Իրապէս մեզի համար մայիսը արտասովոր ամիս է, յաղթանակներ խորհրդանշող ամիս է, փոխան մեռնելու` կռուելու եւ գոյատեւելու ամիս է, փոխան պարտութիւններու` յաղթանակներու, նուաճումներու եւ իրագործումներու ամիս:
Մենք ազգովին մայիսին կերտեցինք անկախութիւն, ազատագրեցինք Շուշին:
Այսօր դարձեալ հաւաքուած ենք նոյն համոզումով, նոյն խանդավառութեամբ, նոյն կարեւորութեամբ միասնաբար տօնակատարելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 97-րդ ամեակը:
Բայց հաւաքուած ենք նաեւ, որպէսզի ազգովին մեր անցած ուղին վերլուծենք, գնահատումը կատարենք գալիք հանգրուանին, փորձենք կանխատեսել համահայկական հիմնախնդիրներու պատճառականութիւնը ու ապա համապատասխան ճամբու քարտէս մը մշակենք:
Մայիսեան դիւցազնամարտը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ իւրայատուկ տեղ ունի:
Մայիսեան յաղթանակները Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ ապահովեցին հայ ժողովուրդի ֆիզիքական, բարոյական եւ քաղաքական վերածնունդը, ապահովեցին մեր ժողովուրդի գոյատեւման անհրաժեշտ կռուանները, տուին նկարագիր, ինքնավստահութիւնը վերադարձուց մեր ազգային խոցուած արժանապատուութիւնը, ցիրուցան եղած մեր ժողովուրդը վերածեցին ազգի եւ իբրեւ այդպիսին նուաճեցինք հայրենիք, կերտեցինք պետութիւն:
Մայիս 28-ի փառահեղ յաղթանակները, Արամ Մանուկեաններու, Դրոներու եւ բոլոր միւս բիւրաւոր գործիչներու անսակարկ զոհաբերութեան եւ դրսեւորուած քաղաքական ու զինուորական կամքի շնորհիւ փրկեցին մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը եւ դարձանք հաշուարկուող ռազմաքաղաքական գործօնի:
Իրապէս պատահածը հրաշքի համազօր բան էր, նկատի առած զանազան տեսակի սպառնալիքները, ընդհանուր պայմանները, սովը, համաճարակ հիւանդութիւնները, գաղթականութիւնը, թշուառութիւնները. կ՛երեւի արդարութեան ասպետները պատուական հայ ժողովուրդի կողքին էին այդ պահուն, կ՛երեւի վերջապէս լսելի դարձան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու վրէժխնդրութեան կանչերը:
Արդարեւ, թուրքը որոշած էր շարունակել ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, հարազատ իր նկարագիրին եւ փանթուրանական ծրագիրներուն, հաշուեյարդարը տեսած էր արդէն Կիլիկիոյ հայութեան եւ արեւմտահայութեան, կը պատրաստուէր նոյն ճակատագիրին ենթարկել հայութեան վերջին մնացորդացը` արեւելահայութիւնը:
Այլեւս ժամանակ չկար մտածելու, խորհրդակցելու. կա՛մ միասնաբար ազգովին պիտի կռուէինք, կա՛մ միասնաբար պիտի անհետանայինք աշխարհի երեսէն:
1918 մայիսին թուրքը կեցած էր մեր անմիջական սահմանին, թրքական բանակները եւ թնդանօթները ուղղուած էին դէպի հայոց Արարատեան դաշտ:
Թուրքերը մարտ ամսուան վերջաւորութեան գրաւած էին արդէն Սարըղամիշը, 15 մայիսին գրաւեցին Ալեքսանդրապոլը:
Պատկերացուցէք իրավիճակը գետնի վրայ. յուսահատական եւ անորոշ այս ընդհանուր անել կացութեան մէջ պէտք էր որոշում տալ, պէտք էր մէկը տէր կանգնէր մեր ժողովուրդի ճակատագրին:
Իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն, հայ ազատագրական պայքարի ոգին եւ շունչը հանդիսացող Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը որոշեց «Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանին տակ տէր կանգնիլ մեր ազգի ճակատագիրին. համընդհանուր ուժերու լարումով եւ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերու անխտիր մասնակցութեամբ, անկարելին դարձաւ կարելի:
23 մայիսին Արամ Մանուկեանի պատմական կոչին ընդառաջ եւ անոր դրսեւորած զինուորական ու քաղաքական կամքը դարձաւ շրջադարձային բովանդակ հայութեան համար, հանդիսացաւ այն մղիչ ուժը, որ պիտի վերադարձնէր դարերու կորուստը եւ յարութիւն պիտի տար մեր մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն:
23 մայիսին զօրավար Նազարբէկեան հրաման կու տար հայկական բոլոր զօրաբաժիններուն` անցնիլ ընդհանուր յարձակման:
Հայկական մարտունակ եւ խիզախ խմբաւորումները պատմական հարուած մը կու տան մեր դարաւոր թշնամիին Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսէի կռիւներուն ընթացքին:
Թուրքերը ջախջախուած` բոլոր ճակատներէն կը նահանջեն:
Անզուգական սերունդի ներկայացուցիչ Արամ Մանուկեանի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ նոր էջ մը կը բացուի հայոց պատմութեան մէջ:
4 յունիսին կը ստորագրուի խաղաղութեան դաշնագիրը Հայաստանի եւ պարտուած Թուրքիոյ միջեւ:
Սակայն, հակառակ այն տուեալին, որ այս անդրանիկ հանրապետութիւնը երկար կեանք չունեցաւ շրջանային եւ միջազգային անորոշ եւ մեծապետական հաշիւներու բերումով, բայց եւ այնպէս անոր նշանակութիւնը, անոր ձգած պատմաքաղաքական հետքը մեր ազգային քաղաքական պատմութեան մէջ անգնահատելի է:
Ի վերջոյ 1918-ի անկախ հանրապետութեան հէնքի վրայ Հայաստանը վերանկախացաւ 1991 սեպտեմբերին: Եթէ տեղի ունեցած չըլլային մայիսեան յաղթանակները եւ անդրանիկ պետութեան կերտումը, դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել, թէ ինչպիսի՛ կարգավիճակ կ՛ունենար այսօրուան Հայաստանը:
Արամ Մանուկեաններու կերտած անկախ պետականութեան փաստական շարունակութիւնը հանդիսացող այսօրուան հանրապետութիւնը պէտք է շարունակէ տակաւին անաւարտ մնացած սրբազան գործը:
Տրուած ըլլալով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ մայիսեան յաղթանակներու երթը իրենց տրամաբանական եւ արդար լրումին չեն հասած, իսկ իրենց լրումին կը հասնի Սեւրի դաշնագրի իրագործումով` Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումով:
Ի դէպ, Սեւրի դաշնագիրը միջազգային քաղաքական այն վաւերական թուղթն է, մեծ պետութիւններու եւ պարտուած Թուրքիոյ միջեւ կնքուած միակ փաստաթուղթը, որով պաշտօնական ճանաչում կը ստանայ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Թուրքիայէն ունեցած անոր արդար պահանջները:
Սոյն դաշնագիրով Հայաստանի տարածքը կը դառնար 161 հազար քառակուսի քիլոմեթր. այդ մարտավարութեան մէկ մասնիկն է Արցախի անկախութիւնը. տակաւին կը մնայ մնացեալը, ինչ որ ի վիճակի կը դարձնէ աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբումը այդ տարածքին վրայ եւ այլ քաղաքակիրթ ազգերու կողքին կ՛ապահովէ հայութեան անվտանգութիւնը եւ անկաշկանդ զարգացման ու ստեղծագործութեան շարունակութիւնը:
