն: Անոնք արդիւնքը պիտի ըլլան նախածրագրուած եւ երկարաշունչ աշխատանքի: «Առողջ արմատը առողջ պտուղ կու տայ»: Իսկ ո՛վ պիտի խնամէ արմատը, որ առողջ մեծնա՞յ, ո՞վ եթէ ոչ հայկական ընտանիքը, հայկական վարժարանն ու եկեղեցին, հայկական մարզական, մշակութային, բարեսիրական, քաղաքական միութիւններն ու կառոյցները: Եւ այս բոլորը` միասնական ու համերաշխութեան ոգիով:

Վերջապէս, հրաշափառ ու պանծալի այս տօնին առիթով կը շնորհաւորենք մեր հայրենիքն ու համայն հայութիւնը: Միշտ հաւատարիմ մնանք մեր արմատներուն, մեր հաւատքին, սիրալիր յարաբերութեամբ եւ նուիրուած աշխատանքով ապրինք հայօրէն, խօսինք ու մտածենք հայօրէն, որպէսզի մշտնջենական հայկական ոգին մնայ անվթար ու արձանագրէ նորանոր յաղթանակներ եւ ազգապանծ նուաճումներ:

Նախորդը

Լենա Այտնեան` Ինքնուրոյն Նկարչուհի Մը

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Յարութ Լափաճեանի Խօսքը՝ ԼԵՄ-ի Կողմէ

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In