Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կամաւոր Բանակ»-ին

June 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0862IMG_0464ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Մայիսեան փառատօնին ներկայ ոեւէ հայորդի արցունքով, յուզումի ու հպարտութեան խառն զգացումներով հեռացաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտէն: Բացակաները անկասկած կորսնցուցին վայելքը յատուկ փառատօնի մը, որ վերջին տասնամեակին լաւագոյնն էր իր բովանդակութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ, առանց թերգնահատելու նախկին տարիներու փառատօները: Այս տարուան փառատօնը իւրայատուկ էր Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակութեամբ եւ խրոխտ քայլերով եւ աննահանջ դէպի ՀՄԸՄ-ի յաղթանակի հարիւրամեակ` 2018 ընթանալու հրաւէրով: Ցեղասպանութենէն վերապրած 105-ամեայ մամիկին ներկայութիւնն ու սկաուտական ձեռային աշխատանքի իւրայատուկ արդիւնք  Ծիծեռնակաբերդէն ջահավառումը յուզեց բոլորը անխտի՛ր: Ան անքակտելի կապն էր Ցեղասպանութեան սերունդին ու նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն միջեւ: Կենդանի վկայութիւն եւ խորհրդանիշ հանդիսացող մամիկը իր լուռ, սակայն միաժամանակ հատորներ լեցնող, հարիւրամեայ պատմութիւն մարմնաւորող ներկայութեամբ իր անջնջելի դրոշմը ունեցաւ բոլորին վրայ:

Հպարտութեամբ լեցուեցանք ի տես տողանցող «Հայկական բանակ»-ին` ՀՄԸՄ-ի սկաուտական ու  մարզական շարքերուն, ԼԵՎԱՄ-ի մասնակից վարժարաններու աշակերտներուն եւ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի երիտասարդներուն: Լիբանանահայ երիտասարդութիւնն էր տողանցողը, լիբանանահայութեան ապագան` վստահութիւն ներշնչող ու հաստատաքայլ:

Սակայն կայ այլ իրականութիւն մըն ալ, որ ընդհանրապէս շուքի մէջ կը մնայ: Իրողութիւն է, որ այս բոլորին ետին կանգնած է անխօս, անշշուկ, աներեւոյթ «Կամաւոր բանակ» մը` Շրջանային վարչութիւն, Շրջանային Սկաուտական խորհուրդ եւ Շրջանային խմբապետութիւն, որոնց ամիսներու աշխատանքի ու ծրագրումի արդիւնքն էր, որ լիբանանահայութիւնը վայելեց կիրակի օր: Անոնց յոգնած, արեւախանձ դէմքերուն վրայ գոհունակութեան ժպիտ մը կարելի էր նշմարել փառատօնին աւարտին: Դաշտին վրայ կատարուած  շաբաթական փորձերը, յաճախ ծագող դժուարութիւններն ու իրենց առօրեայ աշխատանքին կողքին փառատօնը լաւագոյնս իրականացնելու վճռակամութիւնը յաղթանակած էր: Այդ լուռ ու ժրաջան աշխատողներուն յաղթանակին իրագործման վստահաբար օժանդակած էին բոլոր մասնաճիւղերու խմբապետական կազմերն ու սկաուտական խորհուրդները, սակայն բեռին ծանրութիւնը կրած էին իրենք` արժանապէս:

Այսօր, երբ գոհունակութեամբ ու հպարտութեամբ կը յիշենք կիրակի օրուան Մայիսեան փառատօնը, յիշենք նաեւ, որ ՀՄԸՄ-ի «Կամաւոր բանակ»-ին զոհողութեան արդիւնքն է, որ վայելեցինք բոլորս: Շնորհակալութի՛ւն այդ «Կամաւոր բանակ»-ի արեւախանձ դէմքով ու նուիրումով յոգնած բոլոր անդամներուն, որոնք առիթ ընծայեցին, որ կրկին գօտեպնդուինք ու հպարտանանք մեր հայկականութեամբ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Նախորդը

Ձեռային Աշխատանք. Ճինզ Տաբատներու Երկրորդ Կեանքը..

Յաջորդը

Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.