Սեւրի դաշնագրի պահանջատիրութիւնը այսօր համայն հայութեան կողմէ, առաւել եւս Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հրապարակուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագրին մէջ յստակ ակնարկութեան հանգամանքը այդ ուղղութեամբ` միանշանակ կը զօրացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին դիրքերը, կը զօրացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը եւ Արցախի անառիկ լեռներուն վրայ դիրքերը պահող մեր ազատամարտիկներուն կորովը, տրամադրութիւնները, կը յուշէ անոնց` որ իրենք առանձին չեն այդ սրբազան խրամատներուն մէջ, այլ իրենց թիկունքը կանգնած է համայն հայութիւնը, Պուէնոս Այրեսէն մինչեւ Պուրճ Համուտ:
Այսօր, 1991-էն ի վեր, Հայաստանը վերանկախացած է. 24-ամեայ կենսափորձ ունեցող Հանրապետութիւնը պէտք է սնունդ առնէ մայիս 28-ի Հանրապետութեան պետական, քաղաքական աւանդներէն, իր կենսունակութիւնը վերաշխուժացնելու եւ համահայկական պետութիւն դառնալու առումով: Պէտք է կարողանայ համահայկական ներուժի օգտագործումով եւ անոր ճիշդ համակարգումով ազգը յուզող հարցերուն պատասխան լուծումները ապահովել:
Պէտք է ըսել, որ այդ ուղղութեամբ կարեւոր եւ ողջունելի նախաքայլ մըն է պետական հովանին վայելող 100-ամեակի համահայկական հռչակագրին հրապարակումը:
Անհրաժեշտ է նաեւ, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը ռազմավարական դաշինք մը ագուցելով ԼՂ Հանրապետութեան հետ դիւանագիտական ճակատի վրայ յստակ պատգամ մը փոխանցէ ռազմատենչ թուրք ազրպէյճանական նկրտումներուն, միեւնոյն ժամանակ երաշխաւորելով Արցախի անվտանգութիւնը, ապահովելով նաեւ Արցախի թիկունքը ամբողջ հայութեան ներուժով:
Ի դէպ, Արցախի բանակցութիւններուն հայկական կողմէ պէտք է առաջնորդուի Արցախի ժողովուրդի 1991 թուականի անկախութեան եւ 2006 թուականի ԼՂ Հանրապետութեան սահմանադրութեան ընդունման համաժողովրդական հանրաքուէներով արդէն իսկ կայացած արտայայտութեամբ:
Արցախի հարցի լուծման ներկայ հանգրուանին անհրաժեշտ է բանակցային գործընթացին ԼՂ Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութիւնը:
Մենք ազգովին պէտք է պահանջենք հիւսիսային Արցախի գրաւեալ շրջանները` Շահումեան, Գետաշէն եւ Մարտունաշէն:
Մայիսեան յաղթանակներու շառաւիղը վառ պահելու գծով, վերանկախացած մեր պետութիւնը ներազգային ճակատի վրայ անյետաձգելի նախադրեալներ ապահովելու անհրաժեշտութեան առջեւ է:
ՀՅ Դաշնակցութեան համար ներքաղաքական կայունութիւնը անհրաժեշտ կռուան է արտաքին ճակատի ամրութեան:
Մեզի համար ներքաղաքական կայունութեան մեկնարկը կ՛ապահովուի լիարժէք ժողովրդավարական աւանդոյթներու խորացումով:
Մեզի համար պետականաշինութեան հիմքը կը հանդիսանայ սահմանադրական` համակարգային բարեփոխումներով հաստատուած այնպիսի համակարգ մը, որ կ՛ապահովէ երկրի անցնցում եւ անխափան քաղաքական ընկերատնտեսական եւ մշակութային առաջընթացը:
Համակարգ մը, որ հակակշիռ կը բանեցնէ մենաշնորհներու հաստատման եւ զերծ կը պահէ (հայրենի իրականութիւնը) փտածութեան երեւոյթներէն:
