Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լենա Այտնեան` Ինքնուրոյն Նկարչուհի Մը

Յունիս 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

6-05-15_Lena-Aydenian1Այսօր տեղի կ՛ունենայ Լենա Այտնեանի 6-րդ անհատական ցուցահանդէսը Հայկազեան համալսարանի «Մաթոսեան» պատկերասրահին մէջ:

Լենա կը նկարէ 2003-էն ի վեր: Նկարչական դասընթացքներու ընթացքին տիրապետած է ձեւերն ու գոյները գործածելու եղանակին, սակայն, ինչ որ մեզ աւելի՛ կը հետաքրքրէ իր գործերուն մէջ, աշխարհը դիտելու եւ ազատօրէն մեկնաբանելու իր կարողութի՛ւնն է, քան` թեքնիք իրագործումները:

Շատ մը ակադեմիաներ աւարտած նկարիչներ երկար տարիներ կ՛աշխատին մոռնալու համար իրենց ստացած դասերը` կարենալ հարթելու համար իրենց ինքնուրոյն ուղին, որովհետեւ արուեստը կը սկսի թեքնիք խնդիրներու լուծումէն ետք, երբ  նկարիչը ոչ թէ կը նկարէ իր տեսածը, այլ իր ներաշխարհի բովէն կ՛անցընէ երեւոյթները կամ նիւթերը` ինքնուրոյն տեսողութեամբ մը (vision):

Տարիներէ ի վեր հետեւած եմ իր գործերուն եւ ողջունած` իր մէջ խոստմնալից նկարչուհի մը, որ յարատեւ աշխատանքով կրնայ պատուաւոր տեղ մը գրաւել լիբանանահայ գեղանկարչութեան մէջ:

6-05-15_Lena-Aydenian2Լենա կը նկարէ երեւակայական աշխարհ մը, երեւակայական բնակիչներով: Կը հետեւի իր ինքնաբուխ ներշնչումներուն այնպիսի ազատութեամբ մը, որ անակնկալի կը բերէ դիտողը` իր ազատ, այլակերպուած ձեւերով եւ ներդաշնակ գոյներով:

Իր նկարչական միջոցը (espace) եւս տարօրինակ եւ ինքնուրոյն է: Չի հետեւիր ակադեմական համադրումներու, սակայն կը յաջողի կազմակերպել մակերես մը, որ կը համոզէ վարժ աչքի տէր դիտորդը: Արդ, կը մնայ, որ շարունակէ աշխատիլ ու բարձրանալ արուեստի դժուարին աստիճաններէն:

Կը մաղթեմ, որ երբեմն-երբեմն ուղղէ իր նայուածքը բնութեան երեւոյթներուն` շարունակելով հանդերձ ուղեւորութիւնը երեւակայական իր աշխարհէն ներս:

Պուրճ Համուտ, 2 յունիս 2015

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Յունիս 1965)

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Պատուելի Սեպուհ Թերզեանի Խօսքը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?