Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Մայիս Գ. Զգուշանալ Խուճապային Իրավիճակ Ստեղծող Լրատուութենէ

June 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

the-socio-political-art-of-the-syrian-civil-war-article-body-image-1394731584Սուրիահայութեան օգնութեան հասնողներու, անոր ապահովութեամբ մտահոգուող կողմերու ջանքերն ու կոչերը շնորհակալ ճիգեր են, որոնք յոյս ու կորով, մաքառելու կամք ու համբերութիւն կը ներշնչեն իւրաքանչիւր սուրիահայու: Զգուշաւորութեամբ պէտք է մօտենալ, սակայն, ոչ պաշտօնական կողմերէ համացանցային էջերու մէջ տարածուող այն տեղեկութիւններուն կամ հնչած ահազանգային լուրերուն, որոնք երբեմն անզգալաբար խուճապային մթնոլորտ կը ստեղծեն, առանց զգուշաւորութիւն ցուցաբերելու գերզգայուն իրավիճակի մէջ գոյատեւող սուրիահայութեան նկատմամբ: Սուրիահայութեան պաշտօնական կեցուածքներուն, դիրքորոշումներուն, անոր պատասխանատու մարմիններուն կատարած հաղորդագրութիւններուն, յայտարարութիւններուն հակասող արտայայտութիւնները, ցաւօք, երբեմն ապատեղեկատուութեան կը վերածուին, երբ զուրկ կ՛ըլլան գետնի վրայ տիրող կացութեան իսկական պատկերը ներկայացնող տուեալներէ: Ապատեղեկատուութիւն, որ առաջին հերթին կը վնասէ Հալէպի մէջ կամովին ապրող մեր համայնքի զաւակներուն, երիտասարդութեան, որոնք աշխատանքի ու նուիրումի եզակի օրինակով կը շարունակեն գոյատեւել, համախմբուիլ հայկական կառոյցներու շուրջ, կանգուն պահել կրթական մեր կառոյցներն ու միութիւնները, հասնիլ ժողովուրդի կարիքներուն եւ ուս-ուսի տուած` դժուարութիւնները

յաղթահարելու միջոցներ կ՛որոնեն: Ոչ պաշտօնական աղբիւրներ չափազանցուած տեղեկութիւններով, ստեղծուած վիճակներու ոչ լիարժէք իմացութեամբ, օգնելու փոխարէն,  երբեմն բացասական անդրադարձ կ՛ունենան սուրիահայ երիտասարդին, ուսանողին վրայ յատկապէս` շփոթի մատնելով եւ հապճեպ որոշումներ տալու մղելով զիրենք: Հասկնալի են ու գնահատելի օժանդակութեան փութալու մեր ազգի զաւակներուն անկեղծ ջանքերն ու տագնապները, այնուամենայնիւ զգուշաւորութիւնն ու լուրը ճիշդ աղբիւրէն, յատկապէս համայնքի պատասխանատուներէն առնելու անհրաժեշտութիւնը աւելի քան կարեւոր է գերզգայուն այս հանգրուանին մէջ: Տեղեկատուութիւն-ապատեղեկատուութիւն խառնաշփոթ վիճակէն հնարաւորինս պէտք է խուսափիլ եւ վերջապէս նկատի ունենալ այն հանգամանքը, որ սուրիահայութիւնը, հակառակ իր կրած անհամար վնասներուն, Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ կը շարունակէ գոյատեւել իր կառոյցներով ու հաստատութիւններով: Գաղութին թիւը կրնայ նօսրացած ըլլալ, բայց գոյատեւելու կամքն ու տագնապէն դուրս գալու հաւատքը, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններուն, երբե՛ք: Այս ճշմարտութեան վկայութիւնը կու տան կազմակերպուող բազմաթիւ ձեռնարկներն ու նուիրեալ այն երիտասարդները, որոնք կ՛ուրուագծեն տագնապող, միաժամանակ անկոտրում թափով մաքառող համայնքի մը կամքն ու հաւատքը: Միայն պատասխանատու եւ առարկայական լրատուութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համայնքին իսկական պատկերը ներկայացնել, որուն հիման վրայ նպաստել սուրիահայութեան:

Իսկ սուրիահայ համայնքին զաւակները իրենց մտահոգութիւնները փարատելու կամ տարածուող լուրերուն գծով հիմնաւորուած տեղեկութիւններ ստանալու համար փափաքելի է, որ դիմեն համայնքի պատասխանատուներուն եւ հետեւին պաշտօնական մամուլին: Ներկայ կացութեան մէջ անհրաժեշտ է բոլոր մակարդակներու վրայ յաճախակի դարձնել համայնքի պատասխանատուներուն, ղեկավարներուն եւ ժողովուրդին հանդիպումները, թափանցիկ զրոյցները, որոնք ընթացք առած են արդէն: Այս իմաստով աւելի քան խօսուն էր «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան կազմակերպած հանդիպում զրոյցը հալէպահայ ուսանողներու եւ համայնքապետներու միջեւ, որուն մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնանք «Գանձասար»-ի յառաջիկայ համարով:

Նախորդը

Խմբագրական Հայրենիքի. Անմոռուկ Ծաղիկ…Մայիսեան Ճակատամարտ

Յաջորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Նուիրուիլ Հայաստանին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ուսուցչի Օրը Եւ Հայ Դպրոցը

March 11, 2026
Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք
Անդրադարձ

Եօթը Ամէնէն Քաղաքավարական Եզրերը

March 11, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.