Ժամանակն է առաւել ազդու գործելաոճեր որդեգրելու փտածութեան դէմ պայքարին մէջ:
Ժամանակն է ստեղծելու ընկերատնտեսական միջավայրի այնպիսի հիմքեր, որոնցմով կը բացառուի ընկերային բեւեռացումները եւ կը հաստատուի արդարութիւն հասարակութեան մէջ:
Առանց այս նախադրեալներու ապահովման` պիտի դժուարանայ հայրենիքը արիւնաքամ դարձնող արտագաղթի կասեցումը: Պէտք է աշխատիլ կասեցնելու համար արտագաղթը:
Ներքաղաքական եւ ներազգային դժուարութիւններու առընթեր, աշխարհաքաղաքական անկանխատեսելի զարգացումները, մանաւանդ շրջանային եւ միջազգային տարաբնոյթ հակասական ռազմաքաղաքական բախումները, ծայրայեղական շարժումները, արեւելքի եւ արեւմուտքի վերջերս փխրուն փոխյարաբերութեանց եղանակը, Իրանի պատժամիջոցներու փաթեթը, կորիզայինի բանակցութիւնները, թուրք-ազրպէյճանական նկրտումները եւ տակաւին ուրիշ բաներ մեզի պէտք է մղեն զուտ հայկական գործօնի ամրապնդման աշխատանքին:
Ահա թէ ինչո՛ւ մենք ազգովին ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի կորիզը հանդիսացող այսօրուան հանրապետութիւնը բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները ունենայ իր անվտանգութեան, հզօրացման, կայունացման ու բարգաւաճման համար:
Ահա թէ ինչո՛ւ ՀՅ Դաշնակցութեան համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ զարգացման գլխաւոր երաշխիքն է: Անոր անվտանգութիւնը, անկախութիւնը, ընկերային արդարութիւնը իր ամէնօրեայ գործունէութեան կիզակէտն է:
Սիրելի՛ երիտասարդութիւն,
Այդ գործելադաշտի հիմնական դերակատարները դուք պիտի ըլլաք:
Այո՛, սիրելի՛ երիտասարդութիւն,
Հայ ժողովուրդի պայքարի յաջողութեան գրաւականը դո՛ւք էք,
Հայաստանի հզօրացման, Արցախի անվտանգութեան եւ զոյգ հանրապետութեանց տնտեսական բարգաւաճման եւ սփիւռքի արդիականացման գրաւականը դարձեալ դո՛ւք էք,
Հայ ժողովուրդի պահեստի գլխաւոր ուժը հանդիսացող տարրը դարձեալ գաղափարական եւ դաստիարակուած, կարգապահ ու մարտունակ երիտասարդութի՛ւնն է:
Դո՛ւք էք ապագան Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Արեւմտահայաստանի ազատագրման:
Ձե՛ր խիզախ եւ պատասխանատու կեցուածքներով պիտի համալրէք մայիսեան յաղթանակներուն երթը:
Դո՛ւք վառ պիտի պահէք մեր հերոսներուն յիշատակը, քաղաքական կտակը:
Տէր պիտի կանգնիք ձեր կոչումին` համապատասխան հասունութեամբ, ուժականութեամբ եւ յանձնառութեամբ:
Դո՛ւք ձեր մէջ պիտի գտնէք ներուժը` շարունակելու հայ ժողովուրդի դարաւոր իտէալներու իրականացման:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն միշտ կը դաւանի հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ ամբողջական Հայաստանի կերտման:
Ձեզի՛ վերապահուած է այս աշխատանքներուն մէջ ամէնէն կարեւոր բաժինը, դո՛ւք պիտի զբաղեցնէք առաջին դիրքերը:
Այս հեռանկարային առաջադրանքներով դուք ձեզի պէ՛տք է զինէք եւ մասնակից դառնաք ընդհանուր գործընթացներուն:
Փա՛ռք ու պատիւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
Մնանք երախտապարտ Արամ Մանուկեաններու սերունդին:
Կեցցէ՛ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը:
Կեցցէ՛ Հայաստանի անկախութիւնը: