Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկարելի Տարեդարձ

June 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

Մայրիկիս յիշատակին

 

Ես կ՛ուզէի
Ինն հատ մոմ
ամէն մէկը տասնամեակի փոխարէն
իւրաքանչիւրն համազօր
ամբողջ կեանքի մ՛ապրուած –
Ինն հատ մոմ – որոնցմէ
մէկը ըլլար բարիքներուն համար բոլոր
զորս ան ձեզի արքայաբար շռայլեց
միւսն` այն ամէն պարզ ու քաղցր բաներուն
զորս չկրցանք, չխորհեցանք տալ անոր
մէկն` այն բոլոր դառն ու դիպուկ խօսքերուն
զորս ան թէպէտ պարտաւոր էր մեզի ըսել – բայց չըսաւ
միւսն` այն ամէն խոր ու վճիտ բառերուն
զորս կ՛ուզէինք ըսել իրեն – գուցէ առիթ չգտանք…
մէկը բոլոր ըրածներուն կամ կամովին չըրածներուն համար ըլլար
մեր առօրեայ եւ ապագայ երջանկութեան ու հանգիստին
ի խնդիր
Միւսն ըլլար այն ամէնուն տեղ` զորս մենք թէեւ փափաքեցանք,
մտածեցինք, ծրագրեցինք իր մասին
բայց անկարող եղանք ընել – թերեւս ատեն չունեցանք…
մէկը ըլլար զիջողութեան զոհողութեան
եւ տեւական ու անտրտունջ համակերպման համար լոկ
միւսը միայն զրկանքներուն համար ըլլար – փոքր, աննշան, աննշմար
զորս տարիներ մենք շարունակ պարտադրեցինք ակամայ
եւ վերջինը` այդ բոլորին – այս ամէնուն – դիմաց բնաւ
չափսոսալուն համար ըլլար – միշտ անտրտում ժպտերես
ընդունելուն ճակատաբաց ամէն ինչ
ու ներելուն` կեանքին, մարդոց առածներուն տարածներուն
եւ սիրելուն կեանքն ու մարդիկն առանց երբեք
սպասելու փոխարէնն…

Ինն հատ մոմ
ամէն մէկը տասնամեակ
եւ կամ կեանք մը բովանդակ
Ես կ՛ուզէի տարեդարձի կարկանդակին վրայ շարել
Վառել մէկ մէկ, յետոյ իրեն մատուցանել
որ մէկ շունչով զանոնք մարէ –

Սակայն հիւր մը – հրաւիրեալ մշտակայ
սրաթռիչ թեւաւոր –
որ ժամանակ ժամադրութիւն ինչ է ինչ չէ – չի գիտեր
Առաջ անցաւ ու փոխանակ մոմերուն
ամպափետուր թեւին ծայրով
Շունչը մարեց ու գնաց…:

8.8.1993

Նախորդը

«Կրեկ» Գրիգոր Պասմաճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

«Մայրերու Ամսուան Առթիւ», «Սէրը Փոխարժէք Չունի»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.