Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Յարութ Լափաճեանի Խօսքը՝ ԼԵՄ-ի Կողմէ

Յունիս 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ահա դարձեալ` համախումբ տօնակատարութեան պահ մը, եւ այս անգամ եկած ենք միասնաբար տօնելու մայիս 28-ի շքեղ յաղթանակի 97-ամեակը, մեր արդի պատմութեան յաղթական երթի ամէնէն նշանակալից  թուականը, որ կը հանդիսանայ ներշնչող ոգին մեր այսօրուան հայկական պետականութեան:

Մայիս 28-ը զինուորական սովորական  յաղթանակներ խորհրդանշող թուական մը չէ միայն, այլ` մեր ամբողջ ազգի ազատութեան ու անկախութեան ձգտելու վճռակամութեան զգացումը, այս թուականը մեր ազգի դէպի ապագայ սլացքը ապահովող ոստումն է, որ մենք քաջաբար կատարեցինք մեր ազգային պատմութեան ամէնէն ճակատագրական օրերուն, երբ դուրս կու գայինք Մեծ եղեռնի արհաւիրքէն ու դեռ հիւանդ ու անօթի` կրցած էինք քաջ գիտնալ ազգովին, որ միայն մեր անձնական կեանքերը փրկելով զբաղելու չենք, այլ հայութիւնը իր հայրենիքէն արմատախիլ  ըրած Եղեռնի հետեւանքներէն, ազգը կործանումէ ազատելու հրամայականին դիմաց պայքարելու ենք ամէն ճակատներու վրայ: Այս ոգիով է, որ Արամներու կանչին ընդառաջեց մեր ազգը ու երիտասարդ, ծեր, կին թէ երեխայ նետուեցան պատերազմի ճակատ` Սարդարապատէն` Ղարաքիլիսէ, Բաշ Ապարանէն Երեւան, մէկ կողմէ կասեցնելու արիւնարբու թուրքի կատաղի յառաջխաղացքը, միւս կողմէ` ամուր պահելու համար սովամահ եղած մեր ժողովուրդի դիմադրութեան շունչը:

Եւ այսպէս, հայութիւնը իր տարբեր հատուածներով մէկ մարդու նման կրցաւ հերոսաբար դէմ դնել կատաղի թուրքին, ու դեռ երէկ կորսնցուցած իր պատմական հողերը ու անոր զոհ դարձած, այդ հանգրուանին եկած էր սանձելու նոյն թուրքին ախորժակները` Արեւելահայաստանն ալ կուլ տալու: Մայիսեան հերոսական յաղթանակը փայլեցաւ արեւի նման մեր ազգի ամպոտած երկնքի վրայ եւ եղաւ յոյսի արեւ մը, որ լուսաւորեց դէպի ապագայ մեր հաւաքական երթը, եւ հոն էր, որ մենք դարձեալ սկսանք հաւատալ, որ հայը գիտէ յաղթանակներ կերտել կարող է յաղթանակներ կերտել եւ պիտի ձգտի միշտ իրագործել  իր արդար նպատակները: Այսպէս, մայիսեան յաղթանակներու օրինակը մեր մէջ վերածուեցաւ ազգային նկարագրի յատկանիշներու` քաջութեան, ինքնավստահութեան ու  յեղափոխական անդուլ պայքարի ու յոյսի սուրբ խորան, ու այդ խորանէն  հաղորդուած` մենք կրցանք քալել տասնամեակներ մեր ժողովուրդի կողքին, անոր հետ ու անոր պաշտպան, հասնելու անոր կարիքներուն ու բարձր պահելով անոր մէջ ազգային արժանապատուութիւնը ամէն տեղ: Եւ այդ գիտակցութեամբ չէ՞ր, որ ԼԵՄ-ականը աւելի քան 40 տարիներ առաջ նետուեցաւ ազգին ծառայելու գործունէութեան  դաշտ: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ օրերուն Արամներու, Դրոներու եւ Նժդեհներու  զոհաբերութեան ոգիով սնանած դաշնակցական երիտասարդը քաջաբար ու առանց սակարկութեան կրցաւ տէր կանգնիլ իր ժողովուրդին ծառայելու նուիրական պարտականութեան, եւ այդ կատարեց սիրով եւ անձնուրաց ոգիով, եւ յաջողեցաւ բարձր պահել մեր ժողովուրդի յոյսի ոգին, հեռու պահեց ժողովուրդը օրին զինք պաշարող վտանգներէն եւ կրցաւ դառնալ սփիւռքի մէջ թէեւ անպաշտօն, բայց հարազատօրէն գործող հայրենի բանակ: Ու այդպէս դաստիարակուեցան սերունդներ, մինչեւ արցախեան գոյամարտի օրերը, հոն եւս ԼԵՄ-ականը բարձրաձայն գոռաց իր «ՆԵՐԿԱՅ»-ն, նետուեցաւ Շուշիի ճակատ, Մարտունի եւ ամէն տեղ, ուր պէտքը կար անձնուրաց հայ երիտասարդի` իր բաժին մասնակցութիւնը բերելու ազգի պաշտպանութեան գործին: Ու յետոյ մասնակից դառնալու «Հարսանիքը լեռներում» փառահեղ տօնին:

Այս բոլորը որովհետեւ փոքր հասակէն ԼԵՄ-ական Մհերներ ու Վիգէններ ու շարք մը այլ նուիրեալներ հասակ առած էին ու դաստիարակուած` մայիսեան  հրաշալի  յաղթանակներու սխրանքներով:

Ճիշդ հոս կը կայանայ մայիս 28-ի արժէքը: Այս թուականը եղաւ հայրենիքէն հեռու ապրած սերունդներու ազգային դաստիարակութեան լուսաւոր դպրոցը, որուն ընդմէջէն եւ որուն շնորհիւ կրցաւ այդ սերունդը մնալ հայ ու պատրաստ հայութեան  ազգային  շահերուն համար ամէն զոհողութեան: Եւ այսօր ալ, ընդառաջելով Արամներու սուրբ պատգամին, հայ երիտասարդը, բայց մանաւանդ դաշնակցական ԼԵՄ-ականը է՛ ու միշտ պատրաստ պիտի ըլլայ   պատնէշի վրայ գտնուելու, քանի որ «կարելի չէ Երեւանը դատարկել…». այո, կարելի չէ չլսել ազգի պէտքերը, կարելի չէ ըլլալ անտարբեր հայութեան սպառնացող վտանգներուն դէմ յանդիման, կարելի չէ ձեւանալ խուլ Արցախէն Երեւան, բռնագրաւեալ հայրենիքէն մինչեւ ծովածաւալ սփիւռք, մեզի հասնող օգնութեան կանչերուն դէմ յանդիման:

Երէկ ազգովին միակամ ու հարազատ նուիրումով  յաջողեցանք կերտել մայիսեան արեւաշող յաղթանակներ, կը հաւատանք, որ այսօր ու վաղն ալ կարող ենք իրագործել նոյնը, կը բաւէ, որ մնանք միակամ ու միշտ արթուն լսողը ազգի կարիքներուն հասնելու որեւէ կանչի… Այս գիտակցութեամբ է, որ ԼԵՄ-ը կեանքի կոչուեցաւ եւ նոյն գիտակցութեամբ ԼԵՄ-ականը կը նետուի գործի դաշտ: Մայիս 28-ը ԼԵՄ-ականի համար ազգին ծառայելու իր ուխտը նորոգելու անկեղծ պահն է, եւ առանց սակարկութեան` ձեր բոլորին դիմաց է, որ բարձրաձայն  ես իմ ընկերներուս եւ ընկերուհիներու ուխտը կը հաստատեմ…

ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆՔ ԱՐԺԱՆԻ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ ՌՈՍՏՈՄԻ ՈՒ ԱՐԱՄԻ, ԴՐՈՅԻ ՈՒ ՆԺԴԵՀԻ, ՊԻՏԻ ՔԱԼԵՆՔ ԼԻԶՊՈՆԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ, ՊԻՏԻ ԳՈՌԱՆՔ ՎԻԳԷՆԻ ՈՒ ՄՀԵՐԻ  ԱՆՁՆՈՒՐԱՑ ՁԱՅՆՈՎ…

ՀԱ՜Յ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՄԻ՛ ՎՀԱՏԻՐ, ԿԵՐՏԵԼՈՒ ԵՆՔ ԱՊԱԳԱՅ, ՔԱՆԻ ԿԸ ԳԻՏԱԿՑԻՆՔ, ՈՐ ՄԵՐ ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ  ՄԵՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՄԷՋ Է, ՄԻԱՆԱՆՔ ԻՐԱՐՈՒ,  ԱՄՐԱՑՆԵՆՔ ՄԵՐ ՇԱՐՔԵՐԸ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՅՍՊԷՍ ԵՐԷԿ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՊԱՀԵՑԻՆՔ ԵՐԵՒԱՆԸ, ԱԶԱՏԵՑԻՆՔ ՇՈՒՇԻՆ, ՎԱՂՆ ԱԼ ԱՆՊԱՅՄԱՆ Կ՛ԱԶԱՏԵՆՔ ՎԱՆԸ…

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Պատուելի Սեպուհ Թերզեանի Խօսքը

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Արեւիկ Փափազեանի Խօսքը՝ ԶՈՄ-ի Կողմէ

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?